Արամ Ա․ վեհափառին փառաւոր այցը Հալէպ

1332

Մարտ ամսոյն վերջին երեք օրերը հալէպահայութեան համար եղան նշանակալի օրեր: Այդ երեք օրերուն Հալէպ հովուական այցելութեամբ ներկայ էր  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը, որ պարտք զգացած էր գօտեպնդել հալէպահայութիւնը եւ իր անմիջական ու անվերապահ զօրակցութիւնը յայտնել հոս մնացողներուն:

Տագնապի ամբողջ ընթացքին գրեթէ ոչ մէկ հայ պատասխանատու անձնաւորութիւն  Հալէպ եկաւ: 2016-ին Հալէպ քաղաքը ամբողջութեամբ անցաւ պետական զօրքերու հակակշռին տակ, որմէ անմիջապէս ետք Հալէպ ժամանեց Արամ Վեհափառը, որմէ բացի Հալէպ այցելող միակ հայ պատասխանատու բարձրաստիճան անձնաւորութիւնը եղած է Մխիթար Հայրապետեանը,  որ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարն էր. ան Հալէպ եկած էր 2018-ի կէսերուն:

Արամ Վեհափառ Այս անգամ եկած էր վերանորոգելու իր զօրակցութիւնը հալէպահայութեան, վերօծելու Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցին, ցոյց տալու իր անվերապահ աջակցութիւնը մեզի, գնահատելու հայ եկեղեցւոյ երեք յարանուանութիւններուն կատարած նուիրական աշխատանքները տագնապի տարիներուն, յանուն գաղութի գոյատեւման, նաեւ իր գոհունակութիւնը յայտնելու Հալէպի Ազգային իշխանութիւններուն տարած աշխատանքին մասին:

Վերօծման արարողութենէն ետք Վեհափառ հայրապետը նշեց, որ հայ եկեղեցին եղած է եւ է «Հաւատքի առաքելութիւն, ազգանուէր ծառայութիւն, մշակութային արժէքներու կենսագործում եւ ազգային պահանջատիրութիւն»: Ապա  ընդունելով Հալէպի պետական, ապահովական եւ իշխող Պաաս կուսակցութեան ամենաբարձր պատասխանատուներ, կրօնական պետեր, լրատուական միջոցներու ներկայացուցիչներ եւ խօսքը ուղղելով անոնց, շեշտելէ ետք, որ այս օրը  ուրախութեան օր է ոչ միայն սուրիահայութեան, այլ ամբողջ Սուրիոյ ժողովուրդին համար, ըսաւ.«Վերականգնումը յաղթանակի նշան է: Անցնող 8 տարիներուն ուրիշներ ուզեցին Սուրիան քանդել, բայց սուրիացիները յաղթեցին: Սուրիացի ըսելով նկատի ունինք իսլամ ու քրիստոնեայ բոլոր համայնքները, որոնցմէ մաս մըն է հայութիւնը: Սուրիոյ մէջ բոլոր համայնքները համահաւասար քաղաքացիներ են, ուստի բոլորս՝ իսլամ թէ քրիստոնեայ, ձեռք –ձեռքի տուած պիտի շարունակենք վերականգնումը, գլխաւորութեամբ նախագահ Տոքթ. Պաշշար ալ Ասատի: Թուրքիոյ մէջ հայերը կոտորածի ենթարկուեցան, բայց Սուրիոյ մէջ սէր եւ ապաստան գտան: Մենք երախտապարտ ենք սուրիացի ժողովուրդին, հետեւաբար միասնաբար պիտի շարունակենք վերականգնել Սուրիան»:

Վեհափառը քաղաքագէտ անձնաւորութիւն է, հրաշալի հռետոր, զինք ունկնդրողները հաճոյքով եւ հետաքրքրութեամբ կը լսեն զինք, ճիշդ այս պատճառաւ ան կրնար աւելցնել, որ երախտապարտ հայը միշտ կառուցող եղած է, կրնար շեշտել, որ հայը Սուրիոյ համար երբեք բեռ չէ եղած, ընդհակառակը ան իր ստեղծագործ աշխատանքով միշտ սատարած է իբրեւ երկրորդ հայրենիք ընդունած այս երկրի վերելքին: Այս օրերուն, երբ տագնապի ընթացքին բազմաթիւ ձայներ հնչեցին մեր դէմ, երբ ըսողներ եղան (լսողներ ալ) որ հայերը բոպիկ եկան եւ արաբները ամէն ինչ տուին անոնց առանց փոխարէնը բան մը ստանալու,  այո՛, այս օրերուն աւելորդ պիտի չըլլար արաբ մեր հայրենակիցներուն ասիկա յիշել տալը ինչպէս որ աւելորդ չեղաւ մեր երախտապարտութիւնը արտայայտելը:

Վեհափառը այս երեք օրերուն հաւանաբար չքնացաւ ալ, իր բոլոր ժամերը լեցուն էին ընդունելութիւններով եւ այցելութիւններով: Ան յատուկ այցելութիւն տուաւ նաեւ մարդասիրական առաքելութեամբ Հալէպ գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան բանակայիններուն եւ բուժաշխատողներուն,  իր արտայայտութեամբ՝ «Ազգային վառ ապրումներով» ողջունեց զանոնք ու իր հայրական օրհնութիւնը տալով շեշտեց, որ անոնք իրենց առաքելութեամբ պերճախօս վկան են որ .« Հայ ժողովուրդը արդարութիւն, խաղաղութիւն եւ մարդասիրութիւն կը տարածէ ամէնուրեք»…

Կ’ուզենք յուսալ  թէ օր մըն ալ Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց Կաթողիկոսը կ’այցելէ մեր բանակայինները եւ իր օրհնութիւնը չի զլանար բոլորէս:

Վեհափառը, Ապրիլի 1-ին, Անթիլիաս ուղղուելէ առաջ այցելեց հայկական Նոր Գիւղ, ուր խօսքը ուղղելով ժողովուրդին ըսաւ.«Մենք միասնաբար պիտի վերաշինենք Հալէպը, իսկ Հալէպի վերաշինութիւնը պէտք է սկսի Նոր Գիւղէն: Նոր Գիւղը Հալէպի հայութեան Պուրճ Համուտն էր, հայաբոյր սիրտն է, եւ ես կ’ուզեմ որ միշտ այդպէս մնայ»:

Իրապէս ալ Նոր Գիւղ թաղը շինուած է հայերու ձեռքով  տակաւին 1930ականներու կէսերէն, երբ ֆրանսական գաղութատիրութեան օրերուն իշխանութիւնները հրամայեցին քանդել քէմփերը, այստեղ կը գտնուին հայ առաքելական Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ (1933) եւ Ս. Գէորգ (1936) եկեղեցիները, Ս. Երրորդութիւն (1965) հայ կաթողիկէ եկեղեցին, իրեն կից Զուարթնոց դպրոցով: Աւելի քան 70 տարիէ ի վեր հոս կը գործէ եւ հայեցի դաստիարակութիւն կը ջամբէ Ազգային քարէն Եփփէ Ճեմարանը, հոս կը գտնուի Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի կեդրոնը, մինչեւ տագնապը Նոր Գիւղի մէջ կը գտնուէին նաեւ Զաւարեան եւ Սահակեան նախակրթարանները, որոնք այժմ մաս կը կազմեն Սուլէյմանիէ թաղամասին մէջ գտնուող Ազգային Միացեալ Վարժարանին: Տագնապէն առաջ իր դռները փակեց Նոր Գիւղի ծայրամասը՝ Ս.Գէորգ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող Մեսրոպեան վարժարանը՝ աշակերտներու թիւին սակաւութեան պատճառաւ: նշեմ, որ այդ ատեն դպրոցի փակումը մեծ յուզում եւ վրդովմունք յառաջացուց Հալէպի մարաշահայութեան մօտ, որոնք իրենց ձեռքերով շինած էին թէ՛ Ս.Գէորգը եւ թէ՛ անոր կից դպրոցը եւ դար մը ամբողջ ի գին ամէն զոհողութեան բաց պահած էին անոնց դռները: Աւելցնեմ, որ Ս. Գէորգը տագնապի սկիզբէն հրկիզուեցաւ եւ ցարդ իր դռները փակ կը պահէ սպասելով վերանորոգման իր հերթին:   

Այո՛, Նոր Գիւղը զուտ հայկական թաղամաս էր, որ սակայն ժամանակի ընթացքին, մասնաւորաբար տագնապէն ետք թէեւ դադրեցաւ հայկական թաղամաս ըլլալէ, սակայն կը մնայ հայաշատ եւ մեզմէ կը պահանջէ յատուկ ճիգ գործադրել պահելու մնացածը:

Վեհափառ Հայրապետը այցելեց նաեւ Նոր Գիւղի մէջ գտնուող, տագնապին պատճառած քանդումները վերանորոգած Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանը: Վեհափառը իր խօսքին մէջ շեշտեց.« Որեւէ հայ դպրոց շէնք մը չէ պարզապէս: Հայ դպրոցը հայ դպրոց կը դառնայ իր աշակերտութեամբ, իսկ աշակերտութինը դպրոցը հա՛յ դպրոցի կը վերածէ, երբ մասնակից կը դառնայ հայակերտումի առաքելութեան: Դուք էք դպրոցը: Ես ուրախ եմ, որ ձեր ներկայութեամբ Ճեմարանը դարձեալ կեանք կ’առնէ»:

Վեհափառին խօսքը պատգամ մըն է ուղղուած հայ աշակերտութեան, որոնց միտքերուն եւ սիրտերուն մէջ գամուած պիտի մնան այս բառերը: Ինչքա՜ն լաւ եւ որքա՜ն ճի՛շդ պիտի ըլլար եթէ այդ օր Քարէն Եփփէի ընդարձակ բակին մէջ ներկայ գտնուէին հալէպահայ բոլոր դպրոցներու աշակերտները եւ հաղորդուէին Վեհափառի յորդորով, ստանային անոր հայրական օրհնութիւնը: Դժուար պիտի չըլլար նման հաւաք մը, չէ՞ որ այս տարի տարբեր առիթներով արդէն քանի մը անգամ քով քովի եկած են մեր դպրոցներու աշակերտները…

Վեհափառ Հայրապետը եկաւ եւ գնաց: Փառաւոր այց մըն էր Վեհափառինը:

Ողջոյնի ու բարի գալուստի խօսքին մէջ Բերիոյ Հայոց Թեմի Սրբազան Առաջնորդ Շահան Արք. Սարգիսեան Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետին ըսած էր- «…Մեր ժողովուրդին պիտի տաք հիմնական յոյսը եւ հաւատքը՝ շարունակելու մեր հաւաքական երթն ու հաւատքի առաքելութիւնը»:

Վեհափառը խօսքով ցուցաբերեց իր բարոյական աջակցութիւնը, վստահաբար ան գործով պիտի շարունակէ իր ստանձնած առաքելութիւն սուրիահայոց հանդէպ եւ … եւ սակայն մեր գաղութի ապագան բարի կամքէ աւելի առարկայական իրավիճակներէ կախում պիտի ունենայ:

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 21 Ապրիլ 2019

ՍիվիլՆեթ