«Փետրուարեան ապստամբութիւնը, 1921». հատուածներ Կարօ Սասունիի գիրքէն

3525

Այս օրերին լրանում 1921 թվականի Փետրվարյան ապստամբության հերթական տարեդարձը: Իշխանությունը Բյուրոյի որոշմամբ 1920 թվականին վերջերին բոլշևիկներին հանձնելուց ընդամենը երկուսուկես ամիս անց ՀՅԴ-ն ստանձնեց այն ապստամբության ղեկը, որը նախաձեռնեցին հայ գյուղացիներն ու զինվորականները: Ընդամենը 42 օր կարողացավ Հայաստանի Փրկության կոմիտեն պահել իշխանությունը և ընկավ ռուս բոլշևիկյան ուժերի հարվածների տակ:

Առաջիկա օրերին ԱՆԻ կենտրոնը կներկայացնի այդ ապստամբության մասին մի շարք հրապարակումներ հենց Հայրենիքի փրկության կոմիտեի կառավարության անդամների գրիչով գրված: Այսօր ներկայացնում ենք հատվածներ Հայրենիքի փրկության կոմիտեի ներքին գործերի վարիչ, Շիրակի նահանգապետ Կարո Սասունու գրքից, որը կրում է «Փետրուարեան ապստամբութիւնը, 1921» խորագիրը և լույս է տեսել Բեյրութում, 1970-ին:

—–

Դրօն ամէն տեսակի դիմադրութիւն անկարելի եւ աւելորդ կը նկատէր: Այդ ուղղութեամբ կարգադրութիւններ ըրած էր վերջին վայրկեանին: Սեպուհը նոյեմբեր 30ին իր գունդերը կը ձգէր Ելենովկայի [այսօր Սևան քաղաքը – ԱՆԻ] շրջանին մէջ, եւ շարք մը ընկերներու հետ կ’անցնէր Աբարան, անկէ ալ Լօռիի վրայով՝ Վրաստան:

Այսպիսով լուրջ յոյս դնել որեւէ դիմադրութեան վրայ՝ անկարելի էր, մանաւանդ որ զինուորական նախարար Դրօն այդ դիմադրութիւնը կը գտնէր անկարելի եւ աւելորդ:

[ՀՅԴ խորհրդարանական] ֆրակիցիայի նիստին, բացի 3-4 պատգամաւորներէն, բոլոր ժողովականները կանգնած էին այն տեսակէտին վրայ, որ իշխանութիւնը պէտք է խաղաղ կերպով յանձնուի բոլշեւիկներուն, որովհետեւ մօտալուտ ֆիզիքական վտանգը կը ստիպէր հայ ժողովուրդին եւ ղեկավարներուն դարձեալ ապաւինիլ ռուսերուն: Երկար տարիներու բնազդական քաղաքականութեան շարունակութիւնն էր, որ ի յայտ կու գար, հակառակ այն մտայնութեան, որ ունէինք մայիսեան դէպքերուն ատեն: Հայ մտաւորականութիւնն ու աշխատաւորութիւնը, այդ ատեն, գործնական քայերով ցոյց տուած էին իրենց ուժը բոլշեւիկեան տարրերուն, ի պաշտպանութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան եւ ժողովրդի ազատութեան:

Փոքրամասնութիւնը, կամ աւելի ճիշդ չորս պատգամաւորները դէմ էին առանց կռուի զիջելու իշխանութիւնը: Անոնք կը պնդէին, թէ հաշտութեան լեզու մը գտած ենք թուրքերու հետ, ուստի հարկաւոր է պահպանել բարեկամութիւնը եւ մեր վերջին ուժերով դիմադրել բոլշեւիկեան հոսանքին, որովհետեւ այս վերջինները ոչ միայն Թուրքիոյ դէմ պիտի չկռուին, հայ ժողովուրդը դուրս հանելու համար ներկայ կործանումէն, այլ ներսէն պիտի ստեղծեն նոր հակամարտութիւններ եւ անցանկալի ցնցումներ, որոնք վերջնական քայքայման պիտի տանէին երկիրը:

Ֆրակցիայի բացարձակ մեծամասնութիւնը, սակայն, կանգնեցաւ կառավարութեան տեսակէտին վրայ եւ որոշւեցաւ իշխանութիւնը զիջիլ բոլշեւիկներուն:

Հ. Յ. Դ. Բիւրոն նոյնպէս յանգած էր նոյն եզրակացութեան, տալով, հետեւյալ որոշումը. «Երկու հակառակորդ կողմերու ճնշումէն հարկադրուած՝ Բիւրոն Հայաստանէն կը հեռանայ, թողնելով իր ներկայացուցիչը եւ կը հրահանգէ ընկերներուն, իրենց տեղական պայմաններուն համաձայն գործել եւ գաղտնի պահպանել կուսակցութեան գոյութիւնը. իսկ ընկերներուն չ’արգիլեր մտնել նոր իշխանութեան մէջ եւ աշխատիլ երկրի տնտեսական ու կուլտուրական զարգացման համար»: 

***

Դեկտեմբերի 2ին, առաւօտէն սկսած, իշխանութիւնը յանձնուած էր Դրոյին, եւ Վրացեանի կառավարութիւնը վեցօրեայ իր գոյութեանէն ետք, հրաժարած էր:

Դրօն կը ներկայանար որպէս լիազօր եւ իր կողմէ կը յայտարարէր խորհրդային կարգերու հաստատումը Հայաստանի մէջ: Կը հրամայէր ենթարկուիլ իր կարգադրութիւններուն մինչեւ նոր կառավարութեան կազմութիւնը: Այսպիսով Դրօն կը դառնար փոխանցման օղակը Դաշնակցական կառավարութենէն դէպի բոլշեւիկեան կառավարութիւնը:

Դրօն կը մարմնացնէր Հ. Յ. Դաշնակցութեան այն թեւը, որ ռուսական քաղաքականութեան կողմը հակած էր եւ հաւատք ունէր այդ ուղղութեան օգտակարութեան մասին: Դրօն զրկելով իշխանութենէն՝ զրկեցին նաեւ իր սպաներէն եւ բանակի որոշ մասերէն, որոնց վրայ ան շատ մեծ ազդեցութիւն ունէր: Այդ վիճակին հասցնելէ ետք՝ պատուաւոր աքսորի մը դատապարտեցին զայն, որ իր խումբ մը սպաներուն հետ ստիպուեցաւ թողնել Երեւանը, այն յոյսով, որ շուտով պիտի վերադառնար:

Դրոյի գացած օրը՝ ժողովուրդը խռնուեցաւ անոր դրան առջեւ: Դրօն խօսեցաւ իր հրաժեշտի ճառը: Ունկնդիրները կուլային:

Սիմոն Վրացեան եւ քանի մը ուրիշ ընկերներ նախապէս համաձայն չէին ապստամբութեան: Փետրուարի սկիզբներուն [բոլշևիկների կողմից – ԱՆԻ] սկսած խելագար հալածանքները և գաղտնի գնդակահարութիւնները ստիպեցին զանոնք կողմնակից դառնալու յեղափոխութիւն առաջացնելուն:

Հայասանի Կոմիտէն, ապստամբութենէն քանի մը օր առաջ, երբ յարաբերութեան մէջ կը մտնէ Կուռօ Թարխանեանի եւ քանի մը այլ փախստական սպաներու հետ, ինքըզինքը կը յայտարարէ Հայրենիքի Փրկութեան Կոմիտէ, որովհետեւ Կուռօն անկուսակցական սպայ էր եւ կային սոցիալիստ յեղափոխականներ այդ սպաներու մէջ: Եւ որպէսզի ընդհանուր ապստամբական շարժումը միայն սեփականութիւնը չնկատուի Հ. Յ. Դաշնակցութեան, մեր ընկերները ընդառաջ գացած էին այդ ցանկութեան եւ այդ անունով ալ սկսան գործի:

[Հայրենիքի փրկության-ԱՆԻ] Կառավարութիւնը կազմուած էր հետեւեալ կերպով.- Նախագահ եւ արտաքին գործերու վարիչ՝ Սիմոն Վրացեան,

զինուորական գործերու վարիչ՝ Արշակ Յովհաննիսեան,

ներքին գործերու վարիչ՝ Կարօ Սասունի,

պարենաւորման՝ Յակոբ Տէր Յակոբեան,

խնամատարութեան՝ Սմբատ Եղիազարեան,

հաղորդակցութեան՝ Աւետիս Օհանջանեան,

աշխատանքի՝ Հայկ Սարգսեան,

սպարապետ՝ Կուռօ,

շտաբի պետ՝ Գարեգին Սարգիսբէգեան:

Թէոդորս Խանազեանը, Եփրեմ Սարգսեանը, Յովակիմ Բուդաղեանը եւ Ռուբէն Քաջբերունին առանց պորտֆեյլի մտած էին Փրկութեան Կոմիտէի կազմի մէջ, որպէս կուսակցական գործիչներ: Կոմիտէի կազմակերպութենէն շաբաթ մը անց՝ Սոցիալ-Յեղափոխական կուսակցութեան կողմէ Վահան Մինախորեանը եւ Արշամ Խոնդկարեանը եւս մտան կառավարական կազմին մէջ, որպէս արդարադատութեան եւ խնամատարութեան գործերու վարիչներ:

Հայաստանի Փրկութեան Կոմիտէն, իր նախագահի միջոցաւ, ռատիոյով յայտնեց աշխարհին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող յեղաշրջման մասին եւ նկարագրեց այն ահռելի բռնութիւնները, որոնք տեղի էին ունեցած բոլշեւիկեան ռեժիմի ժամանակ: Մասնաւոր ռատիօ հաղորդում մը ուղղեցաւ Խորհրդային Ռուսաստանի նախագահ Լենինին, յայտնելով անոր Հայաստանի գիւղացիական յեղափոխութեան եւ ազատ եւ անկախ ապրելու մեր հաստատակամութեան մասին: Այդ ռատիոհեռագրի մէջ յոյս կը յայտնուէր նաեւ, որ Ռուսաստանի սոցիալիստական հանրապետութիւնը պիտի դադրեցնէ թշնամական գործողութիւնները մեր դէմ եւ բարեկամական ձեռք մեկնէ Հայաստանի աշխատաւորութեան:

Նաեւ Վրաստանին անմիջապէս յայտնուեցաւ տեղի ունեցող յեղաշրջման մասին: Վրաստանի կողմէն հարցում եղաւ, թէ Վրաստանի դէմ Հայաստանի կողմէն յայտարարուած պատերազմին կողմանկի՞ց է ներկայ կառավարութիւնը: Փրկութեան Կոմիտէի կողմէ պատասխանուեցաւ, որ Հայաստանը ոչ մէկ ժամանակ պատերազմ չէ յայտարարած Վրաստանի դէմ, որ բոլշեւիկներու կողմէ եղածը գաղտագողի քայլ մըն էր, որ մինչեւ այդ ատեն հայ ժողովուրդը չէր գիտեր պատերազմի մասին, որ Վրաստանը կարող է ամբողջովին վստահիլ մեր բարեկամութեան եւ աջակցութեան:

Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարի օգնական Սաբախտարաշվիլիի հետ ռատիոյով ուղիղ խօսելու ատեն, ներկայ եղած էին նաեւ Վրաստանի դաշնակցական գործիչները, աւելի հաւաստի ըլլալու համար դրութեանը:

Վրաստանն ու Հայաստանը համաձայնած էին, որպէս զինակիցներ, միասին կռիւ մղել ռուսական արշաւանքին դէմ, մէկ կողմ թողած իրենց սահմանային վէճերը: Այդ օրերուն Վրաստան կը դիմադրէ Թիֆլիսի մօտեցող կարմիր բանակներուն և Հայաստանի կողմէ կատարուած յեղափոխութիւնն ու անոր յաջորդող դիմադրական քայլերը մեծապէս կը նպաստէին Վրաստանի ինքնապաշտպանութեան:

Որպէս անմիջական դրացի, Հայաստանի նոր կառավարութիւնը բարեկամական յարաբերութեան մէջ մնաց Թուրքիոյ հետ: Եւ շնորհիւ այդ յարաբերութիւններուն՝ քեմալական ուժերը ո՛չ Ալեքսանդրապոլի եւ ոչ ալ Սուրմալուի կողմէն որեւէ նեղութիւն չպատճառեցին մեզի: Մենք մեծապէս կը գիտակցէինք թրքական վտանգին եւ հնարաւոր խոհեմութիւնը կը գործադրէինք, գոնէ ժամանակաւորապէս Թուրքիան հանդարտ պահելու համար: Փրկութեան կոմիտէն ոչ մէկ ատեն իր մտքէն չէ անցուցած կանչելու թրքական զօրքերը Հայաստան, բացի անոնցմէ ռազմամթերք խնդրելէ: Եւ եթէ ստանար, շատ լաւ կ’ըլլար:

Ըլլալով ամէնօրեայ կռուի մէջ, շրջապատուած թշնամիներով, ան հնարաւորութիւն չունէր լայն յարաբերութեան մէջ մտնելու արտասահմանի հետ և այնտեղէն օգնութիւն սպասելու: Թուրքիան առանց խառնուելու մեր ներքին խնդիրներուն, կը սպասէր կռիւներու ելքին: Հայաստանն ու Վրաստանը, այդ գերագոյն րոպէին, սերտ բարեկամներ էին, նոյնիսկ դաշնակիցներ , երբ երկու փոքր պետութիւններն ալ սկսած էին ճզմուիլ Հիւսիսային Արջի թաթերուն տակ:

Քանի մը օր ետք, սակայն, Վրաստանը գրաւուած էր արդէն Կարմիր բանակի կողմէն: Կը մնար փոքրիկ Հայաստանը մէն մինակ ընդդէմ Ռուսաստանի եւ հաշտ յարաբերութեան մէջ՝ միայն Թուրքիոյ եւ Պարսկաստանի հետ, որպէս սահմանակից դրացի պետութիւններու: Իսկ ասոնցմէ դուրս՝ կտրուած էր ամբողջ աշխարհէն:

Ապստամբութեան առաջին օրէն սկսած լոյս կը տեսնէր «ԱզատՀայաստան» օրաթերթը, իբրեւ օրգան Փրկութեան Կոմիտէի:

Այսպիսով, Փրկութեան կոմիտէն, տեղի ունեցող անցքերու պատճառով՝ չկարողացաւ կեդրոնանալ վերաշինական որեւէ աշխատանքի վրայ եւ իր ամբողջ եռանդը թափեց սկսուած կռուին յաջող ընթացք մը տալու. անհաւասար կռիւ մը, որ յեղափոխութենէն ետք սկսաւ հայ աշխատաւորութեան եւ Մոսկուայի գործակալներու ու Կարմիր զօրքերու միջեւ եւ տեւեց քառասունեւհինգ օր, Փետրուար 19 էն մինչեւ Ապրիլ 2ը: Այդ ժողովրդական մեծ շարժման ղեկավար կը հանդիսանար Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը, որուն միացան Սոցիալիստ-Յեղափոխականները, Հայ Սոցիալ-Դեմոկրատները, Ժողովրդական եւ Ռամկավար կուսակցութիւնները: Անձնական փորձառութեամբ եւ մեծ գիտակցութեամբ անոնք երես դարձուցին բոլշեւիկներէն, եւ մարդկային զոհողութիւններով՝ կեցան գիւղացիութեան կողքին:

Լուսանկարը՝ Հայաստանի փրկութեան կոմիտէի հրամանատարական կազմը