Թաթուլ Յակոբեանի դասախօսութիւնները Գահիրէի մէջ. «Ջահակիրի» քննախօսականը

1107

Մէկ խօսքով` նման դասախօսութիւններ հազուադէպ են եգիպտահայերուս մէջ։ Տարածուածը` հայրենասիրական հռետորականութեամբ պարուրուած ելոյթներն են։ Աւելի տարածուածը` յատուկ նպատակներով հրաւիրուած բանախօսներն են, որոնց ներկայութիւնը պէտք է ծառայէ երկու հոգիէ պակաս անձերէ կազմուած «խմբակ»-ի մը անձնական նպատակին եւ յագուրդ տայ անոր պապակին։ Բացառութիւններ, անշուշտ, եղած են։ Բացառութիւններէն մէկն էր Թաթուլ Յակոբեան։

Երեւանի Հ.Բ.Ը.Մ.-ի առաջարկով եւ Գահիրէի մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ, Գահիրէ կը գտնուէր Սիվիլիթաս հիմնադրամի փորձագէտ, Հայկական Ուսումնասիրութիւններու Անի Կեդրոնի համակարգող, հմուտ պատմաբան եւ լրագրող Թաթուլ Յակոբեան` երկու դասախօսութիւն-հանդիպումներ ունենալու Հելիոպոլսոյ Պըլըքտանեան սրահին մէջ։

Առաջինը` Փետրուար 20-ին, 1988-ի Փետրուարի 20-ը` հայ ժողովուրդի արցախեան զարթօնքը։

Երկրորդը` Փետրուար 21-ին, Հայաստանը Թաւշեայ Յեղափոխութենէն յետոյ` սպասումներ եւ յոյսեր։

Երկու միջոցառումներուն, Յակոբեան ելոյթ ունեցաւ ընդամէնը 20 վայրկեան, որպէսզի առիթ ունենայ պատասխանել ներկաներու հարցումներուն եւ պատասխաններուն միջոցով ամբողջացնել իր միտքերը։

  1. 1988-Ի ՓԵՏՐՈՒԱՐԻ 20-Ը` ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԱՐՑԱԽԵԱՆ ԶԱՐԹՕՆՔԸ

Ի՞նչ արտասովոր բան կար առաջին դասախօսութեան մէջ։ Բնականաբար, Ղարաբաղի հարցը չէր, քանի որ անիկա սփիւռքահայ հիմնահոսանքի ամէնօրեայ սրբութեան սրբոցն է։ Այլ` հարցին ներկայացումը։

Նախ, տուաւ հակիրճ պատմականը, որուն մանրամասնութիւնները կը գտնուին իր հեղինակած հրաշալի հատորին մէջ` Կանաչ ու սեւ. արցախեան օրագիր (2008)։ Աւելորդ է զանոնք կրկնել այստեղ։

Ապա, հարց-պատասխաններուն յառաջացուցած գաղափարներուն ընդմէջէն ձգտեցաւ մեկնաբանել զանազան խնդիրներ, որոնցմէ կը քաղեմ լոկ քանի մը հատ.

  1. Փորձեց բացատրել` որ գոյութիւն ունի նաեւ Ազըրպէյճան, որուն կարծիքը անհրաժեշտ է նկատելի առնել։ Սփիւռքի համար Ազըրպէյճանը սեւ կոյտ մըն է` որ իրաւունք չունի կարծիք յայտնելու։

Հիմք ընդունելով իր դիրքը իբրեւ հայկական կողմ եւ առանց երբեք հերքելու Ազըրպէյճանը իբրեւ հակառակ կողմ, Յակոբեանի խօսքին մէջ չկային ազէրիները սեւցնելու ամբոխավարական միտումներ եւ անպայմանօրէն Ալիեւը նենգամիտ աւազակ պատկերելու համատարած ձգտումներ։

Յակոբեան չվարանեցաւ շեշտել` որ Թիֆլիսի մէջ կը հանդիպի ազէրի լրագրողներու հետ։ Բացատրեց, որ այս հանդիպումներուն ընթացքին երկու կողմերը կը մեկնաբանեն իրենց տեսակէտները, իւրաքանչիւրը պահպանելով իր դիրքային կողմնորոշումը։

