Շուշի. քարինտակցի ազատամարտիկի ընտանիքում

918

Նամակ երկրէն

Շնորհակալ ենք ու պարտական

Անցեալ շաբաթ դարձեալ Արցախ էինք: Այս անգամ ինծի կ’ընկերնային Թուֆէնքեան հիմնադրամի հոգաբարձուներ եւ հիմնադրամի աջակիցներ: Ամէն տարի, մեր աջակիցներու եւ հիմնադրամի պատասխանատուներու հետ կ’այցելենք պատմական մեր հայրենիքի ազատագրուած տարածքները եւ կը ծանօթանանք բնակիչներուն, անոնց դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, անոնց ընկերատնտեսական կարիքներուն, եւայլն: Միաժամանակ, մեր հիմնադրամի կողմէ իրագործուող ծրագիրներու մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ կը ստանանք, կը տեղեկանանք աւարտին հասած կամ աւարտող աշխատանքներու մասին, եւայլն:

Այցելութեան առաջին օրը, հանգստանալէ եւ Ստեփանակերտի սիրուն կեդրոնին փողոցները ման գալէ ետք, առաւօտ կանուխ ճամբայ ելանք դէպի Քաշաթաղի շրջանի հարաւային գիւղերը: Առաջին կանգառը Իշխանաձոր գիւղի դարմանատունն էր, ուր ծանօթացանք բժիշկներու աշխատանքներուն եւ տարբեր գիւղերէ եկած հիւանդներու խնդիրներուն: Յետոյ գացինք Կովսական, ուր բացումը կատարեցինք նորակառոյց մարզադաշտի մը, եւ Գամիշլիէն հայրենադարձ՝ հողագործ Կարոյի տունը այցելելէ եւ սուրճ ու սառը թան խմելէ ետք, ուղղուեցանք դէպի Արաքսի ափ՝ ճաշելու: Վերադարձին, Միջնաւանի մեր գործընկերներուն հետ ծանօթացանք մեր հիմնած արքայանարինջի այգիներու վիճակին եւ ջերմոցային տնտեսութիւններուն ու վերադարձանք Ստեփանակերտ: 

Յաջորդ առաւօտ, Արցախի գործընկերներուս հետ հանդիպումի մը ընթացքին տեղեկացանք, որ «Վիրաւոր զինուորներու բնակարանային օգնութիւն» ծրագրով՝ արդէն իսկ սկսած է 12-րդ զինուորի տան նորոգութեան աշխատանքը: Սեպտեմբերին տունը պատրաստ կ’ըլլայ եւ 2016-ի Քառօրեայ պատերազմէն լուրջ վէրքեր ստացած զինուորն ու իր ընտանիքը կ’ունենան ամբողջովին վերանորոգուած բնակարան:

Գործընկերներս տեղեկացուցին նաեւ, որ մեր հիմնադրամի ճշդած չափորոշիչներուն համաձայն, ընտրած են նաեւ 13-րդ վիրաւոր զինուորը, որուն պէտք է բնակարան տանք… Մեր խումբին մաս կազմող զուիցերիահայ Թալին Աւագեանը ուզեց ծանօթանալ մեր նոր յայտնաբերած վիրաւոր զինուորին եւ այցելել Շուշի՝ զինուորի ընտանիքին հետ հանդիպելու նպատակով:

Կէս ժամ չանցած, Թալինին եւ քանի մը այլ գործընկերներու հետ մուտք գործեցինք Շուշիի հին շէնքերէն մէկուն մաշած բնակարանը, ուր վարձով կ’ապրին նախկին ազատամարտիկ՝ 51-ամեայ Գառնիկ Առուստամեանն ու իր ընտանիքը: Համեստ, պարզ ու բարեհամբոյր օճախի անդամներուն հետ ծանօթանալէ ետք, տեղաւորուեցանք փոքրիկ սենեակի մը նստարաններուն վրայ եւ երկար զրուցեցինք պատերազմի վեթերան, 4 զաւակներու հայր՝ Գառնիկին հետ…

