Յու­շա­մա­տեան Ան­կա­խու­թեան. «Ազատ Օր»

1810

Յու­շա­մա­տեան Ան­կա­խու­թեան, ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան 1918-1921 թթ. ­Պե­տա­կան ­Գոր­ծիչ­նե­րը, ­Մայքլ ­Բա­բա­յեան, (Ե­րե­ւան` 2019)

­Քե­րոբ Է­քի­զեան

Այս տա­րո­ւան ­Հոկ­տեմ­բե­րին, Ե­րե­ւա­նի մէջ լոյս տե­սաւ մե­ծար­ժէք հրա­տա­րա­կու­թիւն մը՝ ե­րի­տա­սարդ պատ­մա­բան ­Մայքլ ­Բա­բա­յեա­նի աշ­խա­տա­սի­րու­թեամբ։ ­Գիր­քին խո­րա­գիրն է՝ «­Յու­շա­մա­տեան Ան­կա­խու­թեան, ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան 1918-1921 թթ. ­Պե­տա­կան ­Գոր­ծիչ­նե­րը», որ նո­ւի­րո­ւած է ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ստեղծ­ման պան­ծա­լի 100ա­մեա­կին։

Ա­նի­կա 450 մե­ծա­դիր է­ջէ­րով, ըն­տիր թուղ­թով եւ խնա­մո­ւած տպագ­րու­թեամբ տպա­ւո­րիչ ալ­պոմ մըն է, ո­րուն մէջ տեղ գտած են ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը կեր­տած 176 պե­տա­կան գոր­ծիչ­նե­րու մա­սին տե­ղե­կու­թիւն­ներ՝ լու­սան­կար­նե­րու հա­րուստ եւ ան­նա­խըն­դաց բո­վան­դա­կու­թեամբ, ո­րոնց ա­մե­նա­մեծ բա­ժի­նը ա­ռա­ջին ան­գամ լոյս կը տես­նէ հա­յաշ­խար­հին մէջ։
­

Յա­ռա­ջա­բա­նին մէջ, գիր­քի հե­ղի­նա­կը կը նշէ, թէ յու­շա­մա­տեա­նը պատ­րաս­տե­լու հա­մար, ան 2017-2019 տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին, մե­ծա­ծա­ւալ ո­րո­նո­ղա­կան աշ­խա­տանք կա­տա­րած է աշ­խար­հի տար­բեր եր­կիր­նե­րու մէջ։ ­Բազ­մա­թիւ մար­դոց անձ­նա­կան եւ ըն­տա­նե­կան ար­խիւ­նե­րէն, տար­բեր պե­տու­թիւն­նե­րու, հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու, հա­մալ­սա­րան­նե­րու, հայ­կա­կան գի­տա­կան եւ կրթամ­շա­կու­թա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու ար­խիւ­նե­րէն ձեռք բե­րո­ւած են հա­զա­րա­ւոր նիւ­թեր եւ լու­սան­կար­ներ, ի­րենց բնօ­րի­նակ­նե­րով կամ թո­ւայ­նա­ցած վի­ճա­կին մէջ, ո­րոնք ա­ռա­ջին ան­գամ կը հրամ­ցո­ւին հայ եւ օ­տար հա­սա­րա­կու­թեան։

Ինչ­պէս Մ. ­Բա­բա­յեան կը շեշ­տէ, նիւ­թե­րու հայ­թայթ­ման հա­մար ա­նու­րա­նա­լի ներդ­րում ու­նե­ցած են 1918-1921 տա­րի­նե­րուն ­Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան գոր­ծիչ­նե­րու ժա­ռանգ­նե­րը, ո­րոնք ի­րենց մօտ պա­հո­ւած նիւ­թե­րը եւ լու­սան­կար­նե­րը տրա­մադ­րած են ա­մէ­նայն ո­գե­ւո­րու­թեամբ, որ­պէս­զի սոյն հրա­տա­րա­կու­թեան մի­ջո­ցով յա­ւեր­ժա­ցո­ւի յի­շա­տա­կը բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք ո­չին­չէն ստեղ­ծե­ցին ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը։
­

Գիր­քը բաղ­կա­ցած է եր­կու գլխա­ւոր մա­սե­րէ՝ ­Կա­ռա­վա­րու­թիւն եւ ­Խորհր­դա­րան, ո­րոնց ստո­րա­բա­ժա­նում­նե­րուն մէջ ըն­թեր­ցո­ղը կը գտնէ ան­կախ ­Հան­րա­պե­տու­թեան հիմ­նա­դիր այ­րե­րուն եւ խո­նարհ հե­րոս­նե­րուն լու­սան­կար­ներն ու հա­կիրճ կեն­սագ­րա­կան­նե­րը՝ հա­յե­րէն եւ անգ­լե­րէն լե­զու­նե­րով։ ­

