Լեւոնի, Սերժի, Նիկոլի և ապակողմնորոշուած մարդկանց մասին. Րաֆֆի Տուտագլեան

1044

Նամակ երկրէն. մաս երկրորդ

Նախորդ գրութիւններէս մէկուն մէջ, երբ փաստերով եւ յստակ տուեալներով կը նշէի, որ անցեալին Սերժ Սարգսեանի եւ Ռոբերտ Քոչարեանի հետ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի կապը ծաւալով, որակով, տարողութեամբ ու ժամանակի երկարութեամբ շատ աւելին եղած է, քան Լեւոն-Նիկոլ քառամեայ քաղաքական գործակցութիւնը, որոշ ընթերցողներ չհամաձայնեցան։ Ուրիշներ ալ պնդեցին, որ ըստ իրենց լսածներուն, Նիկոլը Լեւոնի քաղաքական ժառանգորդն է, քանի որ իր այսօրուան քաղաքականութիւնը յար եւ նման է ԼՏՊի քաղաքականութեան եւ կապ չունի, թէ անցեալին ինչ տեսակի յարաբերութիւններ ունեցած են անոնք։

Այս մոլորեալ եւ ապատեղեկացուած ընթերցողներուն լուսաբանելու համար, այլ նամակով մը անդրադարձայ հայութիւնը յուզող ամէնէն փափուկ եւ զգայուն նիւթին՝ Արցախի խնդրին, եւ յստակ բացատրութիւններով ցոյց տուի, թէ ոչ մէկ կապ կայ, ու ոչ մէկ զուգահեռ՝ ԼՏՊի եւ Նիկոլի արցախեան տագնապի լուծման մօտեցումներուն, եւ առ հասարակ՝ անոնց արցախեան քաղաքականութեան միջեւ։ Ընդհակառակը, իրենց արցախեան քաղաքականութեամբ, մանաւանդ՝ ազատագրուած հողերը զիջելու իրենց ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԱԾ մտադրութեամբ, Ս. Սարգսեանն ու Քոչարեանը շատ աւելի նման են Լեւոնին, քան ոեւէ այլ մարդու։

Հիմա խօսինք նաեւ Նիկոլի եւ նախկին նախագահներու նմանութիւններուն եւ տարբերութիւններուն մասին՝ Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Թուրքիոյ հանդէպ իրենց վարած քաղաքականութեան տեսանկիւնէն։

Լեւոն Տէր Պետրոսեանը բառերը առանց ծամծմելու յայտարարած էր, որ կ՚ուզէ առանց նախապայմանի յարաբերութիւնները բարելաւել Թուրքիոյ հետ եւ Հայասպանութեան ճանաչումը իր արտաքին քաղաքականութեան մաս չի կազմեր։ Պարոնայք Քոչարեանն ու Ս. Սարգսեանը եւս Անգարայի հետ առանց նախապայմանի յարաբերութիւններ զարգացնելու յայտարարութիւն ըրած, սակայն Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը համարած էին Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան նպատակներէն մէկը։ Բայց… ուշադիր եղեք, այստեղ կայ շատ յատկանշական եւ կարեւոր «բայց» մը։ Թէ՛ Քոչարեանը եւ թէ Սարգսեանը ԳԱՂՏՆԻ բանակցութիւններ սկսած էին Թուրքիոյ հետ, հայթրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման նպատակով։
Ամերիկայի ֆինանսաւորումով՝ Քոչարեանի օրով եւ իմացութեամբ կազմուեցաւ TARC-ը (Turkish Armenian Reconciliation Commission), Հայ-թրքական Հաշտութեան Յանձնաժողովը, որուն անդամներ նշանակուեցան թուրք եւ հայ քաղաքագէտներ եւ նախկին դիւանագէտներ։
Իսկ Սերժ Սարգսեանի օրերուն, Թուրքիոյ հետ գաղտնի բանակցութիւններ տեղի ունեցան իր նախագահ ընտրութենէն գրեթէ անմիջապէս յետոյ: Արդիւնքը գիտեք՝ հայ թրքական յայտնի արձանագրութիւնները, որ արհամարհուեցաւ առաջին հերթին Թուրքիոյ կողմէ ու միայն տարիներ յետոյ, երբ Անգարա թքած իսկ չունէր այդ փրոթոքոլներուն վրայ, Ս. Սարգսեանը որոշեց «գրողի ծոցը» ուղարկել զանոնք։ Աւելի վատը կ՚ուզէ՞ք, թէ TARC-ի եւ թէ հայ-թրքական արձանագրութիւններու պարագային՝ անուղղակիօրէն հարցականի առնուեցաւ հայկական Ցեղասպանութեան իսկութիւնը, Ցեղասպանութեան ճանաչման իրաւական հիմքերը։ TARC-ի պարագային, International Center for Transitional Justice-ին յանձնարարուեցաւ քննել, թէ արդեօ՞ք 1915-ի դէպքերը Ցեղասպանութիւն էին, իսկ ամօթալի փրոթոքոլ-արձանագրութիւններուն մէջ, Ցեղասպանութեան յիշատակում ոչ միայն չկար, այլեւ սեւով ճերմակի վրայ գրուած էր, որ հայերն ու թուրքերը պատմաբաններու յանձնաժողով մը պիտի ստեղծեն՝ երկու կողմերու միջեւ վիճելի նիւթերը քննելու համար։ վիճելի՞, իրա՞ւ…
(Ի դէպ, Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ժամանակ Ցեղասպանութեան իսկութեան մասին ոեւէ քննարկում չէ եղած ոչ թուրքերուն, ոչ ալ ուրիշներու հետ):
Աւելի ու աւելի վատը կ՚ուզէ՞ք… երեք նախագահներն ալ աւելի քան մէկ անգամ յայտարարած են, որ ոչ հողային, ոչ ալ այլ պահանջ ունին Թուրքիայէն… Այսինքն, կ՚ընդունին ներկայի սահմանները եւ հատուցման խնդիր չեն դներ։ Այսքան պարզ ու այսքան յստակ։

