Ամուլսարի Փորձաքարը

934

Նամակ երկրէն

Եթէ Հայաստանի մէջ տնտեսական ոլորտ մը կայ, որ հայ աշխատաւորի քրտինքի շահագործման, ժողովուրդի եւ պետութեան հարստութեան կողոպուտի ու թալանի, մի քանի մարդոց հարստացման ու հայրենիքի բնութեան քայքայման լաւագոյն օրինակ կրնայ հանդիսանալ, ապա այդ ոլորտը անպատասխանատու հանքարդիւնաբերութիւնն է…

Անոնք, որոնք անպատասխանատու հանքարդիւնաբերութեան մէջ են, ուրեմն հայ աշխատաւորի եւ հզօր պետականութեան թշնամիներն են։

Որովհետեւ պաշտպանուած եւ իրաւատէր աշխատաւորն է հայ պետականութեան ամուր սիւնը։

Որովհետեւ Հայաստանի ընդերքի հարստութիւնը կը պատկանի նախ եւ առաջ հայ ժողովուրդին եւ ոչ թէ դուրսէն եկած ու ներսի հարստահարողներու հետ դաշնակցած մի քանի «ներդրողներու»…

Ամուլսարը ժողովուրդի կամքով եւ համաժողովրդային յեղափոխութեամբ իշխանութեան հասած մեր նոր ղեկավարներու ամենամեծ փորձաքարն է։

Որովհետեւ սա իրական խնդիր է։ Նախկին իշխանաւորներու եւ անոնց լծակիցներու ստեղծած կեղծ խնդիրը չէ, «ֆէյք նիուզ»ը չէ, «Արցախը ծախեցին» յիմարաբանութիւնը չէ։ Ամուլսարը նախկիններու եւ իրենց լծակիցներու հակապետական գործունէութեան ամենավառ օրինակն է, անոնց ամենաախտաւոր ժառանգութիւնը։

Ամուլսարէն ձերբազատուիլ կը նշանակէ ձերբազատուիլ, վերջապէս, նախկիններու հակաազգային եւ հակապետական գործունէութեան ոճէն ու տրամաբանութենէն։

Ահա թէ ինչու Ո՛Չ պէտք է ըսել Ամուլսարի հանքարդիւնաբերութեան, անկախ անկէ, թէ ի՛նչ կ՚ըսեն դուրսէն եկած եւ տնտեսագիտութեան ու նոյնիսկ հայրենասիրութեան դասեր տուող, հայ ժողովուրդի քրտինքը վատնող՝ շահագործող ցեցերը…

Րաֆֆի Տուտագլեան

Գրեցէ՛ք ինծի։
rafdoud@aol.com