Վան. ազատագրուած հայրենիքը պիտի վերականգնենք քար առ քար

800

Սա Արցախի Քաշաթաղ շրջանի ազատագրուած Վան գիւղի դպրոցն է, որուն շինարարարական եւ նորոգման աշխատանքները սկսանք ամիսներ առաջ՝ Թուֆէնքեան հիմնադրամի եւ այլ բարերարներու տրամադրած միջոցներով: Շուտով աւարտին պիտի հասնի ոչ միայն դպրոցի, այլեւ անոր մօտիկ գտնուող այլ կառոյցի մը՝ ուսուցիչներու տան շինարարութիւնը:

Բազմաթիւ երեխաներ դպրոցական նոր տարին պիտի դիմաւորեն նորոգուած դպրոցի փայլուն դասարաններու մէջ, մաքուր զուգարաններով եւ սրահներով: Իսկ Հայաստանէն եւ Արցախէն եկած ուսուցիչներ պիտի տեղաւորուին նորակառոյց տան մէջ եւ իրենց գիտելիքը պիտի փոխանցեն ազատագրուած տարածքի նորաբնակներու երեխաներուն:

Ազատագրուած հայրենիքը պիտի վերականգնենք քար առ քար՝ ամէնօրեայ տքնաջան աշխատանքով եւ մեր հայրենիքի ու ժողովուրդի հանդէպ ունեցած հաւատքով:

Սա մեր ճանապարհն է, մեր հաւատամքը: Ազատագրուած Հայրենիքը կը պահեն ու կը զարգացնեն ամէնօրեայ գործով:

Րաֆֆի Տուտագլեան