Կարեւոր է գտնել խօսքի եզրեր, անհրաժեշտ է սորվիլ իրարու լսել եւ լսելէ ետք` մտածել։ Այս իմաստով, լրագրողները Ղարաբաղեան Հարցի լուծումին համար կարեւոր դեր կրնան խաղալ, շեշտեց ան։ Պիտի աւելցնեմ` ոչ միայն լրագրողները. մտաւորականութիւնը, արուեստագէտները եւ քաղաքացիական հասարակութիւնները եւս կրնան նշանակալի դեր խաղալ։

Իմ կողմէս շարունակելով այս միտքը եւ գրելով իմ անձնական պատասխանատուութեան տակ, «երրորդ պատում» մը` թէեւ անտեսուած, գոյութիւն ունի այլուր, օրինակ, Թիֆլիսի մէջ։ Այնտեղ կը գտնուի ազէրիական սրճարան մը` որուն մատուցողուհին հայ է, ուրիշ ազէրիական սրճարան մը` զոր կը վարէ հայ մը, երրորդ ազէրիական ճաշարան մը` որ կը պատրաստէ հայկական եւ ազէրիական ճաշատեսակներ, ազէրուհիի հետ ամուսնացած հայ երգիչ մը` Ալպէռ, որ կ’երգէ Սայեաթ-Նովայի ազըրպէյճաներէն երգերը, հայուհիի հետ ամուսնացած ազէրի երգիչ մը` Ռամիզ, որ կը սիրէ երգել հայերէն լեզուով, երկու կողմերու երիտասարդներ` որոնք կը հետապնդեն համակեցութեան սկզբունքը (Onnig Krikorian and Aygun Janmammadova, ‘Culture that Unites Rather than Divides,’ Caucasus Conflict Voices, Volume II, May 2011, էջ 5-10)։

Արդեօք նոյն բանը չէ՞ր ըներ Հրանդ Տինք, յարաբերութիւններ մշակելով թուրք մտաւորականներու հետ եւ իրենց ներկայացնելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Մէկ տարբերութեամբ, որ այս բանը կ’ընէր թրքական հողի վրայ։ Իմաստը, սակայն, նոյնն էր։

  1. Յակոբեան ըսաւ` որ երբ կը հետեւի լրատուամիջոցներուն, յատկապէս Սփիւռքի լրատուամիջոցներուն, այն տպաւորութիւնը կ’ունենայ` որ Արցախը այսօր պիտի ծախուի։ Խօսքը հողեր յանձնելու մասին է։ «Ես կապեր ունեմ, եւ կը հաստատեմ` որ այսօր լուծում չկայ սեղանին վրայ», հաղորդեց ան։ Հետեւաբար, ի՞նչ հողեր յանձնելու մասին է խօսքը։

Բացատրեց, որ վեց տարածաշրջաններ վերադարձնելու գաղափարը կը գտնուէր բոլոր երեք նախագահներուն ու վերջին վարչապետին մօտ, փոխան Ազըրպէյճանի կողմէ Արցախի անկախութեան պաշտօնական ու վերջնական ընդունումը։ Արդարեւ, իր խօսքի ենթաբնագիրէն դժուար չէր հասկնալ, որ նման զիջում լոկ մուտքի կարելիութիւն մըն է բանակցային ոլորտէն ներս` ոչ աւելի, ոչ պակաս, քանզի անկարելի է որ Ազըրպէյճան ընդունի Ղարաբաղի որեւէ կարգավիճակ իր պետական տարածաշրջանէն դուրս։ Ինչո՞ւ, ուրեմն, Փաշինեանի օրօք է որ հարցը յատուկ սրութիւն կը ստանայ, իրեն տալով դաւաճանի կարգավիճակ։

Կ’ըսուի` որ 1997-ին Լեւոն Տէր-Պետրոսեանին ստիպեցին հրաժարիլ նախագահութենէն, քանի որ որոշած էր հողեր յանձնել Ազըրպէյճանին։ Յակոբեան մատնանշեց, որ տեղի ունեցածը բռնի ուժով կատարուած պալատական յեղաշրջում մըն էր եւ ոչ մէկ կապ ունէր Ղարաբաղի խնդիրին հետ։