Գիր­քը լան տեղ կու տայ պե­տու­թեան ա­ռաջ­նա­կարգ դէմ­քե­րուն՝ վար­չա­պետ­նե­րուն, նա­խա­րար­նե­րուն եւ փոխ­նա­խա­րար­նե­րուն, նա­հան­գա­պետ­նե­րուն, Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պետ­նե­րուն, խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գահ­նե­րուն, ա­ւագ եւ կրտսեր քար­տու­ղար­նե­րուն եւ պատ­մա­գա­մա­ւոր­նե­րուն։

­Վեր­ջին բա­ժի­նը կ­՚ընդգր­կէ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան դի­ւա­նա­գի­տա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ պե­տա­կան հա­մա­կար­գի (ոս­տի­կա­նու­թիւն, պե­տա­կան դրա­մա­տուն, եր­կա­թու­ղի) պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու լու­սան­կար­նե­րը։ Եր­կու խօս­քով, տեղ տրո­ւած է այն բո­լոր անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք հա­յոց պե­տա­կա­նու­թեան հի­մը դրին եւ եր­կու ու կէս տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը կա­ռա­վա­րե­ցին գոր­ծա­դիր եւ օ­րէնսդ­րա­կան ա­տեան­նե­րէն։

***

­Մեծ գնա­հա­տան­քով կա­րե­լի է ար­տա­յայ­տո­ւիլ գիր­քին ու հե­ղի­նա­կին մա­սին։
­Մայքլ ­Բա­բա­յեան հա­զիւ իր կեան­քի եր­րորդ տաս­նա­մեա­կի կի­սուն գտնո­ւե­լով, տա­րած է այն­պի­սի աշ­խա­տանք մը, որ վստա­հա­բար ու­սում­նա­գի­տա­կան եւ մաս­նա­գի­տա­կան մեծ խում­բի մը աշ­խա­տան­քի հա­մա­զօր պէտք է զայն հա­մա­րել։

Իր անձ­նա­կան մի­ջոց­նե­րով, ան­վերջ եւ յա­մառ պրպտում­նե­րուն շնոր­հիւ, ան կա­րո­ղա­ցաւ իր տրա­մադ­րու­թեան տակ ու­նե­նալ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան պե­տա­կան այ­րե­րու այն­պի­սի լու­սան­կար­ներ եւ նիւ­թեր, ո­րոնք ըն­թեր­ցո­ղի ե­րե­ւա­կա­յու­թեան աշ­խար­հէն ան­դին կ­՚եր­թան եւ ո­րոնց գո­յու­թիւ­նը ան­ծա­նօթ էր տաս­նա­մեակ­նե­րու ըն­թաց­քին։

Իր պրպտում­նե­րու կա­րե­ւոր աղ­բիւր­նե­րէն հան­դի­սա­ցած են Ե­րե­ւա­նի մէջ Հ.Յ.Դ. ­Պատ­մու­թեան թան­գա­րա­նը, ­Պոս­թը­նի մէջ Հ.Յ.Դ. Ար­խիւ­նե­րու հաս­տա­տու­թիւ­նը եւ ­Պէյ­րու­թի մէջ «­Հա­մազ­գա­յին»ի ար­խի­ւը, ո­րոնց հա­րուստ հա­ւա­քա­ծո­յէն լու­սան­կար­ներ տեղ գտած են հրա­տա­րա­կու­թեան մէջ։
­

Մայքլ ­Բա­բա­յեան նոյ­նիսկ կա­րո­ղա­ցած է ­Մոս­կո­ւա­յի, ­Սանքտ ­Փե­թեր­պուր­կի, ­Թոր­պա­տի, Օ­տէ­սա­յի եւ ­Քիէ­ւի քա­ղա­քա­յին ար­խիւ­նե­րէն ձեռք բե­րել յայտ­նի գոր­ծիչ­նե­րու ու­սա­նո­ղա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը եւ այդ տա­րի­նե­րու բա­ցա­ռիկ ու­սա­նո­ղա­կան լու­սան­կար­նե­րը, ո­րոնք ա­ռա­ջին ան­գամ լոյս կը տես­նեն յու­շա­մա­տեա­նին մի­ջո­ցով։ Ա­ռա­ւել, ան ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու, ­Գա­նա­տա­յի, ­Գեր­մա­նիոյ, ­Պել­ճի­քա­յի, ­Ռու­մա­նիոյ, ­Պուլ­կա­րիոյ եւ այլ եր­կիր­նե­րու ար­խիւ­նե­րուն մէջ գտած է նիւ­թեր ու ա­նոնց մէկ բա­ժի­նը ամ­փո­փած է յու­շա­մա­տեա­նին մէջ։
­