Իսկ Նիկոլ Փաշինեանի քաղաքականութիւնը Թուրքիոյ հանդէպ ունի որոշ տարբերութիւններ։ Փաշինեան եւս, երեք նախագահներուն նման, Թուրքիոյ հետ առանց նախապայմաններու յարաբերութիւները կարգաւորել կ՚առաջարկէ։ Ինչ կը վերաբերի Ցեղասպանութեան ճանաչման խնդրին, Փաշինեան իր մէկուկէս տարուայ վարչապետութեան շրջանին միջազգային բեմերէն շատ աւելի խօսած է Ցեղասպանութեան մասին, քան երեք նախացահները՝ միասնաբար, նոյն ժամանակահատուածի մէջ։ Աւելի՛ն, ան վերջերս ցեղասպանությունից իտալական թերթի մը ըսաւ, որ «Ցեղասպանութիւնից ավելի քան մեկ դար անց Թուրքիան հայերի կողմից դեռևս ընկալվում է որպես մեր անվտանգության համար հնարավոր սպառնալիք…» եւ կրկնեց, որ Հայասպանութեան ճանաչումը կը մնայ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան նպատակներէն մէկը։ Գաղտնի բանակցութիւններու մասին տեղեկութիւններ չկան, ոչ ալ խայտառակ փրոթոքոլներ, կամ հայկական թիւ մէկ օդանաւէն Թուրքիոյ նախագահին ուղղուած ողջույնի զեղուն ու ջերմ խօսքեր։

Ահաւասիկ դարձեալ կը տեսնենք, որ հայ ժողովուրդի համար չափազանց կարեւոր խնդիրներու՝ Արցախեան տագնապին ու Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն ու Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ ոչ մէկ նոյնութիւն կայ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի եւ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ։ Նմանութիւնները աւելի շատ են երեք նախագահներուն՝ արդեն տխրահռչակ Լեւոն-Ռոբերտ-Սերժ եռեակին մէջ։

Նիկոլի գլխաւորած նոր, երիտասարդ իշխանութիւնները Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ժառանգորդ յայտարարելը ոչ միայն delusional, իշխանութիւնը կորսնցուցած, եւ ժողովուրդին կողմէ քաղաքական բեմէն կիցով դուրս նետուած մարդոց յօրինած սուտն է, այլ նաեւ ատելութիւն հրահրելու համակարգուած պայքարի ապացոյցներէն մէկը։ Նախկինները քաղաքական դաշտ վերադառնալու ուրիշ ճամբայ չունին, սուտն ու կեղծիքն է իրենց լաւագոյն ու միակ զէնքը։

Յաջորդիւ՝ Լեւոնի, Սերժի, Նիկոլի եւ ստախօսներու մնացեալ տարբերութիւններուն եւ նմանութիւններուն մասին։

