Կորպաչով՝ ՙԵս ուրիշ երկիր վերադարձայ՚. 1991ի յեղաշրջման փորձը կ’արագացնէ խորհրդային պետութեան վախճանը

1717

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ԿԱՆԱՉ ու ՍԵՒ. ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՕՐԱԳԻՐ գիրքէն

Տասնչորսերորդ գլուխ

1991ի մոսկովեան յեղաշրջման ձախողած փորձը կ’արագացնէ խորհրդային պետութեան վախճանը:

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները 19-21 Օգոստոսի մոսկովեան իրադարձութիւններուն տարբեր կերպ արձագանգեցին:

Տէր Պետրոսեանն ու իշխող Հ. Հ. Շ.ն Արտակարգ Դրութեան Պետական Կոմիտէի (Ա. Դ. Պ. Կ.) իրաւազօրութիւնները մերժեցին, մինչդեռ Մութալիպովն ու Փոլեանիչքօն հրապարակաւ աջակցութիւն յայտնեցին` ակնկալելով, որ Մոսկուայի մէջ իշխանութեան ձգտող պահպանողականներն աւելի կոշտ դիրք կը բռնեն Ղարաբաղի հարցին մէջ` յօգուտ Ատրպէյճանի, ինչը Ղարաբաղեան Շարժումը վերջնականապէս ջարդելու հնարաւորութիւն կու տար անոնց:

Խռովարարներուն կորիզը կը կազմէին ուժային նախարարները, որոնց ղեկավարութեան տակ գործող զօրքերը ատրպէյճանական ոստիկանութեան հետ Ղարաբաղի եւ յարակից հայաբնակ շրջաններուն մէջ էթնիկ զտումներ եւ տեղահանումներ կ’իրականացնէին:

19 Օգոստոսին Մութալիպովն Իրանի մէջ էր: Թաւրիզի մէջ առնելով յեղաշրջման լուրը, քանի մը երկիրներու առաջնորդներու` Սատտամ Հուսէյնի, Եասէր Արաֆաթի, Մուամմար Քազզաֆիի, Սլոպոտան Միլոշեւիչի նման, Ատրպէյճանի ղեկավարն ալ համերաշխութիւն կը յայտնէ խռովարարներուն:

Անոր խորհրդական Վաֆա Կուլուզատէն կը գրէ, որ Մութալիպովէն խնդրած էր մինչեւ Պաքու վերադառնալը Մոսկուայի դէպքերու մեկնաբանութիւններէն խուսափիլ. ՙԳացինք Թաւրիզ, (իրանական կողմը) Մութալիպովին համոզեց հարցազրոյց տալ Շահրիարի յուշարձանին մօտ` զուտ մշակութային հարցերով: Մենք քիչ մը այն կողմը կանգնած ենք: Լրագրողները մէկ-երկու հարց տուին մշակոյթէն, երրորդը` յեղաշրջումէն: Մութալիպովն իր աջակցութիւնը յայտնեց, քննադատեց Կորպաչովը: Ես ցնցահարուածի մէջ էի: Յետոյ հեռաձայնեց Փոլեանիչքօն. ՙՈւռա’, մերինները վերցուցած են՚: Իսկ Մութալիպովը. ՙԿ’ըսէի, չէ՞, Վաֆա’, զինուորականներն իրենց խօսքը չեն ըսած՚: Երբ Պաքու վերադարձանք` յեղաշրջումը ձախողած էր՚:

Յեղաշրջման ձախողումէն յետոյ Փոլեանիչքօն հեռացաւ Ատրպէյճանէն: Մինչ այդ` ան Ղարաբաղի մէջ Ա. Դ. Պ. Կ.ի որոշումներն իրագործելու ցուցում տուած էր: Լ. Ղ. Ի. Մ.ի Մարզգործկոմը 23 Օգոստոսին Կորպաչովին ու Ելցինին յղած դիմումին մէջ կ’առաջարկէր յեղաշրջման կազմակերպիչները ՙամենախիստ պատասխանատուութեան՚ ենթարկել, ինչպէս նաեւ Ղարաբաղի մէջ ՙարիւնալի յանցագործութեանց՚ կազմակերպիչներուն նկատմամբ քրէական գործ յարուցել:

Կորպաչով. ՙԵս ուրիշ երկիր վերադարձայ՚

23 Ապրիլ 1991ին Կորպաչովը Նովօ Օկարեովոյի մէջ հանդիպած էր իննը հանրապետութեանց ղեկավարներու հետ եւ միութենական դաշնագիրի նախագիծին սկիզբը յայտարարած: Այդ հանդիպմանը չէին հրաւիրուած այն վեց հանրապետութիւնները, այդ թուին` Հայաստանը, որոնք Խ. Ս. Հ. Մ.ն իր հին տեսքով պահպանելու հանրաքուէին մասնակցելէ հրաժարած էին: 24 Մայիսի երկրորդ հանդիպման ժամանակ Տէր Պետրոսեանը Ֆրանսա կը գտնուէր, իսկ 2 Յունիսին կայացած երրորդ հանդիպումին ան ներկայ չէր` ի նշան բողոքի Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ Մոսկուայի դիրքորոշման:

