Գարեգին Ամենայն Կաթողիկոսի Կեանքն Ու Գործը․ Վախճանման 20-ամեակին առիթով

1350

Երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոս իր 18 յունիս 1995 թուակիր անդրանիկ կոնդակին մէջ կը գրէ. «Մենք չենք գիտեր, չենք կրնար գիտնալ` ո՞ւր կ՛երթանք որպէս վերածնեալ մարդ: Դա Աստուծոյ գործն է: Մերինը` ընդառաջման պարտքն է: Բայց քաջ գիտենք, որ Աստուծոյ գիտցածը եւ ըրածը մեր բարիքն է միայն, թէ՛ անհատական եւ թէ՛ հաւաքական մեր գոյութեան բարօրութիւնը, որ երկնքի արքայութիւնն է «ի ներքս ի մեզ», գերագոյն եւ անգերազանցելի երջանկութեան սկզբնաղբիւրը»:

Գարեգին Ա. վեհափառը իր ամբողջ կեանքը ապրեցաւ այդ «ընդառաջման պարտք»-ի խոր գիտակցութեամբ եւ ծառայեց Աստուծոյ` ամենայն հաւատարմութեամբ: Ան կեանքին ու մահուան նայեցաւ հաւատքով, յոյսով եւ սիրով, իր կեանքի օրինակը աւանդ ձգելով համայն մարդկութեան, յատկապէս` Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին:

Երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոս, աւազանի անունով` Նշան Սարգիսեան, անդրանիկ զաւակն է Յակոբ եւ Ովսաննա Սարգիսեաններուն, ծնած` Քեսապ (Սուրիա), 27 օգոստոս 1932-ին: Աւարտելէ ետք իր ծննդավայրի Ազգային ուսումնասիրաց միացեալ վարժարանի նախակրթարանը, պատանի Նշանը կ՛որոշէ արհեստի հետեւիլ` կարենալ նիւթապէս օգնելու համար տնտեսական դժուարին կացութեան մատնուած իր ընտանիքին: Այդ մասին «Խորհէ եւ մտիր» անունով լոյս տեսած իր գրքին մէջ կը կարդանք.

«Տասնչորս տարեկան պատանի մըն էի` մեր գիւղին Ուսումնասիրաց միացեալ վարժարանի նախակրթարանը աւարտած ու միջնակարգի ալ առաջին տարին բոլորած: Դպրոցին մէջ շատ լաւ էի, դասերուն մէջ յաջող, ուսուցիչներէն սիրուած: Բայց… որոշեր էի վերջնականօրէն թողուլ դպրոցը եւ արհեստի հետեւիլ: Արդէն իսկ վերջին երկու ամառները, շուրջ երեք ամիսներու արձակուրդի մեծ մասը անցուցեր էի գիւղի վարպետ դերձակին` գիւղացիներէն «Պապայիկիտ» անուամբ վերամկրտուած Սերոբ Այանեանի խանութը` այսպէս դպրոցին փայլուն աշակերտութիւնս վերածելով արհեստային աշկերտութեան…»:

Հակառակ իր հօր կամքին եւ պնդումներուն` տասնչորսամեայ պատանին կը մերժէ իր ուսումը շարունակել գիւղի միջնակարգ վարժարանին մէջ: Սակայն վերջապէս իրենց ծխատէր քահանային` տէր Մովսէսի միջամտութեամբ եւ առաջարկով կը համաձայնի թողուլ հայրենի գիւղը եւ հոկտեմբեր 1946-ին մտնել Անթիլիասի դպրեվանքը: Դպրեվանքի ժառանգաւորաց քառամեայ շրջանը յաջողութեամբ աւարտելէ ետք, սարկաւագ կը ձեռնադրուի 29 մայիս 1949-ին: Յունիս 1952-ին բարձրագոյն գնահատականներով կ՛աւարտէ նաեւ դպրեվանքի ընծայարանի ուսումնական եռամեայ շրջանը:

Կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուի 28 սեպտեմբեր 1952-ին` վերակոչուելով Գարեգին աբեղայ, ի յիշատակ նորոգ վախճանեալ Գարեգին Ա. Յովսէփեան կաթողիկոսի: Նոյն տարին դպրեվանքին մէջ կը սկսի պաշտօնավարել որպէս ուսուցիչ ու հսկիչ, մաս կը կազմէ կաթողիկոսարանի «ՀԱՍԿ» պաշտօնաթերթի խմբագրութեան եւ որպէս այցելու ուսուցիչ` կը դասաւանդէ ՀԲԸՄ-ի Պէյրութի Դարուհի Յակոբեան երկրորդական վարժարանին մէջ: Այդ բոլոր պաշտօններու կողքին, կը ձեռնարկէ նաեւ իր վարդապետական աւարտաճառի պատրաստութեան` որպէս նիւթ ունենալով «Հայաստանեայց եկեղեցւոյ աստուածաբանութիւնը ըստ հայ շարականներուն»: Վարդապետական աստիճան կը ստանայ 5 յունիս 1955-ին: 1956-ին կը նշանակուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի տեսուչ:

Սեպտեմբեր 1957-ին Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի կրթաթոշակով Գարեգին վարդապետ կը մեկնի Անգլիա` Օքսֆորտ համալսարանին մէջ հետեւելու համար աստուածաբանական բարձրագոյն ուսմանց: Երկու տարուան ուսումնական եւ ուսումնասիրական աշխատանքներու որպէս արդիւնք` յաջողութեամբ կ՛աւարտէ ու կը պաշտպանէ անգլերէն իր աւարտաճառը` «Քաղկեդոնի ժողովը եւ Հայ եկեղեցին» խորագրի տակ եւ կ՛արժանանայ B. Litt-OXON համալսարանական տիտղոսին: Իր աւարտաճառը առաջին անգամ կը հրատարակուի 1965-ին, Լոնտոնի Տ. P. C. K. հրատարակչատան կողմէ եւ կ՛արժանանայ կարեւոր գրախօսականներու «Journal of Theological Studies», «The Times Literary Supplement», «Church Times» եւ եւրոպական կարգ մը այլ հանդէսներու մէջ: Այդ գիրքը կը վերահրատարակուի 1976-ին, 1982-ին եւ 2006-ին` յաջորդաբար Նիւ Եորքի, Պէյրութի եւ Քանատայի մէջ:

Օքսֆորտէն Անթիլիաս վերադարձին, յունուար 1960-ին, Գարեգին վարդապետ կը վերստանձնէ տեսուչի պաշտօնը դպրեվանքէն ներս եւ յաջորդող ութ տարիներու ընթացքին, իր գործունեայ, նախանձախնդիր եւ հետեւողական աշխատանքին շնորհիւ, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան շարքերը կը խտանան շուրջ երկու տասնեակ երիտասարդ եւ ուսեալ միաբաններու նոր փաղանգով մը: Դպրեվանքէն ներս ան ոչ միայն կը դասաւանդէ, այլ նաեւ կը պատրաստէ տեսական աստուածաբանութեան, հովուական աստուածաբանութեան, քրիստոնէական բարոյագիտութեան, ընդհանուր եկեղեցւոյ պատմութեան եւ Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան բազմագրուած դասագիրքերու շարք մը, որոնք երկար տարիներ որպէս դասագիրք կը գործածուին դպրեվանքէն ներս: Նոյն տարիներուն, որպէս այցելու դասախօս, ան կը դասաւանդէ նաեւ հայ մատենագրութիւն, հայ մշակոյթի պատմութիւն եւ աստուածաբանութիւն Պէյրութի Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանին, Beirut College for Women-ի (այժմ Beirut University College) եւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին (AUB) մէջ:

Լիբանանահայ մշակութային կեանքէն ներս եւս Գարեգին վարդապետ գործօն մասնակցութիւն կը բերէ հրապարակային դասախօսութիւններով եւ մամուլին մէջ լոյս տեսած իր բազմաթիւ յօդուածներով: 1963-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանիին ներքեւ կը հիմնէ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութիւնր (ՀԵՀՈՄ), որ աւելի քան քառասունհինգ տարիներէ ի վեր իր շուրջ կը համախմբէ կարեւոր թիւով համալսարանական հայ ուսանողներ: Առ ի գնահատութիւն իր նուիրեալ եւ բազմարդիւն ծառայութեանց` 16 յունիս 1963-ին կը ստանայ ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճան: Եպիսկոպոս կը ձեռնադրուի 19 յունուար 1964-ին:

Եկեղեցական շարժումը կարեւոր տեղ է գրաւած իր կեանքին ու գործունէութեան մէջ: 1955 թուականէն սկսեալ անդամակցած է միջեկեղեցական կազմակերպութիւններու եւ կառոյցներու ու կանոնաւոր կերպով մասնակցած միջեկեղեցական համաժողովներու: Իր ջանքերով եւ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի տնօրինումով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, օգոստոս 1962-ին, անդամ դարձած է Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին (ԵՀԽ): Երկար տարիներ ինք պատասխանատու պաշտօններ  վարած է ԵՀԽ-ի զանազան յանձնախումբերու մէջ: Մասնակցած է ԵՀԽ-ի յաջորդական հետեւեալ ընդհանուր համագումարներուն` Նիւ Տելհի (Հնդկաստան)` 1961-ին, Ուփսալա (Շուէտ)` 1968-ին, Նայրոպի (Քենիա)` 1975-ին եւ Վանքուվըր (Քանատա)` 1983-ին: Ուփսալայի համագումարին ան ընտրուած է ԵՀԽ-ի կեդրոնական եւ գործադիր յանձնախումբերու անդամ, իսկ Նայրոպիի համագումարին ընտրուած է ԵՀԽ-ի փոխատենապետ, 1975-1983 շրջանին համար:

Որպէս դիտորդ` մասնակցած է Վատիկանի երկրորդ ժողովի երեք յաջորդական նիստերուն, 1963-65, եւ Անկլիքան եկեղեցւոյ Լամպեթի համաժողովին, 1968-ին: Եղած է նաեւ հիմնադիր անդամ եւ նախագահ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին: Ան նաեւ կարեւոր դեր կատարած է 1965-ին Ատիս Ապեպայի (Եթովպիա) մէջ Արեւելեան ուղղափառ դաւանակից քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր պետերու համագումարի կազմակերպման մէջ: Միջեկեղեցական շարժումին նկատմամբ իր ունեցած գաղափարները եւ նուիրումը լաւագոյն կերպով արտայայտուած են իր անգլերէն լեզուով գրած աւելի քան երկու տասնեակ յօդուածներուն, զեկոյցներուն եւ պատգամներուն մէջ, որոնք նախ մեծաւ մասամբ լոյս են տեսած Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի զանազան հրատարակութեան մէջ եւ 2004-ին, Building Bridges ընդհանուր խորագրին տակ, առանձին հատորով լոյս տեսած` իր անունով հաստատուած աստուածաբանական եւ հայագիտական մատենաշարին մէջ: Իր համոզումով, «Ամէն մարդ, որ էքիւմենիզմով կը զբաղի, իր գլխաւոր պարտականութիւնը պէտք է նկատէ կամուրջներ հաստատել այդ շարժումին մաս կազմող եկեղեցիներուն, աւանդութիւններուն եւ մշակոյթներուն միջեւ»:

24 փետրուար 1971-ին Գարեգին եպիսկոպոս կ՛ընտրուի առաջնորդ Իրանա-Հնդկաստանի դարաւոր թեմին եւ կը մեկնի Իրան` Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկիչ վանքին մէջ ստանձնելու համար իր առաջնորդական պաշտօնը: Նոր Ջուղայի մէջ իր յարաբերաբար կարճ պաշտօնավարութեան ընթացքին, մինչեւ յուլիս 1973, կը վերածաղկի աւելի քան երեք հարիւր տարի անշքութեան մատնուած թեմի հոգեւոր, մշակութային, ընկերային եւ ազգային կեանքր: Իր նախաձեռնութեամբ եւ ճիգերով Ս. Ամենափրկիչ վանքին թանգարանն ու մատենադարանը մասնագիտական դասաւորումի կ՛ենթարկուին, վանքին շուրջ չորս հարիւր տարիներու արխիւներու հարուստ հաւաքածոյին դասաւորումի եւ ցուցակագրումի աշխատանքը կը սկսի, 1636 թուականին հաստատուած տպարանը կ՛օժտուի արդիական մամուլով, Ս. Ամենափրկիչ վանքի ցուցակ ձեռագրացը լոյս կը տեսնէ երկու հատորներով, ինչպէս նաեւ հայ արուեստի անզուգական մասնագէտ Սիրարփի Տէր Ներսիսեանի, հնագէտ Արփակ Մխիթարեանի եւ իր աշխատակցութեամբ կը հրատարակուի Նոր Ջուղայի հայկական մանրանկարչութեան կոթողական հատորը: Տասնեակ հազարաւոր տպաքանակով լոյս կը տեսնեն Նոր Ջուղայի մշակութային գանձերը ներկայացնող գունաւոր card-postal-ներ, որոնք կը տարածուին Միջին Արեւելքէն մինչեւ Եւրոպա եւ Ամերիկա` համատարած հետաքրքրութիւն ստեղծելով Նոր Ջուղայի պատմութեան եւ մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ:

Հակառակ Նոր Ջուղայի մէջ տիրող աւանդական եւ խիստ պահպանողական մտայնութեան` կը յաջողի ստեղծել Հայ երիտասարդաց կեդրոնատեղին, ի մի համախմբելով հարիւրաւոր երիտասարդներ մարզամշակութային կազմակերպութեան մը հովանիին ներքեւ, որ այսօր իր գոյութիւնը կը շարունակէ իրանահայ «Արարատ» մարզամշակութային կազմակերպութեան որպէս շրջանային մասնաճիւղ: Ընկերային ծիրէն ներս, «Վարդան Ճինիշեան յիշատակի ֆոնտ»-ի աջակցութեամբ կը կազմակերպէ Փերիոյ գաւառէն Նոր Ջուղա տեղափոխուած կարիքաւոր հայ ընտանիքներու, որբերու եւ միայնակ տարեցներու օժանդակութեան ծրագիրը: Ս. Ամենափրկիչ վանքէն ներս կը կազմակերպէ նաեւ հայ ուսուցիչներու պատրաստութեան հայագիտական դասընթացքներ, դասախօսութիւններ, համագումարներ եւ հայ միջնակարգ դպրոցներու աշակերտութեան համար` կիրակնօրեայ կրօնական-եկեղեցագիտական յատուկ դասընթացքներ: 26 ապրիլ 1973-ին, Նոր Ջուղայի մէջ, Խորէն Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս, Իրանի հայոց երեք թեմերուն տուած իր հովուապետական այցելութեան ընթացքին, անոր կը շնորհէ արքեպիսկոպոսութեան տիտղոս:

21 յունիս 1973-ին Գարեգին արքեպիսկոպոս կը նշանակուի հայրապետական պատուիրակ` Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմին եւ յաջորդ սեպտեմբերին Նիւ Եորք կը ժամանէ ստանձնելու համար իր պաշտօնը: 24 մայիս 1974-ին առաջնորդ կ՛ընտրուի միաձայնութեամբ: Իր իմաստուն ղեկավարութեամբ եւ յարատեւ աշխատանքով զարկ կու տայ թեմի ազգային- եկեղեցական, կրթական-մշակութային կեանքի զարգացման, յատկապէս` քաջալերելով երիտասարդութեան գործօն մասնակցութիւնը այդ մարզէն ներս: Նիւ Եորքի առաջնորդարանէն ներս կը հաստատէ «Ս. Ներսէս Շնորհալի» գրադարանը, Ազգային ուսումնական խորհուրդի գրասենեակը, կը կատարէ շարք մը հրատարակութիւններ եւ կ՛իրագործէ մշակութային ու ընկերային կարեւոր ծրագիրներ: Իր ղեկավարութեամբ, ապրիլ 1975-ին, Նիւ Եորքի Madison Square Garden կեդրոնին մէջ աննախընթաց տարողութեամբ եւ շուքով կը նշուի Հայոց ցեղասպանութեան վաթսունամեակը: Ամերիկայի Արեւելեան թեմի իր առաջնորդութեան շրջանին կը ծագի Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը` մահ ու աւեր սփռելով Լիբանանի բոլոր շրջաններէն ներս: 1976-ի աշնան Պէյրութի հայաբնակ թաղամասերը եւս կ՛ենթարկուին ահաւոր ռմբակոծումներու եւ թաղային կռիւներու` պատճառելով մարդկային եւ նիւթական ծանր կորուստներ: Հոկտեմբեր 1976-ին Գարեգին արքեպիսկոպոս կը մեկնի Լիբանան` յանուն ամերիկահայութեան զօրակցութիւն յայտնելու Լիբանանի հայութեան եւ մօտէն տեսնելու ու գնահատելու համար ստեղծուած կացութիւնը: Լիբանանէն իր վերադարձին, «Յանուն մէկ ազգի, ի սէր մէկ ապագայի…» խորագրին տակ, առանձին գրքոյկով կը հրատարակէ հայերէն եւ անգլերէն ընդարձակ զեկոյց մը եւ Ամերիկայի հայ եկեղեցական, ազգային ու բարեսիրական կարգ մը կազմակերպութիւններու մասնակցութեամբ կը ստեղծէ Լիբանանահայութեան օժանդակութեան ազգային գործադիր մարմինը` հանգանակութիւններ կազմակերպելու համար Ամերիկայի ամբողջ տարածքին: Յաջորդող հինգ ամիսներու ընթացքին աւելի քան եօթը հարիւր հազար տոլար կը հանգանակուի լիբանանահայութեան օժանդակութեան կենսական գործին համար:

22 մայիս 1977-ին Գարեգին արքեպիսկոպոս կ՛ընտրուի աթոռակից կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ եւ կաթողիկոսական իր օծումը կը ստանայ ձեռամբ Խորէն Ա. կաթողիկոսին, 29 մայիս 1977-ին: Իր գահակալութեան առաջին վեց տարիները, որպէս աթոռակից կաթողիկոս, կը բաժնէ Խորէն Ա. կաթողիկոսին հետ, իսկ անոր վախճանումէն ետք, փետրուար 1983-էն սկսեալ կը շարունակէ իր գահակալութիւնը` որպէս կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ:

Տասնութ տարիներու իր գահակալութիւնր (1977-1995) Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան համար շարունակական վերելքի եւ նորանոր իրագործումներու շրջան մը կը հանդիսանայ, յատկապէս` կրօնական, ազգային, կրթական, մշակութային եւ շինարարական մարզերէն ներս:

Կաթողիկոս իր ընտրութենէն անմիջապէս ետք, 1977-ին յատուկ ուշադրութեան առարկայ կը դարձնէ դպրեվանքը, որ առաջին հերթին Անթիլիասէն Պիքֆայա կը փոխադրուի, ուր եւ շուտով կը կառուցուի ընդարձակ եւ արդիական յարմարութիւններով օժտուած դպրեվանքի նոր շէնքը: Տասնութը տարիներ շարունակ, ամէն չորեքշաբթի, վեհափառը իր ամբողջ օրը կ՛անցընէ դպրեվանքէն ներս` դասաւանդելով Հայ եկեղեցւոյ պատմութիւն եւ հովուական աստուածաբանութիւն, միաժամանակ մօտէն հետեւելով դպրեվանքի կրթական ծրագրին եւ առօրեայ կեանքին: Իր գահակալութեան առաջին տարիներուն կաթողիկոսարանէն ներս կը հաստատուի նաեւ Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքը` օժանդակելու համար քրիստոնէական առողջ դաստիարակութեան աշխատանքին ոչ միայն Լիբանանի, այլ նաեւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերէն ներս: Իր ջանքերով կաթողիկոսարանէն ներս կը հաստատուի նաեւ «Խաչեր Գալուստեան» մանկավարժական կեդրոնը, լիբանանահայ ուսուցիչներու պատրաստութեան համար:

Մշակութային մարզէն ներս մեծ զարկ կը ստանայ հրատարակչական աշխատանքը: Կաթողիկոսարանի տպարանը կ՛օժտուի արդիական սարքաւորումներով, հրատարակչական մնայուն ֆոնտեր կը հաստատուին կաթողիկոսարանի հովանիին ներքեւ եւ ամէն տարի, Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով, կաթողիկոսարանի շրջափակին մէջ կը կազմակերպուին հայ գիրքի երկօրեայ ցուցահանդէսներ` Լիբանանի հայկական բոլոր հրատարակչատուներու մասնակցութեամբ: Իր գահակալութեան շրջանին միայն Անթիլիասի կաթողիկոսարանի տպարանէն լոյս կը տեսնեն աւելի քան 350 հայերէն հատորներ: Իր հովանաւորութեամբ եւ ապահոված նիւթական միջոցներով անհատ հեղինակներու բազմաթիւ գործեր եւս լոյս կը տեսնեն Լիբանանի հայկական այլ տպարաններէ:

Շինարարական մարզէն ներս, Պիքֆայայի դպրեվանքին նոր եւ արդիական շէնքի կառուցումէն ետք, զանազան ծրագիրներ կ՛իրագործուին նաեւ Անթիլիասի մայրավանքէն ներս: Յատկապէս կը վերանորոգուի եւ ճարտարապետական կարեւոր բարեփոխումներու կ՛ենթարկուի ապրիլեան Նահատակաց յուշարձան-մատուռը, որ կը դառնայ գեղակերտ կառոյց մը հայկական ճարտարապետութեան: Անթիլիասի մէջ իր գահակալութեան վերջին տարիներուն Գարեգին վեհափառ կը ձեռնարկէ կաթողիկոսարանի թանգարան-մատենադարան շէնքի շինութեան, որ իր պատկերացումով «լոյսի նոր օճախ» մը պիտի դառնար Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հոգեւոր կեդրոնին մէջ: Շէնքին շինութիւնը գրեթէ իր աւարտին կը հասնի, սակայն անոր պաշտօնական բացումը կը վիճակուի Կիլիկեան աթոռի վրայ իր յաջորդին` Արամ Ա. կաթողիկոսին: Գարեգինվեհափառ առաջնորդող դեր կը կատարէ նաեւ Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ եւ յուշարձան-համալիրի կառուցման մէջ, որուն օծումը կը կատարէ 5 մայիս 1991-ին:

Գարեգին Բ. կաթողիկոս, որուն գահակալութեան առաջին շրջանը կը զուգադիպի լիբանանեան պատերազմի դժուարին տարիներուն, որպէս քաջ հովուապետ` իր մնայուն հոգածութեան առարկան կը դարձնէ լիբանանահայութիւնը, յաճախակի քարոզներով, հրապարակային ելոյթներով եւ գրաւոր պատգամներով կը քաջալերէ ժողովուրդը` չյուսալքուիլ երբեք, բարոյական եւ նիւթական իր բոլոր միջոցներով զօրավիգ հանդիսանալով անոր: Պատերազմի ամենածանր օրերուն իսկ անխափան կերպով կը շարունակէ իրականացնել եկեղեցական, ազգային եւ մշակութային բազմամարդ արարողութիւններ, հանդիսութիւններ եւ ձեռնարկներ` միշտ վառ պահելու համար ժողովուրդին յոյսը, հետեւողական հոգածութեան եւ հետաքրքրութեան առարկայ կը դարձնէ երիտասարդութեան առողջ կազմաւորումը եւ, ըստ կարելւոյն, կը ջանայ ընդարձակել կաթողիկոսարանի ընկերային ծառայութեան դաշտը:

Որպէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս`  միջեկեղեցական ծիրին մէջ Գարեգին վեհափառը պաշտօնական այցելութիւններ կու տայ Յովհաննէս-Պօղոս Բ. պապին, Վատիկան, Անկլիքան եկեղեցւոյ պետ Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոս տքթ. Ռապըրթ Ռունսիին, Լոնտոն, Ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ Շնուտա Գ. պատրիարքին, Եգիպտոս, Զուիցերիոյ Աւետարանական եկեղեցիներու միութեան, Դանիոյ եւ Գերմանիոյ Լուտերական եկեղեցիներուն, Աւստրալիոյ եկեղեցիներու խորհուրդին, գլխաւորելով Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի պատուիրակութիւնը փոխադարձաբար, Անթիլիասի կաթողիկոսարանէն ներս կը հիւրընկալէ միջեկեղեցական բազմաթիւ ժողովներ եւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի, Հռոմի Կաթոլիկ եկեղեցւոյ, Ամերիկայի, Քանատայի եւ եւրոպական զանազան երկիրներու եկեղեցիները ներկայացնող բարձրաստիճան պատուիրակութիւններ եւ եկեղեցական առաջնորդներ:

Գարեգին Բ. կաթողիկոս Մայր Աթոռ Ս. էջմիածին այցելած է նախ որպէս վարդապետ, Խորհրդային Միութեան շրջանին (3 անգամ) եւ ապա 7 դեկտեմբեր 1988-ի երկրաշարժէն ետք` որպէս կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, ինչպէս նաեւ` որպէս անդամ «Հայաստան համահայկական հիմնադրամ»-ի հոգաբարձուներու խորհուրդին (9 անգամ) եւ միշտ եղբայրական սիրով հիւրրնկալուած է Ս. Էջմիածնի մէջ: 28 օգոստոս 1994-ին, Գարեգին վեհափառ. Ս. Էջմիածնի մէջ կատարած է վերջին օծումը երանաշնորհ Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. կաթողիկոս 4 ապրիլ 1995-ին Ս. Էջմիածնի մէջ գումարուած ազգային-եկեղեցական ժողովին կողմէ կ՛ընտրուի կաթողիկոս Ամենայն Հայոց: Գահակալութեան պաշտօնական արարողութիւնը տեղի կ՛ունենայ 9 ապրիլին, Ծաղկազարդի տօնին, Ս. Էջմիածնի տաճարին մէջ: Արարողութեան աւարտին, որպէս Ամենայն Հայոց կաթողիկոս իր տուած անդրանիկ քարոզին մէջ հետեւեալ խօսքերով կը բնութագրէ Հայաստանեայց առաքելական ս. եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը նորանկախ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ. «… Իր աստուածատուր եւ քրիստոսաւանդ առաքելութեան ու պատմական ժառանգութեան հիմնական տուեալներէն առաջնորդուած` ան (եկեղեցին) կոչուած է Ս. Աւետարանին եւ մեր հայրերու սրբազան աւանդութեան աղբիւրէն նոր, մաքուր եւ առատ ջուր հոսեցնելու մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ: Քրիստոսով ապրուած եւ Աւետարանով աւանդուած ճշմարտութիւնները, կեանքի բարոյական սկզբունքները, հոգեւոր արժէքները հարկ է, որ   առուակուին մեր հայրենիքի եւ ողջ հայութեան կեանքի անդաստանին մէջ` ոռոգումի, հոգեւոր մշակութեան բարիքները ընծայելով մեր ժողովուրդին: Առանց Աւետարանին` տկար է մեր ազգը: Առանց մեր հայրերու սուրբ ժառանգութեան վերակենսաւորման` տժգոյն կը դառնայ մեր ժողովուրդի դիմագիծն ու նկարագիրը»: Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի գահակալութիւնը կը սկսի Հայաստանի պատմութեան մէկ կարեւոր շրջանին, երբ եօթանասուն տարուան համայնավար տիրապետութիւնը թօթափելով` երկիրը դարձած էր ազատ ու անկախ հանրապետութիւն: Այդ պայմաններուն տակ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի պաշտօնը կրկնակի անգամ դժուար էր եւ պատասխանատուութեամբ ծանրաբեռն: Այդ մասին ինք կը վկայէ այսպէս. «Շատ աւելի դիւրին է կառուցելու սկսիլ տեղ մը, ուր բան չկայ, քան թէ` վերահիմնել աւանդութիւն մը, որ խորապէս խոցուած է Հայաստանի մէջ, բայց իրողութիւնը պէտք է ընդունիլ այնպէս, ինչպէս որ է եւ վերանորոգումի աշխատանք տանիլ գործնականօրէն` նոր կենդանութեան մը ի խնդիր: Համայնավարութեան ժամանակ եկեղեցիին գործը կենդանի մնալն էր եւ պահել այն, ինչ որ գոյութիւն ունէր: Բայց այսօր պէտք է ընդառաջ երթանք մեր ժողովուրդին: Ձեռնարկել պէտք է առաքելութեան մը, որ վերաքրիստոնէացնէ մեր ժողովուրդը այնպէս, ինչպէս եղած է միշտ: Քրիստոնեայ ազգ մը, որ իր ինքնութիւնը արտայայտած է ստեղծագործ կերպով ու յարատեւօրէն` իր արեան գնով մինչեւ իսկ: Մեր ժողովուրդի այս այլակերպումը կ՛ենթադրէ հոգեւոր, բարոյական, մարդկային եւ մշակութային կազմաւորում: Ազգ մը չի կրնար միայն տնտեսական եւ քաղաքական հիմերու վրայ կանգնիլ, պէտք ունի բարոյական տոկունութեան, եկեղեցին է աղբիւրը բարոյական այս ուսուցումի»:

Մայիս 1994-ին Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին հրաւէրով Գարեգին վեհափառը, որպէս կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Թորգոմ արք. Մանուկեանին եւ Թուրքիոյ հայոց պատրիարք Գարեգին արք. Գազանճեանին հետ Ս. Էջմիածնի մէջ մասնակցած էր խորհրդակցական եռօրեայ հանդիպումներու` քննելու համար Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակման 1700-ամեակի արժանավայել կերպով պանծացումը: Այդ խորհրդակցութեանց ընթացքին որոշուած էր Կեդրոնական յանձնաժողովի մը եւ անկէ բխած Գործադիր մարմինի մը միջոցով ձեռնարկել ծրագիրներու մշակման եւ գործադրութեան 1995 թուականէն սկսեալ: Հետեւաբար, որպէս Ամենայն Հայոց կաթողիկոս, իր գահակալութեան առաջին օրերէն սկսեալ Գարեգին վեհափառը պիտի գլխաւորէր 1700-ամեակի տօնակատարութեան ծրագիրը, որ իր պատկերացումով, ամբողջ հայութեան համար պէտք էր դառնար առիթ` տեսակ մը «նոր մկրտութեան» կամ «նոր հոգեգալուստի»:

Գարեգին վեհափառին աոաջնահերթ նպատակն էր Հայաստանի ժողովուրդի կեանքին մէջ եկեղեցին դարձնել գործող ներկայութիւն մը: Այդ նպատակի իրագործման համար ան անհրաժեշտ կը նկատէր աշխուժացնել եկեղեցւոյ ծառայութիւնը` եկեղեցականներու եւ յանձնառու աշխարհականներու նոր սերունդ մը պատրաստելով: Մասնաւորապէս ուշադրութեան առարկայ դարձուցած էր հոգեւոր ճեմարանի վերակազմակերպումը, իր ճիգերով նորոգուած Գէորգեան ճեմարանի պատմական շէնքէն ներս, ուրկէ ամէն տարի շրջանաւարտ երիտասարդներ, խումբ առ խումբ, կը կոչուէին հոգեւոր ծառայութեան: Հոգեւոր ճեմարանի կողքին, վեհափառը ստեղծած էր նաեւ աշխարհականներու յատուկ քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոն մը` կրօնի ուսուցիչներ պատրաստելու Հայաստանի դպրոցներուն համար: Եկեղեցւոյ մշակութային ծառայութեան ծիրէն ներս ան բարեկարգեց Ս. Էջմիածնի տպարանը եւ մեծ զարկ տուաւ Մայր Աթոռի հրատարակչական գործին: Թարգմանաբար եւ ժողովուրդին համար մատչելի լեզուով հրատարակուիլ սկսան հայ եկեղեցական հայրերու գործեր, ծիսական մեկնութիւններ, խորհրդածութիւններ եւ ուսուցողական ու քարոզախօսական բազմաթիւ գործեր: Հիմնուեցաւ նաեւ «Քրիստոնեայ Հայաստան» երկշաբաթաթերթը: Ընկերային ծառայութեան մարզէն ներս սփիւռքահայ բարերարներու եւ միջեկեղեցական միջազգային կազմակերպութիւններու նիւթական միջոցներով Մայր Աթոռէն ներս վեհափառը հաստատեց կարիքաւոր ընտանիքներու, հիւանդներու, անկարներու եւ միայնակ տարեցներու համար օժանդակութեան յատուկ ծառայութիւն մը: Թեմական-վարչական գետնի վրայ, Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցող նախկին չորս թեմերու կողքին, ստեղծուեցան չորս նոր թեմեր, ինչպէս նաեւ հաստատուեցան հարաւային Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ նոր թեմերը: Հայաստանի մէջ ծխական համայնքներու վերակազմակերպումին համար հին եկեղեցիներ նորոգուեցան, նոր եկեղեցիներ կառուցուեցան, եւ բազմաթիւ շրջաններու մէջ հոգեւոր հովիւներ պաշտօնի կոչուեցան:

Որպէս կաթողիկոս Ամենայն Հայոց` իր գահակալութեան առաջին երեք տարիներուն ընթացքին վեհափառը առիթ ունեցաւ հովուապետական այցելութիւններ տալու Հայաստանի եւ արտասահմանի իր բոլոր թեմերուն: Ան նաեւ պաշտօնական այցելութիւններ տուաւ` Մոսկուայի եւ Համայն Ռուսիոյ պատրիարք Ալեքսի Բ.-ին, Ռումանիոյ պատրիարք Թէոկտիստին, Վրաստանի պատրիարք Իլիա Բ.-ին, Կ. Պոլսոյ Տիեզերական պատրիարք Բարթուղիմէոս Ա.-ին, Հռոմի քահանայապետ Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապին, Քենթըրպըրիի արք. Ճորճ Քերիին, Ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ Շնուտա Գ. պատրիարքին եւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի Ժընեւի կեդրոնին: Փոխադարձաբար Ս. Էջմիածնի մէջ ան ընդունեց` Համայն Ռուսիոյ պատրիարքին, Ռումանիոյ պատրիարքին, Վրաստանի պատրիարքին, Կ. Պոլսոյ Տիեզերական պատրիարքին, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարին, զանազան այլ եկեղեցիներու եւ միջեկեղեցական կազմակերպութիւններու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ` պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան ժամանած բազմաթիւ երկիրներու պետական ղեկավարներու այցելութիւնները:

Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակման 1700-ամեակի տօնակատարութեանց ծիրէն ներս կրօնական, մշակութային եւ շինարարական կարեւոր ծրագիրներ իրագործուեցան Գարեգին վեհափառի յարաբերաբար կարճ գահակալութեան ընթացքին: Կրօնական գետնի վրայ տեղի ունեցան տարեկան ուխտագնացութիւններ Հայաստանի թեմերէն ներս` մասնակցութեամբ արտասահմանի զանազան երկիրներէ ժամանած հայ ուխտաւորներու: Հրատարակուեցան մեծադիր սրբապատկերներու շարք մը եւ ուխտաւորներու յատուկ ուղեցոյցներ: Մշակութային գետնի վրայ Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան ու արուեստին նուիրուած միջազգային ցուցահանդէսներ տեղի ունեցան Մոսկուայի, Աթէնքի եւ Վատիկանի մէջ: Զանազան երկիրներէ հրաւիրուած աւելի քան քառասուն հայագէտներու մասնակցութեամբ Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ եռօրեայ խորհրդակցական համագումար մը` նուիրուած 1700-ամեակին: Օշականի մէջ բացումը կատարուեցաւ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան նուիրուած նորաշէն դպրատան: Շինարարական գետնի վրայ Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ հիմնարկէքը եւ արագ թափով ընթացք առաւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ կառուցումը: Հիմնական նորոգութեան ենթարկուեցան շարք մը պատմական եկեղեցիներ ու վանքեր, յատկապէս` Ամաղուի նորավանքը, Մուղնու Ս. Գէորգը, Սեւանայ կղզիին զոյգ եկեղեցիները, Բիւրականի Ս. Յովհաննէս եկեղեցին եւ Կարբիի եկեղեցին:

Մեծ դժբախտութիւն` Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ եւ համայն հայ ժողովուրդին. կարճատեւ եղաւ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին գահակալութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ: Իր ընտրութենէն հազիւ երեք տարի ետք, ապրիլ 1998 թուականէն սկսեալ ան տառապեցաւ անբուժելի հիւանդութեամբ մը: Նիւ Եորքի մէջ ենթարկուեցաւ վիրաբուժական երկու գործողութիւններու եւ երկար ամիսներ մնաց բժիշկներու անմիջական հսկողութեան տակ: 1999-ի մարտ ամսուան վերջին օրերուն, Նիւ Եորքէն դէպի Սուրբ Էջմիածին իր վերադարձի ճամբուն վբայ, Վատիկանի մէջ Հռոմի քահանայապետ Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապին հետ միասին բացումը կատարեց «Հռոմ-Հայաստան» ցուցահանդէսին` նուիրուած Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակման 1700-ամեակին: Մայր Աթոռ Սուրբ էջմիածին հասնելէ երեք շաբաթ ետք, 18 ապրիլ 1999-ին, հակառակ իր ֆիզիքական ամենատկար վիճակին, Գարեգին վեհափառ օծումը կատարեց հիմնապէս վերանորոգուած Ամաղուի նորավանքին:

29 յունիս 1999-ին, տակաւին իր կեանքի վաթսունեօթը տարին չբոլորած, Սուրբ Էջմիածնի մէջ ի Տէր հանգաւ Գարեգին Ա. կաթողիկոս Ամենայն Հայոց` խոր սուգի մատնելով Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցին եւ համայն հայ ժողովուրդը:

ԳԱՐԵԳԻՆ Ա.
ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ-ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐԷՆ

(«KAREKIN I. The Gift of Faith» գիրքէն)

ԱԶԴԱԿ, Պէյրութ, 1 Յուլիս, 2019