Նամակ երկրէն. մաս առաջին

Նախորդ «Նամակ երկրէն»ով, գրած էի, թէ բոլոր անոնք, որոնք Նիկոլ Փաշինեանը կ՚ուզեն առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ժառանգորդը համարել, լաւ է որ քիչ մը պատմութիւն սերտեն եւ տեսնեն թէ որքա՜ն անտեղեակ են անցեալի իրադարձութիւններէն եւ Լեւոնի ու քաղաքական միւս ղեկավարներու կապերէն։ Գրած էի, որ Լեւոն-Ռոբերտ-Սերժ եռեակի միջեւ գոյութիւն ունեցող քաղաքական համագործակցութիւնը ծաւալով, որակով, տարողութեամբ ու ժամանակի երկարութեամբ եղած է շատ աւելին՝ քան Լեւոնի եւ Նիկոլի քառամեայ քաղաքական կապը, ու միաժամանակ անհեթեթ համարած էի Նիկոլը Լեւոնին ժառանգորդը համարող յայտարարութիւնները։

«Նամակ»իս արձագանգողները չուշացան։ Առցանց լրատուամիջոցներէն մէկուն մէջ տպուած գրութեանս տակ մէկը կը գրէր հետեւեալը.

«Նախ՝ մարդու վարած քաղաքականությանը նայելով պետք է հասկանալ՝ ով ում ժառանգորդն է, ոչ թե նրանով, թե ով ում հետ ինչքան է աշխատել… Հետո՝ Լևոնն էլ էր պարզ, թափանցիկ, արդար ընտրության արդյունքում եկել իշխանության… Էնպես որ՝ դա չափանիշ դարձնելն էլ միամիտների ականջներին լափշա կախել է նշանակում…»

Յարգելի ընթերցողը ըսել կ՚ուզէ, որ պէտք չէ նայիլ անցեալի յարաբերութիւններուն՝ որոշելու համար թէ ո՞վ ԼՏՊ-ի ժառանգորդն է եւ ով՝ ոչ։ Երեւի ըսել կ՚ուզէ նաեւ, որ Նիկոլը Լեւոնի ժառանգորդն է, քանի որ անիկա կը շարունակէ առաջին նախագահին քաղաքականութիւնը, կամ ունի քաղաքական նոյն վարքագիծը։

Պահ մը «benefit of the doubt»ը տանք այս ընթերցողին, ընդունելով իր վարկածը, եւ տեսնենք, թէ ի՞նչ առնչութիւն ունեցած են Ռոբերտի եւ Սերժի քաղաքականութիւնը Տէր Պետրոսեանի քաղաքական ըմբռնումներուն եւ վարքագիծին հետ, եւ ի՞նչ նոյնութիւն կամ տարբերութիւն կայ Նիկոլի եւ Լեւոնի մօտեցումներուն միջեւ։

Սկսինք ամէնէն փափուկ նիւթէն՝ ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊ.

Լեւոն Տէր Պետրոսեանի յայտարարուած մօտեցումը եղած է՝ վերադարձնել «գրաւուած» 7 շրջանները, պահելով Լաչինի միջանցքը, հաստատել խաղաղութիւն եւ ապա բանակցիլ Արցախի վերջնական կարգավիճակին շուրջ, հաշուի առնելով միջազգային օրէնքները։ Սա ծանօթ էր նաեւ իբրեւ տագնապի լուծման փուլային տարբերակ։ Այսինքն, լուծման հասնիլ քայլ առ քայլ առաջ երթալով, առանց ի սկզբանէ վերջնական որոշում ունենալու Արցախի կարգավիճակին մասին։

Վազգէն Սարգսեանի ղեկավարութեամբ, Քոչարեանն ու Սերժ Սարգսեանը հակադրուեցան այս մօտեցումին։ Անոնք առաջ քշեցին փաթեթային տարբերակը: Այսինքն՝ ոչ թէ փուլերով, այլ սկիզբէն ունենալ լուծման ամբողջական համաձայնութիւն՝ թէ՛ «անվտանգութեան գօտի»ի (Քոչարեանի ձեւակերպումը՝ ազատագրուած հողերու մասին) տարածքներու եւ թէ՛ Արցախի կարգավիճակին մասին։ Ասկէ ծնաւ «Մատրիտեան սկզբունքները», որ սեւով ճերմակի վրայ գրուած է, թէ հայկական կողմը պիտի վերադարձնէ Լաչինէն բացի «ադրբեջանական» 7 շրջանները, փոխարէնը, տարիներ յետոյ, եւ թուրք գաղթականներու վերադարձէն ետք տեղի պիտի ունենայ ինքնորոշման հանրաքուէ։