Դիւ­րին չէ մօտ 180 պե­տա­կան, կու­սակ­ցա­կան եւ ազ­գա­յին գոր­ծիչ­նե­րու մա­սին լու­սան­կար­ներ եւ նիւ­թեր հա­ւա­քե­լու աշ­խա­տան­քը։ Ան­ցեա­լին, հայ ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի եւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ստեղծ­ման մէջ ի­րենց ներդ­րու­մը ու­նե­ցած, մաս­նա­ւո­րա­պէս դաշ­նակ­ցա­կան եւ այլ պե­տա­կան ու կու­սակ­ցա­կան անձնա­ւո­րու­թիւն­նե­րու մա­սին ծա­նօթ լու­սան­կար­ներ հրա­տա­րա­կո­ւած էին զա­նա­զան պատ­մա­կան ու ու­սում­նա­սի­րա­կան աշ­խա­տու­թիւն­նե­րու մէջ։
­

Սա­կայն, ­Մայքլ ­Բա­բա­յեա­նի կա­տա­րած աշ­խա­տան­քը բարձր եւ բա­ցա­ռիկ ար­ժէք կը ստա­նայ, ո­րով­հե­տեւ իր անձ­նա­կան ճի­քե­րով նախ մէջ­տեղ բե­րած է այդ գոր­ծիչ­նե­րու յա­ճախ մո­ռա­ցու­թեան ու ան­յայ­տու­թեան մէջ մատ­նո­ւած ժա­ռանգ­նե­րը, ա­պա ա­նոնց­մէ ա­պա­հո­ված է փաս­տա­թուղ­թե­րու եւ լու­սան­կար­նե­րու այդ­պի­սի հա­րուստ եւ թան­կա­գին շտե­մա­րան մը, որ հա­զար­նե­րու հաս­նող թիւ մը կը կազ­մէ ա­նոր պա­րու­նա­կու­թիւ­նը։
­

Պէտք է նշել թէ ­Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեա­նի, ­Ռու­բէն ­Դար­բի­նեա­նի (Ար­տա­շէս ­Չի­լին­գա­րեան) եւ Ար­մէն ­Գա­րո­յի (­Գա­րե­գին ­Փաստր­մա­ճեան) ըն­տա­նե­կան ար­խիւ­նե­րու բնօ­րի­նակ­նե­րը հե­ղի­նա­կը ար­դէն նո­ւի­րած է Հ.Յ.Դ. ­Պատ­մու­թեան թան­գա­րա­նին, որ­պէս­զի ի­րենց ար­ժա­նի տե­ղը գտնեն հայ ժո­ղո­վուր­դի նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան նշա­նա­կա­լից հանգ­րո­ւան­նե­րը յա­ւեր­ժաց­նող այս կա­րե­ւոր հաս­տա­տու­թեան մէջ։

***

Այ­սօր, ­Յու­շա­մա­տեա­նը ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան պատ­մա­կան ար­ժէ­քը ներ­կա­յաց­նող ուշագրաւ հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րէն մէկն է։ ­Հա­յաս­տա­նը կեր­տած հե­րոս­նե­րուն հա­զո­ւա­գիւտ լու­սան­կար­նե­րու ու պատ­մա­կան փաս­տա­թուղ­թե­րու բա­ցա­ռիկ ներ­կա­յա­ցու­մը գնա­հա­տան­քի ար­ժա­նի է, զոր ե­րի­տա­սարդ ­Մայքլ ­Բա­բա­յեան կա­տա­րեց խղճմտու­թեամբ եւ գի­տա­կան մօ­տե­ցու­մով։ ­

Գիր­քը հա­սա­նե­լի պէտք է դառ­նայ մաս­նա­ւո­րա­պէս ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ս­փիւռ­քի հայ նոր սե­րուն­դին, որ­պէս բա­ցա­ռիկ ար­ժէ­քա­ւոր աղ­բիւր մը, նո­ւի­րո­ւած՝ այ­սօ­րո­ւայ ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի հիմ­նա­սիւ­նը հան­դի­սա­ցող 1918ի ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան ստեղծ­ման հա­մար ան­հա­մար գոր­ծիչ­նե­րու կեան­քին ու նո­ւի­րա­կան զո­հա­բե­րու­թեան յա­ւեր­ժաց­ման։
­

Գիր­քը ստա­նա­լու հա­մար կա­րե­լի է դի­մել ֆէյս­պու­քի (դի­մա­տետ­րի) է­ջին՝ «Commemorative Book of Independence: Statesmen of the R. of Armenia 1918-1921»։