Մեր Յոյսն ու Հաւատքը Կոտրելու Իրաւունք Չունիք

550

Նամակ երկրէն

վերջերս Լիբանան գացեր էի, հանդիպումներ ունենալու եւ անձնական գործեր տնօրինելու նպատակով։ Երկու-երեք օր անընդհատ աջ ու ձախ վազվզելէ, անհամ ու հոգնեցուցիչ խցանումներու եւ խճողումներու մէջ շարունակաբար իյնալէ ետք, վերջապէս հին ընկերներ տեսնելու առիթ ունեցայ։

Բնականաբար խօսեցանք Լիբանանի կացութեան մասին։ Բոլորն ալ խորապէս մտահոգուած էին տնտեսական ահագնացող տագնապով եւ այդ տագնապին տակ տառապող եւ կքող ժողովուրդին վիճակով։ Յետոյ հարց ու փորձ ըրին Հայաստանի մասին։

«Ճանըմ, դեռ չհասկցանք՝ լա՞ւ է, թէ վատ մեր հայրենիքին վիճակը։ Այստեղ մեզի կը փորձեն համոզել, որ յեղափոխութենէն ետք երկիրը կործանումի կ՚երթայ, իսկ Հայաստան այցելողները կամ Հայաստանէն եկողները հակառակը կը պնդեն, ամէն ինչ դէպի լաւը կ՚երթայ կ՚ըսեն։ Հիմա դուն մեզի ըսէ, ո՞վ ճիշդ է, եւ ով՝ սխալ…», ըսաւ համալսարանական դասընկերներէս Վիգէնը։

«Տղաք, երկիր չկայ աշխարհի երեսին, որ միայն լաւ կամ միայն վատ ըլլայ։ Հայաստանի պարագային ալ նոյնն է։ Բայց ըսեմ, ժողովուրդը ընդհանրապէս աւելի լաւ տրամադրուած է եւ անցեալին վերադառնալ չ՚ուզէր այլեւս։ Ես ձեզի լաւ գործերն ու վատ երեւոյթները կամ գործերը թուեմ, եւ դուք դատեցէք՝ երկիրը դէպի կործանու՞մ, թէ դէպի բարելաւում կ՚երթայ։ Սկսիմ լաւ գործերը նշելով», ըսի եւ սկսայ յիշել անցնող միայն մէկ տարուան ընթացքին տեղի ունեցած դրական աշխատանքները…

Ուրեմն՝

– Զինուորներուն աշխատավարձը բարձրացաւ միջինը 10 տոկոսով

– Բոլոր ուսուցիչներու աշխատավարձը բարձրացաւ 10 տոկոսով

– Անվճար դարձաւ մինչեւ 18 տարեկան քաղաքացիներու բուժումը

– Աւելի քան 30 տոկոսով պակսեցաւ սրտի ստենտաւորման ծախսը

– 15 զօրանոցներու սնունդի մատակարարումը հիմնովին բարելաւուեցաւ։ Շուտով բոլոր զօրանոցները կ՚ունենան բարձրակարգ սնունդի մատակարարում՝ մեր զինուորներուն համար

– Առաջին անգամ ըլլալով հոսող մաքուր ջուրը սկսաւ հասնիլ առաջնագիծ։ Մէկ տարիէն սահմանի վրայ ծառայող մեր զինուորներուն խմելու ջուրը եւ հիգենիկ պայմանները արտակարգօրէն պիտի բարելաւուին, պիտի պակսին հիւանդութիւնները եւ թունաւորումները

– Առաջին անգամ ըլլալով՝ 8-9 ամսուան ընթացքին նորոգուած պիտի ըլլայ մօտ 400 քլմ ճանապարհ (բաղդատեցէք նախորդներու հիւսիս-հարաւ 60 քլմ ճանապարհին հետ, կառուցուած 4 տարիներու ընթացքին, 180 միլիոն տոլար պարտքով)

– Պա՞րտք ըսինք, ուրեմն յիշեցնեմ, նախորդ աւազակախումբի կուտակած պետական պարտքը՝ 7 միլիառ տոլար, մէկ տարուան ընթացքին նուազեցաւ 120 միլիոն տոլարով

– Շեշտակիօրէն բարձրացաւ Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան կրտսեր փրկարարներու աշխատավարձը (մօտ 30 տոկոս)

