Հայրենադարձութիւն, Ակտիւիզմ եւ Պետական Ծառայութիւն

608

Նամակ երկրէն

1990-ին, աշնանային Հոկտեմբերի վերջերուն, երբ դեռ Հայաստան Խորհրդային Միութեան մաս կը կազմէր, երբ յայտնի չէր երկրի ապագան, երբ Հայաստանի անկախութեան մասին խօսիլը շատերու համար վտանգաւոր արկածախնդրութիւն կը համարուէր, երբ Արցախի Ազատագրական պայքարը թէժ փուլ մը կը մտնէր, երբ դեռ չկար Հայաստանի քաղաքացիութեան օրէնք, 8 տարեկան Սարհատ Պետրոսյանը իր եղբոր, երկու քոյրերուն, բժիշկ հայրիկին ու լրագրող մայրիկին հետ մնաք բարով կ’ըսէր Իրանի իր հարազատներուն եւ ընկերներուն, ու կու գար Հայաստան:

8 տարեկան Սարհատին համար այդ տարիներուն հաւանաբար անհասկնալի էր, թէ ինչու՞ հայրիկն ու մայրիկը պիտի թողէին Թեհրանի իրենց 6 սենեականոց ընդարձակ բակով տունը, եւ Հայաստան տեղափոխուելով, ամիսներ շարունակ պիտի ապրէին Երեւանի արուարձաններէն բաձրայարկ շէնքի մը 9րդ յարկի երկու սենեականոց բնակարանի մը մէջ: Բնակարանի փոքր ըլլալը չէր բաւեր, շէնքի վերելակն ալ փճացած էր, անգործածելի էր, եւ օրը քանի մը անգամ Սարհատն ու ընտանիքի անդամները, հարեւաններուն եւ բազմաթիւ այլ հայրենակիցներու նման, պէտք է աստիճանները վեր-վար ընէին, իրենց հայաստանեան նոր կեանքին վարժուելու իբրեւ առաջին նախաքայլ… Բարի գալուստ 90-ականներու Հայաստան…

Սարհատը, սակայն, այդ օրերու դժուարութիւններուն մասին հաճոյքով կը յիշէ այսօր: Կը յիշէ դպրոցը, նոր ընկերները, 90-ականներու մութ ու ցուրտ տարիները, կը յիշէ բազմաթիւ դրուագներ, բայց չի յիշեր, թէ այդ օրերուն մտածա՞ծ էր արդեօք, որ տարիներ յետոյ ան պիտի դառնար ոչ միայն Հայաստանի պատմամշակութային ժառանութեան համար պայքարող ամենայայտնի ճարտարապետ ակտիւիստներէն մէկը, այլեւ՝ պիտի դառնար Նոր Հայաստանի կարեւորագոյն պաշտօններէն մէկը զբաղեցնող սակաւաթիւ հայրենադարձներէն մին: Այսօր Սարհատ արդէն մէկ տարի ի վեր կը ղեկավարէ Հայաստանի Կատասդրի կոմիտէն:

Դպրոցը աւարտելէ ետք, Սարհատ ուսումը կը շարունակէ Երեւանի ճարտարապետութեան եւ շինարարութեան պետական համալսարանին մէջ ու կը ստանայ Մագիստրոսի տիտղոս եւ 2006-ին կը ստանայ ճարտարապետութեան գիտական թեկնածուի աստիճան: Իր ուսումնասիրութեան թեման Շուշիի ճարտարապետութիւնն էր՝ «Շուշիի քաղաքաշինութեան զարգացման եւ վերականգնումի (ռեաբիլիտացիա) խնդիրները»: 2011-ին կը հետեւի վերապատրաստումի դասընթացքներու Քանզասի Համալսարանի ճարտարապետութեան բաժանմունքին, իսկ 2015-ին Ժընեւի համալսարանի UNESCO-ի Մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան միջազգային իրաւունքի ամբիոնին մէջ:

Պատահական չէր մշակութային ժառանգութեան միջազգային իրաւունքի մասին Սարհատի հետաքրքրութիւնը: Ան փոքր տարիքէն ու մանաւանդ ճարտարապետ ուսանելու տարիներուն տեսած էր թէ ինչպէս իր աչքին առջեւ վայրագաբար կը քանդուի Հայաստանի պատմամշակութային ժառանգութիւնը՝ ընդհանրապէս, ու Երեւանինը՝ մասնաւորաբար: Իբրեւ մասնագէտ, որ լաւապէս ծանօթ էր Հայաստանի հին յուշարձաններուն, պատմամշակութային կոթողներուն ու մօտիկ ու հեռաւոր անցեալի հայկական ճարտարապետական ժառանգութեան տխուր վիճակին, չէր կրնար անտարբեր մնալ մշակութային այս սպանդը տեսնելով: Ամէն օր ականատես կ’ըլլար Երեւանի ճարտարապետական դիմագիծի աղաւաղումին եւ իբրեւ մասնագէտ պարզապէս չէր կրնար լռել ու անցնիլ՝ յանուն բիզնէսի կամ յայտնի ու անյայտ շահադիտական հաշիւներու:

Եւ այսպէս, 2000-ականներու սկիզբը, Սարհատի եւ ընկերներուն նախաձեռնութեամբ կը սկսի պայքար՝ յանուն պատմամշակութային ժառանգութեան ու Երեւանի ճարտարապետական դիմագիծի պահպանման: 2003-ին կը պայքարին Օփերայի տարածքի բետոնապատ սրճարաններու կառուցման դէմ, յետոյ՝ Երեւանի Սեւան հիւրանոցի քանդումին դէմ… չեն յաջողիր կանգնեցնելու այս բարբարոսական շինարարութիւններն ու քանդումները, բայց նաեւ կանգ չեն առներ ու աւելի կը սաստկացնեն պայքարը: Ու մեծ դժուարութիւններով կը յաջողին արգիլել Երեւանի կառավարութեան շէնքին վրայ գմբեթի կառուցման գաղափարներու իրականացումը, կը կանգեցնեն այսօրուան «Ալեքսանտր» հիւրանոցի հին մասնաշէնքի եւ Աբովեան փողոցի Ամառային դահլիճի քանդումը… 

Միաժամանակ, ակտիւիզմի կողքին, հակառակ իր երիտասարդ տարիքին, Սարհատ կ’ունենայ նաեւ ստեղծագործական բեղուն տարիներ. կը հիմնէ urbanlab (urbanlab.am) քաղաքային հետազօտութեան անկախ կազմակերպութիւնը, 2004-2017 կը դասաւանդէ ճարտարապետական համալսարանին մէջ, իբրեւ տնօրէն երեք տարի եւ աւելի կը ղեկավար «Պօղոսեան պարտէզներ» (Սիրահարներու այգի) կազմակերպութիւնը, իբրեւ փորձագէտ կ’աշխատի միջազգային եւ տեղական ճարտարապետական տարբեր ծրագիրներուն մէջ, ներառեալ՝ պետական գերատեսչութիւններ, ԵԱՀԿ, Գէթթի հիմնադրամ, եւայլն: Հակառակ երիտասարդ տարիքին, Սարհատ ցարդ մասնակցած է աւելի 40 գիտաժողովներու եւ 18 հրատարակութիւններու համահեղինակ է…

