«Կարսի 1920թ. ինքնասպանները». հայագիտական բնոյթի նոր գիրքեր

1493

Գէորգ Եազըճեան կը շարունակէհայ մամուլին սիրայօժար կերպով ու պարբերաբար ղրկել մատենագիտական տուեալները Հայրենիքին թէ սփիւռքի գաղութներուն մէջ լոյս տեսածհայագիտական բնոյթի նոր հրատարակութիւններունի գիտութիւն ընթերցող լայն հանրութեանմասնաւորաբարգրադարաններուն եւ հայագիտական շրջանակներունՏուեալներուն կցուած են հրատարակութեան բովանդակութեան առնչուած անհրաժեշտ եւ հակիրճ բացատրութիւններ: Տուեալները երբեմն քաղուած են պարբերական մամուլէն եւ կրնան պակասաւոր ըլլալ:

–  «Արեւմտահայերէնը 21-րդ դարուն. Մարտահրաւէրներ եւ նոր մօտեցումներ», խմբագիրներ՝ Պետրոս Տէր Մաթոսեան եւ Պառլօ Տէր Մկրտիչեան, Հայագիտական Ուսմանց Ընկերութեան հրատարակութիւն, Գալիֆոռնիոյ նահանգային համալսարանի հրատարակչութիւն, Լոս Անճելոս, 2019 (10 հեղինակներու ուսումնասիրական յօդուածներու ժողովածու)(անգլերէն): Լոյս տեսած է Գալուստ Կիւլպենկեան հիմնարկութեան հայկական համայնքներու բաժանմունքի նիւթական օժանդակութեամբ:

– Աքչամ Թաներ, «Սպանութեան հրամաններ – Թալէաթ փաշայի հեռագրերն ու Հայոց ցեղասպանութիւնը», անգլերէնէ թարգմանեց Անդրանիկ Իսրայէլեան, խմբագիր՝ Արմէն Սարգսեան, Newmag հրատարակչութիւն, Երեւան, 2019:

– Գառնուզեան Ճէյմզ վեր., «Վերադարձ դէպի Այրարատեան Լեռնաշխարհ» + «Առաջին հայկական համագումարը (3-6 սեպտ. 1979, Փարիզ)», հրատարակութիւն «Սփիւռք» պարբերաթերթի – Լիբանան, Երեւան, «Տիգրան Մեծ» հրատարակչութիւն, 2019, 228 էջ (հրատարակիչին ներածական խօսքը, Արարատիզմի գաղափարախօս վեր. Ճէյմզ Գառնուզեանի (1926-1998) գրքոյկին վերահրատարակութիւնը, համագումարին ամբողջական թղթածրարը, յաւելուած):

– Զէյթլեան-Ուայթենփաուղ Հեղնար, «Պակսող էջերը – Միջնադարեան ձեռագիրի մը արդի կեանքը – Ցեղասպանութենէն՝ արդարութիւն», Ա. Մ. Ն., փետրուար 2019, 436 էջ (Թորոս Ռոսլինի մանրանկարած «Զէյթունի Աւետարան»ի՝ մայր ձեռագիրէն պակսող եւ Ա. Մ. Ն.ի Ճէյ. Փոլ Կէթթի Թանգարանին մէջ 2010-ին յայտնուած 8 էջերու նկարագրականին ընդմէջէն՝ 700 տարուան ձեռագիրի ոդիսականին եւ Մեծ Եղեռնին ներկայացումը)(անգլերէն):

– Թումանեան Յովհաննէս, «Առիւծասիրտ Նազարը», թարգմանիչներ՝ Նշան Կիւրեհ եւ Ալիս Պետիկեան, նկարազարդումը՝ Էմինէ Պորայի, «Արտէն» հրատարակչութիւն, Սթամպուլ, 8 մարտ 2019, 56 էջ (25 x 25 սմ.)(Թումանեանի «Քաջ Նազար»ի թարգմանութիւնը, Թումանեանի կենսագրութիւնը)(թրքերէն): «Ծրագիրին իր նպաստը բերած է «Փոքրիկ» կայքէջը»:

– Թօլայեան Երուանդ, «Կավռօշ-Նամէ», աշխատասիրութեամբ Հենրիկ եւ Արծուի Բախչինեաններու, հրատարակութեան պատրաստեց Սեւան Տեյիրմէնճեան, «Արաս» հրատարակչութիւն, Սթամպուլ, փետրուար 2019, 600 էջ (15 x 21 սմ.) («Կավռօշ» երգիծաթերթի խմբագիր եւ հրատարակիչ, դերասան, 1936-ին հայրենադարձած Երուանդ Թօլայեանի թատերական եւ խմբագրական գործունէութեան յուշերը)(թրքերէն): Մեկենաս՝ Սարգիս Քիւլէկէլ՝ ի յիշատակ իր տիկնոջ՝ Էմմա Քիւլէկէլի:

– Մալխաս [Արտաշէս Յովսէփեան],     «Զարթօնք», Ա.-Դ. հատորներ, խմբագիր՝ Կարօ Յովհաննէսեան, վերահրատարակութիւն Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան, Պէյրութ, 2019:

– Մարտիկանեան Աւրորա (Արշալոյս Մարտիկեան), «Հայաստանի կործանումը – Զանգուածային ջարդերէն ճողոպրած երիտասարդուհիի մը անհաւատալի պատումները», անգլերէնէ թարգմանեց Թոմա Տիլան(եան), «Արարատ» հրատարակչութիւն, հաւանաբար՝ Փարիզ, 12 մարտ 2019, 205 էջ (ֆրանսերէն):

– Մորիս Պեննի եւ Զէ’եւի Տրոր, «Երեսնամեայ ցեղասպանութիւն – Թուրքիոյ կողմէ իր քրիստոնեայ փոքրամասնութեանց բնաջնջումը 1894-1924», Հարվարտի համալսարանի հրատարակչութիւն, Ա. Մ. Ն., 24 ապրիլ 2019, 672 էջ (15,5x 23,4 սմ.) (Իսրայէլի Նեկեւ քաղաքի «Պէն Կուրիոն» համալսարանի դասախօս հեղինակները կը ներկայացնեն նաեւ Հայոց ցեղասպանութիւնը)(անգլերէն):

– Շահամիրեան Յակոբ եւ Պատուական-ԹուֆանեանՍաթենիկ, «Որոգայթ փառաց – Հանրապետական ծրագիր մը Արեւելքի մէջ ԺԸ. դարուն», թարգմանեց Սաթենիկ Պատուական-Թուֆանեան, «Ինալքօ» հրատարակչութիւն, Փարիզ, նոյեմբեր 2018, 530 էջ(1773-ին առաջին անգամ լոյս տեսած հայկական «սահմանադրութեան»ուսումնասիրութիւնը, անոր թարգմանութիւնը, ներածութիւն, վերջաբան, 11 բաժիններով յաւելուած, յապաւումներու, նկարներու ու քարտէսներու եւ օգտագործուած աղբիւրներու ցանկեր)(ֆրանսերէն)։

– Շամլեան Վարդգէս, «Յուշագրական ալպոմ», Մոնթրէալ, 2018, 388 էջ (լիբանանահայ, այնուհետեւ Գանատա հաստատուած հանրածանօթ իրաւաբանին եւ հասարակական-քաղաքական գործիչին յուշերը Լիբանանի եւ Գանատայի մէջ իր գործունէութեան մասին):

– Պետրոսեան Դաւիթ, «Կարսի 1920թ. ինքնասպանները», «ՎՄՎ-պրինտ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2019, 84 էջ (10,1×14 սմ.)(Կարսի 30 հոկտեմբեր 1920-ի դաւաճանական յանձնումին պատմագիտական գնահատականը եւ արժանապատուութենէ մղուած քանի մը անձնասպաններու մասին վկայութիւնները):

– Տէր Պալեան Յակոբ, «Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածի յուշերը Ատանայէն մինչեւ Մոսուլ», հայերէնէ թարգմանեց Կլատիս Տէր Պալեան, ներածութիւնը, խմբագրումը եւ ծանօթագրութիւնները՝ Ռեմոն-Յարութիւն Գէորգեանի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարան, Անթիլիաս, 2019 (ֆրանսերէն):

– Քարանեան Մեթեու, «Հայկական Բարձրաւանդակը – Արեւմտեան Հայաստան եւ 1918-ի Հայաստանի առաջին հանրապետութիւնը»,   Ա. Մ. Ն., 2019, 312 էջ(20,5 x 27,7 սմ.)(պատմական ուղեցոյց, բազմաթիւ քարտէսներ, 200-է աւելի լուսանկարներ Հայաստանի ոչ միայն արեւմտեան հատուածէն, այլեւ Կարսի մարզէն ու հայոց հայրենիքի գրաւեալ ուրիշ տարածքներէն) (անգլերէն):

Պատրաստեց Գէորգ Եազըճեան