Նովօ Օկարեովոյի հանդիպումներէն վերջինին` 23 Յուլիսինին կը մասնակցէր նաեւ Հայաստանը: Տէր Պետրոսեանը կ’ընդգծէր` Հայաստանն անկախութեան կը ձգտի, բայց 21 Սեպտեմբերի հանրաքուէն ժողովուրդին վերաբերմունքը պէտք է պարզէ: Նորացուած միութեան կազմին մէջ մնալու կողմնակիցներ ալ կային, որոնք էին, ըստ Տէր Պետրոսեանի` ՙԿոմկուսը, Հ. Յ. Դ.ն եւ Հայաստանի մէջ բնակող, ծնունդով ղարաբաղցի հայոց խմբաւորումները՚:

ՙԱնոնք կը յայտարարեն, որ Հայաստանը պէտք է միութենական պայմանագիրն ստորագրէ, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի հետ վերամիաւորման հարցը լուծելու հնարաւորութիւն ունենայ: Իսկ այդ տարածաշրջանին բնակիչները 16 Մայիսին որոշած են Ատրպէյճանի հետ փոխզիջումներու եւ բանակցութեանց խաղաքարտն օգտագործել: Ղարաբաղի Մարզգործկոմի նախագահ Լէոնարտ Պետրոսեանի գլխաւորութեամբ առաջին պատուիրակութիւնը նոր վերադարձած է Պաքուէն, ուր իր ծրագիրը ներկայացուցած է նախագահ Մութալիպովին: Հայաստանի խորհրդարանը 16 Յուլիսի քուէարկութեամբ հաւանութիւն տուած է այդ նախաձեռնութեան՚:

16 Օգոստոսին մամուլին մէջ կը տպագրուի շարադրանքը միութենական դաշնագիրին, որուն ստորագրումը չորս օր յետոյ նախատեսուած էր: Կորպաչովը Օգոստոսի սկիզբէն կը հանգստանար Ղրիմի Ֆորոս ամառանոցին մէջ: Քրիւչքովը Պ. Ա. Կ.ի զօրավարներ Ալեքսէյ Եկորովին եւ Վեաչեսլաւ Ժիժինին, օդային անկարգելաւոր զօրքերու հրամանատար Փաւել Կրաչովին կը յանձնարարէ արտակարգ դրութեան ապահովման միջոցառումներու ցանկ մը պատրաստել: Յեղաշրջման առտուն Քրիւչքովը Պ. Ա. Կ.ի ղեկավարութեան կը տեղեկացնէ` ՙՎերակառուցումն աւարտած է՚: Հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի հաղորդումները Արտակարգ Դրութեան Պետական Կոմիտէի ուղերձի ընթերցումով կը սկսին:

Թաթիանա Տեաչենքօն հայրը` Պորիս Ելցինը կ’արթնցնէ. ՙՀեռատեսիլէն անհասկնալի բաներ կը ցուցադրեն՚: Քիչ յետոյ Ելցինի ամառանոցին մէջ կը հաւաքուին իրենք զիրենք ժողովրդավար հռչակած շարք մը գործիչներ: Ելցինը կը փորձէ Կորպաչովի ու Եանաեւի հետ կապուիլ, բայց ապարդիւն: Կը կապուի Կրաչովի հետ: Դնելով ընկալուչը` Ելցինը կ’ըսէ. ՙԿրաչովը մերն է՚: Զօրքերը կը սկսին շարժիլ դէպի Մոսկուա, մօտ չորս հազար զինուորական եւ 800 հրասայլ ու զրահամեքենայ մայրաքաղաք կը մտցուին: Պ. Ա. Կ.ին մէջ քննարկման ընթացքին Քրիւչքովը յոյս կը յայտնէ, որ Ելցինի հետ հնարաւոր կ’ըլլայ պայմանաւորուիլ:

Եուրի Տոլկորուքիի արձանին մօտերը հանրահաւաք կը սկսի ի պաշտպանութիւն 12 Յունիսին Ռուսիոյ նախագահ ընտրուած Ելցինի եւ ժողովրդավարութեան: Ան Սպիտակ Տուն կը ժամանէ եւ Քրիւչքովի հետ հեռաձայնային զրոյցի ժամանակ կը մերժէ Ա. Դ. Պ. Կ.ն ճանչնալ: Ապա Ելցինն իր կողմնակիցներուն կը դիմէ Թամանեան զօրաբաժինի հրասայլի մը աշտարակէն, Ա. Դ. Պ. Կ.ն օրէնքէ դուրս կը յայտարարէ եւ տեղի ունեցողը յեղաշրջում կ’որակէ:

Զօրավարներ Աչալովը, Կրուշքօն, Ատէեւը, Կրոմովը եւ Լեպետը կը նախապատրաստեն Սպիտակ Տան գրոհը, որու պաշտպաններուն թիւը քանի մը տասնեակ հազարի կը հասնէր: 21 Օգոստոսի գիշերը երեք մարդ կը սպաննուի: Աչալովը Եազովին կը զեկուցէ` ՙԱրիւն թափած է՚, որուն կը հետեւի Եազովի` ՙԳրոհը դադրեցնե’լ՚ հրամանը: Նոյն օրը Ա. Դ. Պ. Կ.ի պատուիրակութիւնը կ’ուղեւորուի Ղրիմ, սակայն Կորպաչովը կը մերժէ զանոնք, այդ թուին` Քրիւչքովն ու Լուքիանովը, ընդունիլ, կը պահանջէ անյապաղ կերպով վերականգնել կապն արտաքին աշխարհի հետ, Մոսկուա կը հեռաձայնէ, ապա կը յայտարարէ, որ ՙիրավիճակը ամբողջովին կը վերահսկէ՚:

22 Օգոստոսի գիշերը Կորպաչովը Ռուցքոյի օդանաւով Մոսկուա կ’երթայ: Խռովարարներն ուրիշ օդանաւով կը թռչին: Մոսկուայի մէջ, ուղղակի թռիչքուղիին վրայ, կը ձերբակալեն Քրիւչքովն ու Եազովը: Եանաեւը կը ձերբակալուի իր առանձնասենեակին մէջ: Փուկօն եւ անոր կինը 23 Օգոստոսի առտուն ինքնասպանութիւն կը գործեն: Ապա կը ձերբակալուին Փաւլովը, Սթարոտուպցեւը, Լուքիանովը, միւս խռովարարները: Ռուսիոյ Գերագոյն Խորհուրդի նստաշրջանին մէջ Ելցինը Խորհրդային Միութեան Կոմկուսը լուծարելու հրամանագիր կը ստորագրէ:

Յեղաշրջման փորձի տապալումէն յետոյ առաջին մամուլի ասուլիսին Կորպաչովը կը շարադրէ իր յայտնի խօսքերը. ՙԵս ուրիշ երկիր վերադարձայ՚: Ան Սպիտակ Տան պաշտպաններ Իլիա Քրիչեւսքիին, Տմիթրի Քոմարին եւ Վլատիմիր Ուսովին Խորհրդային Միութեան հերոսի կոչում կը շնորհէ` յետմահու: Սպիտակ Տան երեք պաշտպանները խորհրդային երկրի վերջին հերոսներն էին:

Անկախութեան շքերթ

30 Օգոստոս 1991ին Պաքուի մէջ Գերագոյն Խորհուրդը կ’ընդունի ՙԱտրպէյճանի պետական անկախութեան վերականգնման հռչակագիր՚ը, ուր երկու ինքնավարութեանց` Լ. Ղ. Ի. Մ.ի եւ Նախիջեւանի մասին խօսք չկար: Հռչակագիրին մէջ կը նշուէր, որ 1918-1920ին Ատրպէյճանը ՙանկախ, միջազգային հանրութեան կողմէն ճանչցուած պետութիւն՚ եղած է:

Եթէ հռչակագիրը կը տարածուէր 1918-1920ի Ատրպէյճանի Դեմոկրատական Հանրապետութեան սահմաններուն վրայ, որու մասին հռչակագիրին մէջ ուղղակիօրէն չ’ըսուիր` ապա թէ’ Լեռնային Ղարաբաղը եւ թէ’ Նախիջեւանը Ատրպէյճանի կազմ մտցուած են աւելի ուշ` 1921ին, երբ մուսաւաթական Ատրպէյճանը գոյութիւն չունէր: Հռչակագիրը չէր վերաբերեր Խորհրդային Ատրպէյճանի սահմաններուն (որու կազմին մէջ են եղած Ղարաբաղն ու Նախիջեւանը), քանի որ շարադրանքին մէջ նման յղում չկար: Միւս կողմէ, խորհրդային բոլոր հանրապետութեանց նման, Ատրպէյճանն ալ միջազգայնօրէն ճանչցուած է ճիշդ այն սահմաններով, որով Խորհրդային Միութեան մաս կը կազմէին:

2 Սեպտեմբերին Ստեփանակերտի մէջ տեղի կ’ունենայ Լ. Ղ. Ի. Մ.ի Մարզային եւ Շահումեանի Շրջանային Խորհուրդներուն համատեղ նստաշրջանը: Կ’ընդունուի Լ. Ղ. Ի. Մ.ի եւ Շահումեանի շրջանի սահմաններուն մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն հիմնելու հռչակագիրը` Խ. Ս. Հ. Մ.ի Գերագոյն Խորհուրդի` ՙԽ. Ս. Հ. Մ.ի կազմէն միութենական հանրապետութեանց դուրս գալու կարգի՚ 3 Ապրիլ 1990ի օրէնքը հիմք ընդունելով:

Այդ օրէնքին առանցքը Խ. Ս. Հ. Մ.ի կազմէն դուրս գալու հանրաքուէի գաղափարն էր: Եթէ միութենական հանրապետութիւնը կը փափաքի Խ. Ս. Հ. Մ.ի կազմէն դուրս գալ, ինչը սահմանադրութեան 72րդ յօդուածը կը թոյլատրէր` ապա ընթացակարգը հանրաքուէն է` ժողովրդային քուէարկութիւնը: Հանրաքուէի որոշումը կու տայ միութենական հանրապետութեան Գերագոյն Խորհուրդը` սեփական նախաձեռնութեամբ կամ հանրապետութեան` քուէարկութեան իրաւունք ունեցող բնակչութեան տասը տոկոսին պահանջով:

Հռչակագիրով` Մարզխորհուրդն ու անոր Գործադիր Կոմիտէն մինչեւ նոր ընտրութիւններն ու իշխանութեան եւ կառավարման նոր մարմիններուն ձեւաւորումը Լ. Ղ. Հ.ի պետական իշխանութեան եւ կառավարման բարձրագոյն ժամանակաւոր մարմիններ կը նկատուին: Լ. Ղ. Հ.ի Գործկոմի նախագահ կ’ընտրուի Լէոնարտ Պետրոսեանը:

3 Սեպտեմբերին Տէր Պետրոսեանը Մոսկուայի մէջ էր: Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան հռչակման մասին ան կ’ըսէր. ՙԻրաւական տեսակէտէն` որեւէ բան չի փոխուիր, քանի որ անցած երեք տարիներուն ընթացքին նման որոշումներ տրուած են: Բայց անիկա քաղաքական նշանակութիւն ունի: Խորհրդային Միութեան այս հսկայական խնդիրներուն շարքին Արցախի հարցը այժմէական կը դառնայ, քանի որ Արցախի հարցին որեւէ ժամանակաւոր, ընդունելի լուծում գտնելու միտումներ կան թէ’ արցախցիներուն, թէ’ ատրպէյճանցիներուն եւ թէ’ Հայաստանի համար: Այդպիսի նախաձեռնութեամբ հանդէս կու գան Ելցինն ու Նազարպաեւը՚:

8 Սեպտեմբերին, Մութալիպովը Ժողճակատի պոյքոթի եւ ընտրողներու աւելի քան 84 տոկոսի մասնակցութեամբ` քուէներուն 98,5 տոկոսով Ատրպէյճանի նախագահ կ’ընտրուի: Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ընտրութեան կը մասնակցի բնակչութեան 12 տոկոսը` բացառապէս ատրպէյճանցիները: Մութալիպովի ստորագրութեամբ 18 Հոկտեմբերին կ’ընդունուի ՙԱտրպէյճանի պետական անկախութեան սահմանադրական աքթ՚ը, որով անկախ Ատրպէյճանի պետական, քաղաքական եւ տնտեսական կառուցուածքին հիմքը կը դրուի: Այս փաստաթուղթին մէջ արդէն յստակօրէն կ’ըսուի, որ Ատրպէյճանը 1918-1920ի մուսաւաթական հանրապետութեան իրաւայաջորդն է: Փաստաթուղթին մէջ կ’ըսուէր, որ Խ. Ս. Հ. Մ.ի կազմաւորման 30 Դեկտեմբեր 1922ի պայմանագիրն Ատրպէյճանի մասով ոյժը կորսնցուցած կը սեպուի:

Ի տարբերութիւն Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի, Հայաստանը անկախութեան հռչակագիր ընդունած էր տակաւին 23 Օգոստոս 1990ին: 21 Սեպտեմբեր1991ին Հայաստանի մէջ անկախութեան հանրաքուէ տեղի ունեցաւ, որուն մասնակցեցաւ ընտրական իրաւունք ունեցող բնակչութեան շուրջ 94, 5 տոկոսը, որու աւելի քան 99 տոկոսն ՙայո’՚ ըսաւ անկախ, ազատ եւ ինքնիշխան պետութիւն ունենալու հայ ժողովուրդի երազանքին:

Հանրաքուէն (ինչպէս նաեւ յետագային Հայաստանի բոլոր ընտրութիւնները) կատարուեցաւ միայն Հայաստանի տարածքին, ինչը կը նշանակէր, թէ ըստ էութեան ոյժը կորսնցուցած կը նկատուէր 1 Դեկտեմբեր 1989ի` Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային Խորհուրդի` վերամիաւորման որոշումը: Յետագային` Հայաստանի 1998ի նախագահական արտահերթ ընտրութեան, այդ որոշումն օգտագործուեցաւ քաղաքական նպատակներով, ի դէպ` ընտրողաբար:

Ելցին-Նազարպաեւի առաքելութիւնը

21 Սեպտեմբեր 1991էն կը սկսի ղարաբաղեան կարգաւորման առաջին միջազգային խաղաղարար միջնորդութիւնը: Ռուսիոյ եւ Ղազախիստանի նախագահները Պաքու կը ժամանեն: 22 Սեպտեմբերին Պորիս Ելցինն ու Նուրսուլթան Նազարպաեւը Մութալիպովի հետ Կեանճայով Ստեփանակերտ կը ժամանեն: Նոյն օրը Երեւանի մէջ հանդիպումներէն յետոյ բանակցութիւնները կը շարունակեն Հիւսիսային Կովկասի Ժելեզնովոտսք առողջարանային քաղաքին մէջ:

Ելցինը հեղինակութիւն կը վայելէր ո’չ միայն Ռուսիոյ մէջ, այլեւ` դեռ ձեւականօրէն գործող Խ. Ս. Հ. Մ.ի ողջ տարածքին: Օգոստոսեան իրադարձութիւններէն յետոյ անոր ժողովրդականութիւնն ու ազդեցութիւնը աւելի ծանրակշիռ դարձան: Ելցինը ղարաբաղեան խաղաղարար նախաձեռնութեան ներգրաւած էր նաեւ Խ. Ս. Հ. Մ.ի` մեծութեամբ երկրորդ հանրապետութեան նախագահը: Չնայած յառաջընթացի բացակայութեան, Սեպտեմբեր-Նոյեմբեր ամիսներուն ընթացքին Ելցինի եւ Նազարպաեւի միջնորդական առաքելութիւնը ղարաբաղեան խնդիրը կարգաւորելու առաջին տեւական գործընթացն էր, զոր տեղի ունեցաւ Խորհրդային Միութեան փլուզման նախաշեմին եւ երկրին մէջ ստեղծուած խառնաշփոթ վիճակի պայմաններուն մէջ: Այս երկու հոլովոյթներն ալ, անկասկած, իրենց ազդեցութիւնը ձգեցին ինչպէս միջնորդութեան, այնպէս ալ` անոր արդիւնքներուն վրայ:

Ժելեզնովոտսքի բանակցութեանց` 23 Սեպտեմբերին յուշագիր մը կ’ընդունուի: Հայաստանի պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Տէր Պետրոսեանը, ատրպէյճանականը` Մութալիպովը, ղարաբաղեանը` Լէոնարտ Պետրոսեանն ու Ռոպէրթ Քոչարեանը (դիտորդի կարգավիճակով):

Յուշագիրին մէջ կը նշուէր. ՙՄինչեւ 1 Յունուար 1992ը հակամարտութեան կարգաւորման անհրաժեշտ եւ պարտադիր պայմաններն են. դադրեցնել կրակը, չեղեալ նկատել Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի` Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ ընդունած հակասահմանադրական բոլոր քայլերը, ճանչնալ իշխանութեան օրինական մարմիններուն լիազօրութիւնները, հակամարտութեան շրջանէն դուրս հանել բոլոր զինուած ստորաբաժանումները` բացառութեամբ Խ. Ս. Հ. Մ.ի ներքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարութեանց ներքին ստորաբաժանումներուն՚:

Իրավիճակի կարգաւորմանն ուղղուած համատեղ գործողութիւններ իրականացնելու նպատակով կը ստեղծուի դիտորդներու ժամանակաւոր աշխատանքային խումբ մը, որուն մէջ կը մտնեն Ռուսիոյ եւ Ղազախիստանի ներկայացուցիչները:

Յուշագիրին մէջ կ’ըսուէր. ՙԱտրպէյճանն ու Հայաստանը կ’ապահովեն բռնագաղթած բնակչութեան աստիճանական վերադարձը` պարապ գիւղերէն սկսելով: Կողմերը կ’երաշխաւորեն անոնց անվտանգութիւնը մշտական բնակեցման վայրերուն մէջ: Այդ հարցով բանակցութիւններն սկսիլ 1 Հոկտեմբեր 1991էն՚: Հակամարտութեան ներգրաւուած կողմերը ՙպատանդներն անյապաղ կերպով ազատ արձակելու՚ կը համաձայնին:

Ժելեզնովոտսքի բանակցութեանց մէջ ամենավիճելին Ղարաբաղի կարգավիճակի եւ անկէ բխող` Ղարաբաղի ներկայացուցիչներու` բանակցային գործընթացին մասնակցելու հարցն էր: Ատրպէյճանն ի սկզբանէ դէմ կ’արտայայտուէր Արցախի ներկայացուցիչներու մասնակցութեան որեւէ տարբերակի, նոյնիսկ Հայաստանի պատուիրակութեան կազմին մէջ: Բանակցութեանց առաջին իսկ փուլին Ատրպէյճանը կը յայտարարէ, որ խնդիրները պէտք է լուծուին Հայաստանի հետ` չմիջամտելով Ատրպէյճանի ներքին գործերուն:

Ատրպէյճանի Ժողճակատը Ժելեզնովոտսքի յուշագիրը դաւաճանութիւն կ’որակէ: Մութալիպովէն գոհ չէր նաեւ Նախիջեւանի մէջ հաստատուած Հէյտար Ալիեւը: Ատրպէյճանի ձայնասփիւռին հետ զրոյցին մէջ ան ըսած է. ՙՄութալիպովը փաստօրէն ճանչցաւ Հայաստանի` Ատրպէյճանի ներքին գործերուն միջամտելու իրաւունքը: Եթէ Ատրպէյճանի ներքին խնդիրները պէտք է որոշուին Հայաստանի մասնակցութեամբ, ապա ատիկա Ատրպէյճանի ինքնիշխանութեան ոտնահարում կը նշանակէ: Ես մտահոգուած եմ, որ Լ. Ղ. Ի. Մ.ը բանակցութեանց մասնակցած է անկախ միաւորի կարգավիճակով: Դուրս կու գայ, որ այդ հարցը լուծած են հինգ կողմեր` Ատրպէյճանը, Հայաստանը, Ղարաբաղը, Ռուսիոյ եւ Ղազախիստանի նախագահները՚:

Հայաստանի ընդդիմութիւնն ալ դժգոհ էր: Դաշնակցական Հրանդ Մարգարեանը կը յիշէ. ՙԵրբ Ժելեզնովոտսքի մէջ զինադադարի պայմանաւորութիւն ձեռք բերուեցաւ` ամէն մարդ շուարած էր: Այդ պահուն այդ յուշագիրին բովանդակութիւնը Ղարաբաղի` Ատրպէյճանի կազմին մէջ ըլլալն ընդունիլ կը նշանակէր՚:

20 Նոյեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի Բերդաշէն գիւղին երկինքը կը կործանի ատրպէյճանական ՄԻ-8 ուղղաթիռը` պատճառ դառնալով 22 բարձրաստիճան պաշտօնեաներու մահուան, որոնց մէջ` ռուս եւ ղազախ դիտորդներ: Ատրպէյճանն աղէտին համար մեղադրեց հայկական կողմը, եւ, փաստօրէն, Ելցին-Նազարպաեւ միջնորդութիւնը ձախողեցաւ:

Հայաստանի Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան նախկին ղեկավարներէն մէկը հերքեց ղարաբաղեան կողմին մեղսակցութիւնը: Հայկական կողմի ենթադրութիւններով` հնարաւոր էր իշխանութեան ձգտող Ժողճակատին ներգրաւուածութիւնը: Վերջին պահին` ուղղաթիռ նստելէն հրաժարած էր Աղտամի մէջ ժողճակատի ներկայացուցիչ, խորհրդարանի փոխնախագահ Թամերլան Ղարաեւը:

Ատրպէյճանը կը փակէ Հայաստան մտնող կազատարը, կը դադրեցնէ էլեկտրականութեանն մատակարարումը Ստեփանակերտին, իսկ Գերագոյն Խորհուրդը կը լուծարէ Լ. Ղ. Ի. Մ.ը իբրեւ ՙազգային-տարածքային կազմաւորում՚, Ստեփանակերտ, Մարտակերտ եւ Մարտունի քաղաքները կը վերանուանէ Խանքենդի, Աղտերէ եւ Խոճավենտ, կը լուծարէ Ասկերանի եւ Հատրութի շրջանները, որոնց փոխարէն կը ձեւաւորէ Խոճալուի շրջանը, որուն կը միացուի Ասկերանի շրջանը:

Այս որոշումը չէր կրնար կեանքի կոչուիլ, քանի որ Փոլեանիչքոյի եւ Կազմկոմիտէի հեռանալէն ետք Ղարաբաղի մէջ, բացառութեամբ Շուշիի, Խոճալուի ու ատրպէյճանական գիւղերուն, իշխանութիւնը Շարժման ղեկավարութեան եւ Լ. Ղ. Հ.ի Գործկոմին ձեռքն էր:

Ատրպէյճանի մէջ ներքաղաքական վիճակն անհանգիստ ու անկայուն էր: Յառաջացած էին իշխանութեան երեք թեւեր. նախագահը Մութալիպովն էր, բայց ժողովուրդին վստահութիւնը չէր վայելեր, Ժողճակատը իշխանութիւն չունէր, սակայն հասարակութեան շրջանին մէջ հեղինակութիւն ու աջակցութիւն ունէր, իսկ Ալիեւը կ’ամրապնդէր դիրքերը ծննդավայր Նախիջեւանի մէջ եւ Պաքու տեղափոխուելու յարմար առիթի կը սպասէր: Նոյեմբերի վերջին, Գերագոյն Խորհուրդի արտահերթ նստաշրջանին կը հաստատուի Ազգային Խորհուրդի 50 հոգինոց կազմը` ընդդիմութենէն եւ խորհրդարանի մեծամասնութենէն հաւասարապէս: Ազգային Խորհուրդ ստեղծելու նախագիծն ընդունուած էր ընդդիմութեան նախաձեռնութեամբ: Այսպիսով, Ազգային Խորհուրդին յանձնուեցաւ օրէնսդրական լիազօրութեանց մեծ մասը, իսկ Գերագոյն Խորհուրդը համագումարի կարգավիճակ ստացաւ:

Տէր Պետրոսեանը` Հայաստանի առաջին նախագահ

16 Հոկտեմբեր 1991ին Հայաստանի մէջ նախագահի ընտրութիւն տեղի ունեցած էր. Լեւոն Տէր Պետրոսեանը բացայայտ առաւելութեամբ, քուէներուն շուրջ 83 տոկոսով յաղթած էր մրցակիցներուն, որոնց մէջ էին նաեւ յայտնի այլախոհ եւ խորհրդային տարիներուն 17 տարի բանտերու ու աքսորի մէջ անցուցած Պարոյր Հայրիկեանը (7 տոկոս) եւ սիրուած դերասան, Դաշնակցութեան թեկնածու Սօս Սարգսեանը (4.3 տոկոս): Ընտրութեան կը մասնակցէին նաեւ Զօրի Բալայեանը (0.45 տոկոս), Ռաֆայէլ Ղազարեանը (0.39 տոկոս) եւ Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան ղեկավար Աշոտ Նաւասարդեանը (0.16 տոկոս):

Վարչապետ Վազգէն Մանուկեանը 2 Հոկտեմբերին հրաժարական տուած էր եւ իր համախոհներով Ազգային Ժողովրդավարական Միութիւն (Ա. Ժ. Մ.) կուսակցութիւնն ստեղծած: Հ. Հ. Շ.ի առաջին նախագահն ու գաղափարախօսը կ’ընդունի, որ ժողովուրդին համար Տէր Պետրոսեանն աւելի գերադասելի էր, քան ինքը, հետեւաբար, անոր նախագահ ընտրուելու հաւանականութիւնն զգալիօրէն աւելի մեծ էր:

ՙԻշխանութեան գալէն ետք Հ. Հ. Շ.ի ղեկավարութիւնը բաժնուեցաւ երկու խումբի, որոնք կը զանազանուէին իշխանութիւնն իրականացնելու ոճի եւ նպատակներու հարցին մէջ իրենց մօտեցումներով: Անձնական հարցեր ալ արդէն սկսած էին յառաջ գալ: Այդ պայմաններուն մէջ, Տէր Պետրոսեանը յաջողեցաւ Հ. Հ. Շ.ի մեծամասնութիւնն իր անձը պաշտպանող խումբ դարձնել: Ստեղծուած պայմաններուն մէջ, շարունակել նախագահական ընտրութեան մասնակցութիւնը` կամայ թէ ակամայ սրելով իրավիճակը Հայաստանի մէջ, անիմաստ նկատեցինք, մանաւանդ, որ ժողովուրդի մեծ մասին այդ ժամանակ դժուար կ’ըլլար բացատրել ՙՎազգէն-Լեւոն՚ պայքարին իմաստը՚:

27 Օգոստոսին կայացած էր Հ. Հ. Շ.ի արտահերթ համագումարը` Հայաստանի նախագահի պաշտօնին 614 ՙկողմ՚ եւ 1 ՙդէմ՚ քուէներով թեկնածու առաջադրելով Տէր Պետրոսեանը: Այդ ժամանակ լայն ժողովրդականութիւն վայելող Տէր Պետրոսեանին ՙդէմ՚ միակ քուէարկողը ՙՂարաբաղ՚ Կոմիտէի գաղտնի անդամ Սմբատ Յակոբեանն էր: Այդ համագումարին, Հ. Հ. Շ.էն Յակոբեանի հետ հեռացան նաեւ Աշոտ Մանուչարեանը (պաշտօնի բերումով), Տիգրան Սարգսեանը (այսօր` վարչապետ), Ռաֆայէլ Ղազարեանը եւ ուրիշ չորս հոգի:

Խորհրդարանի 11 Նոյեմբերի յատուկ նիստին` Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին ներկայութեամբ, պաշտօնամուտի ելոյթ ունեցաւ Տէր Պետրոսեանը` նշելով Հայաստանի ապագայի արահետը` դէպի անկախ, իրաւական պետութիւն, ժողովրդավարութիւն եւ ազատ շուկայական տնտեսութիւն: Առաջին նախագահը կարեւորեց պաշտպանութեան նախարարութեան ստեղծումը, երկկողմ պայմանագիրներու ստորագրումը առաջին կարգին Ռուսիոյ, Ուքրաինայի եւ Ղազախիստանի հետ, կայուն առեւտրա-տնտեսական յարաբերութեանց հաստատումը անմիջական դրացիներ Թուրքիոյ եւ Իրանի հետ` ՙՀայաստանը փակուղիէն բանուկ միջազգային խաչմերուկի վերածելու նպատակով՚: Առաջին նախագահը Ատրպէյճանի հետ յարաբերութեանց մէջ կը կարեւորէր ՙԺելեզնովոտսքի փաստաթուղթին մէջ արձանագրուած բոլոր պայմանաւորութեանց իրականացումը Ժելեզնովոտսքի յայտարարութեան ոգիով, խաղաղ բանակցութեանց միջոցով՚:

Նախագահ ընտրութենէն եւ պաշտօնամուտի արարողութենէն անմիջապէս յետոյ Տէր Պետրոսեանն առաջին այցով Միացեալ Նահանգներ եւ Գանատա կ’երթայ: 14 Նոյեմբերին Ճորճ Պուշը Սպիտակ Տան մէջ կ’ընդունի Հայաստանի նախագահը, մէկ օր յետոյ Օթթաուայի մէջ Տէր Պետրոսեանը կը հանդիպի վարչապետ Պրայըն Մալրունիի հետ: Նախագահին կ’ուղեկցէր արտաքին գործոց նախարար Րաֆֆի Յովհաննիսեանը:

Սկսած էր Հայաստանի միջազգային ճանաչման գործընթացը:

Խորհրդային Միութեան վերջին օրերը

8-11 Դեկտեմբեր 1991ին Պելառուսի Պելովեժեան թաւուտին մէջ Ռուսիոյ, Ուքրաինայի եւ Պելառուսի առաջնորդներ Պորիս Ելցինի, Լէոնիտ Քրաւչուքի եւ Սթանիսլաւ Շուշքեւիչի նախաձեռնութեամբ կը սկսի Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (Ա. Պ. Հ.) կազմաւորումը: Ալմաթիի մէջ 21 Դեկտեմբերին Ա. Պ. Հ.ին կը միանան Ղազախիստանը, Հայաստանը, Ատրպէյճանը, Մոլտովան, Տաճիկիստանը, Թիւրքմէնիստանը, Իւզպէկիստանը եւ Խրխըզիստանը: Նախկին խորհրդային հանրապետութեանց ղեկավարները կը ստորագրեն Ա. Պ. Հ.ի հռչակագիրը: Նոյն օրը Ղազախիստանի մայրաքաղաքին մէջ Տէր Պետրոսեան-Մութալիպով հանդիպում մը տեղի կ’ունենայ:

Կորպաչովը 25 Դեկտեմբերին հրաժարական կու տայ Խ. Ս. Հ. Մ.ի նախագահի պաշտօնէն: Հինգ օր յետոյ Մինսքի մէջ կը հաւաքուին խորհրդային 11 հանրապետութեանց ղեկավարները` քննարկելու Ա. Պ. Հ.ի հեռանկարը: 1991ի վերջին օրը Խորհրդային Միութիւնը կը դադրեցնէ նաեւ տէ-եուրէ գոյութիւնը:

Ղարաբաղեան դիմակայութիւնը պատերազմական գործողութեանց փուլ կը մտնէր սահուն կերպով: 25-26 Դեկտեմբերին Լեռնային Ղարաբաղէն դուրս կը բերուի Խ. Ս. Հ. Մ.ի ներքին զօրքերու յատուկ նշանակութեան զօրաբաժինը: Ստեփանակերտի մէջ տեղակայուած խորհրդային բանակի 366րդ գունդի զրահամեքենաներն ու անձնակազմը դուրս կը բերուին աւելի ուշ` 1992ի վաղ գարնան:

Կային խորհրդային զինուորականներ, որոնք արդէն կը գիտակցէին, թէ զէնքի ոյժով հնարաւոր չէ հանգցնել ղարաբաղեան կրակը: Անոնցմէ Խ. Ս. Հ. Մ.ի ներքին զօրքերու հրամանատար Եուրի Շաթալինը, զոր ատրպէյճանցիները ժամանակին պատանդ վերցուցած էին Շուշիի մէջ, կը պահանջէր, որ ներքին զօրքերուն փոխարէն նախ քաղաքական գործիչները պէտք է լուծում գտնեն:

1991ի Սեպտեմբերին պատասխանելով զօրքերու` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ երկար մնալու վերաբերեալ հարցումի մը, Շաթալինը խորհուրդ կու տար. ՙԶանոնք պէտք է հոնկէ դուրս բերել. որքան շուտ, այնքան` լաւ: Իրարու հանդէպ թշնամաբար տրամադրուած կողմերը մեզ կը մեղադրեն կատարուողի համար: Մեր ներկայութիւնը Ղարաբաղի մէջ անիմաստ է: Զէնքի ոյժով կարելի է մարել լարուածութեան տեղակա’ն օճախը: Ազգամիջեան լուրջ հակամարտութիւնը քաղաքակա’ն լուծում կը պահանջէ՚:

Լեռնային Ղարաբաղը 10 Դեկտեմբերին անկախութեան հանրաքուէ կազմակերպեց, եւ անկախ պետութիւն ունենալու իր ձգտումներուն ՙայո’՚ ըսաւ` քուէներուն բացարձակ մեծամասնութեամբ:

Նախագահ Տէր Պետրոսեանը բացատրած է, թէ ինչո՞ւ Հայաստանը չի ճանչնար ինքնորոշման հանրաքուէով հռչակուած Լ. Ղ. Հ.ն. ՙՄենք կը փափաքինք ամէն ինչ ընել այս խնդիրը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ առճակատում դիտարկուելէ խուսափելու համար: Սխալ է ըսել, թէ Հայաստանը հողային պահանջներ ունի Ատրպէյճանէն: Ան ո’չ իսկ կրօնական կամ ազգամիջեան առճակատում է: Միակ իրական խնդիրը Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշման խնդիրն է: Մենք կը համաձայնինք որեւէ լուծման հետ, զոր Ղարաբաղի բնակչութիւնը կ’ընդունի՚:

Ատրպէյճանի մէջ պաշտօնապէս ընդունուած է, որ 1991ին երկրին մէջ կայացած է երկու հանրաքուէ: Ըստ Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովի կայքէջի տուալներուն` առաջին հանրաքուէն կայացեր է 17 Մարտին, երկրորդը` 29 Դեկտեմբերին: Եթէ Մարտի հանրաքուէի մասնակիցներուն աւելի քան 93 տոկոսը Խ. Ս. Հ. Մ.ի պահպանման կողմ արտայայտուած էր, ապա ընդամէնը իննը ամիս յետոյ աւելի քան 95 տոկոս մասնակցութեամբ եւ աւելի քան 99,5 տոկոս դրական պատասխանով կողմ էին Ատրպէյճանի անկախութեան: Ճիշդ է, քուէաթերթիկին մէջ անկախութեան վերաբերեալ ուղղակի հարց չէր տրուած: 18 Հոկտեմբերին Գերագոյն Խորհուրդն ընդունած էր ՙԱտրպէյճանի պետական անկախութեան սահմանադրական փաստաթուղթ (աքթ)՚ը, եւ ահա’ 29 Դեկտեմբերի հանրաքուէն ատոր համաժողովրդային հաւանութեան կը վերաբերէր:

Լուսանկարը՝ Պորիս Ելցին, Լեւոն Տէր Պետրոսեան, Նուրսուլթան Նազարպաեւ, Այազ Մութալիպով

Յ. Գ.

Այս գիրքը կը վաճառուի Երեւանի (Նոյյան Տապան, Բիւրոկրատ, Հայ գիրք, Մայր Աթոռի գրատուն, Արթբրիջ), Կիւմրիի, Ստեփանակերտի, Պէյրութի (Անթիլիաս, Համազգային, Շիրակ) գրախանութներին մէջ

Արևմտահայերեն-Արցախեան-օրագիր

Փափուկ կազմ, 555 էջ,
լեզուն՝ արեւմտահայերէն,
2010, Անթիլիաս,
ISBN 978-995301815-7:
Գինը՝ 7.000 դրամ ($14.00):