Ծիծեռնակաբերդի պատգամը

907

Այս մէկը իմ երախտագիտութեան խօսքն է, ուղղուա՛ծ՝ բոլոր այն հայորդիներուն, որոնք կարելի դարձուցին երէկուան ոգեկոչական շքեղ փառատօնը Ծիծեռնակաբերդի մեր ազգային յուշահամալիրէն, որ կը ճառագայթէր աշխարհի բոլոր եթերներու ալիքներէն և հպարտութեամբ կը լեցնէր մեր հոգիները։ Նաև իմ շնորհակալութեան խօսքը, ուղղուա՛ծ՝ ՀՀ Կառավարութեան՝ այս բացառիկ և բարձրորակ իրագործման համար։

Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օրը դադրած էր սուգի օր մը ըլլալէ։ Ան վաղուան մեր յաղթանա՛կն էր, որ կ՚աւետէր հայոց երկրի նորագոյն սերունդներու պայծառ խօսքով։ Համավարակը չկասեցուց մեր երթը։ Մենք հոն էինք միլիոններով մեր պատգամը հասցնելու աշխարհին։ Եւ հոն էին մեր հանճարեղ ժողովուրդին մեծաքանքար զաւակները իրենց հոգեշունչ երգերով, ասմունքով, լարային արուեստի կատարումներով։ Ծիծեռնակաբերդը դարձած էր բեմը մեր նորահաս ստեղծագործողներուն։ Ան կը յորդէր նոր աւիւնով, նոր գեղեցկութեամբ, նոր տեսիլքով, նոր վճռականութեամբ։

Մեր այս հեռաւոր կայքէն, համավարակի մեր մեկուսարաններէն, մենք յամենայն դէպս ձեզի հետ էինք, ամբողջ աշխարհի մեր հարազատնե՛ր։ Մենք միասին էինք Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին վրայ։ Մենք մէկ էինք։ Մենք ամբողջ էինք ի հեճուկս մեր ամէնօրեայ դժուարութիւններուն, վէճերուն, առճակատումներուն։ Մենք նոյնն էինք մեր կեանքի գերակշիռ արժեհամակարգով։ Անբաժանելի, անսասանելի, անխորտակելի, մէկ ազգ, մէկ հայրենիք, մէկ հզօր առաքելութի՛ւն։

Սրտանց կ՚ողջունեմ բոլորդ։ Մենք անպայման պիտի յաղթենք։

Կարօ Արմենեան