Յեղափոխութեան օրերուն, իր ընկերներուն հետ Սարհատ եւս փողոց կ’իջնէ ու կը պայքարի յանուն ժողովրդավար եւ արդար, յանուն Նոր Հայաստանի: Տունը նստիլը եւ դէպքերու աւարտին սպասելը իր տեսակ մարդու համար աներեւակայելի էր, մանաւանդ երբ անցեալի փորձը ցոյց տուած էր, որ արդար ու ճիշդ, յարատեւ պայքարը անպայմանօրէն յաջողութիւն կ’ունենայ: Յեղափոխութենէն քանի մը ամիս ետք, վարչապետ Փաշինեան կը հանդիպի Սարհատին եւ կ’առաջարկէ ստանձնել Կադաստրի ղեկավարի պաշտօնը: Օգոստոս 9-ին, պայծառ ու տաք առաւօտ մը, եւ ի զարմանս շատ շատերու բայց մանաւանդ՝ Կադաստրի աշխատակիցներուն, առանց ծառայողական մեքենայի, առանց թիկնապահներու, առանց խոժոռ դէմքի ու ձեւառութիւններու, առանց փայլուն եւրոպական հագուստներու, Կադաստրի շէնք կը մտնէ նոր ղեկավարը՝ Սարհատ Պետրոսեանը: Այս օրերուն, իր նշանակումէն տարի մը ետք, ան արդէն ճանչցուած է իբրեւ բարեկարգիչ ղեկավար, իսկ անոնք որոնք անցեալին գործ ունեցած են Կադաստրի հետ, գիտեն, թէ թալանի ի՜նչ ահաւոր գրասնեակ մըն էր այդ վայրը… Իսկ այսօր Կադաստրը քայլ առ քայլ կը դառնայ ապագայ Հայաստանի օինակելի կառոյցներէն մէկը՝ թուայնացուած, թափանցիկ, դիւրամատչելի…

Սարհատի հետ ընկերական հանդիպումի մը ընթացքին հարց տուի, թէ կը պատկերացնէ՞ր, որ իբրեւ հայրենադարձի զաւակ, պիտի դառնար Հայաստանի Հանրապետութեան ամենակարեւոր պաշտօնեաներէն մէկը: Ան պահ մը լուռ մնաց ու պատասխանեց. «Անկեղծօրէն չէի բացառում պետական ծառայութիւնը, բայց չէի պատկերացնում այսքան շուտ եւ այսքան կարեւոր պաշտօն: Մենք փոփոխութիւն էինք ուզում, ուրեմն հիմա պիտի կատարե՛նք մեր ուզածը: Ոնց որ ասում են՝ եթէ փոփոխութիւն ես ուզում, սկսիր քո՛ սեփական օրինակով…»

Բայց շատ են խնդիրները, իր պատկերացուցածէն շա՜տ աւելի: Սարհատ չէր պատկերացնէր, որ մարդիկ այս տարողութեամբ վնասներ պատճառած են մեր հայրենիքին: Իսկ հիմա, անցեալէն բազմաթիւ խնդիրներ ժառանգած քաղաքացիներ Կադաստրի գրասենեակներ կու գան եւ իրենց խնդիրներուն շտապ լուծում կ’ակնկալեն, յիշեցնելով, որ իրենք եւս մասնակցած են յեղափոխութեան, ուրեմն հիմա պէտք է շուտով լուծում տրուի իրենց բարդ խնդիրներուն: Հարց տուի, թէ ինչպէ՞ս այդ բոլոր խնդիրները կը դիմագրաւեն, ինչպէ՞ս կրնան բոլորին լուծում տալ ու արագ կերպով բոլոր հարցերուն պատասխանել…

«Մենք հիմա աշխատում ենք թէ՛ ինստիտուցիոնալ փոփոխութիւնների, թէ ամէնօրեայ խնդիրների լուծման վրայ: Ինստիտուցիոնալ փոփոխութիւններով կը կարողաղնանք արդէն լուծել շատ բարդ եւ կուտակուած բազմաթիւ խնդիրներ, էդ առումով՝ գիտենք ուր ենք գնում: Բարդ է զբաղուել, սակայն, արագ լուծում սպասող մարդկանց խճճուած խնդիրներով, եւ դա էլ ենք անում: Պաշտօնը ստանձնելուց յետոյ 12 քիլօ նիհարել եմ: Մի երկու տարում բոլորի խնդիրները լուծուած կը լինի, ու կ’ունենանք 21 դարու Կադաստրի կոմիտէ: Գոնէ մի քիչ էլ կը նիհարեմ, ու յետոյ կը գնամ իմ անձնական աշխատանքին», կատակով ըսաւ Սարհատ…

Րաֆֆի Տուտագլեան

Գրեցէք ինծի:
rafdoud@aol.com