  1. Ինչպէ՞ս կարելի է լուծել Ղարաբաղի հարցը։ Ինչպէս տեսանք, Յակոբեան ըսաւ` որ այսօր սեղանի վրայ լուծում չէ դրուած։ Բայց, նախորդ իշխանութիւններուն համեմատութեամբ, կը գտնուին որոշ փոփոխութիւններ։ Նախ, Փաշինեանի միտումը Արցախը ներգրաւելու բանակցային սեղան։ Ասիկա բնաւ չի նշանակեր, որ Հայաստան պիտի դադրի բանակցելէ։ Հասկնալի է, Ազըրպէյճան պիտի չընդունի այս մօտեցումը, քանի որ ընդունելով` ընդունած պիտի ըլլայ Արցախի անկախութիւնը։ Բայց ասիկա ձգտում մըն է գլխաւոր ենթակային շնորհելու նոր արժէք մը եւ Հայաստանի կողմէ պաշտօնապէս ընդունելու անոր անկախութիւնը։

Յետոյ, փոխադարձ յարգանքը` որ ստեղծուեցաւ Փաշինեանի եւ Ալիեւի միջեւ` իբրեւ պետութեան առաջնորդներ, բան մը` որ նախապէս գոյութիւն չունէր։ Ասիկա դարձեալ չի նշանակեր, որ լուծումներուն դուռը պիտի բացուի։ Բայց, առնուազն, վերջին ամիսները համեմատաբար հանգիստ վիճակի մէջ կը գտնուի սահմանը եւ մեծապէս նուազած են զոհերը։

Յակոբեան, իր մտորումներուն ընդմէջէն, յառաջ քաշեց լուծումի ընթացքի երկու հնարաւոր կերպեր.

ա. Լաւ կ’ըլլայ, եթէ հայն ու ազըրպէյճանցին բանակցին առանց միջնորդի, որովհետեւ միջնորդները միշտ պիտի ունենան իրենց սեփական շահերը։

բ. Կարելի է լուծումը ձեւականօրէն պարտադրել դուրսէն։ Քաջատեղեակ ենք, որ Ազըրպէյճանի ղեկավարութիւնը չի կրնար ընդունիլ Արցախի անկախութիւնը։ Եթէ Ալիեւ նման քայլի դիմէ, վերջ տուած պիտի ըլլայ իր իշխանութեան եւ պիտի դառնայ հայրենիքի դաւաճան։ Հետեւաբար, կարելի է այնպէս ձեւակերպել` որ միջազգային ուժերը իրենց պաշտօնական մարմիններուն միջոցով ընդունին Արցախի անկախութիւնը եւ պարտադրեն Ազըրպէյճանին նմանատիպ քայլի դիմելու։ Այս պարագային, Ալիեւ իր ժողովուրդին դիմաց կրնայ ինքզինք ներկայացնել իբրեւ միջազգային քաղաքականութեան զոհը, եւ ձեւանալ` որ իբր չունի այլընտրանք, այլապէս միջազգային ուժերը պիտի պոյքոթեն երկիրը։ Փոխարէն, կրնայ իր ժողովուրդին առջեւ հզօրանալ` ցոյց տալով տարածաշրջաններու փոխանցումը Ազըրպէյճանին։ Կարծիք մը` որ արժանի է մտորումի։

Վերջապէս, Ղարաբաղի հարցի լուծումին համար անհրաժեշտ է ներդաշնակութիւն երեք ուժերու միջեւ.

  1. Հանրութիւնները` Հայաստանի եւ Ազըրպէյճանի։
  2. Վերնախաւերը (էլիտաները)` Հայաստանի, Արցախի եւ Ազըրպէյճեանի։
  3. Միջազգային ուժերը։

 

  1. ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԹԱՒՇԵԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵՆԷՆ ՅԵՏՈՅ` ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՅՈՅՍԵՐ

Եթէ Ղարաբաղի հարցը` իբրեւ այդպիսին, Սփիւռքի համար սրբութեան սրբոցն է, բնաւ այդպէս չէ Թաւշեայ Յեղափոխութիւնը, որուն անունը ոչ միայն բաւական ուշացումով յիշատակած է Սփիւռքը, այլ մինչեւ այսօր կը շարունակէ մեծ դժուարութեամբ արտասանել, չմոռնալով նաեւ յեղափոխական ու յետ-յեղափոխական իրադարձութիւնները յամառօրէն ներկայացնել իբրեւ անգոյն, անբովանդակ, բնաբանէ զերծուած լուրերու կուտակումներ։ Լուրի մը մկրատուած մեղկացումները անյարիր են յեղափոխական իրադարձային շարժումին, եւ այդպէս վարուելով` Սփիւռքը վտանգի տակ դրած կ’ըլլայ Յեղափոխութիւնը, առանց արտաքնապէս հակաճառելու անոր։

