Նեմեսիս. ԱՍԱԼԱ-ն եւ Հայկական Ցեղասպանութեան Արդարութեան Մարտիկները

5754

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ՀԱՅԵԱՑՔ ԱՐԱՐԱՏԷՆ. ՀԱՅԵՐԸ ԵՒ ԹՈՒՐՔԵՐԸ գիրքէն

Տասնվեցերորդ գլուխ

Նեմեսիս. մաս երկրորդ

1 Մարտ 1984-ին ՙՆիւ Եորք Թայմզ՚ը ՙԲանտարկուած Հայը Մահացաւ՚ վերնագիրով կարճ լուրով տեղեկացուց. ՙԱզգութեամբ հայ գրող եւ ճարտարագէտ Գուրգէն Մկրտիչ Եանիկեանը, որ 1973-ին Գալի‎ֆոռնիոյ մէջերկու թուրք հիւպատոսներ սպանեց, Երկուշաբթի օրը բնական մահով իր մահկանացուն կնքեց բանտին մէջ: Ան 88 տարեկան էր: Սպանութիւն կատարելու համար ան 1973-ի Յուլիսին ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած էր՚:

Քանի մը գիրքերու հեղինակ Եանիկեանը 78 տարեկանին Սանթա Պարպարա քաղաքի ՙՊալթիմոր՚ պանդոկին մէջ հրազէնի կրակոցներով սպաննած էր Լոս Անճելոսի մէջ Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոս Մեհմէթ Պայտարն ու անոր օգնականը` Պահաթըր Տէմիրը, սկիզբ դնելով` իր իսկ բառերով` ՙհայ անհատի պատերազմին թուրքին դէմ՚: Եանիկեանը նախապէս տեղեակ չպահելով իր հայ ըլլալու մասին, թուրք պաշտօնեաները հրաւիրած է պանդոկ` անոնց միջոցով սուլթան Ապտուլ Համիտի պալատին պատկանած գեղանկար մը ու երեւելի մարդոց ստորագրութիւնները կրող թղթադրամ մը թրքական պետութեան նուիրելու նպատակով:

Բանտէն ղրկուած ձայնագրութեան մէջ ան կը բացատրէր, թէ ինչու նման քայլի դիմած է. ՙՀայկական Դատն ինծի համար մէկ հասկացողութիւն ունի` մեզմէ գողցուած ու թուրքին նուիրուած մեր հայրենական հողերը ետ ստանալ: Մեր դատը գերեզման էր դրուած ու կը պատրաստուէին զայն ծածկել մոռացութեան քօղով: Որպէս հայ անհատ` ես չէի կրնար ընդունիլ ասիկա: Մեծ հայրերէս ստացած արդարութեան ոգին ներսս հրաբուխ դարձած դուրս ժայթքեց ու այրեց թաղումը կատարողներուն դէմքերը: Ու ես, Հայկական Դատը տասնեակ տարիներու մոռացութեան փոշիէն մաքրելով` դրի մարդկութեան առջեւ՚:

Թուրք դիւանագէտներն սպաննելէ քանի մը ամիս առաջ, Եանիկեանը 1972-ի աշնան երկու շաբաթով այցելած էր Հայաստան, Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարանին նուիրած Վարպետի` կորսուած նկատուող ՙԱրեւելեան Կահաւորում՚ նկարը:

Հայաստան այդ այցին մասին ան յետագային իր գիրքերէն մէկուն մէջ գրած է. ՙԵրեւանի մէջ պատահեցաւ դէպք մը, զոր ինծի համար փաստեց, թէ ընտրած ուղիս ու ծրագրած գործողութիւնս ճիշդ են: Օր մը առտու կանուխ արթնցած էի եւ նստած պատուհանին առջեւ ու Արարատին ուղղութեամբ կը նայէի: Օրը պարզ ու սքանչելի էր: Նոր բարձրացող արեւն իր ճառագայթներով լուսաւորած էր մեր սրբութեան գագաթը, որ ձիւնով ծածկուած էր: Տեսարանն ամէն վայրկեան կը փոխուէր, եւ կարծես արեւուն ճառագայթները կը շոյէին անոր ձիւնազարդ գագաթը, զոր հազարաւոր զանազան գոյնի արտացոլումներով արեւուն կը վերադարձնէր իրեն տուած համբոյրները: Պանդոկէն ոչ հեռու փոքրիկ տնակներ կային: Բնակիչները բակին մէջ էին արդէն եւ գործի երթալու կը պատրաստուէին: Ուշադրութիւնս գրաւեց գլուխը շալով փաթթած կին մը, որ կով մը մառանէն դուրս կը քշէր: Երբ կինը տեսաւ փայլող Արարատի գագաթն ու արեւու ճառագայթներուն արտացոլումը, մոռցաւ իր կովը, հպարտութեամբ բարձրացուց գլուխը եւ նայելով դէպի լեռը՝ խաչակնքեց ու քանի մը երկվայրկեան սառած կը նայէր տեսարանին: Մի՞թէ այս փաստը բաւական չէ հրամայելու աշխարհին, որ մեզի վերադարձնեն մեր լեռը: Այս տեսարանէն ետք հասկցայ, թէ ի՞նչ է ամէն հայու համար, նոյնիսկ կոմունիստական Հայաստանի մէջ, մեր Արարատը՚:

ՙՆպատակ Եւ Ճշմարտութիւն՚ գիրքին մէջ Եանիկեանը մանրամասնօրէն կը նկարագրէ երկու թուրքերուն սպանութիւնը. ՙԻնքնակամօրէն զիս տեսնելու եկողներուն հանդէպ ես ո՛չ մէկ զգացում ունէի: Անոնք ինծի համար միջոց էին` հասնելու փափաքիս: Եթէ ուրիշներն ըլլային, ինծի համար տարբերութիւն պիտի չունենար: Զգացի, որ կու լամ: Արցունքները կը թափէին աչքերէս առանց հեկեկանքի, բայց անոնք խղճալու կամ տատանուելու արցունքներ չէին, այլ` կատաղութեան, որ դէպքերու ընթացքն այնպէս դասաւորեց, որ ես պիտի դիմեմ միջոցի մը, որուն միշտ դէմ եղած եմ՚:

Թուրքերը պանդոկի սենեակին մէջ սպաննելէն յետոյ, Եանիկեանը կը յանձնուի ոստիկանութեան. ՙՔանի՞ անգամ կրակեցի եւ երկուքէն որո՞ւն` չեմ յիշեր, միայն երբ վերջինը` իններորդը կրակեցի, երկուքն ալ գետին ինկած էին արդէն: Ձեռքիս զէնքը դնելով սեղանին վրայ, վերցուցի ՙՊրաունինկ՚ը եւ մօտենալով դիակներուն` երկու-երկու փամփուշտ ալ ղրկեցի գանկերուն: Մօտեցայ հեռաձայնին, կանչեցի պանդոկին հեռաձայնավարը եւ ըսի, որ զիս միացնեն ոստիկանապետ Գարբենթրի հետ, որովհետեւ սենեակիս մէջ երկու դիակ կայ՚:

Սանթա Պարպարայի մէջ արձակուած կրակոցները սկիզբ դրին հայ զինեալ պայքարին` հայկական պահանջատիրութեան նոր փուլին: Եանիկեանը կը նկատուի Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակի (Հ. Ա. Հ. Գ. Բ., աւելի ծանօթ է անգլերէն կամ ֆրանսերէն անուան յապաւումով` ԱՍԱԼԱ` Armenian Secret Army for the Liberation of Armenia, Armռe Sռcrռt Armռnien pour le Liberation de l’Armռnie) հոգեւոր հիմնադիրը:

20 Յունուար 1975-ին ռումբ մը պայթեցաւ Պէյրութի մէջ` Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի գրասենեակին մօտ: Ռմբահարողները Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը կ’ամբաստանէին իբրեւ Անհայրենիք Հայոց Ամերիկեան Ազգային Կոմիտէի գործակիցի: Գործողութեան պատասխանատուութիւնն ստանձնեց ՙԳուրգէն Եանիկեան զինուորական խումբ՚ը: Այս օրը ընդունուած է համարել ԱՍԱԼԱ-ի հիմնադրումը: Յաջորդ ամիսներուն եւ տարիներուն` մինչեւ 1990 թուականի վերջը, ԱՍԱԼԱ-ն իրականացուց շուրջ 300 զինեալ գործողութիւն աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, այդ թիւին` Արեւմտահայաստանի, Անգարայի եւ Սթամպուլի մէջ:

ԱՍԱԼԱ-ի ծրագիրին առանցքը ՙԱրեւմտեան Հայաստանի եւ բռնագրաւուած միւս տարածքներուն՚ ազատագրումն էր. ՙԿենսական անհրաժեշտութիւն է, որ նորագոյն հայ ազատագրական պայքարը համահայկական խորք, նկարագիր եւ բովանդակութիւն ունենայ: Հայկական բռնագրաւեալ հողերուն ազատագրումը ինքնանպատակ երեւոյթ չէ եւ պէտք չէ, որ այդպիսին ըլլայ: Ազատագրումէն անմիջապէս ետք պէտք է հետեւի ազատագրուած հողերու եւ Խորհրդային Հայաստանի միացումը՚:

ԱՍԱԼԱ-ն 1983-ի կէսերուն պառակտուեցաւ. անջատուածներն ստեղծեցին Հ. Ա. Հ. Գ. Բ. – Յեղափոխական Շարժում կազմակերպութիւնը:

1975-ը հայկական մէկ ուրիշ զինեալ վրիժառուական խմբաւորման` ՙՀայկական Ցեղասպանութեան Արդարութեան Մարտիկներ՚ (Հ. Ց. Ա. Մ.) կազմակերպութեան ստեղծման թուականն է: ԱՍԱԼԱ-ին մօտ կանգնած աղբիւրները, սակայն, կը պնդեն, որ Հ. Ց. Ա. Մ.ը զինեալ պայքարի ասպարէզ մտած է 1977 թուականին` Վատիկանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանին սպանութեամբ:

Ըստ ՙՀայկական Հարց՚ հանրագիտարանին` ՙԱնառարկելիօրէն Հ. Ց. Ա. Մ.ին վերագրուող առաջին գործողութիւնները 8 Յուլիս 1979-ին Փարիզի մէջ ՙԹրքական Օդանաւային Ընկերութեան՚, թրքական դեսպանատան եւ արտագաղթող բանուորներու տեղաւորման գրասենեակի համաժամանակեայ ռմբահարումներն են՚:

Դաշնակցական պատմագրութիւնը Հ. Ց. Ա. Մ.ի մասին կ’ըսէ. ՙԱռաջին Աշխարհամարտի վաղորդայնին Հ. Յ. Դ.ի ղեկավարած ՙՆեմեսիս՚ հայկական ահաբեկչութիւնը ուղղակիօրէն կը հարուածէր ջարդերու պատասխանատու անհատները: 1975-ի վերազարթնումը նոր տիպի ահաբեկչութեան սկիզբն էր. գործողութիւնները առաջնահերթաբար ուղղուած են իր անցեալ պատասխանատուութիւնները ուրանալ շարունակող թրքական պետութեան դիւանագէտներուն եւ ներկայացուցիչներուն դէմ: Երկու սերունդ ետք ան, հասկնալի է, կը հարուածէ խորհրդանիշ-պաշտօններու, քան անհատներու: Հ. Ց. Ա. Մ.ը մօտ կ’երեւի Հ. Յ. Դ.ին՚:

Հ. Յ. Դ.ի մամուլի որոշ հրապարակումներու վկայութեամբ` ահաբեկչութիւնը որպէս միջոց` Հայ Դատի քարոզչութեան ծառայեցնելու պայքարի ձեւ, կամ ուրիշ խօսքերով` ՙզինեալ քարոզչութիւնը՚ առաջին անգամ յղացուած է 1933-ին, Հ. Յ. Դ.ի 12-րդ Ընդհանուր Ժողովին մէջ: 1963-ին, Հ. Յ. Դ.ի 18-րդ Ընդհանուր Ժողովը յայտարարութեամբ մը յայտնեց այն միտքը, որ իրաւազուրկ ազգերն իրենց հայրենիքի ազատագրութեան համար պայքարելու անկապտելի իրաւունքն ունին, հարկ եղած պարագային` յեղափոխութեամբ եւ զէնքով:

Ըստ որոշ տեղեկութեանց` Հ. Ց. Ա. Մ.ը եւ Հ. Յ. Բ.ը` Հայ Յեղափոխական Բանակը (1983-ի կէսերէն Հ. Ց. Ա. Մ.ը վերանուանուեցաւ Հ. Յ. Բ., զոր գործեց մինչեւ 1986-ի կէսերը) ստեղծուած են Դաշնակցութեան կողմէ` կուսակցութեան 1972 թուականին գումարուած 20-րդ Ընդհանուր Ժողովի որոշումներու հիման վրայ: Սակայն այդ իրողութիւնն ապացուցող փաստաթուղթեր, ինչպէս նկատել կու տայ պատմաբան Լենդրուշ Խուրշուտեանը, հետազօտողներու տրամադրութեան տակ չկան:

Եթէ Հ. Յ. Դ.ն նոյնիսկ չէ հովանաւորած Հ. Ց. Ա. Մ.ն ու վերջինիս իրաւայաջորդ Հ. Յ. Բ.ը, ակնյայտ իրողութիւն է, որ կուսակցութեան լրատուամիջոցները համակրանքով անդրադարձած են այդ կազմակերպութեանց եւ անոնց ներկայացուցիչներու վրիժառուական գործողութեանց: Ձերբակալութեանց պարագային, կուսակցութեան տեղական կառոյցները կազմակերպած են անոնց դատական պաշտպանութեան գործը:

ՙՀայկական Ցեղասպանութեան Արդարութեան Մարտիկներ՚ի առաջին հաղորդագրութիւնը տարածուած է 1975-ի Օգոստոսին, ‎‎ֆրանսերէնով, երկրորդը` 8 Նոյեմբերին, անգլերէնով:

Խուրշուտեանը նշած է Հայկական Հարցին համար մղուող պայքարի երկու ուղղութիւն` ՙաւանդական եւ ահաբեկչական՚: Առաջին ուղղութիւնն սկիզբ առած էր Հայոց Ցեղասպանութեան յաջորդող տասնամեակներուն, երբ հայկական ու օտար մամուլին մէջ յօդուածներ կը հրապարակուէին, Հայկական Հարցին ու Ցեղասպանութեան մասին գիրքեր կը գրուէին, միջազգային կազմակերպութեանց, բազմաթիւ երկիրներու նախագահներու, խորհրդարաններու եւ կառավարութեանց դիմումներ կը յղուէին` Հայկական Հարցը եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու ու հայոց իրաւունքները պաշտպանելու առաջարկով: ՙՀայկական Հարցի լուծման համար մղուող պայքարին երկրորդ ուղղութիւնը ահաբեկչութիւնն էր: Սփիւռքահայ երիտասարդութեան մէջ ծնունդ կ’առնէ այն տեսակէտը, որ Հայկական Հարցը լուծելու համար դիւանագիտական, քաղաքական միջոցներն անբաւարար են: Որպէս Հայկական Հարցի լուծման համար մղուող պայքարի գործնական ձեւ` յառաջ կը քաշուի աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ Թուրքիոյ դիւանագիտական աշխատողներու ահաբեկումը՚:

Ըստ Հ. Յ. Դ.ի պատմագրութեան, ՙ1975-էն մինչեւ 1982 կը սպաննուին 21 թուրք դիւանագէտներ կամ անոնց ընտանիքի եւ անձնակազմի անդամներ Փարիզի, Լիոնի, Լոս Անճելոսի, Պոսթոնի, Հռոմի, Լա Հէյի, Օթթաուայի, Պէյրութի, Լոնտոնի, Մատրիտի, Վիեննայի եւ Սիտնիի մէջ կատարուած 14 ահաբեկումներու ընթացքին՚:17 Ըստ ամենայնի, 14 ահաբեկումներով 21 թուրքերու սպանութիւնը կատարած են ՙԱրդարութեան Մարտիկներ՚ը:

Ըստ ՙՀայկական Հարց՚ հանրագիտարանին` ՙ1973-1984 թուականներուն աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ ահաբեկչական գործողութիւններէն 41 թուրք դիւանագէտ եւ ուրիշ պաշտօնեայ սպաննուած է. գործողութեանց մեծ մասին պատասխանատուութիւնն ստանձնած է ԱՍԱԼԱ-ն՚:

Թրքական աղբիւրները թուրք դիւանագէտներու սպանութեանց մէջ հիմնականին մէջ կը նշեն ԱՍԱԼԱ-ի անունը: Շարք մը գործողութեանց պատասխանատուութիւնը վերցուցած են թէ՛ ԱՍԱԼԱ-ն եւ թէ՛ Հ. Ց. Ա. Մ.ը:

22 եւ 24 Հոկտեմբեր 1975-ին հայկական խմբաւորումներն իրագործեցին աղմկայարոյց առաջին երկու գործողութիւնները. գնդակահարուեցան Վիեննայի ու Փարիզի մէջ թուրք դեսպանները: Թրքական աղբիւրները կը նշեն, որ Աւստրիոյ մէջ Թուրքիոյ դեսպան Տանըշ Թունալիկիլն սպաննած են ՙերեք հայ ահաբեկիչներ՚, որոնք ՙինքնաձիգ զէնքերով զինուած` ներխուժած են դեսպանատուն` չէզոքացնելով պահակները՚: Դեսպանին առանձնասենեակը մտնելով, անոնք թրքերէնով հարցուցած են, թէ ի՞նքն է դեսպանը: Վերջինս դրական պատասխան տուած է, որուն հետեւած են կրակոցները: Թունալիկիլը տեղւոյն վրայ կը մահանայ, իսկ յարձակողներն արագօրէն կը հեռանան ինքնաշարժով: Երկու օր ետք, 24 Հոկտեմբերին, կրակահերթով կը սպաննուին Ֆրանսայի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Իսմայիլ Էրէզն ու անոր վարորդ Թալըփ Եէնէրը:

Պէյրութի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատունը երկու անգամ հրթիռահարուեցաւ 1975-ի Դեկտեմբերին, մէկ հոգի սպաննուեցաւ, պատասխանատուութիւնն ստանձնեց ԱՍԱԼԱ-ն: 1976-ի Փետրուարին, Պէյրութի կեդրոնը գտնուող ճաշարաններէն մէկուն մէջ սպաննուեցաւ Թուրքիոյ դեսպանատան դիւանագէտներէն Օքտար Ճիրիթը:

28 Մայիս 1976-ին, Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան հիմնադրման տարեդարձին օրը, ՙԱրդարութեան Մարտիկներ՚ը պայթեցուց թրքական երկու թիրախներ Ցիւրիխի մէջ, մինչ երրորդ ռումբը վնասազերծուեցաւ:

9 Յունիս 1977-ին, երկու հայեր կրակահերթեր արձակեցին Վատիկանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Թահա Ճարըմի ուղղութեամբ: Դեսպանն սպաննուեցաւ: Հ. Ց. Ա. Մ.ն ստանձնեց պատասխանատուութիւնը: Այս դէպքը մեծ արձագանգ գտաւ Թուրքիոյ մէջ. վարչապետ Սուլէյման Տէմիրէլը խորհրդակցութիւն կայացուց արտաքին գործոց նախարար Իհսան Սապրի Չաղլայանկիլի, ներքին գործոց նախարար Սապահէթթին Էօզպէքի եւ այլ նախարարներու հետ, ինչպէս նաեւ իտալական իշխանութիւններէն պահանջեց որքան հնարաւոր է շուտ յայտնաբերել դեսպանն սպանողները:

Քանի մը գործողութիւններ իրականացուեցան 1978-ին. Յունուարին ռմբահարուեցաւ Աթէնքի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան դիւանագէտներէն մէկուն ինքնաշարժը, Մարտին ռումբ մը պայթեցաւ ուրիշ դիւանագէտի մը ինքնաշարժին տակ: Դեկտեմբերին Ժնեւի մէջ ՙԹրքական Օդանաւային Ընկերութեան՚ գրասենեակին վրայ պայթուցիկ սարք մը նետուեցաւ:

2 Յունիս 1978-ին յարձակման ենթարկուեցաւ Մատրիտի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Զէքի Քուներալփի ինքնաշարժը: Կրակահերթէն տեղւոյն վրայ սպաննուեցան դեսպանին կինը` Նէճլա Քուներալփն ու պաշտօնաթող թուրք դիւանագէտ Պէշիր Պալճըօղլուն: Սպանացի վարորդ Անթոնիօ Թոռեսը մահացաւ հիւանդանոցին մէջ: Գործողութեան պատասխանատուութիւնն ստանձնեցին ԱՍԱԼԱ-ն եւ Հ. Ց. Ա. Մ.ը:

Ֆրանքֆ‎ուրթի մէջ ՙԹրքական Օդանաւային Ընկերութեան՚ գրասենեակին մէջ ռումբ մը պայթեցաւ 1979-ի Օգոստոսին: Զոհեր չեղան: Նոյն թուականի 8 Յուլիսին մէկ անգամէն երեք ռումբեր պայթեցան Փարիզի թրքական պետական ու մասնաւոր գրասենեակներու մէջ: 12 Հոկտեմբեր 1979-ին Լա Հէյի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Էօզտէմիր Պենլէրի 27-ամեայ որդին` Ահմէթ Պենլէրը, սպաննուեցաւ ինքնաշարժով համալսարան ուղեւորուելու ճամբուն վրայ: Պէյրութի ՙԱզդակ՚ թերթը, վկայակոչելով ՙՖրանսփրես՚ը, գրած է. ՙԵրբ ինքնաշարժը դանդաղցուցած է ընթացքը` կարմիր լոյսին տակ կանգ առնելու, անծանօթ մը չորսէն վեց փամփուշտ արձակած է Պենլէրի վրայ: Պենլէրը վայրկենապէս մահացած է, իսկ ահաբեկիչը յաջողած է հետքը կորսնցնել՚:19 17 Նոյեմբերին ռումբեր պայթեցան Փարիզի մէջ ՙԹիւրք Հավա Եոլլարը՚, հոլանտական Քա. Էլ. Էմ. եւ գերմանական ՙԼու‎ֆթհանզա՚ օդանաւային ընկերութեանց գրասենեակներուն մէջ: Ոչ ոք սպաննուեցաւ: 22 Դեկտեմբերին, Ֆրանսայի մայրաքաղաքին կեդրոնը` Շանզ Էլիզէի մէջ զբօսնելու ատեն, սպաննուեցաւ Թուրքիոյ դեսպանատան զբօսաշրջիկութեան հարցերով կցորդ Եըլմազ Չոլփանը: Քանի մը խմբաւորումներ, այդ թիւին` ԱՍԱԼԱ-ն ու Հ. Ց. Ա. Մ.ը, ստանձնեցին պատասխանատուութիւնը:

Թուրք դիւանագէտներու եւ թրքական թիրախներու համար ամենասարսափելին 1980-1984 թուականներն էին: 1980-ի Փետրուարին Պեռնի մէջ, Մեծն Բրիտանիոյ դեսպանատունէն դուրս գալու պահին, յարձակման ենթարկուեցաւ Թուրքիոյ դեսպան Տողան Թիւրքմէնը, որ, սակայն, կրցաւ փրկուիլ` աննշան վէրքեր ստանալով: Գործողութիւնը կազմակերպելու ամբաստանութեամբ երկու օր ետք Մարսէլի մէջ ձերբակալուեցաւ Հրայր Մաքս Քիլինճեանը, զոր տեղափոխեցին Զուիցերիա: Քիլինճեանը պաշտպանելու նպատակով յայտարարութիւններ տարածեցին Հ. Յ. Դ.ի Ֆրանսայի Կեդրոնական Կոմիտէն եւ Հ. Յ. Դ.ի Լիբանանի Երիտասարդական Միութիւնը:

Մարտին Հռոմի մէջ ՙԹրքական Օդանաւային Ընկերութեան՚ գրասենեակին մէջ պայթած ռումբի հետեւանքով սպաննուեցաւ երկու, վիրաւորուեցաւ շուրջ մէկ տասնեակ հոգի: Ապրիլին Հռոմի մէջ յարձակման ենթարկուեցան եւ վիրաւորուեցան Վատիկանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Վէճտի Թիւրէլն ու անոր վարորդը: Հ. Ց. Ա. Մ.ն ստանձնեց պատասխանատուութիւնը: Յուլիսին Լիոնի թրքական հիւպատոսարանին մօտ կրակահերթի հետեւանքով սպաննուեցաւ եւ վիրաւորուեցաւ երկուական հոգի:

31 Յուլիս 1980-ին Աթէնքի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսարանին մէջ սպաննուեցան Կալիփ Էօզմէնն ու անոր 14-ամեայ դուստրը` Նեսլիհանը: Էօզմէնի կինն ու որդին` Սեւիլն ու Քաանը, վնասուածքներ ստացան: 26 Սեպտեմբերին, Փարիզի մէջ Թուրքիոյ դեսպանութեան մամուլի քարտուղարը տուն մտնելու պահին վիրաւորուեցաւ: 3 Հոկտեմբերին Ժնեւի պանդոկներէն մէկուն մէջ, իր պատրաստած ռումբին յանկարծակի պայթիւնէն ծանրօրէն վիրաւորուեցաւ ԱՍԱԼԱ-ի անդամներէն Ալեք Ենիգոմշեանը: Ան զրկուեցաւ տեսողութենէն եւ ձախ դաստակէն:

12 Հոկտեմբերին Նիւ Եորքի մէջ գտնուող Թրքական Տան դիմաց որոտաց ռումբի պայթիւն մը: Չորս անցորդներ վիրաւորուեցան: Նոյն օրը Լոս Անճելոսի մէջ աւերուեցաւ զբօսաշրջիկային գրասենեակ մը, որուն տէրը ամերիկացի թուրք մըն էր: Երկու պարագային ալ պատասխանատուութիւնն ստանձնեց Հ. Ց. Ա. Մ.ը:

10 Նոյեմբերին միաժամանակ պայթիւններ իրականացուեցան Սթրազպուրկի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսութեան շէնքին, ինչպէս նաեւ Հռոմի մէջ ՙԶուիցերիական Օդանաւային Ընկերութեան՚ գրասենեակին ու ՙԶուիցերիոյ Զբօսաշրջիկութեան Գրասենեակ՚ին մէջ: Քանի մը հոգի վիրաւորուեցաւ: 19 Նոյեմբերին, ռումբ մը քարուքանդ ըրաւ Հռոմի մէջ ՙԹրքական Օդանաւային Ընկերութեան՚ գրասենեակը:

17 Դեկտեմբերին, Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքին մէջ սպաննուեցան Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոս Սարըք Արիյաքն ու անոր թիկնապահ Էնկին Սեւերը: Սպանութեանց պատասխանատուութիւնը կրկին ստանձնեց Հ. Ց. Ա. Մ.ը:

29 Դեկտեմբերին Մատրիտի մէջ ամերիկեան TWA եւ Զուիցերիական օդանաւային ընկերութեանց գրասենեակներուն մօտ իրականացուած երկու պայթիւններէն երկրորդին հետեւանքով պատահաբար վիրաւորուեցաւ լրագրող Խոսէ Անթոնիօ Կուռիարանը, որ յետագային, հարցազրոյցներ վերցնելով ԱՍԱԼԱ-ի անդամներուն հետ, հրապարակեց La Bomba (ՙՌումբը՚) գիրքը` նուիրուած Հայկական Հարցին եւ հայկական զինեալ պայքարին: Սպաներէնով տասը վերահրատարակութիւն ունեցած գիրքը 2012-ի Յունուարի սկիզբը լոյս տեսաւ Շուշան Սիրույեանի հայերէն թարգմանութեամբ` Պարսելոնայի մէջ:

1981-ի Յունուարին ռումբ մը պայթեցաւ Փարիզի մէջ Թուրքիոյ դեսպանութեան ‎‎ելեւմտական խորհրդական Ահմէթ Էրտէյլիի ինքնաշարժին մէջ, սակայն թուրք դիւանագէտը չտուժեց: 4 Մարտին Փարիզի մէջ Թուրքիոյ դեսպանութեան դիւանագէտներէն Ռեշատ Մորալըն սպաննուեցաւ, իսկ Թեճելի Արըն վիրաւորուեցաւ: Մարտին փորձ եղաւ գրաւելու Թեհրանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանութեան շէնքը, որու ընթացքին սպաննուեցան հսկողութիւն իրականացնող երկու պահակներ: Գործողութիւնն իրականացնողները` Եղիա Քեշիշեանն ու Զաւէն Աբէթեանը ձերբակալուեցան եւ նոյն տարուան Սեպտեմբերի կէսին Թեհրանի ՙԷվին՚ բանտին մէջ գնդակահարուեցան:

1981-ի Ապրիլին Քոփենհակընի մէջ կրակ բացուեցաւ Թուրքիոյ դեսպանատան կցորդ Ճաւիտ Տէմիրի վրայ, որ ծանրօրէն վիրաւորուեցաւ: 9 Յունիսին յարձակման ենթարկուեցաւ եւ սպաննուեցաւ Ժնեւի մէջ Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոսի քարտուղար Մեհմէթ Սաւաշ Եէրկիւզը: Սպանութեան մեղադրանքով ձերբակալուած ԱՍԱԼԱ-ի մարտիկներէն լիբանանահայ Մարտիրոս Ժամկոչեանը 15 տարուայ բանտարկութեան դատապարտուեցաւ:

24 Սեպտեմբերին ԱՍԱԼԱ-ի չորս մարտիկներ` Վազգէն Սիսլեանը, Յակոբ Ճուլ‎‎ֆայեանը, Գէորգ Կիւզէլեանը եւ Արամ Պասմաճեանը անձնասպանական գործողութեամբ գրաւեցին Փարիզի թրքական հիւպատոսարանը եւ պատանդ վերցուցին հիւպատոսարանի աշխատողներն ու այդ պահուն հոն գտնուող շուրջ 60 հոգի: ՙՎան՚ անուանումը կրող գործողութեան նպատակը լրատուամիջոցներով Եւրոպայի մէջ Հայ Դատի վերարծարծումն էր, հայ երիտասարդութեան բողոքի ձայնը միջազգային հանրութեան հասցնելը, Վանը որպէս գրաւուած տարածք ներկայացնելը: Հիւպատոսարանը 16 ժամ իրենց վերահսկողութեան տակ պահելէ եւ քաղաքական պահանջներ ներկայացնելէ յետոյ հայ մարտիկները ֆրանսական իշխանութեանց յանձնուեցան: 1984-ի Յունուարին կայացած դատավարութեան աւարտին, չորս հայերն ալ դատապարտուեցան եօթական տարուայ ազատազրկման:

20 Նոյեմբերին յարձակման ենթարկուեցաւ Լոս Անճելոսի թրքական հիւպատոսարանը:

28 Յունուար 1982-ին, 19-ամեայ Համբիկ Սասունեանը սպաննեց Լոս Անճելոսի մէջ Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոս Քեմալ Արիքանը: Սասունեանը դատապարտուեցաւ ցմահ բանտարկութեան եւ մինչեւ այսօր բանտը կը գտնուի: 22 Մարտին Քէմպրիճի մէջ պայթեցուեցաւ Պոսթոնի մէջ Թուրքիոյ պատուոյ հիւպատոս Օրհան Կիւնտիւզին պատկանող նուէրներու խանութը: 7 Յունիսին Լիզպոնի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան կցորդ Էրքուտ Աքպայը եւ անոր կինը սպաննուեցան իրենց տան առջեւ: 27 Օգոստոսին, Օթթաուայի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան ռազմական կցորդ, գնդապետ Աթիլլա Ալթիքաթը սպաննուեցաւ իր ինքնաշարժին մէջ: 9 Սեպտեմբերին, Պուլկարիոյ Պուրկաս քաղաքին մէջ գտնուող Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոսութեան կցորդ Պորա Սիւէլքանը սպաննուեցաւ իր տան առջեւ: 26 Հոկտեմբերին, Ֆիլատել‎‎ֆիոյ մէջ Թուրքիոյ պատուոյ հիւպատոսութեան գրասենեակը պայթեցնելու կասկածանքով Լոս Անճելոսի մէջ ձերբակալուեցան հինգ հայեր: Վերոնշեալ բոլոր գործողութեանց պատասխանատուութիւնն ստանձնեց Հ. Ց. Ա. Մ.ը:

7 Օգոստոս 1982-ին ԱՍԱԼԱ-ի անդամներէն Զօհրապ Սարգիսեանն ու Լեւոն Էքմէքճեանը գրոհեցին Անգարայի ՙԷսենպողա՚ միջազգային օդանաւակայանը` կրակ բանալով եւ ինը հոգի սպաննելով ու շուրջ ութը տասնեակ հոգի ալ վիրաւորելով: ՙԿարին՚ անունը կրած անձնասպանական գործողութեան ընթացքին երբ զինամթերքն սպառեցաւ, Սարգիսեանն ինքնասպան եղաւ, իսկ Էքմէքճեանը ծանրօրէն վիրաւորուելով` գերի ինկաւ: Խեղկատակ դատավարութենէ մը ետք, թրքական դատարանը զայն մահուան դատապարտեց: Ան Անգարայի ՙՄամաք՚ բանտին մէջ կախաղան հանուեցաւ 29 Յունուար 1983-ին: Ի յիշատակ Էքմէքճեանի` բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեանը նոյն օրերուն հեղինակեց անոր ձօնուած ՙԳիշերային Ռեքվիէմ՚ բանաստեղծութիւնը:

15 Յուլիս 1983-ին, ԱՍԱԼԱ-ի զինեալները գրոհեցին Փարիզի ՙՕռլի՚ օդանաւակայանին մէջ ՙԹրքական Օդանաւային Ընկերութեան՚ հաշուառման գրասենեակը, որու հետեւանքով սպաննուեցաւ ութը, վիրաւորուեցաւ քանի մը տասնեակ հոգի, հիմնականին մէջ` Ֆրանսայի քաղաքացիներ: ԱՍԱԼԱ-ի այս գործողութիւնը քննադատուեցաւ նաեւ կազմակերպութեան ներսը եւ անոր պառակտման գլխաւոր պատճառներէն մէկը դարձաւ: ՙՕռլի՚ի գործողութիւնը կազմակերպելու մեղադրանքով դատապարտուեցան ԱՍԱԼԱ-ի անդամներէն Վարուժան Կարապետեանը` ցմահ, Սիմոն Նայիրեանը` 15 եւ Յովհաննէս Սեմերճեանը` 7 տարուայ բանտարկութեան: Ըստ ԱՍԱԼԱ-ի յայտարարութեան, Օռլիի ՙգործողութիւնը կատարուած էր ի պատասխան Անգարայի օդանաւակայանի յարձակման հերոս, նահատակ Լեւոն Էքմէքճեանը Թուրքիոյ մէջ կախաղան բարձրացնելուն՚:

ՙԿարին՚ գործողութենէն ետք, Թուրքիոյ նախագահ, զօրավար Քենան Էվրէնը որոշեց քայքայել ԱՍԱԼԱ-ն: Առաջադրանքը յանձնարարուեցաւ Ազգային Հետախուզական Կազմաւորման (Milli Istihbarat Teşkilati – MIT): Հայ մարտիկները ծնկի բերելու գործը վստահուեցաւ Էվրէնի դստերը եւ Մ. Ի. Թ.ի երկու բարձրաստիճան պաշտօնեաներու` Մեթին Կիւնեոլին եւ Նուրի Կիւնտէշին: Դժուար է ըսել, թէ այդ միջոցառումներն ինչ արդիւնք տուին: Թրքական աղբիւրները կը պնդեն, թէ Մ. Ի. Թ.ի գործողութեանց շնորհիւ Աթէնքի մէջ 28 Ապրիլ 1988-ին սպաննուած է ԱՍԱԼԱ-ի հիմնադիրներէն, կազմակերպութեան փաստացի ղեկավար Յակոբ Յակոբեանը (բուն անունով` Յարութիւն Թագուշեան): Կրնայ ըլլալ, որ ատիկա ճիշդ է, սակայն իրականութիւն է նաեւ, որ նախագահ Էվրէնի կարգադրութիւնը չէր կրնար ԱՍԱԼԱ-ն ու հայկական միւս կազմակերպութիւնները ետ պահել թրքական թիրախներ հարուածելու գործողութիւններէն:

9 Մարտ 1983-ին վիրաւորուեցաւ եւ երկու օր ետք մահացաւ Հարաւսլաւիոյ մէջ Թուրքիոյ դեսպան Կալիփ Պալքարը: Պելկրատի մէջ յարձակման ընթացքին սպաննուեցաւ նաեւ սերպ ուսանող մը, իսկ ուսանողուհի մըն ալ վիրաւորուեցաւ: Գրիգոր Լեւոնեանը (այլ անունով` Յարութիւն Լեւոնեան, բուն անունով` Անդրանիկ Պօղոսեան) եւ Րա‎ֆ‎ֆի Էլպէքեանը դատապարտուեցան 20-ական տարուայ բանտարկութեան: Ահաբեկչական գործողութեան պատասխանատուութիւնն ստանձնեց Հ. Ց. Ա. Մ.ը:

Թուրք դիւանագէտներու դէմ զինեալ գործողութեանց շղթային մէջ շրջադարձային էր Լիզպոնի մէջ թրքական դեսպանատան վրայ անձնասպանական յարձակումը, զոր 27 Յուլիս 1983-ին իրականացուց Հայ Յեղափոխական Բանակ (Հ. Յ. Բ.) նորայայտ խմբաւորումը: Այս խմբաւորման անունն առաջին անգամ ուշադրութիւն գրաւած էր երկու շաբաթ առաջ` 14 Յուլիս 1983-ին, երբ Պրիւքսէլի մէջ սպաննուեցաւ Պելճիքայի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան կցորդ Տուրսուն Աքսոյը: Հ. Ց. Ա. Մ.ի եւ ԱՍԱԼԱ-ի հետ ահաբեկչութեան պատասխանատուութիւնն ստանձնեց նաեւ Հ. Յ. Բ.ը: Կ’ենթադրուի, որ Հ. Յ. Բ.ն ՙԱրդարութեան Մարտիկներ՚ի` Հ. Ց. Ա. Մ.ի նոր անունն է պարզապէս:

Լիզպոնի թրքական դեսպանատան վրայ յարձակման գործողութիւնը տեւեց մէկուկէս ժամ: Գործողութեան վերջ տալու փորթուկալական ոյժերու պահանջին` հինգ հայ վրիժառուները` Սիմոն Եահնիեան` 21, Արա Քրճըլեան` 20, Սեդրակ Աճէմեան` 21, Վաչէ Տաղլեան` 19, Սարգիս Աբրահամեան` 21 տարեկան, բոլորն ալ ծնած Պէյրութի մէջ, պայթեցուցին դեսպանին բնակարանը: Պարզուեցաւ սակայն, որ թուրք դեսպանը բնակարանին մէջ չէր: Հայերէն մէկն սպաննուած էր գործողութեան ամէնէն սկիզբը` դեսպանատան մուտքին մօտ կատարուած փոխհրաձգութեան հետեւանքով, իսկ միւս չորսն սպաննուեցան իրենց իսկ իրականացուցած պայթիւնէն: Յարձակման հետեւանքով սպաննուեցան դեսպանատան դիւանագէտներէն մէկուն կինը` Ճահիտէ Միհճիօղլուն եւ փորթուկալցի պահակ ոստիկաններէն մէկը:

Հ. Յ. Բ.ի տարածած յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս կ’ըսուէր. ՙԲրտութեան դիմելու մեր որոշումը արդիւնք է թրքական պետութեան եւ անոր զօրաւիգ կանգնող ոյժերու կողմէ հայ ժողովուրդի արդար եւ խաղաղ պահանջները քննելու մերժումին: Մեր արդար դատի հետապնդման համար մնացած միակ միջոցը զինեալ պայքարն է: Այժմ, Հայկական Հարցը անտարբերութեամբ դիտելու եւ զայն խաղաղ միջոցներով լուծելու մերժման պատճառով որոշած ենք ստիպել Թուրքիան, որ ընդունի հայ ժողովուրդին հետ բանակցիլ` Հայկական Հարցը լուծելու համար: Թող միջազգային հանրային կարծիքը մեզ անուանէ արկածախնդիրներ, ոճրագործներ կամ ահաբեկիչներ: Մենք գիտենք, թէ ինչ կ’ընենք: Մեր ժողովուրդի ինքնորոշումն ապահովող միակ միջոցը զինեալ պայքարն է՚:

Լիզպոնի վրիժառութիւնը արձագանգ գտաւ նաեւ Խորհրդային Հայաստանի մէջ: Բանաստեղծ Յովհաննէս Շիրազը գրեց ՙԼիզպոնի Ողջակէզներուն՚ ստեղծագործութիւնը` նուիրուած հինգ անձնազոհ հայ երիտասարդներուն:

1984-ին Հ. Յ. Բ.ն իրականացուց քանի մը գործողութիւններ ալ, որոնցմէ երկուքը` Վիեննայի մէջ: Ապրիլին Թեհրանի մէջ սպաննուած էր Թուրքիոյ դեսպանութեան դիւանագէտներէն Ըշըք Էօնտէրը: 20 Յունիսին, Վիեննայի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան դիւանագէտներէն Էրտողան Էօզէնի ինքնաշարժը օդը հանուեցաւ, որու հետեւանքով ան սպաննուեցաւ: Նոյն քաղաքին մէջ 19 Նոյեմբերին սպաննուեցաւ Մ. Ա. Կ.ի մարմիններէն մէկուն մէջ աշխատող, ազգութեամբ թուրք Էնվեր Էրկիւնը:

3 Սեպտեմբերին Հ. Յ. Բ.ը Թուրքիոյ տարածքին ահաբեկչական գործողութիւն իրականացնելու փորձ ըրաւ, սակայն ռումբը ժամանակէն շուտ պայթեցաւ, որու հետեւանքով գործողութիւնն իրականացնող երկու հայերն սպաննուեցան: Հ. Յ. Բ.ը տարածած յայտարարութեան մէջ ընդունեց ՙայս ձախողութիւնն ու անոր հետեւանքները՚: ՙՄենք կը ցաւինք մեր երկու ընկերներուն համար: Այս է կամովին ընդունուած գինը, զոր պատրաստ են վճարելու մեր մարտիկները` համաձայն իրենց պայքարի յանձնառութեան: Հայ Յեղափոխական Բանակը կը յայտարարէ, որ իր գործունէութիւնը ինքը պիտի մղէ` հարուածելու թրքական պետութիւնը աշխարհի չորս ծագերուն մէջ, մինչեւ որ հայ ժողովուրդը կարենայ արժեցնել իր արդար իրաւունքները` իր պատմական հողերուն վրայ, որոնք բռնութեամբ գրաւուեցան Թուրքիոյ կողմէ: Կեցցե¯ն Հայ Դատի մարտիկները: Կեցցէ¯ Միացեալ եւ Անկախ Հայաստանը՚:

Հ. Յ. Բ.ի, կամ հայկական որեւէ կազմաւորման` թրքական թիրախներու դէմ վերջին գործողութիւնը կատարուեցաւ 12 Մարտ 1985-ին` Օթթաուայի մէջ, երբ երեք հայեր թրքական դեսպանատունը գրոհեցին: Այս գործողութեան ընթացքին սպաննուեցաւ անվտանգութեան գանատացի աշխատակիցը: Դեսպան Ճոշքուն Քըրճան վնասուածքներ ստացաւ, սակայն կրցաւ փրկուիլ: Դեսպանի կինն ու դուստրը պատանդ առնուեցան, աւելի ուշ ազատ արձակուեցան, իսկ գրոհողները` իշխանութեանց յանձնուեցան եւ ցմահ բանտարկութեան դատապարտուեցան:

Ըստ ուրիշ տեղեկութեանց, ԱՍԱԼԱ-ն երկու գործողութիւն ալ իրականացուցած է թրքական թիրախներու նկատմամբ: 19 Դեկտեմբեր 1990-ին, Հունգարիոյ մէջ Թուրքիոյ դեսպան Պետրէթթին Թունապաշի սպանութեան փորձը ձախողեցաւ Պուտափեշթի մէջ: 21 Յունիս 1997-ին ԱՍԱԼԱ-ի զինեալները ռումբ տեղադրած էին Պրիւքսէլի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ:

Ցիւրիխ, 1977. հայ-թրքական երկխօսութիւն

Հայ մարտիկներու գործողութիւնները Թուրքիոյ իշխանութիւններն ստիպեցին բանակցութեանց մէջ մտնելու սփիւռքեան կուսակցութեանց առաջնորդներուն հետ: Արտաքին գործոց նախարար Իհսան Սապրի Չաղլայանկիլը Միացեալ Նահանգներ այցի ընթացքին սփիւռքահայ ղեկավարութեան հետ հանդիպելու իր փափաքը կը յայտնէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան` Ա. Մ. Ն.ի մէջ գործող հոգեւորականներէն Օշական Վարդապետ Չոլոյեանին: Անակնկալի եկած հայ հոգեւորականը կու տայ Հ. Յ. Դ.ի Բիւրոյի անդամ, Ա. Մ. Ն.ի մէջ բնակող Հրաչ Աբրահամեանի հասցէն:

Թուրք արտաքին գործոց նախարարին առաջարկը հայկական կուսակցութեանց համար անակնկալ էր: Պէյրութի Թեքէեան կեդրոնին մէջ Հ. Յ. Դ.ի, Ռ. Ա. Կ.ի եւ Ս. Դ. Հ. Կ.ի միջկուսակցական խորհրդակցական ժողով մը տեղի կ’ունենայ` քննարկելու համար թուրք նախարարին նախաձեռնութիւնը: Երեք կուսակցութիւններէն երկուական անդամներու մասնակցութեամբ երկօրեայ խորհրդակցութիւններէն ետք կ’որոշուի ընդունիլ թուրքերուն առաջարկը:

27 Նոյեմբեր 1977-ին Ցիւրիխի մէջ կը կայանայ հայ-թրքական հանդիպումը, որուն կը մասնակցէին մէկ կողմէ` Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարն ու անոր ծագումով քիւրտ խորհրդական Օրթայ Աքսոյը, միւս կողմէ` Շաւարշ Թորիկեանը` Հ. Յ. Դ.էն, Բարունակ Թովմասեանը` Ռ. Ա. Կ.էն, Աւետիս Տէմիրճեանը` Ս. Դ. Հ. Կ.էն, ինչպէս նաեւ Հրաչ Աբրահամեանը: Տարիներ շարունակ գաղտնի պահուած այդ հանդիպման մասին շատ բան յայտնի չէ: Մասնակիցներուն մեծ մասը կեանքէն հեռացած է: Միայն վերջին տարիներուն սփիւռքեան մամուլին եւ որոշ գիրքերու մէջ հպանցիկ կերպով անդրադարձ եղաւ ցիւրիխեան բանակցութեանց:

ՙԲոլորիս տրամադրութիւնը բարձր էր: Թրքական պետութիւնը առաջին անգամ խօսակցութիւն կը սկսէր իր գործած ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայութեան ներկայացուցիչներուն հետ՚,- մօտ երկու տասնամեակ ետք գրած է այդ հանդիպման մասնակիցներէն Աւետիս Տէմիրճեանը:

Ռամկավար գործիչ Հայկ Նագգաշեանը, որ իբրեւ ատենադպիր մասնակցեր էր Պէյրութի միջկուսակցական ժողովին, յետագային իր մէկ գիրքին մէջ անդրադարձած է նաեւ Ցիւրիխի հանդիպման: Նագգաշեանը կը պնդէ, որ հայ-թրքական երկխօսութիւնն ՙուղղակի արդիւնքն էր 27 Յունուար 1973-ին Գուրգէն Եանիկեանի կողմէ երկու թուրք դիւանագէտներու սպանութեամբ սկսած վրիժառական շարժման, որուն զոհ պիտի երթային հինգ տասնեակ թուրք դիւանագէտներ եւ աւելի մեծ թիւով վիրաւորներ` աշխարհի չորս ծագերուն՚: ՙԵանիկեանի վրիժառական արարքն ազդանշան եղաւ, որ յանձնառու հայ երիտասարդները շարունակեն ծերունազարդ հայորդիին սկսած գործը նախ անհատական կերպով, յետոյ արդէն, 1975-էն սկսած` կազմակերպուած կերպով` ԱՍԱԼԱ անուան տակ՚,- կը գրէ Նագգաշեանը, որ նաեւ կը ներկայացնէ Ցիւրիխի ժողովի օրակարգի նիւթերն ու ընթացքը այնպէս, ինչպէս ՙԲարունակ Թովմասեանն ինծի պատմեց բոլոր մանրամասնութիւններով, մինչ ես կ’արձանագրէի զանոնք` իբրեւ տեղեկագիր ներկայացնելու քանի մը օր ետք տեղի ունենալիք Ռ. Ա. Կ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ժողովին՚:

Ցիւրիխի ՙՏոլտեր Կրանտ Հոթել՚-ի ՙԿրին Ռում՚ ժողովասրահին մէջ դէմ դիմաց նստած էին Թուրքիոյ երկու ներկայացուցիչներ եւ չորս հայեր: Առաջինը խօսակցութիւնը կը սկսի Հրաչ Աբրահամեանը` ներկայացնելով երեք կուսակցութեանց ներկայացուցիչները: Ապա, ըստ նախապէս ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան, որպէս պատուիրակութեան երիցագոյն անդամ, խօսքը կը տրուի Բարունակ Թովմասեանին, որ շնորհակալութիւն կը յայտնէ թուրք արտաքին գործոց նախարարին` անոր նախաձեռնութեան համար: Թովմասեանը յոյս կը յայտնէ, որ վերջին յիսուն տարիներուն իր տեսակին մէջ առաջին այս հաւաքը եթէ նոյնիսկ դրական արդիւնք չտայ, ապա կրնայ նոր շփումներու առիթ ստեղծել երկու ժողովուրդներուն միջեւ, որոնք ՙդարեր շարունակ իրարու հետ սիրով ապրած են՚:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը հայ ժողովուրդին իր ՙօգտակար՚ ըլլալու մտադրութիւնը ցոյց տալու համար կատակով կը յիշատակէ իր գերդաստանին վերագրուող հայկական ծագումը, իբրեւ ապացոյց բերելով իր նախնիներուն մականունը` Չաղլայանենք, զոր այսօր թրքացուած ձեւով կը գործածուի: Թուրք դիւանագէտը զգացական երանգ մըն ալ տալով իր ՙհայասիրական՚ կեցուածքին, կ’աւելցնէ, թէ ՙյառաջացած տարիքին բերումով ինքը թրքական յաջորդ կառավարութեանց կազմին մէջ կրնայ չըլլալ՚: Ան հայ կուսակցական գործիչներուն խորհուրդ կու տայ ճիշդ կերպով օգտագործել այս պատեհութիւնը:

Չաղլայանկիլը կ’ըսէ, թէ ՙմեր ետին սոսկալի անցեալ մը ունինք, երկուստէք պատահեցան դէպքեր, որոնք պատիւ չբերին մեր երկու ժողովուրդներուն՚: ՙՄենք գործիք դարձանք մեծ պետութեանց ձեռքին, որոնք մեզ օգտագործեցին` ի նպաստ իրենց շահերուն: Կը կարծեմ, որ ներկայիս տակաւին նոյնն է ձեր եւ քիւրտերու պարագային: Պէտք է գիտնաք, որ մենք Օսմանեան Կայսրութեան պետական ժառանգորդներն ենք, բայց ո՛չ անոր անցեալի վարած քաղաքականութեան՚,- կ’ըսէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը:

Թուրքիոյ թիւ մէկ դիւանագէտին խօսքերէն պարզ կը դառնայ, որ սփիւռքեան երեք աւանդական կուսակցութեանց ղեկավարներու հետ հանդիպելու զինք ստիպած գլխաւոր շարժառիթը հայ մարտիկներու հակաթրքական գործողութիւններն են: ՙԶիս բաւական նեղ կացութեան մէջ կը դնեն` հարց տալով, թէ թուրք դեսպանները մինչեւ ե՞րբ թռչունի պէս պիտի զարնուին: Այսպէս խօսողներուն իմ պատասխանս հետեւեալն է. մենք պետութիւն ենք եւ չենք կրնար անոնց պէս վարուիլ: Ճիշդ է, մեր միջոցներն աւելի լայն են, մենք որպէս պետութիւն ի վիճակի ենք հարիւրաւոր մարդասպաններ վարձելու ու նոյն ձեւով պատասխանելու: Սակայն պէտք է ներկայ վիճակէն ետ դառնալու, մոտուս վիվենտի գտնելու հնարաւորութիւն փնտռել՚,- կ’ըսէ Չաղլայանկիլը, եւ հայ քաղաքական կուսակցութիւնները կը մեղադրէ ՙհայ երիտասարդները թուրքերուն դէմ պայքարի հրահրելու համար՚:

Թուրք դիւանագէտներ սպանելու արշաւին վերջ տալու Չաղլայանկիլի պահանջին առնչութեամբ հայ կուսակցական գործիչները նկատել կու տան, որ ՙհասկնալով հանդերձ այդ արշաւին լծուած հայ տղաներուն ցասումը, իրենք չեն բաժներ հարցերը արիւնով լուծելու գործելակերպը, բայց նաեւ չեն կրնար դատապարտել զանոնք եւ մանաւանդ արգելք ըլլալ անոնց՚, քանի որ անոնք հայկական կուսակցութեանց հետ որեւէ կապ չունին: ՙԸնդհակառակը, անոնք կուսակցութեանց խաղաղ եւ օրինաւոր գործելակերպէն դժգոհ, անջատուած տարրեր են, որոնք աշխարհի չորս անկիւններէն համախոհներ գտնելով, իրենց անկախ կազմակերպութիւններն ստեղծած են եւ գործելու իրենց ոճն ու ծրագիրները կազմած՚:

Շաւարշ Թորիկեանը կը պատասխանէ, որ ՙմեր երկու ժողովուրդները կողք-կողքի ապրելու պարտաւորուած են ճակատագիրով՚, բայց թուրքերը տեղահանեցին, ջարդեցին ու բնաջնջեցին հայ ժողովուրդը, քանդեցին հայկական մշակութային կոթողներն ու բռնագրաւեցին հայոց հարստութիւնը: ՙՊարո՛ն նախարար, պէտք է ընդունիք, որ հայ ժողովուրդին նկատմամբ ահռելի անարդարութիւն գործուած է. մեր ձգտումն է, որ հատուցուի գործուած անարդարութիւնը՚,- կ’ըսէ Թորիկեանը: Աւետիս Տէմիրճեանը կը շարունակէ, որ իրենք քաղաքական կազմակերպութիւններ կը ներկայացնեն, քաղաքական աշխատանք կը տանին, թուրք ժողովուրդին հանդէպ թշնամութիւն չունին եւ սկզբունքօրէն դէմ են ահաբեկչութեան: ՙՄենք թուրք ժողովուրդին հետ կողք-կողքի ապրած ենք: Օսմանեան Կայսրութեան կառուցող տարրն էր հայ ժողովուրդը, սակայն այսօր ցրուած ենք աշխարհով մէկ, մեր պապենական հողերը խլուած են՚,- կ’ըսէ հնչակեան ներկայացուցիչը:

Չաղլայանկիլը կը պատասխանէ, որ հայոց եւ թուրքերուն միջեւ ՙբարի յարաբերութեանց՚ վերահաստատման համար պէտք է գտնել դեղամիջոցը: ՙՁեր երիտասարդութիւնը հանդարտեցնելու համար հարկաւոր է բան մը ընել: Ի՞նչ կ’առաջարկէք՚,- կը հարցնէ թուրք արտաքին գործոց նախարարը:

Թորիկեանը կ’ըսէ. ՙՄենք թրքական իշխանութիւններէն դրական քայլեր կը սպասենք: Նախ պէտք է սխալն ընդունիլ, դատապարտել զայն, ընդունիլ հայ ժողովուրդին իրաւունքները եւ գոհացում տալ անոնց՚: Թովմասեանը կ’աւելցնէ. ՙՑեղասպանութենէն փրկուած մեր ժողովուրդը յաջողած է վերականգնիլ ու պահանջատէր դառնալ: Պարո՛ն նախարար, հարց կու տաք, թէ ի՞նչ պէտք է ընել: Ինչո՞ւ չէք հետեւիր Գերմանիոյ օրինակին: Անոնք խելացի գտնուեցան, դատապարտեցին կատարուածն ու հրեայ ժողովուրդին հատուցում տուին՚:

Չաղլայանկիլը կ’ըսէ, որ առաջարկներուն մէջ դրական եւ բացասական տեսակէտներ կան: ՙԴրական է, օրինակ, այն, որ սխալները պէտք է սրբագրուին: Բայց ինչպէ՞ս: Ձեր հարցը օսմանեան կառավարութեան հետ էր, ոչ թէ թուրք ժողովուրդին հետ: Կ’ընդունիմ, որ ներկայ Թուրքիան պէտք է բան մը ընէ` ցաւերն ամոքելու համար: Հողային հարցին շուրջ ես չեմ կրնար ձեզի հետ բանակցիլ: Դուք պետականութիւն չէիք Օսմանեան Կայսրութեան մէջ: Դուք համայնք մըն էիք ուրիշ համայնքներու շարքին, ձեր հողային պահանջները օրինական որեւէ հիմք չունին: Ես չեմ արդարացներ օսմանեան կառավարութեան վարած եղանակները խաղաղ ժողովուրդին դէմ: Սակայն ճիշդ ալ չէ ըսել, թէ թուրքերն էին ամէն ինչ ընողը: Պետութիւնը կրնար ձեր յեղափոխականները բռնել եւ կախել, ո՛չ թէ անմեղները ջարդել: Անցեալին վրայ ծանրանալը մեր իրավիճակին լուծում չի բերեր: Պէտք է մտածենք այդ մասին, բայց պէտք է նաեւ ընդունինք, որ հողային պահանջները եւ հոս ու հոն դիւանագէտներու սպանութիւնները ընդունելի ձեւեր չեն: Մենք ալ ունինք երիտասարդութիւն, որ կրնայ նոյն եղանակներուն դիմել: Մենք պետութիւն ենք, փոխադարձելու միջոցներ ունինք՚:

Թորիկեանը կ’առարկէ, ըսելով, որ Թուրքիան պէտք է իր կեցուածքը փոխէ. ՙՀնարաւոր չէ հարցը գոցել անցեալին մասին չխօսելով կամ ըսելով, որ երկու կողմերն ալ յանցաւոր են: Հիմնականը Հայկական Հարցին լուծումն է, իր պապենական հողերուն վրայ հայ ժողովուրդի ստեղծագործելու եւ գոյատեւելու իրաւունքն է՚: Տէմիրճեանը կ’աւելցնէ, որ հայոց եւ թուրքերուն միջեւ յարաբերութեանց բարելաւումը կախուած է Հայկական Հարցի դրական արդիւնքէն: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը կը հաւաստիացնէ, որ պատրաստ է թրքական կառավարութեան եւ հայկական երեք կուսակցութեանց միջեւ բանակցութեանց համար հող նախապատրաստել, եթէ անիկա ընդունելի պահանջներու շրջագիծի մը մէջ դրուի: ՙՆիւթական հատուցումը, վերաբնակեցումը եւ հայոց որոշ դիւրութիւններ ընձեռնելը ընդունելի հարցեր են, սակայն հողային ձեր պահանջը բնաւ ընդունելի չէ: Ոեւէ թուրք, նոյնիսկ` դաւաճան թուրքը, չ’ընդունիր այդ պահանջը՚:

Մէկօրեայ հանդիպումը կը վերջանայ հեռաձայնի թիւեր փոխանակելով եւ կրկին հանդիպելու մաղթանքով:

Այդ հանդիպումէն երկու ամիս ետք, 1978-ի Յունուարին, թրքական կառավարութիւնն ու վարչապետը փոխուեցան: Վարչապետի պաշտօնին Սուլէյման Տէմիրէլը փոխարինած Պիւլէնթ Էճեւիթի գլխաւորած կառավարութեան կազմին մէջ Չաղլայանկիլի անունը չկար:

Թուրքիան երկխօսութեան մղող հայկական զինեալ պայքարը յաջորդ տարիներուն տկարացաւ եւ ի վերջոյ դադրեցաւ Թուրքիոյ աջակցող միջազգային յատուկ ծառայութեանց եւ գաղտնի գործակալութեանց դաւերուն ու ճնշումներուն հետեւանքով, որոնց զոհ գացին ՙզինեալ պայքարի շարք մը կազմակերպիչներ ու ազատամարտիկներ՚:

Ցիւրիխեան հանդիպման մասին կարճ անդրադարձ մը կայ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան փաստաթուղթերէն մէկուն մէջ, թէեւ անիկա վերը գրուածին նոր բան մը չ’աւելցներ: Միակ նորութիւնը, ըստ փաստաթուղթին, այն է, որ ՙհանդիպման մասին տեղեակ պահուած են հայրենի պետութեան պատասխանատուները՚,41 այսինքն` Խորհրդային Հայաստանի իշխանութիւնները:

Շարունակելի

Հայացք Արարատէն. Հայերը եւ Թուրքերը, արևմտահայերենՀայեացք Արարատէն. հայերը եւ թուրքերը` պատերազմ, պաղ պատերազմ, դիւանագիտութիւն գիրքը բաղկացած է երեք մասերէ` հայ-թրքական յարաբերութիւնները 1918-1921, Խորհրդային Միութեան տարիներուն կայացած յարաբերութիւնները եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները 1988-էն այսօր: Գիրքի պատրաստութեան համար Թաթուլ Յակոբեան բազմաթիւ զրոյցներ ունեցած է պետական պաշտօնեաներու հետ, օգտագործած է բազմատեսակ աղբիւրներ, կատարած է այցելութիւններ եւ ուսումնասիրած է բազմաթիւ հրատարակութիւններ: Հեղինակը հայ-թրքական յարաբերութիւններու հարիւրամեայ պատմութիւնը ներկայացնելով պատմաբանասիրականը կը միացնէ լրագրականին եւ առարկայականը` վերլուծականին:

Փափուկ կազմ, 515 էջ,
լեզուն՝ արեւմտահայերէն,
2012, Անթիլիաս,
ISBN 978-995302343-4