Թուրքիոյ մէջ Ունեցուածքի հարկը (Varlık Vergisi). նոր ճնշումներ փոքրամասնութեանց նկատմամբ

1175

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ՀԱՅԵԱՑՔ ԱՐԱՐԱՏԷՆ. ՀԱՅԵՐԸ ԵՒ ԹՈՒՐՔԵՐԸ գիրքէն

Տասներեքերորդ գլուխ

Երկրորդ Աշխարհամարտի տարիներուն. Թուրքիոյ պաշտօնական չէզոքութիւնը

1937-ին Թուրքիոյ նախագահին մօտ երեւան եկան տկարութեան առաջին նշանները, 1938-ի Մայիսին բժիշկները Աթաթուրքի լեարդին մէջ անբուժելի հիւանդութիւն յայտնաբերեցին: Քանի մը ամիս` մինչեւ Յուլիսի վերջերը, Աթաթուրքը շարունակեց կատարել նախագահի պարտականութիւնները: Սակայն հիւանդութիւնը շուտով զգետնեց ժամանակակից Թուրքիոյ հիմնադիրը: Ան մահացաւ 10 Նոյեմբեր 1938-ին` 57 տարեկանին:

Աթաթուրքն իրաւայաջորդ ունէր: Իսմէթ Ինէօնիւն Աթաթուրքի կողքին կռուած էր յոյներուն դէմ, Թուրքիան ներկայացուցած Լոզանի 1922-1923 թուականներու բանակցութեանց մէջ եւ շուրջ 15 տարի եղած երկրին վարչապետը: Չնայած որ Աթաթուրքի կեանքի վերջին շրջանին անոր եւ Ինէօնիւի միջեւ տարաձայնութիւններ յառաջացած էին, սակայն կար լռելեայն համաձայնութիւն, որ նոյնինքն Ինէօնիւն պիտի դառնայ նախագահ: 11 Նոյեմբեր 1938-ին խորհրդարանը զայն ընտրեց նախագահ: Ինէօնիւն նաեւ դարձաւ Ժողովրդա-Հանրապետական Կուսակցութեան առաջնորդը:

Ինէօնիւն հանրապետութեան ղեկն ստանձնեց Երկրորդ Աշխարհամարտի նախօրեակին` ժամանակակից Թուրքիոյ համար բարդագոյն ժամանակաշրջաններէն մէկուն մէջ: Հաշուի առնելով գերմանա-իտալական վտանգը, Թուրքիան միաժամանակ կը փորձէր կանխատեսելի յարաբերութիւններ հաստատել ինչպէս Մեծն Բրիտանիոյ ու Ֆրանսայի, այնպէս ալ իր` գրեթէ երկու տասնամեակներու դաշնակից Խորհրդային Միութեան հետ:

Թուրքիան առանձնապէս կը մտահոգէր Իտալիոյ հնարաւոր նախայարձակումը: Մտահոգութիւններն աւելի լրջացան, երբ 1939-ի Ապրիլին Իտալիան գրաւեց Ալպանիան: Թուրքիոյ, Ֆրանսայի եւ Մեծն Բրիտանիոյ կապերը սերտացան: Ճիշդ է, քննարկումներն սպասուածէն աւելի երկար ընթացան, քանի որ թուրքերը, վկայակոչելով իրենց թոյլ ըլլալը` ռազմական եւ ‎դրամական մեծ օգնութիւն կը պահանջէին: Թուրքիան յոյս ունէր դաշինքին մէջ ներառել նաեւ Խ. Ս. Հ. Մ.ը, սակայն 1939-ի Օգոստոսին կնքուած Մոլոթով-Ռիպենթրոփ պայմանագիրը, որով Սթալինն ու Հիթլէրը իրարու մէջ կը բաժնէին Արեւելեան Եւրոպան, Անգարայի համար լուրջ ահազանգ էր: Այժմ արդէն Ֆրանսան ու Մեծն Բրիտանիան աւելի նախանձախնդիր դարձան` ապահովելու Թուրքիոյ աջակցութիւնը. 19 Հոկտեմբեր 1939-ին ստորագրուեցաւ փոխօգնութեան անգլօ-‎‎ֆրանս-թրքական համաձայնագիրը, որով թուրքերն ստացան իրենց գրեթէ բոլոր ակնկալածները:

Մինչ այդ` 1939-ի Մայիսին, Թուրքիան Մեծն Բրիտանիոյ հետ ստորագրած էր հռչակագիր մը, որով երկու երկիրները կը յայտարարէին հետեւեալը. Պալքաններու վրայ որեւէ յարձակման պարագային – որ կրնար պատերազմի պատճառ դառնալ – Անգարան ու Լոնտոնը պիտի համագործակցէին եւ իրարու պիտի օգնէին: Մէկ ամիս ետք, Թուրքիան նոյնաբովանդակ փաստաթուղթ ստորագրեց նաեւ Ֆրանսայի հետ:

Միջազգային յարաբերութեանց այսպիսի բարդագոյն շրջանին մէջ էր, որ Թուրքիան 1939-ին յաջողեցաւ Ֆրանսայէն ստանալ ու իրեն կցել Սուրիոյ Ալեքսանտրէթի սանճաքը` Հաթայի շրջանը, յառաջ բերելով սուրիացիներուն ու հոն բնակող հայոց զայրոյթը:

Թէեւ Աթաթուրքի իշխանութեան գրեթէ բոլոր տարիներուն ընթացքին թուրք-խորհրդային յարաբերութիւնները ջերմ ու բարեկամական էին, սակայն Մոլոթով-Ռիպենթրոփ պայմանաւորուածութենէն եւ յատկապէս Թուրքիոյ` պատերազմի տարիներուն չէզոքութիւն պահպանելու յայտարարութիւններէն ետք Անգարա-Մոսկուա կապերը լարուեցան, կողմերն սկսան իրարու նկատմամբ կասկածամիտ ըլլալ: Այդ յարաբերութիւններն արդէն թշնամական դարձան այն բանէն ետք, երբ Մոսկուան Թուրքիոյ ներկայացուց տարածքային պահանջներ եւ Վոս‎փ‎որ-Տարտանէլի մէջ թուրք-ռուսական ռազմական ոյժերու համատեղ ներկայութեան իրաւունք պահանջեց անկէ:

Տարածքային պահանջներ Խ. Ս. Հ. Մ.ը պաշտօնապէս ներկայացուց 1945-ին, մինչդեռ յարաբերութեանց մէջ սառնութիւնը կու գար 1930-ներու երկրորդ կէսէն` Աթաթուրքի նախագահութեան վերջին տարիներէն, երբ կը ստորագրուէր Մոնթրէոյի համաձայնագիրը: Սթալինն ակնյայտօրէն դժգոհ մնացած էր նեղուցներու հարցով Թուրքիոյ դիրքորոշումէն:

Մեծն Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի նման, Թուրքիան ալ Խ. Ս. Հ. Մ.ի հետ փոխօգնութեան համաձայնագիր կնքելու կը ձգտէր: 1939-ի Ապրիլին Անգարա այցելեց Խ. Ս. Հ. Մ.ի արտաքին գործոց փոխնախարար Վլատիմիր Փոթեոմքինը: Թուրք-խորհրդային բանակցութիւնները շարունակուեցան պատերազմի բռնկումէն ետք. 24 Սեպտեմբեր 1939-ին Մոսկուա մեկնեցաւ արտաքին գործոց նախարար Շիւքրիւ Սարաճօղլուն, որ խորհրդային ղեկավարութեան հետ փոխօգնութեան համաձայնագիրի բանակցութիւնները կը վարէր հիմնականին մէջ սեւեռուելով Սեւ Ծովու, Պալքաններու եւ Վոս‎փորի հարցերուն վրայ:

Նախատեսուած երեք օրուան փոխարէն, Սարաճօղլուն Մոսկուայի մէջ մնաց երեք շաբաթ` մինչեւ 17 Հոկտեմբեր, սակայն որեւէ պայմանագիր չստորագրուեցաւ. նեղուցներու հարցին մէջ Անգարան որեւէ զիջման կամ փոխզիջման չէր դիմեր: Այսպիսով, խորհրդային-թրքական յարաբերութեանց մէջ բարեկամութիւնն ու գործընկերութիւնը, ըստ էութեան, վերջացան: Սարաճօղլուի Անգարա վերադարձէն անմիջապէս ետք` 19 Հոկտեմբերին ստորագրուեցաւ թուրք-‎ֆրանս-բրիտանական եռակողմ համաձայնագիրը, զոր Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան մէջ առաջնահերթութեանց փոփոխութեան սկիզբը կ’ազդարարէր:

23 Օգոստոսի 1939-ին Մոսկուայի մէջ խորհրդա-գերմանական պայմանագիրի կնքումէն մէկ շաբաթ ետք, 1 Սեպտեմբերին, Գերմանիան յարձակեցաւ Լեհաստանի վրայ: Սեպտեմբերի կէսերէն ետք Լեհաստանի վրայ արեւելքէն յարձակեցան նաեւ խորհրդային զօրքերը, որուն յաջորդեցին այդ երկիրը բաժնելու խորհրդա-գերմանական համաձայնագիրը 26 Սեպտեմբերին, ինչպէս նաեւ` Էսթոնիոյ, Լիթվայի եւ Լաթվիոյ անկախութեան փաստացի վերացումը: 2 Հոկտեմբեր 1939-ին Ռիպենթրոփը փորձեց Խ. Ս. Հ. Մ.ի ձեռքով ճնշում բանեցնել Թուրքիոյ վրայ եւ Մոսկուայի մէջ դեսպան Շուլենպուրկի միջոցով Մոլոթովին փոխանցեց, որ ՙռուսական շահն ալ կը պահանջէ, որ նեղուցներու առնչութեամբ արգիլուի Թուրքիոյ կապուածութիւնը Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի հետ՚:

1941-ի Փետրուարին Թուրքիան չյարձակման պայմանագիր կնքեց նաեւ Պուլկարիոյ հետ:

Երբ Գերմանիան բռնագրաւեց Յունաստանը, իսկ Պուլկարիան 1941-ին դաշնակցեցաւ Առանցքին, պատերազմը, ըստ էութեան, հասաւ Թուրքիոյ սահմաններուն: 18 Յունիսին, Խորհրդային Միութեան վրայ Գերմանիոյ յարձակումէն չորս օր առաջ, Թուրքիոյ մէջ Գերմանիոյ դեսպան Ֆրանց ֆոն Փափէնը եւ արտաքին գործոց նախարար Սարաճօղլուն Անգարայի մէջ ստորագրեցին թուրք-գերմանական ՙԲարեկամութեան եւ չյարձակման պայմանագիր՚ը:

25 Յունիս 1941-ին Մոսկուայի թրքական դեսպանատան նոթային մէջ կ’ըսուէր, որ Գերմանիոյ եւ Խորհրդային Միութեան միջեւ պատերազմին պատճառով ՙԹուրքիոյ կառավարութիւնը որոշած է չէզոքութիւն հռչակել՚:

Թուրքիոյ վարչապետը 4 Յուլիսին խորհրդարանին մէջ յայտարարեց, որ Անգարան պէտք է շարունակէ բարեկամական յարաբերութիւններ պահպանել Մեծն Բրիտանիոյ ու Խորհրդային Միութեան հետ` չէզոքութիւն պահպանելով պատերազմին մէջ: Սակայն դեռ Մայիսին Թուրքիան գաղտնի բանակցութիւններ սկսեր էր Գերմանիոյ հետ:

Խ. Ս. Հ. Մ.ի վրայ Գերմանիոյ յարձակումէն շաբաթներ առաջ` 14 Մայիս 1941-ին, ֆոն Փափէնը Անգարայի մէջ հանդիպեցաւ նախագահ Ինէօնիւի հետ, որմէ ետք արտաքին գործոց նախարար Ռիպենթրոփին տեղեկացուց. ՙՆախագահը պատրաստ է դաշինք կնքելու` վերահաստատելով նախկին բարեկամական յարաբերութիւնները: Ան ըսաւ, որ եթէ Գերմանիան որեւէ ուրիշ երկրի հետ Թուրքիոյ դէմ դաշինք չստորագրելու պատրաստակամութիւն յայտնէ, ապա Թուրքիան պատրաստ է յանձնառու ըլլալու եւ երբեք քայլեր չձեռնարկելու գերմանական շահերուն դէմ եւ բախման մէջ չմտնելու Գերմանիոյ հետ՚:

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը Անգարայի մէջ իր դեսպանին 17 Մայիսին կը հրահանգէ` համաձայնագիրին հետ միասին ստորագրել գաղտնի փաստաթուղթ մը, որով ՙմեզի թոյլ տրուի Թուրքիոյ վրայով անսահմանափակ քանակութեամբ զէնք ու զինամթերք փոխադրել՚: Երկու օր ետք Ռիպենթրոփը ‎ֆոն Փափէնին կրկին կը հեռագրէ. ծրագրուող պայմանագիրին մէջ կարեւոր է, որ ՙմենք Թուրքիայով ռազմամթերքի փոխադրութեան հնարաւորութիւն ստանանք՚ եւ ՙեթէ Իրաքին օգնել փափաքինք, ապա այդ օգնութիւնը մենք պէտք է արագօրէն կարենանք հասցնել: Այս հնարաւորութեան մասին մեր միջեւ պէտք է լիակատար համաձայնութիւն ըլլայ՚:

Հակառակ Գերմանիոյ ճնշումներուն` Թուրքիան պատերազմի տարիներուն չէզոքութիւն պահպանեց, թէեւ քիչ չէին դէպքերը, երբ թուրքերը կը թեքուէին Գերմանիոյ կողմը, իսկ որոշ փուլերու` ՙկ’աջակցէին Գերմանիոյ` Խ. Ս. Հ. Մ.ի դէմ պատերազմին մէջ՚:

5 Օգոստոս 1941-ին դեսպան ֆոն Փափէնը իր նախարարին կը գրէր, որ թրքական կառավարական շրջանակները, նկատի ունենալով գերմանական յաջողութիւնները Ռուսիոյ մէջ, սկսած են աւելի հետաքրքրուիլ թուրք-ռուսական սահմանին միւս կողմը գտնուող իրենց ազգակիցներուն, մանաւանդ ատրպէյճանցի թուրքերուն ճակատագիրով: Այս շրջանակները, ըստ երեւոյթին, կը փափաքին ՙՊաքուի թանկարժէք նաւթահանքերը Թուրքիոյ կցել՚:

Նոյն օրը Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան դիւանագէտներէն Վայցեքերը Ռիպենթրոփին զեկուցեց. ՙԱյսօր Պերլինի թուրք դեսպանը զիս ներկայացուց դեսպանատան նոր խորհրդականին: Վերջինս անմիջապէս խօսակցութիւն բացաւ խորհրդային հողերուն վրայ բնակող ծագումով թուրք սահմանամերձ ազգերուն մասին: Ան ուշադրութիւնս հրաւիրեց այդ թաթար ազգերուն միջոցով հակախորհրդային քարոզչութեան հնարաւորութեան վրայ: Ապա շատ բաց կերպով ըսաւ, որ յետագային կովկասեան ժողովուրդները կարելի կ’ըլլայ խմբել միջնորմ պետութեան մը մէջ, եւ հասկցնել տուաւ, որ Կասպից Ծովէն դէպի արեւելք թաթարական անկախ ուրիշ պետութիւն մըն ալ կրնայ ստեղծուիլ՚:

Հիթլէրի սպայակայանն այցելած եւ Ղրիմի ու Հիւսիսային Կովկասի մէջ շրջագայած թուրք զօրավար Հիւսէյն Էրքիլէթը 27 Նոյեմբեր 1941 թուակիր ձեռագիր նամակ գրելով Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կարեւոր դէմքերէն ֆոն Հենթիքին, կը տեղեկացնէր. ՙԵրկու հոգիի` Միւսթեքիփ Ֆազըլին եւ Էթիքէ Քեմալին հրահանգուած է օգնել գերմանացիներուն Ղրիմի մէջ եւ տեղի թաթարներուն: Երկուքն ալ ղրիմցի են եւ վստահելի: Ես կը խնդրեմ զանոնք Ղրիմ ղրկել եւ հոն զանոնք օգտագործել թուրք-գերմանական ընդհանուր շահերուն համար՚:

Թուրքիան թէեւ չէզոքութիւն յայտարարած էր, սակայն վերահսկելի մամուլին միջոցով կը շեղէր այդ չէզոքութենէն: Այսպէս, երբ կը թուէր, թէ Գերմանիան մօտ է Խորհրդային Միութեան յաղթելուն, վերածնաւ համաթրքական քարոզչութիւնը: Գերմանիոյ քաջալերանքով` 1941-ի Յուլիսին հիմնադրուեցաւ համաթրքական կոմիտէ մը, իսկ երբ 1944-ի Մայիսին Գերմանիոյ պարտութիւնն ակնյայտ դարձաւ, համաթրքական կազմակերպութիւններն ու քարոզչութիւնը ճնշուեցան:

5 Յունուար 1942-ին ֆոն Փափէնը հանդիպեցաւ Թուրքիոյ նախագահին հետ: Այս հանդիպման մասին դեսպանն իր կառավարութեան կը տեղեկացնէր. ՙԵս մատնանշեցի նախագահին, որ եթէ մենք գարնան յարձակման անցնինք դէպի Կովկաս, ապա մեզի համար չափազանց արժէքաւոր պիտի ըլլայ թրքական ոյժերու կեդրոնացումը ռուսական սահմանին վրայ: Թրքական սպայակոյտն ուսումնասիրած է այդ հարցը եւ վճռական ցանկութիւն ունի զայն կրկին քննութեան առնելու գալիք գարնան` մեզի համար նպաստաւոր իմաստով՚:

26 Օգոստոս 1942-ին ֆոն Փափէնը հանդիպեցաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նորանշանակ նախարար Նուման Մենեմենճիօղլուի հետ: Վերջինս դեսպանին ըսաւ, որ Թուրքիան, ինչպէս նախապէս, այնպէս ալ այժմ, շահագրգռուած է Ռուսիոյ պարտութեամբ: ՙԹուրքիան երբեք բանակցութիւններ չէ վարած ռուսական կառավարութեան հետ, բացառութեամբ անգլիացիներու ազդեցութեան տակ կատարուած այն յայտարարութիւններուն, թէ բարեկամութեան մասին նախապէս կնքուած դաշինքը կը մնայ ոյժի մէջ: Նախարարն ըսաւ, որ Մոսկուայի մէջ թուրք նոր դեսպանը (Խորհրդային Միութեան հետ) բանակցութեան մէջ չմտնելու հրահանգ ստացած է՚: Մէկ օր ետք ֆոն Փափէնը կը հանդիպի վարչապետ Սարաճօղլուի հետ եւ այդ հանդիպման մասին Պերլին կը ղրկէ հետեւեալ գրութիւնը. ՙՎարչապետն ըսաւ, որ ինքը կ’ուզէ պատասխանել թէ՛ իբրեւ թուրք եւ թէ՛ իբրեւ առաջին նախարար: Իբրեւ թուրք, ան ջերմօրէն կը տենչայ Ռուսիոյ ոչնչացումը: Ռուսիոյ ոչնչացումը պիտի ըլլայ Ֆիւհրէրի սխրանքը, որուն համարժէք զուգահեռը հարիւր տարին մէկ կրնայ տեղի ունենալ: Ռուսական կնճիռը Գերմանիոյ կողմէ այն պարագային միայն կարելի կ’ըլլայ լուծուած նկատել, երբ Ռուսիոյ մէջ բնակող ռուսերուն նուազագոյնը կէսը սպաննուին եւ ռուսական ազդեցութենէն մէկընդմիշտ ազատագրուած ըլլան ազգային փոքրամասնութիւններով բնակեցուած եւ ռուսացման ենթակայ շրջանները՚: Զրոյցի վերջաւորութեան Սարաճօղլուն յայտնեց, թէ որպէս Թուրքիոյ վարչապետ` չէզոքութիւն պահելն անհրաժեշտ կը նկատէ:

Խորհրդային Միութիւնը լուրջ կասկածներ ունէր, որ չէզոքութեան քօղին տակ Թուրքիան իրեն դէմ կը գործէր: Թուրքիոյ վարչապետ Սարաճօղլուն եւ արտաքին գործոց նախարար Մենեմենճիօղլուն 1942-ի ամրան եւ աշնան փորձեցին Անգարայի մէջ Գերմանիոյ դեսպան ‎ֆոն Փափէնը համոզել, որ Թուրքիոյ չէզոքութիւնը ժամանակաւոր է, իսկ ապագայ դէպքերուն ընթացքը գերմանացիներու յաղթանակէն կախուած է:

Յետագային Մոսկուայի մամուլին մէջ եղաւ հրապարակում, որ գերմանացիներու կողմէ Սթալինկրատի գրաւումէն ետք Թուրքիան կը պատրաստուէր պատերազմի մէջ մտնելու որպէս Գերմանիոյ դաշնակից: Նոյնիսկ կը նշուէր յստակ օրը` 17 Հոկտեմբեր 1942: Երբ Ինէօնիւն հեռաձայնած է դեսպան ‎ֆոն Փափէնին, որպէսզի անոր հաղորդէ, թէ Գերմանիան նոր դաշնակից մը ունի, գերմանացի դիւանագէտը կը տեղեկացնէ, որ Սթալինկրատի մատոյցներուն մէջ սկսած է գերմանացիներուն նահանջը: Սթալինկրատը կանգուն մնաց, իսկ Թուրքիան պահեց իր ՙչէզոքութիւնը՚: Գերմանացիք թուրքերուն կը խոստանային տալ Ղրիմը, եթէ անոնք Գերմանիոյ միանային:

Թուրքերուն կը թուէր, թէ գերմանացիք Խորհրդային Միութեան կը յաղթեն: Վարչապետ Սարաճօղլուն 1942-ի Օգոստոսին – երբ գերմանական զօրքերը կը մօտենային Սթալինկրատին ու Կովկասին – ֆոն Փափէնի հետ հանդիպման ընթացքին կ’ըսէր. ՙՌուսիոյ կործանումը կը մօտենայ, հանգամանք մը, զոր Գերմանիոյ հետ հաշտութիւն կնքելու ցանկութիւն պիտի յառաջացնէ բրիտանացիներուն քով: Եւրոպային վերստին խաղաղութիւն շնորհելու այդ հնարաւորութիւնը պէտք չէ ձեռքէ բաց ձգել՚:

Գերմանիոյ նկատմամբ դաշնակիցներու յաղթանակէն ետք Թուրքիոյ նախագահ Ինէօնիւն 1 Նոյեմբեր 1945-ին խորհրդարանի իր ելոյթին մէջ յիշեցուց, որ երբ խորհրդա-գերմանական պատերազմն սկսաւ, Անգարան յայտարարեց իր չէզոքութեան մասին. ՙ19 Յունուար 1942-ին, խորհրդային կառավարութիւնը իր դեսպանին միջոցով մեր արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնապէս եւ գնահատանքով հաղորդեց, որ Թուրքիոյ որդեգրած կեցուածքը իսկապէս օգտակար եղած է դաշնակիցներուն: Խորհրդա-գերմանական պատերազմէն առաջ Գերմանիոյ հետ մեր կնքած բարեկամական դաշնագիրը քննադատուեցաւ: Սթամպուլի դուռերը հասած գերմանացիք աւելի առաջ չյարձակման դաշնագիր կնքած էին Խորհրդային Միութեան հետ: Այդ օրերուն, մեր երկիրը միս-մինակ էր Առանցքի ոյժերուն դէմ: Ամերիկան պատերազմի մէջ չէր մտած, Անգլիան իր բոլոր ոյժերը յատկացուցած էր կղզիներու պաշտպանութեան, Խորհրդային Միութիւնն ալ դաշնագիրով կապուած էր Գերմանիոյ հետ: Ի՞նչ իրաւունքով մեզմէ կը պահանջեն, որ Գերմանիոյ հետ չյարձակման առաջարկը մերժէինք եւ զայն չստորագրէինք: Դաշնագիրէն առաջ եւ ետք գերմանացիք քանիցս ուզեցին Թուրքիոյ ճամբով Սուրիա եւ Իրաք անցնիլ: Մերժեցինք՚:

Նոյն ելոյթին մէջ Ինէօնիւն անդրադարձաւ նաեւ Խորհրդային Միութեան այն կասկածներուն ու խորհրդային մամուլի պնդումներուն, որ Թուրքիան կը պատրաստուէր յարձակելու կովկասեան ուղղութեամբ, եթէ գերմանական զօրքերը Սթալինկրատի ճակատամարտին մէջ յաջողութեան հասնէին: Թուրքիոյ նախագահին խօսքերով` իրողութիւնն ամբողջովին հակառակն էր: ՙԵրբ գերմանացիք Վոլկա հասան, մենք ընդարձակուեցանք մինչեւ Հոփա: Հաւանականութիւն կար, որ գերմանացիք յանկարծ կը յարձակին մեր ամբողջ Սեւ Ծովու ճակատին դէմ եւ այդ պատճառով մեր բոլոր ոյժերը տարածած էինք դէպի Սեւ Ծովուն եզերքը: 1942-ի ամրան վերջերուն խորհրդային կառավարութեան պաշտօնապէս հաղորդեցինք. հաւանական է, որ գերմանացիք Հոփայի ու Տրապիզոնի մէջ ցամաքահանում կատարեն` Կովկասեան ճակատը կռնակէն հարուածելու նպատակով, եւ այդ պատճառով է, որ թրքական ոյժեր տեղակայեցինք այդ տեղերուն մէջ: Խորհրդային Միութիւնն իր գոհունակութիւնը յայտնեց մեզի: Ասոնցմէ աւելի՞ զօրաւոր ապացոյց կ’ուզէք փաստելու, որ պատերազմի ընթացքին մեր կատարած զօրախմբումները միմիայն Առանցքին դէմ էին՚:

Նոր ճնշումներ փոքրամասնութեանց նկատմամբ

Քանի պատերազմին ելքը դեռ անյայտ էր, Թուրքիոյ համեմատաբար չէզոքութիւնը եւ Գերմանիոյ չմիանալը կարեւոր էր հակահիթլէրեան դաշնակիցներուն` Խ. Ս. Հ. Մ.ի, Ա. Մ. Ն.ի ու Մեծն Բրիտանիոյ համար: 1943-էն, երբ բրիտանական ոյժերը Միջերկրականին մէջ էին, իսկ խորհրդային զօրքերը յարձակման անցած էին, թուրքերու չէզոքութիւնն իր արժէքը կորսնցուց դաշնակիցներուն համար: Սակայն Թուրքիան կը շարունակէր Գերմանիոյ դէմ պատերազմ յայտարարելէ հրաժարիլ: Միւս կողմէ, դաշնակիցները չզայրացնելու համար, թրքական կառավարութիւնը վերացուց ՙՈւնեցուածքի հարկ՚ը (Varlık Vergisi):

4 Դեկտեմբեր 1943-ին, Թուրքիոյ նախագահը Գահիրէի մէջ հանդիպեցաւ Ա. Մ. Ն.ի նախագահ Ռուզվելթի, իսկ 7 Դեկտեմբերին` Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Չըրչիլի հետ: Նախքան Գահիրէ մեկնիլը Ինէօնիւն կարգադրեց Սթամպուլ վերադարձնել ՙՈւնեցուածքի հարկ՚ին պատճառով աքսորուած հայ եւ միւս փոքրամասնութեանց վերապրողները:

Աթաթուրքի եւ Թուրքիոյ յաջորդ նախագահներուն օրօք հանրապետութեան մէջ կրօնական փոքրամասնութեանց նկատմամբ կիրառուած են շարք մը խտրական միջոցառումներ, որոնց հետեւանքով նուազած է հայոց, յոյներու ասորիներու, արաբներու եւ հրեաներու քանակը: Խտրական միջոցառումներէն երկուքը` ՙՈւնեցուածքի հարկ՚ը եւ ՙՔսան դասակարգի զօրակոչ՚ը, Երկրորդ Աշխարհամարտի տարիներուն իրականացուած են:

ՙՔսան դասակարգի զօրակոչ՚ը (1941-1942) տարածուած է հայոց, յոյներուն եւ հրեաներուն վրայ: Հնարաւորինս գաղտնի պայմաններու մէջ զօրակոչուած են չափահաս տարիքի տղամարդիկը: Իրականութեան մէջ, սակայն, զօրակոչուածները զինուոր չէին, քանի որ զէնք ու զինուորական համազգեստ չեն տրուած անոնց: Զօրակոչուածները Թուրքիոյ արեւելեան շրջաններուն մէջ գտնուող աշխատանքային ճամբարներ ղրկուած են: Ըստ տարածուած կարծիքին, ՙՔսան դասակարգի զօրակոչ՚ի նպատակն եղած է անվստահելի նկատուող ոչ-իսլամներու մեկուսացումը Երկրորդ Աշխարհամարտի տարիներուն: Հապշտապ կերպով բանակ կը զօրակոչուէր հայ, յոյն եւ հրեայ չափահաս տղամարդոց մեծ մասը:

ՙՈւնեցուածքի հարկ՚ին մասին աւելի շատ սկսաւ գրուիլ 1980-ական թուականներու վերջերէն: Թրքական ՙԷքոնոմիք Փանորամա՚ պարբերականը առաջինն էր, որ անդրադարձաւ այդ հարկին, զոր երբեմն կ’անուանէ ՙտնտեսական ցեղասպանութիւն՚ փոքրամասնութեանց նկատմամբ: Լրագրող եւ հետազօտող Ռըտվան Աքարը տարիներով զբաղած է այդ հարցով, զրոյցներ ունեցած այդ հարկի աղէտէն վերապրողներու կամ անոնց զաւակներուն հետ:

ՙԱլարքօ՚ ընկերութեան նախագահ, հրեայ Իսհաք Ալաթոնը պատմած է, որ ինքը 15 տարեկան էր, երբ Սիրքէճիի ճամբարին մէջ գտնուող հօրը ամէն շաբաթ հագուստ կը տանէր: Օր մը, երբ գացած էր, հայրը հոն չէր գտած, զայն Էրզրումի կողմերը` Աշքալէ տարած էին` պարտադիր աշխատանքի: ՙՀայրս Աշքալէի մէջ մահացածներուն մէջ չէր, բայց երբ վերադարձաւ, հաւատքը կորսնցուցեր էր: Այդպէս ալ մեռաւ՚,- ըսած է Ալաթոնը:

ՙՈւնեցուածքի հարկ՚ը հեղինակած էր վարչապետ Շիւքրիւ Սարաճօղլուն: Թրքական կառավարութիւնը հարկին բուն թիրախը կը դիտէր հարուստները, օտարահպատակներն ու փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչները: Սարաճօղլուն կը յայտնէր, որ այս ձեւով` օտարահպատակները ասպարէզէն դուրս պիտի քշուին եւ առեւտուրի մարզը թուրքերուն պիտի յանձնուի:

Ըստ վարչապետ Սարաճօղլուի, ՙՈւնեցուածքի հարկ՚ն ուղղուած էր վասն թրքական լիրայի արժեւորման ու շրջանառութեան մէջ եղած դրամի զանգուածին նուազեցման, նաեւ` սեւ շուկային, գիներու աճին եւ չարաշահներուն դէմ:

ՙՈւնեցուածքի հարկ՚ին չափերը պէտք է ճշդուէին Ժողովրդա-Հանրապետական Կուսակցութենէն ընտրուած եւ առեւտրականներէ բաղկացած յանձնախումբերը, որոնք իրենց մրցակից ոչ-իսլամ առեւտրականներուն ոխերիմ թշնամի էին: Ցանկերու առաջին տեղերէն պարզ կը դառնար, որ նպատակը փոքրամասնութիւնները հարուածելն էր. մէկ միլիոն լիրայէ աւելի բարձր հարկ վճարելիք 11 հարկատուներէն 9-ը ոչ-իսլամ էր:

1942-ին թրքական կառավարութիւնը, վարչապետ Շիւքրիւ Սարաճօղլուի գլխաւորութեամբ, խորհրդարանի հաստատման ներկայացուց ՙՈւնեցուածքի հարկի օրէնք՚ը, զոր ընդունուեցաւ 11 Նոյեմբերին, նիստին ներկայ 350 երեսփոխաններու միաձայն քուէարկութեամբ (չեն մասնակցած յետագային Դեմոկրատական Կուսակցութեան հիմնական առանցքը կազմած 76 երեսփոխան), որմէ ետք օրէնքը մտաւ գործողութեան մէջ:

Թրքական մամուլը կ’աջակցէր իշխանութեանց: Թերթերը կը գրէին, որ ՙՈւնեցուածքի հարկ՚ը ազդանշան էր ՙկէս հարենակիցներուն, որոնք Թուրքիոյ մէջ հիւրի նման կ’ապրին, որոնք յարգանք չունին իրենց հայրենիքին նկատմամբ՚: ՙԵրկրին բոլոր բարիքներէն օգտուող փոքրամասնութիւնը պէտք է բաժնէ երկրին դժուարութիւնները՚,- կ’աւելցնէին թրքական թերթերը:

ՙՈւնեցուածքի հարկ՚ը հարկատուները կը բաժնէր 4 խումբի` իսլամներ, ոչ-իսլամներ, օտարներ, իսլամ ընդունած կրօնափոխներ: Եթէ թուրքերը պարտաւոր էին իրենց տարեկան եկամուտին 5 տոկոսը վճարելու, ապա յոյները` 156, հրեաները` 179, հայերը` 232 տոկոսը:

ՙՈւնեցուածքի հարկ՚ի իրականացման ժամանակաշրջանին Ժողովրդա-Հանրապետական Կուսակցութեան պատրաստած զեկոյցէ մը կ’երեւի պետական վարչամեքենային վերաբերմունքը ոչ-իսլամներուն նկատմամբ: Զեկոյցին մէջ հայոց մասին կ’ըսուի, որ անոնք ՙկամաց-կամաց սակաւացող փոքր համայնքի վերածուած են Անատոլուի մէջ եւ քաղաքական եղանակով մը կը ձգտին աւելցնելու իրենց թուաքանակը՚: Հայերը նախ եւ առաջ Անատոլուէն ՙմաքրելով՚` պէտք է տեղափոխել Սթամպուլ, այսպիսով հնարաւոր կ’ըլլայ ՙվերահսկողութեան տակ վերցնել նաեւ բնակչութեան աճը՚: Զեկոյցին մէջ, յենելով պատմական փորձին վրայ, կը նշուի հայերը Սթամպուլ տեղափոխելու հիմնաւորում մըն ալ. ՙԱյս եղանակով թէ՛ անոնց թուաքանակին աճը կը կանխուի, թէ՛ վաղը, անհրաժեշտութեան պարագային, անոնք աւելի հաւաքական ձեւով կ’ըլլան պետութեան աչքին առջեւ եւ ձեռքին տակ՚: Ըստ այդ զեկոյցին, հայերը չձուլուող խումբ մըն են, որ, ուստի կ’առաջարկուի անոնց թուաքանակը պակսեցնել կա°մ բնակչութեան փոխանակման, կա°մ ալ ուրիշ երկիրներ անոնց գաղթը դիւրացնելու միջոցով:

Սթամպուլահայ Երուանդ Էօզուզունը ՙԱկօս՚ թերթին մէջ գրած է, որ ՙՈւնեցուածքի հարկ՚ին հետեւանքները բազմաշերտ էին եւ չէին սահմանափակուած միայն տնտեսութեան թրքացմամբ, այլեւ ատոր հետեւանքով վերացած են թրքահայ քաղքենիութիւնն ու այդ քաղքենիութեան մաս կազմող մտաւորական դասը: Կարդացած, գրագէտ, տարբեր լեզուներու տիրապետող դասակարգը վերացաւ` տեղը զիջելով իրենց ունեցուածքին աժան գիներով տիրացած անատոլուցի նոր հարուստներուն, որոնց գերակշիռ մասն անգրագէտ, անմշակոյթ մարդիկ էին, կը գրէր Էօզուզունը, ընդհանրացնելով, որ ՙՈւնեցուածքի հարկ՚ը հայոց համար նաեւ մշակութային կոտորած էր:

Ունեցուածքի հարկը վճարելու հնարաւորութիւն չունեցող հարկատուներուն իրերն ու կալուածները կը գրաւուէին եւ աճուրդի կը հանուէին: Մինչեւ 21 Յունուար 1943-ը հարկերը վճարելու անկարող հարկատուները Աշքալէ կը քշուէին:

Մօտ 5-6 հազար հոգի Էրզրումի, Աշքալէի եւ Սիվրիհիսարի ճամբարներն աքսորուեցաւ: Աշքալէի մէջ 21 հոգի մահացաւ: Հայերը կը պնդեն, որ 30 հազար հոգի քշուեցաւ Անատոլուի խորքերը, քանի որ պահանջուած գումարները չկրցան վճարել, եւ շատերը չվերադարձան: Որոշ հեղինակներ ՙՈւնեցուածքի հարկ՚ը նաեւ ՙփոքր չափի, անարիւն ֆինանսական ջարդ՚ կը նկատեն:

Աշխատանքային ճամբարներու կեանքին եւ առօրեային մասին գրած է ՙԹասվիրի Էֆքեար՚ թերթի թղթակից Ֆերիտուն Քանտէմիրը: Ան աքսորեալներուն հետ նոյն գնացքով մեկնած է Աշքալէ եւ 12 օր հոն ապրած: Ան պատրաստած է թղթակցութիւններ, որոնք տպագրուած են թերթի 28 Յունուարէն 8 Փետրուար 1943-ի թիւերուն մէջ:

ՙՈւնեցուածքի հարկ՚ը վերացուեցաւ 15 Մարտ 1944-ին, թէեւ արդէն 1943-ի վերջերէն սկսած էին վերանայումները. Աշքալէ աքսորուածները կրնային տուն վերադառնալ եւ մնացեալ հարկը յետոյ աշխատելով վճարել:

Վարչապետ Սարաճօղլուն ընդունած է, թէ ՙՈւնեցուածքի հարկ՚ի գաղափարը իրենն է եւ թէ եթէ անհրաժեշտութիւն ըլլայ` ինքն առանց երկմտելու նորէն կը դիմէ նոյն քայլին: Ռըտվան Աքարն իր գիրքին մէջ կը մէջբերէ Սարաճօղլուի խօսքերը` տպագրուած ՙՃումհուրիյէթ՚ի 21 Յունուար 1943-ի թիւին մէջ. ՙԱյս օրէնքը իր ամբողջ խստութեամբ կիրառուելու էր բոլոր անոնց նկատմամբ, որոնք այս երկրի հիւրասիրութենէն օգտուելով ու այդ շնորհիւ հարստանալով հանդերձ, այդ զգայուն պահին պիտի փախչէին՚:

Թեհրանի խորհրդաժողովը

Բրիտանացիք կը շարունակէին ճնշում բանեցնել` Թուրքիան ռազմական գործողութեանց ներգրաւելու համար, սակայն Անգարան կը դիմադրէր նոյնիսկ Սթալինկրատի մէջ գերմանացիներու ջախջախումէն ետք:44 Հակահիթլէրեան համաձայնութեան երեք տէրութեանց` Խորհրդային Միութեան, Միացեալ Նահանգներու եւ Մեծն Բրիտանիոյ առաջնորդներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ երեք խորհրդաժողով` Թեհրանի մէջ` 28 Նոյեմբեր 1943-էն 1 Դեկտեմբեր, Եալթայի մէջ` 4-11 Փետրուար 1945-ին եւ Փոթստամի մէջ` 17 Յուլիս 1945-էն 2 Օգոստոս, որոնց մէջ Թուրքիոյ անդրադարձ եղաւ:

Եոսիֆ Սթալինը, Ուինսթըն Չըրչիլն ու Թէոտոր Ռուզվելթը Թուրքիոյ անդրադարձան Թեհրանի խորհրդաժողովի44 առաջին իսկ նիստին` 28 Նոյեմբեր 1943-ին.

