Երբ Վարչապետը Գայ Լոս Անճըլըս. Վիգէն Յովսէփեան

1087

Վիգէն Յովսէփեան, հասարակական գործիչ

Մի քանի օրէն պարոն Նիկոլ Փաշինյան իր անդրանիկ այցելութիւնը պիտի տայ Լոս Անճըլըս՝ որպէս ՀՀ Վարչապետ: Հայաստանէն դուրս եթէ ոչ միակ ամէնէն կազմակերպուածը, Երեւանէն ետք եթէ ոչ ամէնէն հայահոծ քաղաքը, ապա այն բազմամարդ, բայց նաև կազմակերպուած հայկական համայնքն է Լոս Անճըլըսի համայնքը: Այս այցի մասին ցարդ հազար ու մէկ ակնկալութիւններ ու մտահոգութիւններ առաջ քաշուած են, և հաւանաբար ալ տակաւին շատ բան պիտի ըսուի ու գրուի անոր աւարտէն ետք:

Պարզ է արդէն, որ այս այցելութեան նպատակը արտաքին-քաղաքական չէ, և բնական է որ պետութենէ պետութիւն այցելութեան մը ժամադրավայրը երկրի մայրաքաղաքը պիտի ըլլար միայն: Այսուհանդերձ, պէտք չէ սխալիլ ու պէտք է ճիշտ գնահատել Վարչապետի այցը Լոս Անճըլըսահայ համայնքին, ինչպէս նաև այս այցելութեան որակը, իրեն ցուցաբերուած ընդունելութեան տարողութիւնը անպայման որ քաղաքական արժէք պիտի ունենան: Աւելին, Վարչապետի առաջադրելիք պատգամներն ու մտքերը անպայման որ մեծ հնչեղութիւն պիտի ունենան ինչպէս Ուաշինկթընի, այդպէս ալ Մոսկուայի, Անգարայի և Պաքուի պետական- քաղաքական շրջանակներու մօտ: Այցի թողած տպաւորութիւնները իրենց լուրջ ազդեցութիւնը պիտի ունենան առաւել չափով նաև ազգային, ներ-քաղաքական հարթութեան վրայ:

Վարչապետը պիտի գայ և անկասկած որ ան պիտի արժանանայ հայավայել ընդունելութեան, ինչպէս վայել է Հայաստանի ոևէ պաշտօնական ներկայացուցիչի` երբ ան օտար ափեր կ‘այցելէ:

Այսուհանդերձ, մենք և մանաւանդ ինքը Վարչապետը ակնթարթի մը համար անգամ մտահան պէտք չէ որ ընենք պարունակը այս այցին: Լոս Անճըլըս այցելութիւնը որևէ այլ հայկական համայնքի, ընդհուպ այլ բազմամարդ համայնքներու այցելութեան չի նմանիր: Այս համայնքը, քանակական ուժ ներկայացնելու կողքին, իր դրուածքին և բնոյթին շնորհիւ անտարակոյս եղած է Հայաստանով ապրող, ամէնօրեայ կապերով, այցելութիւններով, գործարքներով հայրենիքին կապուած, և ամէնէն կարևորը` ակնկալութիւններո՛վ դէպի Հայաստան նայող համայնքը: Մէկ կողմէն Հայաստանէն այստեղ հաստատուած ազգակիցներու ընտանեկան-բարեկամական ամէնօրեայ կապերուն շնորհիւ, միւս կողմէն հոս հասակ նետած բայց ազգային դպրոցներու և կառոյցներու ազգային շունչին տակ թրծուած հայորդիներու հայրենանուէր պատրաստակամութեան բերումով, այս համայնքը ամէնժամեայ հեւքով է կապուած հայրենի իրադարձութիւններուն, զարգացումներուն:

Այս համայնքը հպարտութեամբ և արդարացի կերպով ինքզինք համարած է «հայկական պահանջատիրութեան մայրաքաղաք»: Եւ իր այդ յաւակնութիւնը իր գործով և դերակատարութեամբ ապացուցած է: Արդարև, ան եղած է Արցախի ազատագրական պայքարին անվերապահ մասնակիցն ու զօրակիցը` աննախընթաց տարողութիւններով: Ան եղած է թրքական պետական ֆաշիզմին դէմ 160,000-ով բռունցք վեր բարձրացնողը, և աշխարհի հզօրագոյն պետութեան` ԱՄՆ-ի իշխանութիւններէն հետեւողական պահանջատէրը` յօգուտ Հայաստանի և Հայ Դատի առաջնահերթութիւններուն: Այս համայնքն է, որ 1988-ի երկրաշարժի օրերէն սկսեալ ու մանաւանդ Հայաստանի անկախութենէն այս կողմ, հարիւր և աւելի միլիոն տոլարներու օժանդակութիւններուն կցեց իր սիրտն ու յոյսերը և ուղղարկեց հայրենիք:

Այս համայնքն է որ 2014-ին ի վկայութիւն համայն աշխարհին, Քալիֆորնիոյ Նահանգին (աշխարհի 6-րդ ամէնախոշոր տնտեսութիւնը) բերաւ ճանչնալու Արցախի անկախութիւնը, բան մը, որ անակնկալի բերաւ նոյնիսկ օրուան ԱՄՆ Պետքարտուղարութիւնը: Այս համայնքը անմասն չէ մնացած պահանջատէր ներկայանալու նաև ՀՀ իշխանութիւններէն` անոնցմէ ակնկալելով ազգի շահերուն, ինչպէս նաև ՀՀ քաղաքացիներու շահերուն համար արդար և խղճամիտ ծառայութիւն: Ու, երբ այս վերջինի խաթարումը նկատած է, իր մամուլով և իր քայլերով տեղին ու պատշաճօրէն իր ցասումն է արտայայտած:

Շատերուս յիշողութեան մէջ վառ է այն պահը երբ յանձինս Սերժ Սարգսյանի, ՀՀ բարձրագոյն ներկայացուցիչը կ‘այցելէր Լոս Անճըլըս` հայ-թրքական արձանագրութիւններու մասին համայնքային ղեկավարութեան հետ «խորհրդակցութիւն» ունենալու: Կը յիշենք թէ ինչպէս համայնքը որ հասկցած էր արդէն «փրոթոքոլներ»ու իսկական և կործանիչ բնոյթը, փողոց իջաւ իր ցասումի և բողոքի ձայնը բարձրացնելու ՀՀ իշխանութիւններուն ուղղուած` նախագահին ուղղուած «Մի՛ Դավաճանիր» պատգամով: Այդ ազգի համար տխուր, բայց հայկական պահանջատիրութեան համար գօտեպնդիչ պահուն, հանգամանքի բերումով ես ևս պէտք էր որ ներկայ ըլլայի վերոյիշեալ «խորհրդակցութեան» սեղանին: Սակայն այդ օրը, ամենայն համոզումով, ես ժողովասենեակի մէջ իմ աթոռս թափուր պահած, միացած էի փողոցի վրայ իմ ընկերներուս և բազմահազար պահանջատէր ազգակիցներուս: Այդ պատմական պահն ու բողոքի աքթը, որքան ալ որ անհրաժեշտ, հպարտութեան առիթ չէր կրնար ըլլալ ոևէ հայու համար որ ճարահատ բայց սկզբունքին կառչած` օտար ափերու փողոցներուն մէջ իր հայրենիքի մէկ ներկայացուցիչին դէմ բողոքելու իջած էր:

Տայ Աստուած որ նման վիճակ և առիթ այլևս երբեք չկրկնուի, ու մեզմէ ոևէ մէկը, ոևէ հայ անհատ վերոյիշեալ բարոյական պարտադրանքին տակ չզգայ ինքզինք` օտարերկրեայ փողոցներուն մէջ բողոքի բռունցք ճոճելու իր հայրենի ներկայացուցիչի այցի առիթով: Սակայն և այնպէս, ա՛յս է ահա պահանջատէր մեր համայնքը, այդքան նուիրաբերող ու յանձնառու, բայց նաև այդքան պահանջատէր: Ծով նուիրումով ու համբերութեամբ տոգորուած, սակայն նաև երկաթեայ վճռակամութեամբ` որ գիտէ իր նեղ նախասիրութիւններէն վեր դասել ազգի շահերը, և խանդավառութեամբ դիմաւորած իր հիւրին, մէկ այլ առիթով նաև իր բողոքի ձայնին արժանացնել:

Այս համայնքը, ինչպէս նաև նոյն երազանքով միլիոնաւոր ազգակիցներ Ի սփիւռս աշխարհի, ուշադրութեամբ պիտի հետեւին այցի ժամանակ Վարչապետի խօսքերուն, պատգամին և աւելի՛ն` մանաւանդ փաստարկներուն: Թաւշեայ Յեղափոխութեան խոստումով տոգորուած, բայց իսկական յեղափոխական ու ազգային-համահայկական հենքով քայլեր սպասող հայութիւնը, կրնայ և որոշ յոգնածութեամբ դիմաւորել իր երկրի վարչապետը: Քանզի յեղափոխութեան հաւատացող ու ազգը իր սեփական շահերէն վեր դասող հայութիւնը, իր հայրենի իշխանութիւններէն կ‘ակնկալէ և պիտի ակնկալէ վճռական ու յեղափոխական քայլեր: Ան պիտի ուզէ տեսնել ու շօշափել այն փաստերը որոնցմով կրնայ ինք ամոքել իր պահանջատէրի հոգին և հայու խիղճը: Փաստ է, որ այսօր անցած են մեղրալուսնի ու վառ խանդավարութեան օրերը, և եկած են թէկուզ ամէնէ լաւատես հայուն համար` զգուշաւոր ակնկալութիւններու շրջանը: Վարչապետը մեծ գործ ունի ընելիք յոյսերը վառ պահելու համար այստեղ, եթէ անշուշտ իրեն համար կարևոր է այս համայնքը որ – դժբախտաբար – իր այցերու շարքին առաջին տեղը չեղաւ, ոչ ալ երկրորդը, ոչ երրորդը, ոչ ալ չորրորդը…

Օրինակի համար, վստահ եմ, որ մենք որպէս համայնք պիտի ակնկալենք որ խօսքն ու խօսակցութիւնը, բայց նաև ներկայացուած քայլերը անդի՛ն անցնին Հայաստան-Սփիւռք «յարաբերութիւններ»ու հինցած, մաշած, սնանկացած դիսկուրսէն: Այդ բալասանին օրերը որ 30 տարիներ սրսկուեցան մեր ու առհասարակ սփիւռքահայութեան մօտ` վաղուց անցած են: Յարաբերութիւնները կան, եղած են, և պիտի ըլլան, և հոն արդէն ոչինչ ունին ընելիք իշխանութիւնները կամ պաշտօնական մարմինները: Հայաստանի մէջ ու Հայաստանէն դուրս ապրող հայ մարդիկ, իրենց բնազդով և ամէնօրեայ ազգային գործունէութեամբ փաստած են արդէն թէ «յարաբերութիւն» հաստատելու վերահսկուող և պոլշևիկեան ժառանգ օրակարգը սպառած է շատոնց: Ոչ ոք այլևս հրաւէր կամ արտօնութիւն կը սպասէ հայաստանցիի և սփիւռքահայու միջև «յարաբերութիւն» հաստատելու համար:

Հիմա այլևս, մենք բոլորս և մանաւանդ մեր պետութեան ներկայացուցիչը, պէտք է որ խօսինք «գործընկերութեան» մասին, պէտք է որ խօսինք լիարժէք գործընկերութեան մասին ու զայն որակաւորելու մասին, բան մը որ իրականութիւն կրնայ դառնալ միմիայն իսկական համահայկական-համազգային օրակարգի ներքոյ: Այս օրակարգը այլեւս անդին պիտի անցնի հռետորաբանութենէ և լոզունքներէ, ու պէտք է որ խօսի համահայկականութիւնը իրականութիւն դարձնելու իրակա՛ն քայլերու մասին:

Պիտի քանդենք պատերը որոնք Հայաստանի կարևորագոյն ռազմավարական գործընկերը` այսինքն սփիւռքահայութիւնը – որուն ներուժը, կարողականութիւնը, բայց մանաւանդ անկեղծութիւնը շատ աւելին է քան որևէ գերպետութեանը – դուրս կը պահեն հայաստանեան կեանքէն: Ամենայն պատասխանատւութեամբ կարելի է հաստատել, թէ սփիւռքահայութեան կարողականութեան և ներուժին ջնջին մասն է որ մինչ այսօրս պեղուած է, և այս ոչ թէ անպայման դժկամութիւններու բերումով, այլ սփիւռքահայութիւնը չհասկնալու, ու անոր հանդէպ առնուազն անճիշտ քաղաքականութեան պատճառով: Վարչապետը վստահաբար կը հասկնայ, ու եթէ ոչ` ապա ուրեմն մեզի կ‘իյնայ իրեն և բոլորին հասկցնել, թէ մեր ազնուութիւնը «հարիֆ»ութիւն չէ, իսկ մեր համբերութիւնը պարզապէս ազգին և հարենիքին հանդէպ մեր ամբողջական նուիրումի արտայայտութիւնն է:

Իւրաքանչիւր հայ, ու այս պարագային իւրաքանչիւր սփիւռքահայ, ռազմավարական արժէք է Հայաստանի և անոր հզօրութեան համար. իւրաքանչիւր սփիւռքահայ զինուոր է ազգի իտէալներու իրականացման համար: Ա՛յս պիտի ըլլայ անկիւնաքարը ազգի համահայկական ներուժը հաւաքելու գաղափարախօսութեան, և սա շատ աւելին է քան բառերու շարան մը, աւելին է քան ցանկութիւն կամ երազանք: Այս արդէն օրուան հրամայականն է. ան կուռ, քայլ առ քայլ ծրագիրն է որ ի մի պիտի բերէ համաշխարհային հայ ազգի իւրաքանչիւր տարրը, և իւրաքանչիւրին պիտի փոխանցէ իր հայու առաքելութիւնը յանուն ազգի և հայրենիքի հզօրութեան և պատմական իրաւունքներուն:

Իսկ որո՞նք են այդ քայլերը: Անոնց մասին պիտի խօսի Վարչապետը:

Համահայկական օրակարգի մը նախադրեալները պիտի որդեգրէ՞ ան: Ազգային գաղափարախօսութեան ներքոյ (բան մը, որ բազմիցս շահարկուած է քաղաքական մարդոց կողմէ որոնք դոյզն գաղափարն անգամ չունին, որ սա շովինիզմի կամ ազգապաշտութեան հետ ոչ մէկ աղերս ունի, այլ ընդհակառակն) համահայկական օրակարգը պէտք է որ ցուցանիշ ունենայ շատ գործնական և շօշափելի քայլեր:

Եւ այսպէս օրինակ,

• Վարչապետը պիտի խօսի՞ Հայկական Աշխարհի իւրայատկութիւններուն մասին ուր համահայկական օրակարգը շատ պարզ ու շատ յստակ քայլերով պէտք է պատկերացնել, և հոն, ըստ արժանւոյն պիտի խօսի՞ սփիւռքահայ անհատի ինքնութեան խորքէն բխող, բայց նաև մեր ազգային տեսլականներուն խարիսխը հանդիսացող Հայ Դատի պահանջատիրութեան մասին:

• Վարչապետը պիտի խօսի՞ համընդհանուր գործին մէջ սփիւռքահայերու իրաւունքքներուն և ակնկալութիւններուն մասին, թէ անգամ մը ևս ինչպէս նախքինները, մեզի դաս պիտի շնորհէ թէ մեր հայու պարտաւորութիւնները որոնք են` գալու հասնելու համար հոն թէ ինչպիսի տնտեսական ներդրում պէտք է կատարել հայրենիքի մէջ: Պիտի խօսի՞նք ձեւերու մասին թէ ինչպէս լիարժէք խօսք և դերակատարութիւն պիտի տրուի Հայաստանը հզօրացնելու ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ նպատակի ուղղութեամբ:

• Վարչապետը պիտի խօսի՞, ու խօսքէն անդին պիտի ցոյց տա՞յ քայլեր թէ ինչպէս պէտք է քանդել ներկայ ՀՀ Սահմանադրութեան բոլոր այն դրոյթները որոնք կ‘արգիլեն սփիւռքահայերուս լիարժէք մասնակցութիւն բերելու ՀՀ պետականաշինութեան գործին: Սփիւռքահայերուն մէջ պիտի տեսնէ՞ երկրի կառավարման գործին մէջ լիարժէք գործընկերները:

• Վարչապետը հասկացողութիւն պիտի ցուցաբերէ՞ այն մասին թէ «հայրենադարձութիւն»ը անպայման ֆիզիքական փոխադրութեան մասին պէտք չէ որ ըլլայ, այլ ներգործոն նուիրուածութեան դէպի ազգ, դէպի հայրենիք, ու մէկ խօսքով դէպի երկիր: Մեր այս պարունակին մէջ, հայրենադարձութիւնը նախ և առաջ հոգեփոխութիւն է, յանձնառութիւն է, և առաքելութիւն է:

• Պիտի խօսի՞ վարչապետը այն մասին թէ ինչպէ՞ս կը նախատեսէ օրէնքի դաշտ բերել Սփիւռքի մէջ ապրող ՀՀ քաղաքացիներու քուէարկելու իրաւունքը, իրաւունք որ անկասկած համապատասխան պարտաւորութիւններով պէտք է պայմանաւորուի:

• Պիտի խօսի՞ Վարչապետը այն մասին ու պիտի խոստանա՞յ երկքաղաքացի դառնալու գործընթացը աւելի պարզացուած, հրաւիրող, ու նուազ վանողական դարձնելու մասին, որպէսզի իմ աչքովս վկայած օրինակով` հայ եկեղեցու սպասաւորը կարիքը չունենայ ամիսներ շարունակ փաստելու թէ ինքը հայ է: Պիտի ստանա՞նք խոստումներու կողքին շօշափելի յանձնարարականներ ուղղուած պատկան մարմիններուն:

• Վարչապետը պիտի խօսի՞ այն լեզուով որ բաւարարէ իր այստեղի ազգակիցները որոնք անցկութեամբ և մեծ ակնկալութեամբ կ‘ակնկալեն ազգային արժէքներու ամուր պահպանման քայլեր` երկրի կառավարման գործընթացի բոլոր մակարդակներուն և ոլորտներուն մէջ: Սուտ է, արդէն մաշած քարոզչութիւն է այն թէ հայապահպանումը միայն սփիւռքահայութեան համար է կարևոր: Վկայ Հայաստանէն արտագաղթը, որ հայապահման հարուածող գլխաւոր իրականութիւններէն մին է, և սկզբնաղբիւրը ապագայ ցուլումի: Հայապահպանումը այսօր արդէն պաշտպանողական ռազմավարութիւն չէ, այլ ազգային անվտանգութեան հրամայական է, տեսակ մը հայակերտումի և հարենակերտումի առաջին քայլ մըն է, որուն դէմ պայքարի շղթան նաև Հայաստանէն պէտք է սկսի:

• Վարչապետը ցոյց պիտի տա՞յ թէ ինչպիսի շօշափելի, համբերատար, և համադրողական քայլերով պիտի կարողանանք ազգովին վերադառնալ Յեղափոխութեան առաջին օրերու յոյսերուն ու վերակենդանացնել համախոհութեան օրակարգը` յանուն ազգի համահայկական իտէալներուն և մարտահրաւէրներուն: Եւ այս, որպէսզի իրօք թացը չորէն զանազանուի, և որպէսզի իսկապէս և ամբողջականօրէն վերանան բոլոր այն ուժերը որոնց նպատակները խաւարէն և պառակտումէն կը սնին:

• Պիտի բաւարարէ՞ Վարչապետը մեր ակնկալութիւնները Ամուլսարի հանքին շուրջ և առհասարակ հարենի բնապահպանութեան շուրջ ծաւալած քննարկումներուն գծով, ու պիտի ցոյց տա՞յ թէ ինչպէս կառավարութիւնը պիտի երաշխաւորէ հանրային շահի գերակայութիւնը որ այս պարագային ազգային շահ է նաև` այսինքն ամբողջական, մասնագիտական և թափանցիկ քննարկումներով զինելով հասարակութեանը, ու անոր տալու իր հողի ապագան ճշդելու խնդիրը: Ինչու՞, օրինակ, հայ անհատը վերջնական խօսք պիտի ունենայ Արցախի ապագայի գծով (և անպայմա՛ն պէտք է որ այդ ունենայ), և որոշիչ խօսք ու քուէ պիտի չունենայ իր հողին, շնչած օդին, և խմած ջուրին որակներուն մասին:

• Վարչապետը իր Լոս Անճըլըսեան ազգակիցներուն ցոյց պիտի տա՞յ թէ իր վարչակազմը ինչպիսի շօշափելի քայլերու և ծրագիրներու պիտի ձեռնարկէ արդարութիւն հասցնելու մանաւանդ այն չքաւոր և վտանգուած խաւերուն, որոնց հասնելու համար վերջին 30 տարիներուն ընթացքին այնքան բան ըրած ու զոհած է այս համայնքը, իր կազմակերպութիւններով ու անանուն մնացած շարքայինի լումայով:

Լոս Անճըլըսի հայութիւնը նոյն ցաւերը, նոյն երազանքը, և մանաւանդ նոյն ակնկալութիւնները ունի Հայաստանի և Արցախի առնչութեամբ, ինչ որ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին ապրող քաղաքացիները կամ որևէ այլ սփիւռքահայերու հաւաքականութիւն: Սակայն այսօր, ամէն ժամանակներէ աւելի հասունացած և փորձուած համայնք մըն է որ պիտի դիմաւորէ ՀՀ Վարչապետին: Այս համայնքը այսօր իր ուսերուն կը զգայ հայավայել ընդունելու Վարչապետը, բայց նաև անհրաժեշտութիւնը այս առիթը բաց չթողնելու, և անոր հաղորդելու մեր ակնկալութիւնները, մեր սպասումները, մեր պահանջները:

Վստահ եմ թէ սահմանաբակ տրամաբանութեան տէր հայն անգամ շատ լաւ կը գիտակցի այսօր, թէ ինչպիսի ծանր բերան տակ պէտք է որ ըլլան մեր հայրենիքին ծառայելու կոչուած պետական գործիչները: Բոլորս ալ կը հասկնանք թէ ինչպիսի անշնորհակալ գործ է հանրային ծառայութեան աշխատանքը, մանաւանդ, երբ այնքան բան կայ ընելիք, վերակարուցելիք: Իսկապէս որ տարիներու վրայ կուտակուած և մինչև իսկ լինելութեան համար մարտահրաւէրներով լեցուն օրակարգ մը շատ դժուար է համակարգել, արդիւնաւորել` մանաւանդ, երբ այդ գործընթացը ինքնաբերաբար որոշներու կեանքը կը խախտէ, կամ իրաւունքները կը զսպէ:

Պարզ է, այս բոլորը լաւ կը հասկնանք. բայց նաև կը հասկնանք թէ մենք մեր խղճին հետ հաշտ ըլլալու համար, ազգի ապագայի գծով անզիչող յանձնառութեամբ զինուած ըլլալու համար, մենք պահանջատէր պիտի ըլլանք Վարչապետ Փաշինյանէն ու իր գործակիցներէն, որպէսզի անոնք մեզ ցոյց տան նոյն նախանձախնդրութիւնը, նոյն առաջնահերթութիւնները որոնք օրին մեզ բոլորիս հաղորդեցին: Վերջապէս, առաջին հերթին, Վարչապետը ինքը պէտք է որ ակնկալէ մեր պահանջները իրմէ, եթէ ինքը իսկապէս հաւատարիմ է օրին իր արտայայտած տեսութիւններուն, և անշուշտ եթէ ազնիւ են մեր պահանջներն ու զուգորդուած են մեր կողմէ համապատասխան յանձնառութիւններով:

Կասկած չունիմ որ այս համայնքը իր բոլոր խաւերով ազնւութեամբ պիտի հանդիպի իր պետութեան գլխաւոր ներկայացուցիչին հետ ու անոր մէջ պիտի չափէ պետական գործիչի ունակութիւնները, բայց նաև անոր մէջ ու իր պատգամներուն մէջ պիտի ուզէ տեսնել այն հայը որ կարողութիւնը ունի պատկերացնելու թէ ինչքան աւելի ծաւալուն, ինչքան աւելի խորհ, ինչքան աւելի ընդգրկուն, բայց նաև ինչքան աւելի խոստմնալից են ազգի՛ն, համահայկական գործերը:

Մեր ազգը և անոր համահայկական օրակարգը` որոնք վերջապէս իմաստ կուտան մեր գոյութեան որպէս հայեր, նպատակ կը հաղորդեն աշխարհացրիւ հայութեան և անոր կարողականութեան հաւաքագրման գործին, և այո, որոնք լիցք կը հաղորդեն Լոս Անճըլըսէն ու ամէն կողմէ դէպի Երևան ու դէպի Արարատ մեր հայեացքներուն:

ՍիվիլՆեթ