Գրիչ, որ գրողը չտարաւ. Րաֆֆի Տուտագլեան

813

Նամակ երկրէն

Քանի մը օր առաջ, Վարչապետ Փաշինեան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Սահմանադրական Դատարանի նախագահ Հրայր Թովմասեան յեղափոխութենէն անմիջապէս յետոյ հետեւողականօրէն քծնած ու շողոքորթութիւն ըրած է եւ ծառայութիւններ մատուցելու պատգամներ ուղարկած է իրեն: Սահմանադրական Դատարանի նախագահ Թովմասեանը հակադարձեց ըսելով, որ դատարան պիտի դիմէ, եթէ մինչեւ 20 օր վարչապետը փաստեր չներկայացնէ հանրութեան: Վարչապետն ալ, իբրեւ շողոքորթութեան եւ քծնանքի ապացոյց, հանրութեան ներկայացուց Հրայր Թովմասեանի թանկարժէք գրիչը, բացատրելով, որ Թովմասեան ինչ-որ ժողովի մը ընթացքին, հաճոյանալու բացայայտ արարքով մը, գրիչը գրեթէ պարտադրանքով նուիրած է իրեն:

Գրիչը, ըստ վարչապետին, Թովմասեանի քծնանքին եւ շողոքորթութեան սիմվոլն է՝ խորհրդանիշը:  Յաջորդ քանի մը օրերուն, գրիչի պատմութիւնը թեր ու դէմ կարծիքներու, բուռն վէճերու, հեգնախառն կամ ատելավառ գրութիւններու պատճառ դարձաւ: Թովմասեանի պաշտպաններն ու քննադատներն ալ գրիչ վերցուցին ու ինչ ըսես չգրեցին…

Թովմասեանի ինչ ըլլալը գիտնալու համար գրիչի մը պատմութեան ծանօթանալու պէտք չունէինք։
Շատ շատերու համար, մեր երկրի գերագոյն դատաւորի պաշտօնը ստանձնած մարդը վաղուց արդէն դարձած է Հայաստանի արդարադատութեան ամօթանքի խորհրդանիշը, արդարադատութեան չգոյութեան հարազատ դէմքը:

Մէկը, որ քաղաքական ասպարէզ մուտք գործած է Վազգէն Մանուկեանի ԱԺՄ կուսակցութեան ճամբով, յետոյ՝ քաղաքական իր փառասիրութիւնները փորձած է բաւարարել Ռաֆֆի Յովհաննիսեանի «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան միջոցով, յետոյ միտքը փոխած է եւ մաս կազմած՝ Սերժ Սարգսեանի ղեկավարած Հանրապետականին, դառնալով ՀՀԿ-ի քաղաքական կարկառուն գործիչներէն մին, յետոյ նոր Սահմանադրութիւն գրած է ոչ թէ երկիրը փրկելու, այլ իր եւ իր առաջնորդին քաղաքական ասպարէզը յաւերժացնելու համար, յետոյ այլ կուսակցութիւններու հետ ձեռք ձեռքի, զեղծարարութիւններու եւ խարդախութիւններու ճամբով, սուտ հանրաքուէով՝ այդ սահմանադրութիւնը պարտադրած է ամբողջ երկրի մը եւ ժողովուրդի մը, յետոյ՝ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ պայմանաւորուածութիւնով ստացած է Սահմանադրական Դատարանի նախագահի պաշտօնը, եւ հիմա, թաքուն, այլեւ՝ դաւադիր ու դարանակալ ճանապարհներով, երբեմնի դաշնակիցներու հետ ձեռք ձեռքի, ստանձնած է քաղաքական գերեզման մտած նախկին իշխանաւորներուն յարութիւն տալու պարտականութիւնը… այս բոլորէն ետք, յայտնի չէ՞, թէ ի՛նչ տեսակ անձնաւորութիւն մըն է Սահմանադրական Դատարանի ինքնանշանակ նախագահը։

Սխալ ըրաւ Փաշինեան, երբ մեր ժողովուրդի յեղափոխութենէն անմիջապէս յետոյ, այս տեսակ քաղաքական գործիչներուն յեղափոխական ուժեղ կիցով մը դուրս չշպրտեց ասպարէզէն։

Սխալ ըրաւ Փաշինեան, երբ անցնող 2 տարուան ընթացքին «արժանապատիւ» ելքի դուռ մը ուզեց բանալ այս մարդոց առջեւ, թոշակի անցնելու օրէնքներով թէ այլ ճանապարհներով։

Սխալ կ՚ընէ հիմա, երբ գրիչներու պատմութիւններով կը փորձէ ցոյց տալ Թովմասեան տեսակ մարդու խայտառակ կերպարը։

Թովմասեանի անցած անփառունակ ճանապարհը ամէն ինչ կ՚ըսէ այս մարդուն եւ իր հետ գործակցած ուժերուն մասին։ Գրիչներ ու այլ իրեր պէտք չեն, հասկնալու համար այս մարդոց էութիւնը:

Բայց այս գրիչը թովմասեաններու եւ իր դաշնակիցներու խայտառակ կերպարին արժանահաւատ ապացոյցը ըլլալէ աւելի, ցաւալի փաստ է։ Փաստն է այն իրողութեան, որ յեղափոխութենէն յետոյ, մեր նոր, ժողովուրդի բացարձակ մեծամասնութեան վստահութեան քուէն ստացած իշխանութիւնները չկրցան գտնել թովմասեաններով ներկայացող «արդարադատ»ները մէկանգամընդմիշտ տուն ճամբելու ճիշդ եւ ամենակարճ ճանապարհը։

Թովմասեանները եւ թովմասեաններու ետին կանգնած քաղաքական ուժերը, հին ու նոր դաշնակիցները, վաղուց արդէն քաղաքական վարկանիշ չունին ժողովուրդին մօտ։ Անոնց քաղաքական գերեզմանը վաղուց փորուած էր։ Քաղաքական գերեզման փորեցին իրենք, իրենց իսկ ձեռքով, երբ ազգային հարստութեան թալանը նոյնացուցին քաղաքական գործունէութեան հետ, երբ խարդախ քուէներով դիրք ու պաշտօն գրաւեցին, երբ արդարադատութիւնը ծառայեցուցին սեփական շահերուն, երբ քաղաքացիի պատիւը 5000 դրամով գնեցին: Գերեզմանը փորուած էր, պէտք էր դնել քաղաքական տապանաքարը, ամօթանքի խառանը փորագրուած վրան:

Գրողը վաղուց պէտք է տարած ըլլար այս գրիչը ու զայն նետած ըլլար քաղաքական գերեզմանոցին մէջ:

Իսկ Գրողը վաղուց տարած կ’ըլլար այս գրիչը, եթէ համակարգային արագ, խորը եւ համընդնհանուր փոփոխութիւններով լուծուած ըլլային թէ՛ իրաւապահ մարմիններու, թէ արդարադատութեան, եւ թէ ուժային ու անվտանգութեան կառոյցներու հետ կապուած խնդիրները:

Րաֆֆի Տուտագլեան

Գրեցէ՛ք ինծի:

rafdoud@aol.com