Չըրչիլ – Կարեւոր է, որ Թուրքիան համոզենք մտնելու պատերազմին մէջ: Ատիկա հնարաւորութիւն կու տար բանալու հաղորդակցութիւնը Տարտանէլով եւ Վոսփորով, եւ մենք կը կարենայինք հանդերձանքը Ռուսիա ղրկել Սեւ Ծովով: Ատկէ բացի, մենք կը կարենայինք թրքական օդանաւակայաններն օգտագործել` թշնամիին դէմ պայքարելու համար: Ինչպէ՞ս կրնանք Թուրքիան ստիպել` մտնելու պատերազմին մէջ: Ի՞նչ պէտք է ընէ ան: Պէ՞տք է արդեօք ան յարձակի Պուլկարիոյ վրայ եւ պատերազմ յայտարարէ Գերմանիոյ:

Սթալին – Ես կը կասկածիմ, որ Թուրքիան մտնէ պատերազմի մէջ: Ան պատերազմի մէջ չի մտներ, ինչպիսի ճնշում ալ գործադրենք անոր վրայ:

Չըրչիլ – Մենք այնպէս կը հասկնայինք, որ խորհրդային կառավարութիւնը չափազանց շահագրգռուած է, որ Թուրքիան ստիպենք` մտնելու պատերազմին մէջ:

Սթալին – Այո՛, մենք պէտք է փորձենք Թուրքիան ստիպել մտնելու պատերազմին մէջ:

Չըրչիլ – Թուրքիոյ հարցն ինչպէ՞ս լուծենք: Գուցէ ա՞ն ալ յանձնենք զինուորական մասնագէտներու քննարկման:

Սթալին – Ատիկա թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ ռազմական հարց է: Թուրքիան Մեծն Բրիտանիոյ դաշնակիցն է եւ բարեկամական յարաբերութեանց մէջ է Խ. Ս. Հ. Մ.ի ու Ա. Մ. Ն.ի հետ: Հարկաւոր է, որ Թուրքիան այլեւս խաղ չխաղայ մեր եւ Գերմանիոյ միջեւ:

Ռուզվելթ – Ի հարկէ ես կողմնակից եմ, որ ստիպենք Թուրքիան` մտնելու պատերազմին մէջ, բայց եթէ Թուրքիոյ նախագահին տեղը ես ըլլայի, այդ բանին դիմաց կը պահանջէի այնպիսի գին, զոր անիկա կարելի ըլլար վճարել ՙՕվելուորտ՚ գործողութեան (Լա Մանշի նեղուցով Ֆրանսա ներխուժելու գործողութեան պայմանական անունը) վնաս հասցնելով միայն:

Սթալին – Պէտք է փորձել Թուրքիան պատերազմելու ստիպել: Ան շատ դիվիզիաներ ունի, որոնք անգործութեան մատնուած են:

29 Նոյեմբերին, երկրորդ նիստին, ընդգծելով, որ անգլիացիք Թուրքիոյ դաշնակիցներն են, Չըրչիլն իր վրայ կը վերցնէ Թուրքիան ՙհամոզելու կամ ստիպելու՚ պատասխանատուութիւնը: ՙԲրիտանական կառավարութեան անունէն կրնամ ըսել, որ ան պատրաստ է Թուրքիան նախազգուշացնելու, որ եթէ ան չընդունի պատերազմի մէջ մտնելու առաջարկութիւնը, ապա ատիկա կրնայ քաղաքական լուրջ հետեւանքներ ունենալ Թուրքիոյ համար եւ պիտի ազդէ Վոսփորի ու Տարտանէլի նկատմամբ անոր ունեցած իրաւունքներուն վրայ՚,- Սթալինին եւ Ռուզվելթին ըսած է Չըրչիլը:

Թեհրանի խորհրդաժողովին վերջին օրը` 1 Դեկտեմբերին, ի պատասխան Սթալինի ՙԻնէօնիւն արդեօք հիւա՞նդ է՚ հարցումին, Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետը կ’ըսէր. ՙԴիւրութեամբ կրնայ հիւանդանալ: Եթէ Ինէօնիւն չհամաձայնի ինծի եւ նախագահին (Ռուզվելթ) հետ հանդիպելու համար Գահիրէ մեկնելու, ապա ե՛ս պատրաստ եմ երթալու անոր մօտ` Ատանա: Ինէօնիւն կու գայ հոս, եւ ես անոր կը նկարագրեմ այն տհաճ պատկերը, զոր թուրքերուն առջեւ պիտի ներկայանայ այն պարագային, եթէ անոնք չհամաձայնին մտնելու պատերազմին մէջ, եւ հաճելի պատկերը` հակառակ պարագային՚:

1943-ի Դեկտեմբերին Գահիրէի հանդիպման ընթացքին Չըրչիլն ու Ռուզվելթը աւելի մեծ ճնշում բանեցուցին Ինէօնիւի վրայ. Մեծն Բրիտանիան ու Ա. Մ. Ն.ն յստակօրէն հասկցնել տուին, որ եթէ Թուրքիան շարունակէ ռազմական գործողութիւններէն հեռու մնալ, ապա պատերազմի վերջէն ետք ան կրնայ մեկուսացուիլ եւ Կարմիր Բանակին ու Սթալինի պահանջներուն դիմաց մինակ մնալ:

Եալթայի խորհրդաժողովը

Հակահիթլէրեան համաձայնութեան երեք տէրութեանց ղեկավարներուն երկրորդ խորհրդաժողովը տեղի ունեցաւ 4-11 Փետրուար 1945-ին` Եալթայի մէջ, Ղրիմի թերակղզի: Գերմանիոյ բախտն արդէն վճռուած էր: Խ. Ս. Հ. Մ.ը, Միացեալ Նահանգներն ու Մեծն Բրիտանիան Միացեալ Ազգերու խորհրդաժողովին կը նախապատրաստուէին: Եալթայի մէջ կ’որոշուի այդ խորհրդաժողովը հրաւիրել Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ` 25 Ապրիլին:

Եալթայի խորհրդաժողովի հինգերորդ նիստին` 8 Փետրուարին, Չըրչիլը կը յայտարարէ, որ Մեծն Բրիտանիան պիտի արտայայտուի Թուրքիան Միացեալ Ազգերու խորհրդաժողովին հրաւիրելու օգտին, նոյնիսկ եթէ այդ առաջարկութիւնն ընդհանուր հաւանութեան չարժանանայ: Ան կը յիշեցնէ, որ Թուրքիան Մեծն Բրիտանիոյ հետ դաշինք կնքեր էր պատերազմէն առաջ` շատ վտանգաւոր ժամանակ: Երբ պատերազմն սկսաւ, թուրքերը կը գտնէին, որ իրենց բանակը ժամանակակից պատերազմի համար այնքան լաւ սպառազինուած չէ: Այնուամենայնիւ, կը շարունակէ Չըրչիլը, Թուրքիոյ դիրքը բարեկամական եւ օգտակար եղած է շատ տեսակէտներէ: Չըրչիլը կը հարցնէ` հարկ չկա±յ արդեօք թուրքերուն հնարաւորութիւն տալու` զղջալու մահուան մահիճին մէջ:

Սթալինը կը պատասխանէ, որ Թուրքիան հարկաւոր է հրաւիրել Սան Ֆրանսիսքօ, եթէ ան մինչեւ Փետրուարի վերջը Գերմանիոյ պատերազմ յայտարարէ: Չըրչիլն ու Ռուզվելթը հաւանութիւն կու տան:

Թուրքիան 2 Օգոստոս 1944-ին խզած էր յարաբերութիւնները Գերմանիոյ հետ: 3 Յունուար 1945-ին Թուրքիան խզեց յարաբերութիւնները նաեւ Ճափոնի հետ: Խորհրդարանի նիստին, արտաքին գործոց նախարար Հասան Սաքան երեսփոխաններուն տեղեկացուց, որ ՙմեր դաշնակից Անգլիան եւ մեր բարեկամը` Ա. Մ. Ն.ը, կը փափաքին, որ խզենք տնտեսական եւ քաղաքական ամէն յարաբերութիւն Ճափոնի հետ՚: Առաջարկն ընդունուեցաւ 339 քուէով:

Եալթայի խորհրդաժողովէն ետք Թուրքիան պատերազմ հռչակեց Գերմանիոյ եւ Ճափոնի դէմ, սակայն ատիկա զուտ խորհրդանշական քայլ էր, քանի որ ոեւէ թուրք զինուոր նոյնիսկ մէկ փամփուշտ չկրակեց գերմանացիներուն եւ անոնց դաշնակիցներուն ուղղութեամբ: Թուրքիոյ խորհրդարանը միաձայն ընդունեց կառավարութեան` Առանցքին դէմ պատերազմ հռչակելու առաջարկը: Այսպիսով, Թուրքիան մաս կազմեց Միացեալ Ազգերուն եւ հրաւիրուեցաւ Սան Ֆրանսիսքոյի խորհրդաժողովին:

Արտաքին գործոց նախարար Հասան Սաքան խորհրդարանին մէջ ըսաւ. ՙԱնգլիոյ դեսպանը` Սըր Մօրիս Փիթիրսընը, 20 Փետրուարին դիմեց մեզի եւ իր կառավարութեան անունէն յուշագիր յանձնեց արտաքին գործոց նախարարութեան: Յուշագիրին մէջ կ’ըսուէր, որ ըստ Ղրիմի մէջ ընդունուած որոշման` անոնք, որոնք 1 Մարտէն առաջ պատերազմ հռչակեն Առանցքի երկիրներուն դէմ, իրաւունք կը ստանան հրաւիրուելու Սան Ֆրանսիսքոյի խորհրդաժողովին՚:

Ապա խորհրդարանի ամպիոն բարձրացաւ վարչապետ Սարաճօղլուն եւ իր ելոյթին մէջ հիմնաւորեց պատերազմ հռչակելու անհրաժեշտութիւնը: Սարաճօղլուն 23 Փետրուարի ելոյթին մէջ ըսաւ. ՙԹուրքիան առաջին իսկ վայրկեանէն զէնքով, խօսքով, սիրտով կանգնեցաւ ժողովրդավար ազգերուն կողքին: Այսօր կը փափաքինք քայլ մըն ալ ընել եւ միանալ անոնց, որոնք որոշած են մարդկային ազատութիւնը, քաղաքակրթութիւնը, անկախութիւնը փրկել եւ խստօրէն պատժել պատերազմի յանցագործները: Այսօր կ’ուզենք պաշտօնապէս գրաւել այն տեղը, զոր արդէն գրաւած էինք մարտնչող ազգերու կողքին: Ահա թէ ինչո՛ւ կը փափաքինք պատերազմ հռչակել Գերմանիոյ եւ Ճափոնի դէմ, որոշում մը, զոր կը համապատասխանէ թէ՛ մարդկութեան եւ թէ՛ մեր ազգային շահերուն՚: Բանաձեւը քուէարկութեան դրուեցաւ եւ ընդունուեցաւ միաձայն` 401 քուէով:

Չըրչիլը 27 Փետրուարին բրիտանական խորհրդարանի իր ելոյթին մէջ դրուատեց Թուրքիոյ քայլը, յիշեցնելով, որ ՙերբ բազմաթիւ վտանգներ կային, Թուրքիան 1939-ին դաշինք կնքեց մեզի հետ՚:

Փաստօրէն, Թուրքիան պատերազմ յայտարարեց նաեւ այն պատճառով, որպէսզի չզրկուի Սան Ֆրանսիսքոյի խորհրդաժողովին մասնակցութենէն եւ Մ. Ա. Կ.ի հիմնադիր պետութեանց մաս կազմէ:

Թուրքիան Գերմանիոյ դէմ պատերազմ յայտարարած 37-րդ պետութիւնն էր: Այդ օրերուն, Կարմիր Բանակը Սաքսոնիա մտած էր եւ Պերլինէն ընդամէնը քանի մը տասնեակ քիլոմեթր հեռու կը գտնուէր:

Շարունակելի

Հայացք Արարատէն. Հայերը եւ Թուրքերը, արևմտահայերենՀայեացք Արարատէն. հայերը եւ թուրքերը` պատերազմ, պաղ պատերազմ, դիւանագիտութիւն գիրքը բաղկացած է երեք մասերէ` հայ-թրքական յարաբերութիւնները 1918-1921, Խորհրդային Միութեան տարիներուն կայացած յարաբերութիւնները եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները 1988-էն այսօր: Գիրքի պատրաստութեան համար Թաթուլ Յակոբեան բազմաթիւ զրոյցներ ունեցած է պետական պաշտօնեաներու հետ, օգտագործած է բազմատեսակ աղբիւրներ, կատարած է այցելութիւններ եւ ուսումնասիրած է բազմաթիւ հրատարակութիւններ: Հեղինակը հայ-թրքական յարաբերութիւններու հարիւրամեայ պատմութիւնը ներկայացնելով պատմաբանասիրականը կը միացնէ լրագրականին եւ առարկայականը` վերլուծականին:

Փափուկ կազմ, 515 էջ,
լեզուն՝ արեւմտահայերէն,
2012, Անթիլիաս,
ISBN 978-995302343-4,