Քոչարեանէն ետք, Սերժ Սարգսեանը մինչեւ իր հրաժարականը բանակցած է ա՜յս սկզբունքներուն շուրջ։ Միջանկեալ խօսուած է «Լավրովի ծրագիր»ին մասին, իսկ ատկէ շատ տարիներ առաջ՝ Մեղրիի ազատ միջանցքին մասին, եւայլն, բայց հիմնականը՝ երեք նախագահներն ալ համաձայնած են վերադարձնել ազատագրուած տարածքները, Արցախի կարգավիճակի անորոշ հանրաքուէի դիմաց։ Հանրաքուէն ալ տեղի պիտի ունենայ 10 տարի վերջ։

Նիկոլ Փաշինեանի վարչապետ ընտրութենէն յետոյ, կը թուի թէ բանակցութիւնները այլեւս Մատրիտեան սկզբունքներուն շուրջ չեն, եւ կողմերը ներկայիս կը խօսին բանակցութիւններու ֆորմաթին՝ ձեւաչափին մասին. Փաշինեան կը պնդէ, որ ոեւէ քննարկում եւ համաձայնութիւն առանց Արցախի՝ իմաստ չունի։ Ոեւէ լուծման տարբերակի պէտք է համաձայնի նախ եւ առաջ Արցախի ժողովուրդը, ապա՝ Հայաստանի ժողովուրդը, ու բնականաբար՝ Ադրբեջանի ժողովուրդը։ Համաձայնութիւն կը նշանակէ բոլոր կողմերու հաւանութիւն՝ առաջարկուած լուծումներուն։ Փաշինեան կը պնդէ, որ Արցախի ժողովուրդի ներկայացուցիչներու մասնակցութիւնը բանակցութիւններուն աւելի քան անհրաժեշտութիւն է, որովհետեւ միայն Արցախի ընտրուած ներկայացուցիչները իրաւունք ունին խօսելու իրենց ժողովուրդին անունով։ Կը թուի (կ՚ըսեմ «կը թուի», որովհետեւ դեռ պաշտօնական յայտարարութիւն չկայ), որ Մատրիտեան փաստաթուղթը այլեւս սեղանի վրայ չէ, եւ նախորդ առաջարկներէն ոեւէ մէկը քննարկման ենթակայ չէ։ Փաշինեան դեռեւս հող վերադարձնելու մասին յայտարարութիւն չէ ըրած, «հողեր՝ խաղաղութեան կամ Արցախի կարգավիճակի դիմաց» գաղափարին հաւանութիւն չէ յայտնած։ Անոնք, որոնք կը պնդեն, թէ Նիկոլը «ծախած է» Արցախը, նախորդ նամակիս մէջի «հասարակ ՍՏԱԽՕՍՆԵՐ»ու փաղանգին կը պատկանին։

Արցախի տագնապի մասին երեք նախագահներու դիրքորիշումները շատ աւելի հասարակ յայտարար ունին իրար հետ, քան վարչապետ Փաշինեանի դիրքորոշումը՝ նախորդ նախագահներէն ոեւէ մէկուն հետ։

Կարելի է չհամաձայնիլ Փաշինեանի մօտեցման, անոր արցախեան նոր քաղաքականութեան հետ եւ առարկել այդ քաղաքականութեան դէմ։ Բայց ըսել, որ ան Լեւոն Տէր Պետրոսեանի վարքագիծին հետեւորդն է, կամ աւելի վատն է, քանի որ «Արցախը ծախած է», ոչ միայն ՄԵԾ ՍՈՒՏ է, այլեւ կիրքերը հրահրելու շատ վտանգաւոր մարտավարութիւն, որուն հեղինակները ժողովուրդին կողմէ քաղաքական բեմէն դուրս շպրտուածներն են։ Անոնք քաղաքական դաշտ վերադառնալու, Փաշինեանին տուն ճամբելու իրենց նպատակին հասնելու համար ընտրած են ապատեղեկատւութիւնն ու ստախօսութիւնը, դատարկ ճոռոմաբանութիւնն ու կիրքերու հրահրումը։ Ինքնահաստատման ու վերադարձի ուրիշ ճանապարհ չեն գտած ժողովուրդին կողմէ մերժուած այս մարդիկը, եւ ժողովուրդը սիրաշահող քայլերու փոխարէն, ահ ու սարսափ կը տարածեն՝ ժողովուրդին մէջ զայրոյթ հրահրելու եւ ներկայ իշխանութիւններուն դէմ հանելու արդէն բացայայտ մտադրութեամբ։

Յաջորդիւ՝ Լեւոնի, Սերժի, Նիկոլի այլ նմանութիւններու եւ տարբերութիւններու մասին։

Րաֆֆի Տուտագլեան

Գրեցէ՛ք ինծի։
rafdoud@aol.com