Նամակ երկրէն
Մէկ տարի առաջ, այսօր, հայ ժողովուրդի բացարձակ մեծամասնութիւնը Ո՛Չ ըսաւ մենատիրության, ՈՉ՝ ստրկամտութեան, երկրի թալանին, չընտրուած իշխանութիւններուն շուրջ հաւաքուած պնակալէզներուն, անարդարութիւններուն, ընտրակեղծիքներուն, ոստիկանութիւնը սեփական պահակազօրքի վերածած քրէաօլիկարխիկ իշխանիկներուն, կաշառքին ու փտածութեան։
Ո՛Չ ըսաւ եւ տուն ուղարկեց քրէաօլիկարխիկ համակարգի ղեկավար Սերժ Սարգսեանը եւ անոր սպասարկուն դարձած, անոր պնակէն օգտուող քաղաքական հտպիտները, անոր դարանակալ աստիճաններէն վեր բարձրանալ փորձող ապագաղափարական ուժերը, ժողովուրդին անունով խօսող բայց ժողովուրդէն վաղուց հեռացած քաղաքական խմբակներն ու անոնց սայթաքած առաջնորդները:
Մէկ տարի անցած է արդէն, բայց դեռ երկար ճամբայ կայ կտրելիք՝ մեր երազած Հայաստանը ունենալու համար: Նոր իշխանութիւնները, յեղափոխութեան առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեանի ղեկավարութեամբ, դեռ պէտք է փաստեն, որ ի վիճակի են յեղափոխական քայլերով արմատական բարեփոխումներ իրականացնելու՝ 7 միլիար տոլար արտաքին պարտք կուտակած, բնակչութենէ դատարկուած եւ կոռուպցիայի մէջ ընկղմած երկիրը ճիշդ ուղղիի վրայ դնելու համար:
Երեկուան իշխանութիւնները եւ անոնց սպասարկու դարձած քաղաքական ուժերը, իրենց մեծ ու փոքր, մօտիկ ու հեռաւոր, վարձու կամ «վերեւիններուն» հաճոյանալու մէջ մասնագիտացած մունետիկներով կը քարոզեն ու պիտի քարոզեն, որ ամէն ինչ վատ է, ամէն ինչ քարուքանդ է Հայաստանի մէջ: Պիտի շարունակեն ափոքալիփսի մարգարէի պատմուճանը հագնիլ եւ սուտ ու շինծու, ճիշդ ու սխալ տեղեկութիւնները իրար խառնել, «իմաստուն» վերլուծութիւններ ընել, գալիք օրերու աղէտը կանխատեսել ու ամէնէն ահաւորը՝ հիւսիս վազել ու բոլշեւիկեան վարքագիծով, Քրեմլինի դռներուն առջեւ ծնկաչոք օգնութիւն աղերսել, Հայաստանը «օտարածին» ներխուժումներէ փրկելու համար:
Միւս կողմէ, Նիկոլ Փաշինեանի ղեկավարած կառավարութեան կողմնակիցները, որոնք ոչ մէկ սխալ կ’ուզեն տեսնել նոր իշխանութիւններու գործունէութեան մէջ, ցեխարձակումներուն պիտի պատասխանեն բուռն ու համաչափ հակահարուածներով, ամէն ինչ պիտի ընեն փաստելու, որ երկրի մէջ ամէն ինչ լաւ կ’ընթանայ, բոլոր ծրագիրները 100 տոկոսով կ’իրագործուին, ամէն ինչ կարգին է եւ հրաշալի օրեր կը սպասեն հպարտ հայ քաղաքացիներուն:
Շատ միամիտներ կուրօրէն պիտի հաւատան այս կողմի շինծու կամ ճիշդ լուրերուն ու խելացի՜ վերլուծումներուն, ուրիշներ անվերապահ ու անսասան վստահութիւն պիտի յայտնեն հակառակ կողմի հաւաստիացումներուն ու խոստումներուն, առանց դոյզն կասկածի կամ հարցաքննութեան…