– Պետպիւտճէի եկամուտները եւ հարկ վճարողներու քանակը աննախընթաց աճ ունեցան (աւելի քան 20 տոկոս)

– 14 տոկոս աճ արձանագրեց Հայաստան այցելող զբօսաշրջիկներու թիւը

– Կաշառքի եւ փտածութեան դէմ պայքար կայ, առաջուան պէս միայն ձեւական չէ պայքարը, այսօր բոլորն ալ կը գիտակցին, որ այլեւս վերջացան սանձարձակ կաշառք տալ-առնելու պայծա՜ռ օրերը…

«Դրական արձագանգ թողած գործերէն այս վայրկեանիս այսքանը կը յիշեմ, հիմա նաեւ թուեմ վատ կամ ձախող արձագանգ թողած գործերը, ուրեմն սկսիմ», ըսի ես ու պատրաստուեցայ թուելու շարք մը թերի աշխատանքներ կամ մտահոգիչ երեւոյթներ…

«Մէկ վայրկեան, մէկ վայրկեան, հերիք է, վատ բաներ ըսելու պէտք չունիս, մենք քու գիտցածէդ շատ աւելին կը լսենք ամէն օր: Շինծու եւ իրական՝ վատ լուրեր տարածողները այնքան շատ են այստեղ, որ քու երեւակայութիւնդ բաւարար չէ այդքան տեղեկութիւն տեղաւորելու ուղեղիդ մէջ», բարձրաձայն ծիծաղելով ըսաւ երիտասարդական միութեան ընկերներէս Սերոբը։ «Նայէ, հիմա անկեղծ ըսեմ, ես բաւարարուած եմ քու տուած տեղեկութիւններով։ Եթէ ոմանք այդ լաւ լուրերդ երկրի կործանում կը համարեն, ուրեմն թող շարունակեն այդպէս կործանել հայրենիքը, մենք ուրախ կ՚ըլլանք», շարունակեց Սերոբ։

Ըսի, որ մտահոգուելիք բաներ ալ կան, ամէն ինչ կատարեալ չէ, դեռ շատ ու շատ բարդ խնդիրներ կան լուծելիք։ Զրոյցին լուռ եւ ուշադիր հետեւող ընկերներէս Կարպիսը, որ քանի մը ամիս առաջ վերադարձած էր Էմիրութիւններէն, ընդհատեց խօսքս ու գրեթէ պոռալով ըսաւ.

«Ընկեր ջան, լաւ, հասկցանք խնդիրներ կան։ Երկիր կա՞յ, որ խնդիր չունի։ Հիմա գոնէ լաւ աշխատանք կայ, արդիւնք կայ։ Բայց ամէնէն մեծ ու լուրջ խնդիրը գիտե՞ս ինչ է։ Ըսեմ ինչ է. այս սուտ լուրերն են, այս դիտաւորեալ ժխտական, թունաւոր, հակահայաստան քարոզն է, թշնամանքի սերմանումն է։ Ես 3 ամիսէ այստեղ եմ, շաբաթը գոնէ երեք անգամ թուրքերուն դէմ վատ բան չլսեցի, իսկ Հայաստանի նոր իշխանութիւններուն մասին օրական երեք հարիւր կծու խօսք եւ ֆէյք նիուզ կը լսեմ։ Յետոյ կ՚ըսեն, որ մթնոլորտը թունաւորուած է, յեղափոխութենէն ետք յառաջացած լաւ տրամադրութիւնները սկսած են քանդուիլ։ Եղբայր, մէյ մը եթէ հայելիին մէջ նային, կը տեսնեն թէ ովքե՞ր են մթնոլորտը թունաւորողները եւ տրամադրութիւնները քանդողները։ Թերեւս կը չափազանցեմ, պարզապէս շատերու պէս ես ալ բարկացած եմ այս մթնոլորտէն, բայց ոչ ոք, ոչ ոք մեր յոյսը, մեր հաւատքը, մեր սէրը կոտրելու իրաւունք ունի…»

Ի՞նչ կրնայինք ըսել։ Իրաւունք տուինք Կարպիսին եւ շարունակեցինք զրուցել լիբանանեան, ազգային ու միջազգային խնդիրներու մասին։

Րաֆֆի Տուտագլեան

Գրեցէ՛ք ինծի։
rafdoud@aol.com