Յակոբեան հաւաստիացուց, որ Փաշինեան կը հաւատար յեղափոխութեան մը հնարաւորութեան։ Տեղեկացուց, որ այս համոզուածութիւնը բացայայտուած է Փաշինեանի հետ վարած հարցազրոյցներու ընթացքին։

Ըսաւ` որ կը ճանչնայ քանի մը Փաշինեաններ.

  1. Իբրեւ մեր սերունդի լաւագոյն լրագրողներէն մէկը։
  2. Իբրեւ թերթի անհաշտ խմբագիր` որ պատրաստ է հարուածել բոլորին։
  3. Իբրեւ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի 2007-2008-ի շարժումի ամենակարեւոր ոգեշնչողներէն մէկը։
  4. Իբրեւ հանգիստ իրավիճակի տէր անձնաւորութիւն` բանտարկութենէն ետք։
  5. Իբրեւ խորհրդարանական` որ ամպիոնը կ’օգտագործէր ամենասուր քննադատութիւններու համար։
  6. Իբրեւ հեղինակ Թաւշեայ Յեղափոխութեան։

Համաձայն Յակոբեանին, Յեղափոխութիւնը կարելի եղաւ, երբ իւրաքանչիւր մարդ ականատեսի կարգավիճակէն դարձաւ իրադարձութեան մասնակից։

Բանախօսը դիտել տուաւ, որ յետ-յեղափոխական շրջանը կրնայ յառաջ բերել յուսախաբութիւններ, քանի որ Հայաստանի ժողովուրդին ակնկալիքները շատ բարձր էին, նոյնիսկ ոչ-իրական առումով։ Բաց աստի, բարեփոխումները` որքան անհրաժեշտ եւ անխուսափելի, նոյնքան ցաւալի կրնան ըլլալ։

Թշնամին կը գտնուի մեր երկիրին մէջ եւ եթէ չյաղթահարենք զայն` չենք կրնար արտաքին յաջողութիւններու հասնիլ։ Հայաստանի ամենամեծ թշնամին փտածութիւնն է` հասարակական անհաւասարութեան առումով։ Փտածութեան դէմ ներկայիս մղուած անհաշտ պայքարը շատ դժուար է։ Ասիկա այն ներքին թշնամին է` զոր անհրաժեշտ է վերացնել։

Յեղափոխութիւնը չափազանց առողջարար էր, քանի որ հայ մարդը կրցաւ որոշում կայացնել, մարդիկ կրցան գիծ քաշել հին ու նոր Հայաստանի միջեւ` վերացնելով Սերժ Սարգսեանը։

Տակաւին կանուխ է խօսիլ Փաշինեանի յաջողութիւններուն եւ ձախողութիւններուն մասին, դիտել կու տայ բանախօսը։

Արդարեւ, Հայաստանի մէջ յեղափոխութենէն ետք ամէնուր կը տիրէ համընդհանուր երջանկութիւն։

Յեղափոխութենէն անմիջապէս ետք, Յակոբեան կ’այցելէ Սփիւռք եւ կը հաղորդէ` որ այդ երջանկութիւնը չտեսաւ այնտեղ։ Աւելի ուշ եւս կ’այցելէ Սփիւռք։ Կը տեսնէ հակա-նիկոլական յատուկ քարոզչութիւն, Փաշինեանն ու Յեղափոխութիւնը սեւցնելու մասնաւոր միտում։ Այս նպատակով Սփիւռքը կ’օգտագործէ շատ նախնական (պրիմիտիվ) մեթոտներ` Փաշինեան կը ծախէ Ղարաբաղը, կը քանդէ աւանդական ընտանիքը, կը պայքարի եկեղեցիին դէմ։ Այս միտումը, ցաւալիօրէն, կը շարունակուի մինչեւ այսօր, կ’ըսէ բանախօսը եւ կ’աւելցնէ. «Ցաւում եմ, որ նման վարկաբեկիչ մթնոլորտ է ստեծուել»։

