Հնչակյանները խիստ վերապահ են Զարեհ Սինանյանի նշանակման առիթով

1097

ՍԴՀԿ Յայտարարութիւնը Զարեհ Սինանեանի Նշանակումին Առթիւ

Երկար տարիներէ ի վեր կար ձեւաւորուած սկզբունք, որ Սփիւռքի հետ անմիջականօրէն առնչուող գերատեսչութեան ղեկավար պէտք չէ նշանակուի ընդգծուած կուսակցական հակումներ ունեցող անձ մը, որպէսզի յարգուին Սփիւռքի տարբեր համայնքներէն ներս գոյութիւն ունեցող իւրայատկութիւններն ու զգայնութիւնները ու նշանակուած անձին շուրջ  վերապահութիւններու պատճառով չվնասուի Հայրենիքի հետ կապերու ամրապնդման կարեւոր գործը:

Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի պաշտօնին Զարեհ Սինանեանի նշանակումով դժբախտաբար հաշուի չէ առնուած այս կարեւոր պարագան, նկատի ունենալով որ ան իր քաղաքական գործունէութիւնը ծաւալած է սփիւռքի ամենէն բազմամարդ՝ Լոս Անճելոսի հայ համայնքէն ներս, բացառապէս Դաշնակցութեան հովանաւորութեան տակ գործող կառոյցներուն գծով և առանձնացած է իր հրապարակային խնդրայարոյց և երբեմն անպատասխանատու ելոյթներով և յայտարարութիւններով:   

Մասնակցելով տեղական ընտրական գործընթացներուն, ան դրսեւորած է խիստ յարձակողական վերաբերմունք իր քաղաքական հակառակորդներուն նկատմամբ՝ յատկապէս մեր կազմակերպութեան հասցէին կատարելով մեղադրանքներ, պարզ այն պատճառաւ, որ չենք պաշտպանած իր նախընտրած թեկնածուին: 

Կլէնտէլի Քաղաքապետարանէն ներս իր պաշտօնավարման  ընթացքին եւս, Պր. Սինանեան չէ կարողացած ցուցաբերել լայնախոհութիւն եւ հանդուրժողականութիւն ու գործած է հատուածական նկատարումներով:

Զարեհ Սինանեան ազատ է իր քաղաքական հայեացքներուն մէջ, սակայն անցեալի իր կենսագրականը չի կրնար անտեսուիլ կամ մոռացութեան մատնուիլ, ու անպայմանօրէն իր ժխտական անդրադարձը պիտի ունենայ իր պաշտօնավարման ընթացքին։

Զարեհ Սինանեան չի լրացներ սփիւռքի բոլոր կառոյցներուն հետ հաւասար հեռաւորութեան վրայ գտնուելու անհրաժեշտ նախապայմանը ու հետեւաբար մենք խիստ վերապահութիւն կը յայտնենք այս նշանակումին կապակցութեամբ:

Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան
Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմին
Յունիս 18, 2019
Լոս Անճելըս