Գառնիկը Քարինտակ գիւղի զաւակ է: Արցախեան շարժումի առաջին իսկ օրերուն, երիտասարդ ու խանդավառ, իր ընկերներուն հետ կ’ուխտէ նուիրուիլ պապենական հայրենիքի ազատագրութեան դատին: 1991-ին, ադրբեջանական ներքին զօրքերը, յայտնի օմոնականները կը մտնեն Քարինտակ ու կը ձերբակալեն գիւղի երիտասարդներէն ամէնէն աշխուժ ակտիւիստները: Գառնիկը ձերբակալուածներէն էր: Ամիսէ մը աւելի կը բանտարկուի Շուշիի յայտնի կալանավայրին մէջ ու կ’ենթարկուի ֆիզիքական ու հոգեկան ճնշումներու: Ազատ արձակուելէն ետք, երբ արդէն ադրբեջանական վայրագ յարձակումներուն դէմ զինեալ պայքարը դարձած էր Արցախի միակ փրկութիւնը, Գառնիկն ու ընկերները կը միանան հայկական ջոկատներուն: 1992-ին, Մայիսին, Շուշիի ազատագրութեան կռիւներուն, Գառնիկի ջոկատը Քարինտակէն կը սկսի բարձրանալ դէպի քաղաք: Գառնիկ կ’ըլլայ ջոկատի առաջին վիրաւորուողներէն մէկը ու կը փոխադրուի հիւանդանոց: Բուժումէն ետք դարձեալ կը միանայ իր ընկերներուն եւ Բերձորի (նախկին Լաչին) հարաւային շրջանի՝ Որոտան քաղաքի (նախկին Ղուբաթլու) ազատագրական մարտերուն ընթացքին դարձեալ կը վիրաւորուի, այս անգամ կորսնցնելով ձախ աչքը:

Պատերազմի աւարտին Շուշիի մէջ տուն կը ստանայ եւ այնտեղ կ’ապրի իր 5 երեխաներուն հետ: 2001-ին, ամենափոքր երեխան ծանրօրէն կը վիրաւորուի ինքնաշարժի վթարի մը բերումով: Գառնիկ ստիպուած կը ծախէ տուն, ինքնաշարժ ամէն, որպէսզի փրկէ երեխան… Բայց ափսոս, բժիշկները չեն յաջողիր փրկել դեռ 5 տարին չբոլորած մանչ զաւակը…

Հիմա Գառնիկ իր 3 երեխաներուն հետ կ’ապրի վարձով, Շուշիի հին շէնքերէն փոքր բնակարանի մը մէջ: Կողքը, աւելի փոքր բնակարանի մէջ ու դարձեալ վարձով, կ’ապրի իր ամուսնացած եւ արդէն մէկ զաւակի հայր դարձած որդին: Թէ՛ հօր եւ թէ ամուսնացած զաւակին նպատակն է ունենալ սեփական տուն եւ ապրիլ միասին, սեփական երդիքի տակ: Կառավարութենէն խոստումներ ունին, բայց ինչ խօսք, տարիներէ ի վեր կը սպասեն ու դեռ… կը սպասեն, որ բնակարան ստանան: Հայր ու որդի՝ բանուորի իրենց եկամուտով հազիւ երկու փոքր բնակարաններու վարձքը կը վճարեն ու կը հոգան ընտանիքին նուազագոյն կարիքները: Հակառակ իր ստացած վէրքերուն, հակառակ միականի ըլլալուն, Գառնիկ աշխատասէր է, պատրաստ է ամէն ինչ ընել, հին բնակարան մը ձեռք ձգելու եւ ճակտի քրտինքով նորոգելու եւ ընտանեկան բոյն դարձնելու համար… Կեանքէն շատ բան չի պահանջեր, արդէն այնքան ցաւ ու տառապանք տեսած է, որ ինչ ալ տան իրեն՝ իր սրտի ցաւն ու վէրքերը պիտի չբուժուին…

Այս պատմութիւնը երբ լսեցինք, անմիջապէս որոշեցինք բնակարան մը գնել Շուշիի մէջ եւ տալ Գառնիկին ու իր ընտանիքին: Թալինը եւս խոստացաւ օգնել, յուզուած էր Գառնիկի կեանքի պատմութենէն եւ չէր կրնար թաքցնել յուզումը: Գառնիկին տեղեկացուցինք, որ շուտով իրեն եւ իր ընտանիքին համար բնակարան պիտի գտնենք Շուշիի մէջ:

«Շնորհակալ եմ», ըսաւ Գառնիկ ու իր տխուր հայեացքը ուղղեց իր մահացած երեխայի պատկերին: «Ո՛չ», ըսաւ Թալին: «Մենք շնորհակալ ենք: Շնորհակալ ենք ու պարտական՝ ձեր բոլոր զոհողութիւններուն համար»:

Րաֆֆի Տուտագլեան

Գրեցէ՛ք ինծի:
rafdoud@aol.com