Այս բոլորին մէջ (…) մատը կայ

922

Նամակ երկրէն

Տարիներ առաջ, երբ յաճախ ականջալուր կ’ըլլայինք մեծերու խօսակցութիւններուն ու մանաւանդ՝ քաղաքական վերլուծութիւններուն, կ’իմանայինք, որ աշխարհի բոլոր իրադարձութիւններու ետին մութ ուժ մը կայ որուն մատը խառն է մեր տիեզերքի բոլոր կարեւոր պատահարներուն մէջ:

«Ասոր մէջ անգլիացիներուն մատը կայ», կ’ըսէին անոնք, ամէն անգամ, երբ աշխարհի մէկ անկիւնը պետական հարուած մը, երկիներու միջեւ բախում մը, օդանաւի պայթում մը կամ իշխանական հարսանիք մը տեղի ունենար:

Անգլիացիները այսպէս տարիներ շարունակ, ըստ մեր մեծերուն, մատերնին խառնեցին ամէն տեղ, եւ աշխարհը տակն ու վրայ ըրին, մինչեւ որ յայտնուեցաւ Քիսինճըրը: Յետոյ սկսանք լսել Քիսինճըրի անունը: «Ասոր ետեւը Քիսինճըրը ըլլալու է», «Քիսինճըրը արդէն շատոնց այսպէս ծրագրած էր», «Քիսինճըրին մատը անպայման կայ այս եղածին մէջ», կը լսէինք շարունակ:

Քիսինճըրի մոտան ալ անցաւ, կամ դեռ չանցած, տեղեկացանք, որ շատ աւելի մեծ դաւադիրներ ալ կան՝ մասոնները… Այս մասոններն ալ ինչ-որ անյայտ տեղ նստած, աշխարհը կը ղեկավարեն իրենց ստեղծած խորհրդաւոր ցանցերուն միջոցով եւ մենք, խեղճ մահկանացուներս, չենք գիտեր թէ ի՜նչ դաւեր հիւսած են մեր գլխուն: Չենք գիտեր թէ որոշուած է ոչ միայն մեր, այլեւ մեր թոռներուն ու ծոռներուն ճակատագիրը…

Մասոններուն օրը դեռ չանցած, եկան հրեաները: Ասոնք կային դեռ վաղուց… Թաքուն «Երիտասարդ թուրքեր»ն էին, Իթթիհատական կոչուածները, յետոյ կազմակերպեցին բոլշեւիկեան յեղափոխութիւնը, յետոյ գրաւեցին Եւրոպան ու Ամերիկան, Աւստրալիան ու Ափրիկէն, ատկէ ետք ալ աշխարհի ոեւէ անկիւն ինչ որ պատահեցաւ՝ սիոնիստ հրեաներն էին: Կասկած չունենայիք յանկարծ…

Հրեաներուն պատմութիւնն ալ այսպէս մինչեւ այսօր կը շարունակուի, բայց հիմա կայ հակահրեայ այլ հրեայ մը՝ հունգարացի Սորոսը: Այս մարդն է աշխարհի բոլոր չարագործութիւններու ետին կանգնած հրէշը… եւ այստեղ կայ կարեւոր մանրամասնութիւն մը. այս Սորոսը նոյնիսկ Իսրայէլի հրեաներէն եւ իր երկրի՝ Հունգարիայի իշխանութիւններէն մերժուած է: Այս Սորոսը Ճէյմս Պոնտի ֆիլմերու չարագործներուն իսկական մարմանացումն է մեր իրական կեանքին մէջ: Հակառակ 85 տարեկանը անցած ըլլալուն, սպիտակ կատու մը ոտքերուն վրայ դրած եւ անոր գլուխը շոյելով՝ աշխարհը գրաւելու եւ տակն ու վրայ ընելու գաղտնի ծրագիրներ ունի: Այս Սորոսը թէ՛ Ադրբեջանի, թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ Հայաստանի մէջ ամէն ինչ իրար կը խառնէ: Աշխարհի բոլոր խնդիրներուն մէջ ասոր մատը անպայման կայ…

Ահաւասիկ այսքան պարզ է ամէն ինչ: Դուրսն ու ներսը նստած բոլոր խելացի հայերը, քաղաքական կուսակցութիւններու մտքի տիտան վերլուծաբանները կամ անկախ մտածողները այս ճշմարտութիւնը շատ պարզ ու յստակ տեսած են: Գիտեն որուն մատը ու՞ր խառնուած է: Ամէն ինչ սեւ-ճերմակ է, կը մաքրես անգլիացիին, սիոնիստին, քիսինճըրին կամ Սորոսին հաշիւը՝ կը լուծուի ամէն խնդիր: Այդքան շատ խելք ունենալու կարիք չկայ՝ այս բոլոր հասկնալու համար, պիտի ըսէր երբեմնի նախարարապետ, ՀՀԿ-ական Յովիկ Աբրահամեանը…

Իսկ եթէ մենք չենք տեսած այս վճիտ ճշմարտութիւնը, ուրեմն կամ ապուշ ենք, կամ ալ՝ մեղսակից: Երեւի մենք դեռ չենք հասկցած, որ քաղաքականութիւն կոչուածը այդքան պարզ է եւ յստակ, որ ըստ Յովիկ Աբրահամեանի, նոյնիսկ շատ խելք ունենալու կարիք չկայ, տեսնելու համար այս պարզ իրականութիւնը: Երեւի նոյնիսկ քիչ խելքերնիս չէ հերիքած, որպէսզի հասկնանք, թէ աշխարհի մէջ կայ ստուերի մէջ գործող, բայց արդէն բացայայտուած չարագործը եւ կան խեղճերը: Երեւի մենք դեռ չենք ըմբռնած, որ անցեալին Անգլիան էր բոլոր չարիքներու ետին, յետոյ եկան սիոնիստները եւ աշխարհը տակն ու վրայ ըրին, յետոյ եկան մասոնները, Քիսինճըրը եւ վերջն ալ՝ Սորոսը: Այսքան պարզ ու յստակ՝ ինչպէ՞ս չենք տեսած, ափսոս մեր այսքան տարուայ համալսարանական կրթութեան, մեր կարդացած գիրքերուն, մեր անցած ճանապարհին, մեր կեանքի փորձին… Անգլիացիին մատը ամէն ինչի մէջ տեսնող մեր մեծերէն ոմանք պիտի ըսէին «պարապ տեղը ձեր վրայ այդքան դրամ ծախսեր ենք…»: Ափսոս, հազար ափսոս, այս ի՜նչ սխալ ներդրում ըրեր են մեր վրայ…

Րաֆֆի Տուտագլեան

Գրեցէ՛ք ինծի:
rafdoud@aol.com