Պետութիւնը Կեղծիքի Վրայ Չի՛ Հիմնուիր

515

Նամակ երկրէն

Հրայր Թովմասեանը կը ներկայացնէ այն, որուն դէմ անցեալ տարուան Ապրիլին փողոց դուրս եկաւ համայն հայ ժողովուրդը: Հրայր Թովմասեանը անցեալի բոլոր ախտաւոր երեւոյթներու խորհրդանիշը դարձած է այսօր… Սահմանադրութեան հանրաքուէի արդիւնքներու զեղծում, սուտ եւ կաշառուած ընտրութիւններ, անարդար արդարադատական համակարգ, կոռումպացուած պետական կառոյցներ, պիւտճէի թալան, կեղծիք, խաբեբայութիւն, եւ շատ այլ արգահատելի երեւոյթներ:

Հրայր Թովմասեանը այս բոլորին խորհրդանիշն է, որովհետեւ ան շարունակաբար մաս կազմած է Սերժ Սարգսեանի եւ ՀՀԿ-դաշնակիցներ մաֆիայի ազգավնաս եւ հայրենավնաս այսօրինակ բոլոր գործողութիւններուն:

Հրայր Թովմասեանը Սահմանադրական Դատարանի նախագահ ընտրուած է կեղծուած հանրաքուէով, անազատ եւ անարդար ընտրութիւններու ճամբով Ազգային Ժողովը զաւթած պատգամաւորներու քուէով:

Հրայր Թովմասեանը մի քանի կուսակցութիւն փոխած, ոտքի մատներէն մինչեւ գլխու մազերուն ծայրը քաղաքականացած, քաղաքական ամենակեղտոտ գործընթացներուն մաս կազմած, քաղաքական առեւտուրով դիրք ու պաշտօն գրաւած, անցեալի փողկապաւոր, բայց անսկզբունք քաղաքական գործիչներու թանգարանային լաւագոյն նմուշներէն մէկն է: Ան «չաթլախ» տիտղոսին արժանացած է իր իսկ կուսակցութեան կոալիցիոն գործընկերներուն յայտարարութիւններով:

Հրայր Թովմասեանը հայ ժողովուրդի արիւնով կերտած պետականութեան ամօթանքն է: Ամօթանք է իր վարքագիծով, արդարութիւնն ու սկզբունքը Սահմանադրական Դատարանի նախագահի աթոռին համար ծախած իր արարքով:

Հրայր Թովմասեանին պաշտպանողները կամ միամիտներ են, կամ ալ նոյն կատեգորիայի մարդիկ են ու նոյնիսկ աւելի վատը:

Հրայր Թովմասեանը պիտի երթայ, եւ ի՜նչ հեգնանք, պիտի երթայ իր իսկ գրած օրէնքներու գործադրութեամբ, եւ ոչ թէ կողմնակի ճնշումներով:

Հրայր Թովմասեանէն ձերբազատուելու ճամբան Սահմանադրական փոփոխութիւններն են: Ժամանակ պէտք չէ վատնել, ՀՀԿական խունթայի վերջին մոհիկանը պէտք է դուրս շպրտուի հայաստանեան քաղաքական եւ իրաւական հարթակներէն: Որքան արագ, այդքան լաւ:

Կարելի չէ բոլոր զեղծումներու մասնակիցը, անցեալի կեղտի խորհրդանիշը պահել Սահմանադրական Դատարանի բարձրագոյն աթոռին վրայ: Սա սահմանադրականութեան ուղղուած մեծագոյն վիրաւորանք է:

Պէտք է ախտահանումը կատարել արագ եւ վճռական: Մնացածը երկրորդական է: Երկրորդական եւ անկարեւոր են նաեւ Թովմասեանի պաշտպանութիւնը ստանձնած մարդոց իմաստակութիւնները: Պետութիւնն ու պետականութիւնը չեն կրնար կեղծիքի վրայ հիմնուիլ: Իսկ Թովմասեանը կեղծիքի խորհրդանիշ է հայկական իրականութեան մէջ: Նոյնպէս եւ իր պաշտպանները։

Յապաղիլը ընդունելի չէ: Կեղծիքը պէտք է մաքրել: Հիմա՛: Սահմանադրական կարգով, նոյնիսկ երբ զեղծուած են Սահմանադրութեան հանրաքուէի արդիւնքները:

Րաֆֆի Տուտագլեան

Գրեցէ՛ք ինծի:
rafdoud@aol.com