Բանախօսը կը շեշտէ` որ 2018-ին Հայաստանի բնակչութեան քանակը աւելցած է 15 հազար 313 մարդով, երբ նախապէս կ’ահազանգուէր Հայաստանի աստիճանական դատարկումը։ Այս կէտը պէտք է ըլլար Սփիւռքի թիւ 1 նիւթը։ Բայց, չեղաւ։ «Սա աւելի կարեւոր է, քան 15 երկրների Ցեղասպանութեան ընդունումը»։

Յակոբեան կ’ակնկալէր` որ Սերժ Սարգսեանի հրաժարականէն ետք տեղի ունեցած ոգեւորութիւնը փոխանցիկ ըլլար Սփիւռքին։ Այդպէս չեղաւ։ «Թաւշեայ Յեղափոխութիւն է պէտք Սփիւռքին», ըսաւ։ (Անձնականացնելով վերջին հարցը, կ’ուզեմ յիշել` թէ Ջահակիր բազմիցս շեշտած է Յեղափոխութեան մը անկարելի անհրաժեշտութիւնը Սփիւռքի մէջ)։

Դիտել կու տայ, որ Սփիւռքի երկու հիմնական պատումներն են Ցեղասպանութիւն-Ղարաբաղը եւ հայապահպանութիւնը։ Անհրաժեշտ կը նկատէ, որ Սփիւռքի օրակարգին մէջ մտնեն Հայաստանի ժողովրդավարացումը եւ փտածութեան դէմ պայքարը։

Ես պիտի խնդրէի ճիշդ հակառակը։ Լաւ կ’ըլլայ, եթէ Հայաստանի նոր իշխանութիւնները իրենց օրակարգին մէջ մտցնեն Սփիւռքի ժողովրդավարութեան, խօսքի ազատութեան, մամուլի անկախութեան եւ ընդհանրապէս Սփիւռքի մտաւոր արդիականացումի հարցերը։

Կանխելով ներկաներուն սպասուած գլխաւոր հարցումը Սփիւռքի Նախարարութիւնը փակելու մասին, Յակոբեան կ’ըսէ` որ անոր վերացումը չի նշանակեր գործակցութեան աւարտ։ Փաշինեան կը նախատեսէ ստեղծել վարչապետին յարող յատուկ անձնակազմ Սփիւռքի հարցերով զբաղելու համար։ Կարելի է գտնել նաեւ ուրիշ միջոցներ։ Կարեւորը ձեւը չէ, այլ բովանդակութիւնը, կը շեշտէ բանախօսը։

Հակառակ այս կարծիքին, ներկաները չեն վարանիր Սփիւռքի Նախարարութեան փակումին մասին իրենց դժգոհութիւնը յայտնել` հարցումի ձեւաչափով, կարծէք Սփիւռքի Նախարարութենէն անդին անկարելի է փոխադարձ յարաբերութիւններ ստեղծել։

* * *

Մինչ Յակոբեան կը գտնուէր Գահիրէ, Փետրուար 20-ին, Երեւանի մէջ տեղի կ’ունենար Համընդհանուր Իրաւունքներու ամէնամեայ մրցանակաբաշխութիւնը, որ կը նշանաւորէր Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութեան եւ լրատուամիջոցներու առաջատար ներկայացուցիչներու եւ պետական գործիչներու ունեցած նշանակալի ներդրումները մարդու իրաւունքներու եւ ազատութիւններու յառաջխաղացումի ոլորտին մէջ։ Այս տարուայ մրցանակաբաշխութիւնը ունէր տասը անուանակարգեր, որոնցմէ Մեդիա Գերազանցութիւն մրցանակը կը տրուի Թաթուլ Յակոբեանին` ողջամիտ եւ անկախ լրագրողական նիւթերու պատրաստութեան եւ խօսքի ազատութեան նպաստելու համար։

Մատենադարանին մէջ տեղի ունեցած պաշտօնական արարողութեան` ներկայութեամբ եւ գլխաւորութեամբ Նիկոլ Փաշինեանի, մրցանակը կը ստանայ կրտսեր որդին` Աշոտ Յակոբեան։

Հ. ԱՒԱԳԵԱՆ

Ջահակիր

7 Մարտ 2019, թիւ 1836

21 Մարտ 2019, թիւ 1837