Հայաստանը մեր միտքերուն եւ սիրտերուն մէջ տեղ ունի. Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանի ելոյթը

745

Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանի Ամբողջական Ելոյթը՝ Լոս Անճելըսի Մէջ ՀՅԴ Օրուան Տօնակատարութեան

21րդ դարուն հայ ժողովուրդն ու մեր հայրենիքը կը ներկայացնեն խայտաբղէտ իրականութիւն մը, ուր, մէկ կողմէ, հայութիւնը վերջին երեսուն տարիներուն իրագործած է հոյակապ ձեռքբերումներ՝ Հայաստանը անկախ է, Արցախը ազատագրուած, Ջաւախքի հայութիւնը իր ոտքերը ամուր կպցուցած է հողին, եւ Սփիւռքը քաղաքականացած է ու պատնէշի վրայ: Մեծ իրագործումներ, որոնց մասին մենք մեր պատանի տարիներուն միայն կրնայինք երազել, միայն կրնայինք յուսալ եւ հաւատալ, ամրօրէն հաւատալ, որ օր մը կը դառնան իրականութիւն:

Միւս կողմէ, բնականաբար, հայութիւնը կը դիմագրաւէ լուրջ մարտահրաւէրներ, Արցախի հիմնահարցի, Հայաստանի քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային յառաջընթացի, ջաւախահայութեան հիմնական իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ Սփիւռքի վերաշխուժացման ու գօտեպնդման, հայապատկան հողերու վրայ ապրող հայութեան զարթօնքին եւ Հայ Դատի նոր ոլորտներու զարգացման տեսանկիւնէն: Եւ այս ամբողջ աշխատանքներուն հոյլին մէջ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ունի իր իւրայատուկ դերը:

Իբրեւ համաշխարհային հասողութիւն ունեցող, համազգային տարողութիւն ունեցող կազմակերպութիւն՝ յստակ է, որ ՀՅԴն լոկ քաղաքական կուսակցութիւն չէ, որ կը գործէ հայրենիքի մէջ, անիկա հայութեան շահերը պաշտպանող այն մեծ կազմակերպութիւնն է, որ կը գործէ ամէնուրեք, անիկա ազգային ազատագրական պայքարի ռահվիրան է, որ կարողացած է այսօր աւելի քան 128 տարիներ իր մէջ շաղախել, իր մէջ համարկել իր այդ երկու էութիւնները միաժամանակ:

Կասկած չկայ, որ ՀՅԴի ժողովրդավարական, յեղափոխական նկարագիրը, իր ազգային դիմագիծը, եւ իր ունեցած յստակ տեսլականը յոյս ներշնչած է հայ ժողովուրդին եւ այդ ուղղութեամբ մեծ իրագործումներու դուռ բացած է մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին առջեւ:

Կասկած չկայ նաեւ, որ ՀՅԴն կոչուած է խոնարհաբար ծառայելու մեր ժողովուրդին, իրականացնելու համար երեք բառերով խտացուած մեր ժողուրդի իտէալը՝ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստան, ատոր աւելցնելով անշուշտ, ընկերային արդարութեան եւ տնտեսական զարգացման հիմնական առաջադրանքները:

Կասկած չկայ, որ մեր այս ձեռքբերումները, այսօր կարելի չէ նկատել ամբողջական կամ վերջնական, որովհետեւ մեր գործը երկար է, եւ ՀՅԴն այն մղիչ ուժն է, որ կը փորձէ համախմբել համահայկական բոլոր ուժերը, այն կառոյցները, այն կազմակերպական միաւորները, որոնք կը գործեն Սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ, որպէսզի համախմբուին մեր ազգային օրակարգի շուրջ եւ հիմնական հարցերու մէջ, ուր տարակարծութիւններ չկան այսօր, անոնցմէ ամէն մէկը վերցնէ իր բաժինը՝ ի սպաս մեր ժողվուրդին եւ ի նպաստ մեր հայրենիքին:

Ի՞նչ են սակայն հիմնական առաջադրանքները. քիչ առաջ նշուեցաւ, որ նոր Բիւրօ ընտրուած է Յունուար 2019ին, եւ բնականաբար նոր աւարտած մեր 33րդ Ընդհանուր ժողովը գծած է ընդհանուր ռազմավարութիւնը, որ կը ճշդէ մեր յառաջիկայ տարիներու ընելիքները:

ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովները ռազմավարական իմաստով որոշումներ կը կայացնեն, եւ այդ որոշումներուն՝ մարտավարական ծրագիրներու վերածելը, այդ որոշումներուն ժամկէտները ճշդելը կը մնայ Բիւրոյի եւ մեր շրջանային մարմիններուն վրայ:

Ես այսօր կը ներկայանամ ձեզի, մեծ ուրախութեամբ, որպէս Սփիւռքի մեր առաջին շրջանի իմ այցելութիւնը՝ տակաւին այդ ծրագրումը չսկսած: Մի քանի օրէն մենք պիտի գտնուինք Հայաստան, որպէսզի սկսինք այդ ծրագրումը եւ մենք կարողանանք մեր 33րդ ժողովի որոշումներուն, բանաձեւերուն կեանք տալ, ծրագիր մշակել եւ այդ ծրագիրը գործադրութեան դնել:

Ի՞նչ էին հիմնական ուղղութիւնները. բնականաբար առաջինը մեր հայրենիքի՝ Արցախի եւ Հայաստանի պարագային: Պայմաններու բերումով, այսօր Արցախը անկախ հանրապետութիւն է, միջազգայնօրէն աշխատանք կը տանինք այդ անկախութիւնը ճանչցնելու համար, բայց բոլորս ալ լաւ գիտենք, որ ՀՅԴի եւ ամբողջ հայ ժողվուրդի վախճանական նպատակը Արցախը տեսնել է ամբողջապէս միացած Հայաստանին: Մեր այսօրուան արտաքին ազդակներու թելադրած քաղաքական պայմաններու բերումով է, ինքնորոշման իրաւունքի շեշտադրումով եւ Արցախի անկախութեան ճանաչումով է, որ կ՛ուզենք հարթել այդ ճանապարհը, որպէսզի ստեղծենք մեր միացեալ Հայաստանի առաջին հանգրուանը:

Այսօր հայրենիքի մէջ, ՀՅԴն, Հայաստանի պարագային, խորհրդարանին մէջ չէ, իսկ Արցախի պարագային երկրորդ կարեւորագոյն ուժն է: Բնականաբար, Արցախի պարագային, ՀՅԴի էութիւնն իսկ Արցախն է, ՀՅԴի յստակ առաջադրանքն է, որ այսօր կը հպարտանանք Արցախի անկախութեամբ եւ Արցախի ձեռք բերած արդիւնքներով, որուն մէջ նաեւ իր բաժինը ունի ՀՅԴն, այդ ուրախութիւնը, այդ հպարտութիւնը մեզ պէտք չէ մոլորեցնէ, մեզ պէտք չէ շեղէ այն ճանապարհէն, որ զգուշաւորութեամբ մօտենանք Արցախի հարցին, որ արեան գնով, տարիներու վրայ տարածուած պայքարով մեր ազատագրած Արցախի իրաւունքները յանկարծ չմսխուին բանակցութիւններու սեղաններու շուրջ: Այս ուղղութեամբ ուրախ ենք յայտարարելու, որ Հայաստանի իշխանութիւնները, ինչպէս Դաշնացկութիւնը անցեալին, այսօր իրենք ալ կը շեշտաւորեն, որ Արցախը պէտք է ինք՝ իբրեւ անկախ միաւոր վերադառնայ բանակցութիւններու սեղանին, դառ-նայ այդ բանակցող կողմերէն մին, երկրորդ, որ որեւէ լուծում Արցախեան հիմնահարցին, կարելի չէ պատկերացնել առանց Արցախի կառավարութեան եւ Արցախի ժողովուրդին որոշումին:

Մենք առաջին իսկ առիթով, հանդիպումներ ունեցանք մեր երկու հանրապետութիւններու բարձրագոյն իշխանութիւններուն հետ, ուրախ եմ ըսելու, որ Հայաստանի պարագային, մենք պարոն Փաշինեանին փոխանցեցինք ամբողջական գործակցութեան մեր պատրաստակամութիւնը այն հարցերուն մէջ, որոնք այդ ժողովրդային շարժման, «թաւշեայ յեղափոխութեան» մեծագոյն ձեռքբերումներն են՝ կաշառակերութեան դէմ պայքար, ժողվրդավարութեան ամրապնդում, ինչու չէ, նաեւ յուսալով մոնոփոլիներու (մենաշնորհներու) վերացում, ահա այն մարզերը, որոնց մէջ մենք ամբողջական գործակցութեան ջատագովն ենք: Սակայն, նոյն այս հանդիպումներուն ընթացքին, մենք հնչեցուցինք մտահոգութիւններ, որովհետեւ պիտի աշխատինք մենք համակուսակցական առումով եւ կը յուսամ, որ պիտի աշխատին մեր բոլոր կառոյցները եւ պետական այրերը, որ բոլոր այդ մտահոգութիւնները փարատին:

Առաջին մտահոգութիւնը կը վերաբերի Արցախի հիմնահարցին, եւ այս կապակցութեամբ վերջին շրջանին կայ հսկայական եռուզեռ, ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահներուն, ինչպէս նաեւ, Ատրպէյճանի կողմէ, կայ լաւատեսութիւն այս երկիրներուն կողմէ, մեր թշնամիին կողմէ, թէ անմիջապէս պիտի արձանագրուի յառաջընթաց, նոյնիսկ կը նշուի 2019ի գարունը, եւ այս չափազանցեալ լաւատեսութիւնը, որ հաւատալի չէ, մեզ կը մտահոգէ, որովհետեւ այս հանգրուանին, բանակցութիւններու այս ժամանակ կարելի չէ երեւակայել, որ որեւէ արագացուած լուծում հայկական նպաստաւոր արդիւնքներ կրնան ունենալ: Մենք կը հաւատանք, որ Հայաստանի վրայ ճնշումը պիտի աւելնայ, օտար ուժերու կողմէ եւ իրենց շահերէն մեկնած այդ ճնշումը պիտի գործադրուի այս ճակատագրական պահուն, եւ այդ ուժերը պիտի փորձեն Հայաստանի մէջ այս փոփոխութիւնները օգտագործել ի նպաստ իրենց շահերուն եւ տեսնել, թէ ինչպէ՛ս կրնան Հայաստանի նոր իշխանութիւնները փորձի ենթարկել: Այդ իսկ պատճառով, մենք պատրաստ ենք՝ օժանդակելու Հայաստանի իշխանութիւններուն, որ անոնք մնան ամուր, անշեղ, մնան անզիջող Արցախեան հիմնահարցի խնդ-րով, որովհետեւ մենք կը հաւատանք, որ մենք կարող ենք զարգանալ Հայաստանով եւ Արցախով՝ առանց զիջումներու, մենք կը հաւատանք, որ կարող ենք ստեղծել մեր երազած հայրենիքը եւ հիմերը դնել ապագայ միացեալ Հայաստանին՝ առանց որ որեւէ լուրջ զիջում տեղի ունենայ Արցախեան հիմնահարցի բանակցութիւններուն ընթացքին:

Մինչեւ այն ժամանակ, երբ Ատրպէյճան բացարձակապէս կը մերժէ ընդունիլ անգամ այն իրողութիւնը, թէ ինք կորսնցուցած է պատերազմը, 1994ին ստորագրած է զինադադար, եւ շարունակաբար կը փորձէ պաղ պատերազմը, որ գոյութիւն ունի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ու Արցախի միջեւ բռնկեցնել, որուն վերջին փորձը 2016ի Ապրիլն էր, ոչ մէկ ձեւի բանական բանակցութիւններ, ոչ մէկ ձեւի զիջումներու մասին խօսք անգամ իմաստ ունի եւ հայկական կողմը պէտք է ամբողջովին մերժէ այդ զիջումները:

Կասկած չկայ, որ ՀՅԴի եւ Հայ Դատի օրակարգը հարստացած է այս վերջին երեսուն տարիներուն Հայաստանի օրակարգով, որ առաջ չունէինք. ունէինք՝ որպէս սկզբունք, ունէինք՝ որպէս տեսլական, ունէինք՝ որպէս երազ, բայց չունէինք որպէս որոշակի իրականութիւն, որուն մենք մասնակցելու, որուն մէջ մենք բաժին վերցնելու դերը պիտի ստանձնէինք ահաւասիկ երեսուն տարիներէ ի վեր: Խորհրդարանէն ներս թէ դուրս, ՀՅԴի առաքելութիւնը կը շարունակուի, խորհրդարանէն ներս թէ դուրս Հայաստանի մէջ: ՀՅԴն այն քիչ քաղաքական ուժերէն է, որ միանձնեայ ղեկավարութեան շուրջ չէ հաւաքուած, գաղափարի կուսակցութիւն է, իր ազգային դիմագիծով, ընկերվարական հակումով, իր յեղափոխական նկարագիրով, եւ իր ապակեդրոնացեալ սկզբունքով: Այս մեծ կազմակերպութիւնը այսօր պատրաստ է տարբեր ձեւերով աշխատելու Հայաստանի քաղաքական կեանքէն ներս, եւ ուրախ եմ ըսելու, որ ՀՅԴ Բիւրօն եւ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը միասնաբար մշակած են ծրագիր, որ արդէն իսկ գործադրութեան կը դրուի այսօր, կամաց կամաց զարգացնելու համար այն ալընտրանքային կառավարութեան գաղափարը, ուր 11 մասնագիտացած յանձնախումբեր կը գործեն, այլազան նախարարութիւններու այսպէս կոչուած «շատօ քապինէթ» հասկացողութեամբ, ուր կարենան ոչ թէ միայն քննադատել, այլ այլընտրնքային ծրագիրներ առաջադրել: Մեր հիմնական նպատակը, ինչպէս որ փոխանցած ենք Հայաստանի իշխանութիւններուն, այն է, որ որպէս կառուցողական ընդդիմութիւն, եւ կը շեշտեմ բառին վրայ, որպէս կառուցողական ընդդիմութիւն, մենք պատրաստ ենք շիտակին ըսել շիտակ, սխալին ըսել սխալ: Մենք մեծապէս կը գնահատենք այն պայքարը, որ կը տարուի (ի նպաստ) ժողովրդավարութեան ամրապնդման, եւ (ընդդէմ) կաշառակերութեան, բայց այդ մտահոգութիւններու շարքը նկատի առնելով՝ կ՛ուզենք անցնիլ մեր երկու այլ կէտերուն, որոնք մտահոգութիւններ են՝ մէկ մասը իրականացած, դժբախտաբար:

Եթէ մեր առաջին մտահոգութիւնը Արցախի հիմնահարցն էր, Արցախի իշխանութիւններուն հետ մեր խորհրդակցութիւններէն բխած մտահոգութիւններ են, Հայաստանի իշխանութեանց տարբեր օղակներուն մեր փոխանցած մտահոգութիւներն են, այլազան նախարարութիւններու հետ մեր ծրագիրներու գործադրութիւնն է, անդին կայ մէկ երկրորդ կարեւոր, յստակ առաջադրանք, որ կը կոչուի ազգային գաղափարախօսութիւն, ազգային արժէքներ: Պարոն վարչապետին հետ մեր խօսակցութեան ընթացքին, յստակօրէն նշեցինք, որ ասոնք կարմիր գիծեր են ՀՅԴի համար, ազգային գաղափարախօսութիւնը իր դրօշն է, ազգային գաղափարախօսութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգն է, ազգային գաղափարախօսութեան մաս կը կազմէ մեր մշակոյթի հայկական դիմագիծ ունենալը, մեր դարաւոր պատմութեան հայկական դրոշմը, մեր ազգ-բանակ հասկացողութիւնը, եւ այո, մեր եկեղեցւոյ, Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ սիւները անսասան պահելու առաքելութիւնը: Ուրիշ ձեւ կարելի չէ պատկերացնել Դաշնակցութեան պարագային, ուրիշ ձեւ կարելի չէ ենթադրել, որ մենք ամէն գնով չնետուինք այս նուիրական աշխատանքին մէջ, նաեւ կոչ կ՛ընենք Հայաստանի իշխանութիւններուն, որ բազում մարտահրաւէրներու այս ժամանակաշրջանին, հայկական սրբութիւններուն ձեռք չդպնան: Կը հաւատանք, որ մի քանի անձերու նախաձեռնութիւն են այս վերջին խեղկատակութիւնները, իշխանութեան պաշտօնական քաղաքականութիւնը չեն, եւ յուսանք որ այդ ուղղութեամբ պէտք եղած քայլերը կ՛առնուին, որ միանգամընդմիշտ արհեստական հարցերով չզբաղինք:

Երրորդ մտահոգութիւնը, որ ներկայացուցած էինք, այն է, որ շատ լսեցինք վերջին շրջաններուն հայրենիքի մէջ, սեւի եւ սպիտակի պատմութիւն, շատ լսեցինք ներսի եւ դուրսի դաշնակցականներ, շատ լսեցինք բազմաշերտ, ժողովուրդը բաժան-բաժան ընելու մտադրութիւններ: Ես պաշտօնապէս կը յայտարարեմ, որ ոչ ներսի դաշնակցական կայ, ոչ դուրսի դաշնակցական կայ, կայ մէ՛կ տեսակի դաշնակցական, որ իր երդումով կը ծառայէ Հայաստանին եւ հայութեան ազատագրութեան դատին: Եւ երբ, պարոն վարչապետի, որ լաւ գնահատեց, ՀՅԴի դերը, ըսինք, որ ասիկա պէտք է ընդունինք որպէս կարմիր գիծ, եւ եթէ ընտրութիւններու ընթացքին կը պատահին այսպէս կոչուած ժխտական ընտրարշաւներու ժամանակ, (հիմա) ընտրութիւնները աւարտած են, այդ էջը պէտք է փակել, որ եթէ ընտրապայքարի թէժ մթնոլորտին մէջ անպատասխանատու խօսքեր կ՛արտասանուէին, այսօր զանոնք կրկնելու իրաւունքը չունին: Այսօր, մենք նոր էջ պիտի բանանք Հայաստանի համար, որովհետեւ խանդավառուած ենք, որ այս ժողովրդային շարժման, «թաւշեայ յեղափոխութեան» միջոցաւ եկած առիթները յոյս ներշնչեցին մեր ժողովուրդին եւ մեր բոլորին պարտականութիւնն է, որ այդ յոյսը չմարի, եւ ատոր համար բոլորս մէկ պէտք է աշխատինք, որպէսզի ստեղծենք միջավայր, ստեղծենք ծրագիրներ, որոնք իրապաշտ են, իրագործելի են եւ կը միտին մէկ քայլ յառաջ տանելու մեր ժողովուրդին: Ատոր համար խնդրեցինք, որ նշաձողերը այնքան բարձր չըլլան, որոնց վրայէն ցատկելը անկարելի թուի: Ատոր համար պէտք է զգուշաւորութեամբ մօտենալ բացարձակ եւ ամբոխավար այն յայտարարութիւններուն, թէ մենք պիտի տանք տնտեսական բեկումնային աճ, երբ որ պիւտճէներուն մէջ քուէարկած ենք հինգ տոկոս միայն, եւ ահաւոր անկումներէ ետք Հայաստանի տնտեսութեան հինգ տոկոսը բեկումնային կարելի չէ նկատել:

Յեղափոխութիւն կազմակերպելը մէկ բան է, կառավարութիւն վարելը ուրիշ բան է: Հիմա այդ երկրորդ հանգրուանին մէջ ենք: Հիմա այս երկրորդ հանգրուանին մենք ազգովին պէտք է բռնցքուինք, համահայկական կազմակերպութիւններով, Հայաստանի կառավարութեամբ, Արցախի կառավարութեամբ եւ հայապատկան հողերու վրայ ապրող եւ Ջաւախքի հայութեան համախմբումով, որպէսզի այն պատմական առիթը, որ տրուած է մեզի Հայաստանի անկախութեամբ, որեւէ ձեւով չմսխենք, այլ հզօրացնենք մեր հայրենիքը, Սփիւռքի ամբողջ ուժականութիւնը օգտագործելով, որովհետեւ կը հաւատանք, որ յանձնառու Սփիւռքը լաւագոյն գրաւականն է հզօր հայրենիքի: Եւ փոխադարձաբար՝ յաջող, զարգացող, հպարտ Հայաստանը, լաւագոյն պահապանն է հայկական դիմագիծ ունեցող Սփիւռքին:

Ուրախ եմ ըսելու, որ Սփիւռքի մէջ, հոս են նաեւ մեր այլ քաղաքական կուսակցութիւններու գործընկերները, որ Սփիւռքի մէջ մենք իրենց հետ, համահայկական կառոյց ունեցող միւս կազմակերպութիւններուն հետ, ըլլա՛յ բարեգործական, ըլլայ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցի, ունինք քաղաքական փորձ, միասնաբար հաւաքուելու, միասնաբար նշելու, միասնաբար հասցէ ճշդելու, որ որեւէ մէկ Հայաստանի կառավարութիւն, ինչպէս անցեալին՝ այսօր ալ չկրկնէ, որ չի գիտեր հասցէն Սփիւռքին: Սփիւռքի հասցէն իր միացեալ կազմակերպութիւններու հասցէն է, Սփիւռքի հասցէն ազգային գաղափարախօսութեան շուրջ հաւաքուած այդ բոլոր կազմակերպ Սփիւռքն է: Որեւէ այլ կերպի փափաք՝ թէ պէտք է Հայատանէն կազմակերպուի Սփիւռքը, արդէն իսկ հիմակուընէ կը յայտարարեմ, որ դատապարտուած է ձախողութեան:

Հայրենիքը, Հայաստանը մեր միտքերուն եւ սիրտերուն մէջ տեղ ունի: Բայց հայրենիքը կարելի չէ, որ թելադրէ։ Սփիւռքը իսկապէս տարբեր տարիներու վրայ տարածուած, մեծ հոլովոյթէ անցած մէկ իրականութիւն է. սփիւռքները, դասական Սփիւռքը, որուն մաս կը կազմենք մենք, եւ նոր Սփիւռքը, որ ընդհանրապէս վերջին երեսնամեակին Հայաստանէն արտագաղթածներու հոծ զանգուածներէն կազմուած է, այդ սփիւռքները երկուքն ալ իրենց իւրայատուկ դերը ունին: Մեր պարտականութիւնն է, որպէս ՀՅ Դաշնակցութիւն, որպէս որեւէ այլ քաղաքական կուսակցութիւն, որպէս Հայաստանեայց եկեղեցի, այլ յարանուանութիւններ, որպէս համահայկական կառոյց ունեցող կազմակերպութիւններ, որ մենք համախմբուինք, գործենք համախոհ, ճշդենք յստակ նպատակներ, եւ զանոնք իրականացնելու միջոցները մենք մեր մէջ բաժնուինք, որպէսզի ազգովին կարենանք դիմագրաւել մեր դէմ ծառացած մարտահրաւէրները, որոնց մասին խօսեցանք:

Կասկած չկայ, որ այդ մարտահրաւէրներուն մաս կը կազմէ նաեւ Ջաւախքի իրավիճակը: Այսօր ՀՅԴն միակ կազմակերպութիւնն է, դժբախտաբար, դժբախտաբար կ՛ըսեմ, որովհետեւ հայկական այլ կազմակերպութիւններ, նոյնիսկ Հայաստանի պետութիւնը աւելին կրնան ընել եւ պէտք է ընեն, որովհետեւ Ջաւախքը չափազանց կարեւոր մէկ իրողութիւն է, Ջաւախքի հայութեան իրաւունքները պէտք է մեր բոլորին ուշադրութեան առարկան դառնայ, եւ ջաւախքահայութեան օժանդակութեան ծրագիրները փոքր քանակներէն պէտք է վերածուի ընդհանուր համահայկական հոսանքի: Մեծ ուրախութեամբ կ՛ուզեմ նշել, որ մեր ուղեկից կազմակերպութիւնները մեծապէս աշխոյժ են Ջաւախքի մէջ: Հայ Օգնութեան Միութիւնը ունի իր կեդրոնները, ունի իր բժշկական սարքաւորումները, ստեղծած է այլազան միջոցներ, որպէսզի նուազագոյն պայմաններ կարենանք տրամադրել մեր Ջաւախքի քոյրերուն եւ եղբայրներուն, որպէսզի անոնք ամրօրէն կառչած մնան իրենց հողին: Եւ սա պարտականութիւնն է նաեւ Վրաստանի (իշխանութիւններուն), որ որպէս Եւրոպական Միութեան անդամ՝ ըլլալ ձգտող երկիր, ստիպուած է յարգել ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքները եւ ատոր ամէնէն ցայտուն օրինակը Ջաւախքի մէջ բնակող հայութիւնն է:

Մեր ժողովներուն ընթացքին շատ խօսուեցաւ երիտասարդացման մասին, հոյակապ նիւթ, մեր հոյակապ երիտասարդութեան համար, որ մեզի ամէնուրեք յոյս կը ներշնչէ: Իմ բոլոր այցելութիւններուն ընթացքին, ամէն տեղ կը տեսնեմ յանձնառու երիտասարդութիւն, յաձնառու պատանիներ, որոնք իրենց ժամանակը, իրենց քրտինքը, եւ եթէ պէտք ըլլայ իրենց արիւնը կը խառնեն մեր ժողովուրդի նպատակներու իրագործման գործին մէջ: Մեր մեծագոյն հարստութիւնն է այդ երիտասարդութիւնը, որովհետեւ ինչպէս մեր ծնողները մեզի կ՛ըսէին. Ձեզի կը փոխանցենք երազ, ձեզի կը փոխանցենք ազատ, անկախ, միացեալ Հայաստանի տեսլականը, բայց սիրելի տղաս, սիրելի աղջիկս, ես չեմ գիտեր եթէ պիտի կարողանամ տեսնել, յուսամ որ դուն կը տեսնես»: Տարօրինակօրէն, մենք հանդիսացանք այն բախտաւոր սերունդը, որ գոնէ այդ տեսլականին մէկ մասը իրականացած գտաւ, ազատ ու անկախ հայրենիք, որքան ալ վիրաւոր, բայց ճամբայ ելաւ: Հիմա մեր կարգին, մենք մեր երիտասարդութեան պէտք է ըսենք, որ դուն պիտի գաս, պիտի լեցնես այն ղեկավար դիրքը, որ կամաւոր պատասխանատուութիւն կ՛ենթադրէ, որ ծանր բեռ կ՛ենթադրէ, որ առողջութիւն քանդել կ՛ենթադրէ երբեմն, բայց որ քաղցր լուծ է, եւ բոլորիս պարտականութիւնն է, որովհետեւ այդ ձեւով միայն մենք կրնանք վստահեցնել, կրնանք ապահովել մեր ժողվուրդի յաւերժականութիւնը եւ մեր հայրենիքի զարգացումը:

Սիրելի երիտասարդներ, դուք ոչ միայն մեր ապագան էք, այլ նաեւ պէտք է հանդիսանաք մեր ներկան, որուն համար դուք այսօր իսկ պէտք է մաս կազմէք մեր բոլոր ղեկավար մարմիններուն:

Ուրախ եմ ըսելու, որ երկու հիմնական ուղղութեամբ Ընդհանուր ժողովը մեր այդ ղեկավարութիւնը թարմացնելու որոշում տուաւ. մէկը երիտասարդութեան հարցն էր, միւսը, մեր ընկերուհիներու, հայ կնոջ քաղաքական դերի բարձրացումն էր: Ես կ՛ուզեմ պաշտօնապէս խոստանալ ձեզի, որ թէեւ տակաւին կանուխ է, այսօր մեր ընտրութեան եղաւ մէկ ամիս, որուն ընթացքին մեծ ծրագրումներու սկսած ենք, բայց կը խոստանամ, որ այս երկու երեսները Ընդհանուր ժողովի որոշումին՝ երիտասարդութեան ներգրաւման եւ հայ կնոջ դերի շեշտաւորման, յստակ կիզակէտը պիտի հանդիսանան այս նորընտիր Բիւրոյին:

Մենք ուրախ ենք նաեւ շեշտելու, որ կ՛ապրինք ուրիշ բախտորոշ ժամանակ մը, Արեւմտահայաստանի մէջ թաքուն հայերու զարթօնքի շրջանը: Մեր հողերուն վրայ բնակող փոքրամասնութիւններու հետ յարաբերութեան շատ աւելի մակարդակի բարձրացում, ուրախ ենք ըսելու նաեւ, որ քաջ ձայներ կը հնչեն նոյնիսկ Թուրքիոյ մեծ քաղաքներէն, որոնք ըլլա՛յ Ցեղասպանութիւն, ըլլա՛յ երբեմն պահանջատիրութիւն կը հնչեցնեն: Ուրախ ենք ըսելու, որ հակառակ ամէն տեսակի Էրտողանի կառավարութեան ճնշումներուն, հայ ժողվոուրդի՝ իր արմատներուն վերադարձի ձայնը, իր արմատներուն վերադարձի խիղճը կարելի չէ եղած խեղդել: Այսօր, հոն կը բնակի բաւական ստուար թիւով հայութիւն. մէկ մասը կորսուած նկատուող, մէկ մասը խառն, որ այսօր անոնք կը բռնեն վերադարձի ճամբան, ոչ այն թիւերով, որ մենք պիտի ուզէինք տեսնել, բայց ամէն ինչ սկիզբ ունի եւ կաթիլ կաթիլ է, որ երբեմն ովկիանոսներ կը կազմուին:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան՝ Միացեալ Հայաստանի գաղափարը կարելի չէ միայն տեսլական վիճակի մէջ պահել, ոչ միայն վարկածի վիճակի մէջ պահել, ատոր համար վերջին շրջաններուն մենք նախաձեռնած ենք նաեւ, որ (հետապնդենք) երկու հիմնական նպատակակէտ. առաջինը այն իրաւական հիմնարկն է, զոր ստեղծեցինք, կեդրոնը հոս է, ձեր երկրին մէջ, Ուաշինկթըն, որ պիտի ուսումնասիրէ Ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման, անհատական եւ հաւաքական պահանջատիրութեան իրաւական երեսները: Այդ ուղղութեամբ ուրախ եմ ըսելու, որ Հայ իրաւաբաններու միութիւնը, որ կը գործէ Քալիֆորնիոյ մէջ, ուրախ եմ որ որոշ աշխատանք կը տանի եւ յուսամ համագործակցութեամբ կարելի է բաւական ճամբայ կտրել: Երկրորդը մեր հողերուն վրայ տարուելիք հսկայական աշխատանքն է, ըլլա՛յ այդ այլ փոքրամասնութիւններու ճամբով, քիւրտերու հետ՝ մանաւանդ յարաբերութեան ճամբով, տերսիմցիներու հետ յարաբերութեան ճամբով, ինչու չէ՝ պոլսահայ մեր զանգուածին հետ յարաբերութիւններու ճամբով, որովհետեւ հոն ալ նոր կարելիութիւններ կան, եւ հակառակ ամէն տեսակի ճնշումներու, մենք պատրաստ ենք, մենք որոշած ենք, որ այդ էջը բաց պիտի պահենք, մինչեւ որ հոն ալ ճշդուին որոշակի ծրագիրներ:

Անհրաժեշտ է նաեւ կազմակերպել մեր նոր սփիւռքը: Շատ դժուար մէկ գործ, շատ դժուար մէկ դաշտ, ոլորտ՝ որովհետեւ այդ նորաստեղծ սփիւռքը դասական Սփիւռքի կերպարանքը չունի, այդ նոր սփիւռքը հիմնականօրէն կազմուած Հայաստանէն արտագաղթած մեր հայրենակիցներով, մանաւանդ երբ կը մտածենք Ռուսիոյ պարագային, երբ կը մտածենք ԱՊՀի պարագային, երբ կը մտածենք Արեւելեան Եւրոպայի կարգ մը երկիրներու կամ դասական Սփիւռքի նոյնիսկ այն երկիրներուն մէջ, ուր հսկայական հոսք տեղի ունեցած է եւ այնտեղ գաղութներուն նկարագիրը փոխուած է: Ի մտի ունիմ օրինակ Յունաստանը, Սպանիան, որոնք Արեւմտեան Եւրոպային մաս կազմելով՝ այսօր ունին բաւական մեծ թիւ ունեցող հայկական համայնքներ, որոնց նոր զանգուածը անպայմանօրէն կազմակերպուած չէ: Յունաստանի պարագային, փոքարաթիւ, դասական գաղութի ուսերուն ինկած է ամբողջ հայկական կառոյցները կառավարելու խնդիրը, մինչդեռ այնտեղ կայ շատ աւելի մեծ զանգուած նորեկներու, որոնք միայն ու միայն դիտողի դերին մէջ են առհասարակ կամ՝ նուազագոյն մասնակցողի: Պէտք է կազմակերպել նաեւ այդ զանգուածը: Պէտք է յատուկ ուշադրութիւն դարձնել Ռուսիոյ հայութեան, որ հզօր կարողականութիւն ունի Հայաստանի եւ Արցախի համար: Ասիկա կ՛ենթադրէ նոր ծրագիրներու, նոր գաղափարներու մշակում, որովհետեւ առանց այդ նոր մօտեցումներուն կարելի չէ երեւակայել, որ մեզ նման կազմակերպութիւն մը, որքան ալ նուիրեալ, որքան ալ անսակարկ զոհողութեան վարժ, կը կարողանայ մինակը գլուխ հանել այդ մարտահրաւէրը: Ատոր համար ալ անգամ մը եւս կոչ կ՛ուղղեմ, որ ժամանակն է, ամէն երկրորդական հարց մէկդի դնել եւ բռնցուինք որպէս ազգ, բռնցուինք որպէս հայրենիք, եւ միասնական ճանապարհ ճշդենք, միասնական առաջնահերթութիւններ ճշդենք, եւ ամէն մէկը իր բաժինը վերցնէ ու յամառօրէն աշխատինք:

Ես լաւատեսութեամբ համակուած եմ: Ընդհանրապէս ղեկավարները լաւատես կ՛ըլլան, որովհետեւ ապագայի պայծառ հորիզոններու յոյս կը ներշնչեն իրենց ժողովուրդին, իրենց ընկերներուն, իրենց անդամներուն: Ես լաւատես եմ, որովհետեւ ունիմ ամբողջական հաւատք մեր ժողովուրդին նկատմամբ: Որպէս ծառաները այդ ժողովուրդին, որպէս անոր ամէնէն ստորին խաւին եւ ցած ու միջին դասակարգին պաշտպան՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնացկութիւնը որ կեդրոն-ձախ ուղղութիւն ունի, պէտք է ամէն գնով աշխատի նաեւ ընկերատնտեսական ծրագիրներու վրայ: Այդ ընկերատնտեսական ծրագիրներու առաջին քայլերը առնուած են հաստատմամբ որոշ գրասենեակներու, որոնք կը յուսանք պէտք եղած միջոցներու հայթայթումէն ետք պիտի բազմապատկուին, պիտի տարածուին ամբողջ հայաստանի մէջ, ի շահ մեր ժողովուրդին:

Մենք լաւատես ենք իսկապէս, որովհետեւ կը հաւատանք, որ բազում չարչարանք, բազում ջարդ, Ցեղասպանութիւն տեսած մեր ժողովուրդը միշտ ալ ունեցած է գաղտնիքը յարութեան: Ատոր համար՝ եկէք ազգովին, բոլորս վերանորոգենք մեր ուխտը, օգնելու մեր հայրենիքին, Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի Հանրապետութեան՝ ի շահ մեր ազգային նպատակներու իրագործման, որովհետեւ կը հաւատանք, որ մեզի համար ամէնէն մեծ հարստութիւնը հայրենիքն է, Սփիւռքի համար ամէնէն կարեւոր ենթահողը, կիազկէտը դէպի հայրենիք դառնալն է:

Փա՛ռք այս ժողովուրդին, որ հերոսներ կերտած է,

Փա՛ռք այս ժողովուրդին, որ նահատակներ տուած է, որ մենք ապրինք, մենք շնչենք եւ մենք բարգաւաճինք,

Փա՛ռք այս ժողովուրդին, որուն մէկ անբաժանելի մասը կը կազմէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը,

Փա՛ռք եւ պատիւ նաեւ այս կազմակերպութեան:

asbarez.com