Ցուցանակները ռուսերէն են, ճաշացուցակները ռուսերէն են, փողոցներու անունները ռուսերէն են

1129

Հատուած Ռուբէն Դարբինեանի ԿԵԱՆՔԻՍ ԳԻՐՔԷՆ հատորէն, Ա. հատոր

Բաթում հասնելէ ետք, յաջորդ օրը, երբ փողոց ելանք, պատահմամբ հանդիպեցանք յանկարծ Հ. Յ. Դաշնակցութեան 9րդ Ընդհանուր Ժաղավէն արտասահման վերադարձող խումբ մը պատգամավորներու: Կ’երթային Պոլիս, Կիլիկիա, Պալքաններ եւ Ամերիկա: Անոնց մէջ գտայ վաղեմի ծանօթներ:

Եկած էին Հայաստանէն, Հայաստանի մայրաքաղաքէն. իրազեկ էին մեր մանուկ Հանրապետութեան վերջին անցուդարձերուն եւ, իբրեւ “դրսեցիներ”, կրնային դիտած ըլլալ շատ մը հետաքրքրական բաներ, որոնք, հաւանաբար, կը վրիպէին տեղացիներու ուշադրութենէն:

Բնականաբար, շատ ուրախացայ անոնց հանդիպելով: Միասին մտանք ճաշարան մը, ուր իմ կողմէ իսկոյն սկսաւ հարցումներու տարափ մը: Եւ գլխաւորապէս ընկ. Շ. Միսաքեանն էր, որ հաճոյքով կը պատասխանէր ինծի:

– Պէտք է ըսեմ, թէ մեր ներկայ  վարչապետը՝ Ա. Խատիսեան ժողովուրդի բոլոր խաւերուն մէջ մեծ համակրանք կը վայելէ: Ատոր ապացոյց՝ այն խանդավառ ընդունելութիւնը, զոր գաւառներու բնակչութիւնը ցոյց տուաւ Հայաստանի մէջ անոր վերջին ճամփորդութեան ատեն: Ցաւալի է, որ հակառակ ատոր՝ ան շարունակ յարձակումներու կ’ենթարկուի Խորհրդարանին մէջ: Իմ կարծիքով, լաւ պիտի ըլլար, եթէ մեր մանուկ պետութեան մէջ կառավարութիւնը կազմուած ըլլար, բոլոր կուսակցութեանց անդամներէն: Այդ պատճատով, ինչպէս ես, այնպէս ալ շատ մը ուրիշ կուսակցական ընկերներ, որոնք ինծի հետ համաձայն են, ուրախացան, երբ Երեւան եկան Պօղոս Նուպար փաշայի ներկայացուցիչները՝ Վահան Թէքէան եւ Նշան Տէր Ստեփանեան՝ ազգային խառն կառավարութիւն մը կազմելու մասին խորհրդակցելու համար: Տեղի ունեցան շարքը մը ժողովներ, ուր մենք՝ Դաշնակցականներս, ըրինք շատ մեծ զիջումներ, տալով անոնց չորս աթոռ՝ ինը հոգինոց կառավարութեան մէջ: Դժբախտաբար, անոնք չգոհացան մեր այդ զիջումներով եւ որոշեցին երթալ Փարիզ՝ նոր հրահանգներ ստանալու համար: Խառն դահլիճի մը միջոցով ազգային մեր բոլոր ուժերու համագործակցութիւնը փրկութիւն է:

– Ի՞նչ տպաւորութիւն գործեց ձեր վրայ Երեւանը, Հայաստանի մեր մտաւորականութիւնը, Խորհրդարանը եւ առհասարակ մեր պետական կեանքը:

– Երեւանը տակաւին գաւառական քաղաք մըն է եւ բնաւ չի ձգեր մայրաքաղաքի տպաւորութիւն: Դժբախտաբար, պետական հաստատութիւններու մէջ թէ դուրսը, փողոցներու մէջ ռուսերէնը կ’իշխէ: Տակաւին ցուցանակները ռուսերէն են, ճաշարաններու մէջ ճաշացուցակները ռուսերէն են, փողոցներու անունները ռուսերէն են:

– Անշուշտ, ատոնք մնացած են ցարական տիրապետութենէն, եւ Երեւանը, մեր իշխանութեան օրով, տակաւին բաւականաչափ ժամանակ չէ ունեցած հայանալու:

– Այո՛, կ’ընդունիմ այդ: Բայց դժուար է հաշտուիլ այն ցաւալի իրողութեան հետ, որ Խորհրդարանի եւ նոյնիսկ կառավարութեան անդամներէն շատերը յաճախ ռուսերէն կը խօսին իրարու հետ: Ալ չեմ խօսիր մտաւորական ընտանիքներու մասին, որոնցմէ շատերուն գործածական լեզուն ռուսերէնն է: Իսկ անոնք, որ հայերէն կը խօսին, իրենց լեզուն կը խճողեն թրքերէն եւ մանւանդ ռուսերէն բառերով:

– Այդ ալ, կը խորհիմ, թէ դժուար չէ հասկնալ: Ռուսահայ մտաւորականներուն մէկ կարեւոր մասը յաճախած է ռուս պետական դպրոցներ եւ կարելի չէ անոնցմէ սպասել աւելի լաւ հայերէն:

– Բայց հետաքրքրականն այն է, որ հայկական դպրոցներ յաճախածներն ալ յաճախ կը նախընտրեն ռուսերենը:

– Իմ ուշադրութիւնը գրաւեց արեւելյան կամ, եթէ կ’ուզէք, թերեւս ռուսական թմրածութիւնը եւ դանդաղաշարժութիւնը, որոնք այնքա՜ն յատուկ են այժմ Հայաստանի մայրաքաղաքին: Ճաշարանին մէջ, ուր կը ճաշէինք սովորաբար, ժամերով մեզ սպասեցնել կու տային կերակուրի մը, որ պատրաստ պետք է ըլլար: Ապշեցուցիչ է մասնաւորապէս ճաշարանային ծառայողներու անշնորհքութիւնը,  դանդաղաշարժութիւնը: Սակայն, ատոր հակառակ, մեր զինվորները սքանչելի են, թէեւ յաճախ ցնցոտիներու մեջ են ու բոկոտն, բայց անձնուիրաբար կը պաշտպանեն Հայաստանի սահմանները: Դժբախտաբար, նոյնը կարելի չէ ըսել սպաներու մասին, որոնց մէծ մասը ցարական բանակն է, ռուսերէն կը խօսի եւ հոգիով ռուս է:

Լուսանկարում՝ Երևանի Ցարսկայա, այժմ Արամի փողոցը