Արամ Ա. Կաթողիկոսին Այցելեցին ՌԱԿ Գերագոյն Խորհուրդի Անդամները

877

Երկուշաբթի, 5 Յուլիս 2019-ին, Պիքֆայաի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ, հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Վեհափառ Հայրապետին եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Գերագոյն Խորհուրդի ներկայացուցիչներուն միջեւ: Գերագոյն խորհուրդի կազմէն ներկայ էին՝ Երուանդ Ազատեան, Յակոբ Վարդիվառեան, Դոկտ. Հրաչ Գույումճեան եւ Արտաւազդ Մելքիսեդեկեան:

Շուրջ երկու ժամ տեւող հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ արծարծելու Հայաստանը, Սփիւռքը եւ ընդհանրապէս մեր ազգը յուզող ներկայ հարցերն ու տագնապները մասին:

Երուանդ Ազատեան եւ Յակոբ Վարդիվառեան նաեւ իրենց մասնակցութիւնը բերին Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս, Նորին Սրբութեան նախաձեռնութեամբ ու նախագահութեամբ տեղի ունեցած հայ մամուլի համահայկական համագումարին: