Նիկոլով կամ առանց Նիկոլի

765

Նամակ երկրէն

Շատ հետաքրքրական է։ Նախկին իշխանութիւնները, նորերուն վարկանիշին հարուածելու համար, ի՜նչ հիւնարներու ըսես չդիմեցին, ի՜նչ սուտեր ըսես չտարածեցին… աշխարհով մէկ՝ դարանակալ մութ սենեակներու մէջ ֆէյքեր ստեղծեցին, սուտեր տարածեցին, «Արցախը ծախուած է» յայտարերեցին, բանակը քաղաքականութեան մէջ քաշել փորձեցին, իրենց իսկ ստորագրած միջազգային կոնվենցիաները հազար ու մէկ չարաշահումներով նորերուն դէմ գործածեցին, աւելի ու աւելի շատ զանգուածային լրատուամիջոցներ գնեցին ու մարդու միտքէ չանցած ձեւերով հակաքարոզչութիւն տարին, հիւսիսէն ու արեւմուտքէն օգնութիւն աղերսեցին, միլիոնաւոր տոլարներ ծախսեցին ու… ոչինչ։ Պարզապէս փիղը ծնաւ փոքրիկ մուկ: Նորերու ռէյտինկը մնաց բարձր ու Հայաստանի հանրութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը «սալլամըշ» չըրաւ հիներուն եւ իրենց ֆէյքերուն։

Բայց եւ այնպէս, այն ինչ որ 15 ամիսներու ընթացքին՝ միլիարդներով չկրցան ընել հիները, նորերը ըրին 15 րոպէի ընթացքին, յայտարարելով Ամուլսարի հանքի շահագործման հաւանականութեան մասին։ 15 րոպէի ընթացքին, առանց հիներու մասնակցութեան, առանց հիներու դաւադրութիւններուն, նորերը կրցան Ամուլսարի հարցով հանրութեան տրամադրութիւնը լարել իշխանութիւններու դէմ եւ զարմացնել նոյնիսկ անցնող 30 տարիներուն երկիրը ղեկավարած փորձառու, հին աղուէսները։

Առածս ի՞նչ ցուցանէ։ Ցուցանէ այն, որ հանրութեան համար հիները այլեւս վերջացած են։ Յայտնի հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեանի ըսածին պէս՝ «Փաշինեանով կամ առանց Փաշինեանի՝ վնասակար տարրերու եւ ցեցերու առջեւ մեր ժողովուրդը փակած է վերադարձի ամէն դուռ»: Իսկ հիմա, եթէ նորերը չեն ուզէր ենթարկուիլ հիներու ճակատագրին, պարտաւոր են հաշուի նստելու սերժառոբական կոալիցիոն եւ ոչ կոալիցիոն իշխանութիւններու վախի կապանքներէն ի սպառ ձերբազատուած, ազատագրումի համը ճաշակած հանրութեան հետ։ Մանաւանդ երբ այդ հանրութեան ղեկավարները ոչ թէ միլիոններու վրայ նստած եւ հազար ու մէկ դաւադրութիւններու բեմադրիչ՝ հին իշխանաւորներն են, այլ՝ նո՛յն ակտիւիստ տղաքն ու աղջիկները, որոնք 15 ամիս առաջ թիկունք եղան ժողովրդային շարժումի ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանին եւ խաղաղ, ոչ բռնի, թաւշեայ յեղափոխութեան մէջ ունեցան նշանակալի դերակատարութիւն։ 

Ըսած էինք ասկէ առաջ, մեր խօսքը ուղղելով հիներուն, եւ հիմա՝ նոյնը կարելի է կրկնել նաեւ նորերուն համար. Հայաստանը ուրիշ էր 23 Ապրիլ, 2018-էն առաջ, Հայաստանը ուրիշ է 23 Ապրիլ, 2018-էն յետոյ։ Խաղի օրէնքները փոխեց, խրոխտ ու անշրջելի քայլերով, նոյնինքն Նիկոլ Փաշինեանը, ժողովուրդին տալով ինքնավստահութիւն, իր ուժերու նկատմամբ հաւատք, գերիշխանութեան զգացում եւ ազատ ու հպարտ քաղաքացիի գիտակցութիւն։ Եւ սա՛ է հին ու նոր Հայաստանի տարբերութիւնը։ Խաղի կանոնները պարտադրելուն մէջ այլեւս իր կարեւոր եւ վճռական խօսքը ունի քաղաքացիական գիտակից եւ իրաւատէր հասարակութիւնը, որուն դերակատարութիւնը երկրի սոցիալ-տնտեսական ու բնապահպանական խնդիրներուն մէջ այսուհետեւ անխուսափելի է պարզապէս։

Ահա թէ ինչու, հակառակ իրենց միլիոններուն, հակառակ մետիա դաշտի մէջ իրենց տիրական ներկայութեան, հակառակ արտաքին ուժերու օժանդակութեան, նախկին քաղաքական ուժերը ձախողեցան ժողովրդային լայն աջակցութեամբ ընդդիմութիւն ձեւաւորելու իրենց փորձերուն մէջ ։ 

Ահա թէ ինչու, ընդդիմութիւնը, հակասական թող չթուի ընթերցողին, այսօր կը ձեւաւորուի նոյնինքն Նիկոլ Փաշինեանի օգնութեամբ, ընկերատնտեսական եւ բնապահպանական հարցերու հանդէպ՝ Նիկոլ Փաշինեանի երեկի եւ այսօրուայ աջակիցներու վերադիրաքաւորումով ու նոր ճակատներու դասաւորումով։
Սա, ըստ ամենայնի, դրական իրադարձութիւն է։ 

Սա, ուզենք կամ չուզենք, քաղաքական նոր մշակոյթի մը սկիզբն է՝ քաղաքացիական ուժեղ հասարակութեամբ եւ քաղաքական նոր ուժերու արագ եւ անկաշկանդ վերադասաւորումով։ 

Սա՝ խաղի նոր կանոնն է։ Այսօր՝ Նիկոլով, ապագային՝ առանց Նիկոլի։

Րաֆֆի Տուտագլեան

Գրեցէ՛ք ինծի։
rafdoud@aol.com