Երեկուան իշխանաւորները կամ այսօրուան ընդդիմադիրները ամէն րոպէ պիտի պնդեն, որ նոր կառավարութիւնը արդէն 4 ամիսէ կեանքի կոչուած է ու անամօթաբար դեռ չէ կրցած Հայաստանը երկիր դրախտավայրի վերածել, ի հարկէ մոռնալով, որ անցեալին, երբ իրենք աւելի քան 2 տասնամեակ իշխանութեան վրայ էին, իրենց սխալները քննադատողներուն անդադար կը յիշեցնէին, թէ երկիրը ընդամէնը 25 տարեկան է, եւ իրաւունք չունինք բարձր եւ անտրամաբանական անկնալութիւններ ունենալու: Չէ՞ որ դեռ պատանի է մեր հայրենիքը, ինչպէ՞ս կարելի է կոռուպցիա չունենալ, ինչպէ՞ս կարելի է պատանիէն հասունութիւն ակնկալել, ինչպէ՞ս կարելի է մէկ անգամէն փառապանծ երկիր ունենալ, կ’ըսէին անոնք, ամէն անգամ երբ կոռուպցիայի, անարդարութիւններու, կողոպուտի, ընտրակեղծիքներու դէմ բողոքի արշաւ ծաւալէր: Իսկ հիմա, երեկուայ իշխանաւորներու պաշտպանները՝ աւելի քան 20 տարի, գրեթէ քառորդ դար շարունակ երկիրը քարուքանդ ըրած իշխանաւորներուն սպասարկուները, անխելք ու նոյնիսկ դաւաճան կը հռչակեն նոր ղեկավարները, քանի որ անոնք, լա՜ւ լսեցէք, 4 ամսուայ ընթացքին չկրցան երկիրը դրախտի վերածել…
Ի հարկէ, անսխալական չեն նորեկները: Եւ իրենց մեծագոյն յանցանքը այն է, որ բարեփոխումները յեղափոխական քայլերով առաջ չեն տանիր, ԲՈԼՈՐ յանցագործներուն դեռ պատիժ չեն տուած, հարցականի տակ չեն առներ իրենց ղեկավարին քայլերը, ու փոխանակ գիշեր-ցերեկ ժողովուրդին ցաւերով զբաղելու, ինքնասիրահարուածութեամբ տարուած՝ տարի մը առաջ արդար յաղթանակի գինովութենէն դուրս չեն եկած տակաւին:
Հակառակ այս բոլորին, Սերժ Սարգսեաններու Հայաստանը անցեալին կը պատկանի այլեւս: Ազատութեան համը առած ժողովուրդը, որ ամէն պատճառ ունի նորերէն պահանջատէր ըլլալու, ետդարձ չի կրնար արձանագրել, որքան ալ անցեալի ուժերուն քարոզիչները ափոքալիփսի բօթով սարսափ տարածեն՝ Հայաստանէն ի Սփիւռս աշխարհի:
Հայաստանի ժողովուրդը ուրիշ էր 23 Ապրիլ, 2018-էն առաջ, ուրիշ է 23 Ապրիլ, 2018-էն յետոյ: Եւ անձերէ աւելի, քաղաքական հին ու նոր ուժերէ աւելի, այս տարբերութիւնն է, այս հոգեփոխութիւնն է, այս հաւաքական գիտակցութեան շրջադարձն է ապագայ փայլուն Հայաստանի երաշխիքը:
Հայաստանի ապագան փայլուն է, որովհետեւ անցեալը այլեւս վերադարձ չունի, որովհետեւ ազատութեան համը առած ժողովուրդը ժամացոյցի սլաքը դէպի ետեւ չի տանիր, որովհետեւ անկախ անկէ, թէ ո՞վքեր նստած են իշխանական աթոռներուն վրայ, իր իրաւունքներուն գիտակից ժողովուրդին առջեւ հաշուետւութիւնը անխուսափելի է բոլորին համար անխտիր:
Եւ ոչ ոք կասկած չունենայ յանկարծ. Ազատ եւ գիտակից քաղաքացի՝ սա է անցեալ տարուայ պանծալի յեղափոխութեան մեծագոյն նուաճումը: Սա է նաեւ Հայաստանի փայլուն ապագայի խթանիչ ուժը:
Րաֆֆի Տուտագլեան
Գրեցէ՛ք ինծի:
rafdoud@aol.com