Անգլիացիների խորհուրդները Հայաստանին. 1920 թ.

2454

Այս հոդվածի հեղինակը Հայաստանի Առաջին Հանրապետության Արդարադատության նախարար Ռուբեն Դարբինյանն է: Հոդվածը լույս է տեսել ՀԱՅՐԵՆԻՔ ամսագրում (հունիս, 1950, թիվ 6 (293), էջ 24-30) “Հայաստանի Հանրապետութեան օրերուն (Հատուած մը իմ յուշերէն)” վերնագրով: Հոդվածում կա ինչպես արևմտահայերեն, այնպես էլ արևելահայերն բառաշերտ: ԱՆԻն որևէ միջամություն չի արել:

Փետրուարի (1920թ.) առաջին օրերէն մէկն էր:

Կէս օրին իմ օգնականը հեռախօսով հարցուց ինձ, թէ ճի՞շդ է, որ Հայաստանի անկախութիւնը պաշտօնապէս ճանչցուած է դաշնակից մեծ պետութիւններու կողմէն: Ըսի, որ ոչինչ գիտեմ այդ մասին, եւ խնդրեցի հաղորդել ինձ իր լուրին աղբիւրը: Ըսաւ, թէ ամբողջ քաղաքը կը խօսի այդ մասին եւ զարմանք յայտնեց, որ ես անտեղեակ էի:

Անմիջապէս հեռախօսեցի Ա[բրահամ] Գիւլխանդանեանին, որ Ա[լեքսանդր] Խատիսեանի բացակայութեան պատճառով կը փոխարինէր զայն վարչապետի պաշտօնին մէջ: Ա.Գ. [Աբրահամ Գիւլխանդանեան] պատասխանեց, թէ Կովկասի անգլիական գերագոյն կոմիսար Ուորտրոփէն ստացուած է հեռագիր մը, որով ան կը հաղորդէ, թէ Դաշնակիցները տէ ֆաքթօ (փաստօրէն) ճանչցած են Հայաստանի անկախութիւնը: Ա. Գ. [Աբրահամ Գիւլխանդանեան] խնդրեց իսկոյն գալ նախարարական խորհուրդի արտակարգ նիստին:

Գացի վարչապետի գրասենյակը, ուր նախարարներէն զատ գտայ նաեւ ամերիկեան միսիոնար տոքթ. Ըշրրը, որ շտապեր էր անձամբ շնորհաւորելու մեզ ստացուած մեծ լուրին առթիւ:

Եկաւ եւ Անգլիոյ ներկայացուցիչ Կրեսին:

Ներս մտավ զօր. Դենիկինի ներկայացուցիչ գնդ. Զենկեւիչը:

Եկան նաեւ Վրաստանի, Ատրպէյճանի եւ Պարսկաստանի ներկայացուցիչները: Անոնք ալ իրենց շնորհաւորանքն ու խնդակցութիւնը բերին մեզ:

Ա. Գիւլխանդանեան կառավարութեան կողմէ ամենուն ալ շնորհակալութիւն յայտնեց՝ երախտագիտութեամբ յիշելով անոնց ներկայացուցած պետութեանց ամէն մէկուն ծառայութիւները հայ ժողովուրդին:

Լսուեցաւ նուագախմբի ձայնը եւ ամբոխի աղմուկ: Դուրս կը կանչէին մեզ դէպի պատշգամ: Ժողովրդական  մեծ ցոյց մըն էր: Հսկայ բազմութիւն մը խռնուած էր դէպի կառավարական չէնքը տանող փողոցներուն մէջ: Կը ծածանէին մեր ազգային եռագոյն դրօշակները:

Երբ մենք դուրս եկանք պատշգամբ օտար պետութեանց ներկայացուցիչներուն հետ միասին, նուագախումբը հնչեցուց “Մեր Հայրենիք”ը, եւ բոլորը վար առին իրենց գլխարկները: Խօսեցաւ Ա. Գ. [Աբրահամ Գիւլխանդանեան] կառավարութեան կողմէ, խօսեցան Կրեսսին, Զենկեւիչը, զօր. Սիլիկեանը, Ամերիկեան Նպաստամատոյցի ներկայացուցիչ Տելֆորտը:

Խանդավառութիւնը ընդհանուր էր եւ աննկարագրելի:

Երեկոյեան  տեղի պիտի ունենար պարլամենտի հանդիսաւոր նիստը, նուիրված Հայաստանի անկախութեան ճանաչման, իսկ հետեւեալ օրն ալ՝ ճաշկերոյթի  եւ մեծ երեկոյթի պարլամենտի դահլիճի մէջ:

Խատիսեանը ցաւ յայտնեց,որ ինք անկարող պիտի ըլլար խօսիլ պարլամենտի հանդիսաւոր նիստին մէջ, ուստի ընդհանուր գծերով պարզեց իր մտքերը, զոր խնդրեց Ա. Գիւլխանդանեանէն  շօշափել իր խօսելիք ճառին մեջ: Բայց ան (Ա.Խ.) յոյս ունէր, որ պիտի կարողանար անձամբ մասնակցիլ օր մը վերջը տրուելիք մեծ ճաշկերոյթին:

Պարլամենտի հանդիսաւոր նիստը մեծապէս տպաւորիչ եղաւ, թէեւ շատ զգալի էր Ա. Խատիսեանի բացակայութիւնը: Ներկայ էին օտար պետութեանց ներկայացուցիչները, որոնց հասցէին խանդավառ ցոյցեր տաղի ունեցան: Մասնաւորապէս խանդավառ էին Միաց. Նահանգներու եւ Անգլիոյ հասցէին եղած ցոյցերը: Բոլոր ճառախօսներն ալ յայտնեցին այն վստահութիւն թէ՝ Հայաստանի անկախութեան տէ ֆաքթօ (փաստական) ճանաչման շուտով պիտի յաջորդէր նաեւ տէ ժիւրէ (իրաւական) ճանաչումը:

Երկու օր յետոյ Երեւան ժամանեց Ուորդրոպը՝ Անգլիոյ գերագոյն կոմիսարը Անդրկովկասի մէջ: Բարձրահասակ, նիհար եւ լաւ կազմւածքով, խորշոմած դէմքով վաթսունի մօտ մարդ մըն էր, որ իր երկար պաշտօնական զգեստով շատ կը յիշեցնէր ցարական Ռուսաստանի բարձրաստճան պետական պաշտօնեաները: Բաւականին լաւ կը խօսէր ռուսերէն, թէեւ անգլիական զօրաւոր շեշտով: Աւելի քան 17 տարի ապրած էր Ռուսաստանի մէջ և լաւ ծանօթ էր ռուսական կեանքին ու անցուդարձերուն:

Այդ օրերուն բոլշեւիկները ռազմական մեծ յաջողութիւններ ունէին. մտած էին արդէն Հիւսիսային Կովկաս եւ կը մօտենային Անդրկովկասի սահմաններուն: Ուորդրոպը չափազանց մտահոգուած էր բոլշեւիկեան սպառնալիքով Անդրկովկասին: Երեւան մեկնելէ առաջ, ան յատկապէս գացած էր Բաքու՝ ազդելու համար Ատրպէյճանի կառավարութեան վրայ, որ ան ամէն հնարաւոր միջոցներ ձեռք առնէ՝ անխորտակելի պատուար մը կանգնեցնելու համար բոլշեւիկեան ներխուժման դէմ, ինչ որ ինք անխուսափելի կը նկատէր: Երեւան եկած էր նոյն նպատակով: Ցանկութիւն յայտնեց ներկայ ըլլալու նախարարական խորհուրդի մէկ նիստին՝ անձամբ խօսելու համար մեզ բոլորիս հետ միասին:

Երբ իրեն տրուեցաւ այդ պատեհութիւնը, ան ըսաւ.

-Անգլիոյ քաղաքականութեան մասին շատ հակասական եւ սխալ կարծիքներ կան: Սխալ ըմբռման հետեւանքով կայ նայեւ որոշ դժգոհուիթիւն եւ տարակուսանք անգլիական վերաբերումի մասին դէպի Անդրկովկասի հանրապետութիւնները: Ես կ’ուզեմ ձեզ հետ ըլլալ անկեղծ եւ պարզ: Ես անձամբ, ինչպէս նաեւ անգլիական կառավարութիւնը, ռուսատեաց եմ: Մեր շահերը Արեւելքի մեջ ամենուրեք հակառակ են Ռուսաստանին: Ով ռուսասէր է, ան կասկածելի բարեկամ է մեզ համար: Ով Ռուսաստանի հակառակ քաղաքականութեան կը հետեւի, ան մեր իսկական բարեկամն է, միշտ արժանի մեր օգնութեան: Մեր բոլոր քայլերը, պարոններ,պէտք է մէկնաբանէք այս տեսակէտէն: Եւ այն ժամանակ այն, ինչ որ ձեզ հակասութիւն կը թուի, հասկնալի կը դառնայ միանգամայն: Անդրկովկասի բոլոր հանրապետութիւներն այժմ ունին մէկ մեծ ու վտանգաւոր թշնամի, եւ այդ թշնամին Ռուսաստանն է: Այդ թշնամուն դէմ է, որ դու պէտք է ուղղէք ձեր բոլոր ոյժերը՝ ստեղծելով ընդհանուր ճակատ մը ձեր հարեւաններուն հետ միասին: Դուք պետք է սպառազինուիք եւ միանաք Հիւսիսի դէմ: Ատոր համար անհրաժեշտ է, որ օր առաջ քաղաքական եւ ռազմական դաշինք կնքէք Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ՝ կոնֆետերէյշն մը կազմելով: Իսկ գալով ձեր սահմանային վէճերուն՝ ես կը խորհիմ թէ այդ ալ դժուար չէ հարթել, եթէ միայն դուք ընդհանուր շահերուն ստորադասէք ձեր մասնաւոր շահերը եւ հրապարակ բերէք փոխադարձ զիջողականութեան տրամադրութիւն: Պէտք չէ մոռնաք, որ պետական սահմաններու գծման մէջ կարելի չէ ղեկավարուիլ միայն ազգագրական նկատումներով: Դուք պէտք է հասկնաք,որ առանց լեռնային, թէկուզ հայկական Ղարաբաղի՝ անկախ Ատրպէյճան չի կրնար գոյութիւն ունենալ: Այլապէս ի՞նչպէս կ’ուզէք, որ թրքական Նախիջեւանը կցուի Հայաստանին: Ինչպէս որ դուք չէք կարող անկախ գոյութիւն ունենալ առանց Նախիջեւանի, այնպէս ալ Ատրպէյճանը անկարող է գոյութիւն ունենալ՝ առանց լեռնային Ղարաբաղի: Յետոյ, ես կը կարծեմ, որ ձեր սահմանային վէճերը ձեր հարեւաններուն հետ երկրորդական նշանակութիւն ունին: Գլխաւորը ձեր միութիւնն է ընդհանուր թշնամիի՝ Հիւսիսի դէմ: