Ինչպէս կը ստեղծուին ու կը տարածուին վարձկաններու սուտերը. Րաֆֆի Տուտագլեան

1135

Նամակ երկրէն

Տարիներ առաջ, երբ կը ղեկավարէի միջազգային «Առաքելութիւն Արեւելք» կազմակերպութեան Հայաստանի գրասենակը, մեր աշխատանքներուն մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէր ՄԻԱՎ/ՁԻԱՀ-ի (HIV/AIDS) կանխարգիլման ծրագիրը, զոր կ’իրագործէինք աւելի քան 10 հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու, ՄԻԱՎ/ՁԻԱՀ Ազգային Կեդրոնի եւ Առողջապահութեան նախարարութեան հետ սերտ համագործակցութեամբ: Այդ տարիներուն, եթէ չեմ սխալիր 2010 կամ 2011-ին, ծրագրի հին ղեկավարը արտասահմանեան կազմակերպութեան մը մէջ գործ գտնելով հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն: Մէկ-երկու ամիս տեւած փնտռտուքէ ետք, կրցանք հինը փոխարինել նոր ղեկավարով մը, որ Մագիստրոսի աստիճանով վկայուած էր Ամերիկեան համալսարանէն եւ լաւ փորձ ունէր հանրային առողջապահութեան ոլորտին մէջ: Ծրագրի նոր ղեկավարի՝ Լենայի ամուսինը՝ Արմէնը, բժիշկ էր եւ ունէր իր դարմանատունը: Ամիսներ յետոյ, Արմէնը նշանակուեցաւ «Իզմիրլեան» Բժշկական Կեդրոնի տնօրէն, իսկ աւելի ուշ,  մէկ երկու տարի յետոյ, նշանակուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Առողջապահութեան նախարար:

Կը յիշեմ, այդ օրերուն, մամուլի մէջ սկսան լոյս տեսնել բազմաթիւ յօդուածներ՝ Արմէն Մուրատեանի եւ իր ընտանիքին մասին, յաճախ՝ բամբասանքային բնոյթի: Ինծի համար հետաքրքրական էր տեսնել, թէ ինչպէ՞ս մեր կազմակերպութիւնը եւս դարձաւ մամուլի ուշադրութեան առարկայ: Ամէն անգամ, երբ հասարակական կազմակերպութեան մը հետ նոր պայմանագիր կնքէինք, կամ հին պայմանագիր մը խզէինք, անմիջապէս մամուլը կ’անդրադառնար մեր արարքին ու… առողջապահութեան նախարարին մատը կը տեսնէր անոր մէջ: Յաճախ լոյս կը տեսնէին այնպիսի ստապատիր յօդուածներ, որ ես ուղղակի կը հիանայի մարդոց ուժեղ երեւակայութեան վրայ: Ամէն անգամ երբ մամուլով սուտ լուրեր տարածուէին, գործընկերներս ինծի կը յիշեցնէին՝ «պարոն Տուտագլեան, էլի պատուէր են կատարում, արհամարհէք…»

Պատուէրով համերգ կատարողները շատ են Հայաստանի մէջ: Ինչպէս կ’ըսեն՝ «փողին մուննաթ»: Թուրքերը կ’ըսեն՝ «փարայը վարան, տուտուկը չալար»: Այլ խօսքով՝ դրամ տուողին համար տուտուկ նուագող միշտ կ’ըլլայ: Ես մոռցեր էի մեր մասին պատուէրով յօդուածները, մինչ այս օրս, երբ դարձյալ «տուտուկ» նուագող մը յատնուեցաւ եւ ունեցաւ նաեւ արձագանգողներ ու նուագակցողներ: Ու դարձեալ յիշեցի տարիներ առաջ մեր մասին գրուած պատուէրով ստապատիր յօդուածները եւ այդ յօդուածները յատուկ նպատակով տարածողները…

Այսօր, երբ գործէն տուն կ’երթայի, ընկերներէս մէկը ինծի ուղարկեց նախկին հանրապետական պատգամաւորի մը դիմատետրյան գրառումներէն մէկը: Ըստ այս գրառման, ներկայ արդարադատութեան նախարարի կինն ու ես հիմնադրեր ենք առեւտրային ընկերութիւն մը: Սա, ինքնին հետաքրքութեան արժանի լուր մը չէ: Բայց գրառման շա՜տ խելացի հեղինակը, մի քանի փոքրիկ ճարպիկութիւններ՝ շուստրիութիւններ ընելով, փորձած է իր խելքով մե՜ծ սկանդալ ստեղծել, եւ կոռուպցիայի ու դաւադրութիւններու բացայայտումներ կատարել:

Եւ ի հարկէ, սկանդալներ ստեղծելու համար սուտերը չեն պակսիր ժողովուրդէն մերժուած ՀՀԿական այս մարդուկին մօտ: Եւ ան ալ ի՜նչ սուտեր… օրինակ՝ սուտ համար 1` այս առեւտրային ընկերութիւնը ստեղծուած է եղեր նախարարի նշանակումէն յետոյ: Այս մարդուկը շատ լաւ գիտէ, որ Հայաստանի պետռեգիստրի կայքը այցելելով, ոեւէ մարդ կրնայ տեսնել, թէ՞ երբ ստեղծուած է ընկերութիւնը եւ ովքե՞ր են հիմնադիրները: Վստահ եմ, որ ինք շատ լաւ գիտէ, թէ ո՛չ նախարարը անձամբ, ոչ ալ իր նշանակման օրը կապ ունի ստեղծուած ընկերութեան հետ, քանի որ ընկերութիւնը նախ փաստաբանական ծառայութիւններ մատուցելու համար է, եւ անոր հիմնադրման աշխատանքները սկսած եւ աւարտած են Բադասեանի նախարար նշանակուելէն շատ առաջ:

Մարդուկը շատ լաւ գիտէ այս ճշմարտութիւնը, բայց կարեւորը սուտ մը գլտորել է, «առեւտուր» բառը մէջտեղ նետել է, նախարարի անունը յիշատակել ու նախարարութեան հետ առեւտրական գործերու մասին խօսիլ է: Սուտը նետէ եւ անցիր, ճանըմ, պատուիրատուի կամքը կատարած կ’ըլլաս, յետոյ նոյն պատուիրատուին ծառայող առցանց թերթեր ու բլոգներ անմիջապէս կ’արձանագեն ու կը տարածեն լուրը, մի քանի միամիտներ ու մի քանի չարամիտներ «լայք»եր կու տան եւ քոմենթներ կը գրեն, եւ այսպէս «ամբոխը կը ստանայ պատկառելի բնոյթ»… Սուտին վրայ այլ սուտ մըն ալ գլորէ, օրինակ՝ յիշէ Սերժ Թանքեանին անունը, իբրեւ՝ ընկերութեան գաղտնի սեփականատէր, մէկ քարով՝ երկու թռչուն զարկած կ’ըլլաս, հարուածած կ’ըլլաս թէ՛ հայաստանեան եւ թէ սփիւռքեան թիրախներդ… լուրը աւելի արագ եւ աւելի շատ կը տարածուի, չէ՞ որ միջազգային աստղն ալ այս պատմութեան մէջ թաքուն դերեր ունի: Իսկ եթէ նկար մըն ալ գտնես-դնես դիմատետրէն, կատարեալ կ’ըլլայ, պատուիրատուն ալ հաւանաբար եռակի կը վարձատրէ քեզի…

Եւ այսպէս, դիմատետրի մէջ կարելի է գրել այս ամէնը եւ արձագանգը գտնել՝ ինքնիրեն անկախ հռչակած «Հրապարակ»ի մէջ, ՀՅԴ-ական «Երկիր»ին մէջ եւ այլուր… ու լուրջ, «խորհրդաւոր» մարդիկ, նոյնիսկ կուսակցապետեր, սրտիկներ ու «լայք»եր կը դնեն լուրին տակ ու այսպիսով ցոյց կու տան իրենց իսկական դէմքն ու… մակարդակը:

Սա է այսօրուան Հայաստանի հին ու նոր որոշ ընդդիմադիրներու մամուլը՝ հայելին է հովանաւորուած ստախօսութեան եւ բամբասանքի, ուրիշ ոչինչ: Իսկ այս ոճով գործողները ատելութեան մասին բողոքողներն են, անոնք, որոնք կը հաւակնին ապագայ Հայաստանի ղեկը ստանձնել: Պարզ ու յստակ ըսեմ, ընկերնե՛ր, սուտի վրայ արքայութիւն չէք կրնար հիմնել, շուտ կը քանդուի, երկար կեանք չունենար:

Ի դէպ, գրառում ըրած մարդուկին եւ իր գրառումները հրապարակողներուն ըսեմ, որ ես ոչ միայն մէկ՝ TR Law Firm-ի, այլ 3 ընկերութիւններու հիմնադիր եմ ու երկուքի մէջ` տնօրէն: Իմ ղեկավարած Cascade Gardens ընկերութիւնը կը պատրաստուի 10 միլիոն տոլարի բնակարանաշինութեան ներդրումներ ընելու Երեւանի մէջ: Եւ հակառակ իմ «կապերուս», շատ դանդաղ է յառաջընթացը թղթաբանական գործին մէջ, քանի որ ամէն ինչ օրէնքով կ’ընենք: Հաւանաբար քու կուսակցութեան եւ իր դաշնակիցներու իշխանութեան օրերուն այդպէս չէր, «փողով» ամէն ինչ կը լուծէիք, եւ այդ մասին ո՞վ կը համարձակէր գրել: Տնօրէնն եմ նաեւ երկու բարեգործական հաստատութիւններու եւ բոլորը գիտեն մեր աշխատանքներուն մասին: Ամբողջը այսքան պարզ է ու թափանցիկ:

Իսկ, մարդուկ ջան, մեր մասին շատ խօսեցայ, հիմա դուն կրնա՞ս ըսել,  ո՞վ է քու պատուիրատուն:

Րաֆֆի Տուտագլեան

Գրեցէ՛ք ինծի:

rafdoud@aol.com