Ուսուցիչներու պատգամը

1275

Ընկերներու առաջարկին ընդառաջելով, 1980-ին լոյս տեսած իմ այս յուշագրական յօդուածը — կարգ մը յստակացումներով — կը տեղադրեմ Դիմատետրի իմ էջին վրայ։ Այսօր յուզումով կ՚անդրադառնամ, որ երբ ան կը գրուէր մենք դեռ չունէինք վերականգնուած անկախ պետականութիւն և քաղաքականացած ծաւալուն Սփիւռք։ Պիտի խոստովանիմ, որ անոր ընթերցումը (հրատարակութեան թուականէն գրեթէ քառասուն տարի ետք) իմ մէջ արթնցուց յիշողութիւններու ամբողջ աշխարհ մը նոր ժամանակներու մեր քաղաքական մարտահրաւէրներու սուր գիտակցութեամբ։ Մեր ուսուցիչները կ՚ապրին մեր մէջ և իրենց պատգամը դեռ կ՚անցնի սերունդէ սերունդ։

Յարգա՜նք իրենց պայծառ յիշատակին։

Աղբիւր՝ Ֆեյսպուք, Կարօ Արմենեան 

ՍԻՄՈՆ ՎՐԱՑԵԱՆ

Լևոն Շանթին մահը կորուստի անդարմանելի զգացում մը ձգեր էր իր ետին։ Քանի մը տարի առաջ, մահացած էր Նիկոլ Աղբալեանը և Ճեմարանի ընտանիքը հազիւ կրցեր էր ընդունիլ անոր անդարձ բացակայութիւնը։ Զայն ընդուներ էր ափսոսանքով, քանի որ այժմ օրերը շատ աւելի գեղեցիկ էին դպրոցին համար, քան երբևէ եղած էին, երբ տակաւին ողջ էր Աղբալեանը։ Մենք արդէն փոխադրուեր էինք նոր շէնք։ Այսինքն՝ նախկին Ֆրանսական Ծովակալութեան փառահեղ ապարա՛նքը ի փոխարէն մեր համեստ դպրոցին, որ կը գտնուէր Ուատի Ապու Ժեմիլ Փողոցին վրայ, հրեաներու թաղին անկիւնը։ Այս հրաշքը կարելի դարձած էր շնորհիւ Փալանճեան քոյրերու մեծագումար նուէրին։ Ան նաև կարելի դարձաւ շնորհիւ ամերիկահայ գաղութին կողմէ կազմակերպուած զանգուածային հանգանակութեան։

Նոր շրջան մը կը բացուէր Ճեմարանին համար։ Առաջին անգամ ըլլալով ան պիտի մտնէր համագաղութային իր դերին մէջ։ Պիտի դառնար Համազգայինի հիմնադիրներուն երազած օճախը։ Լևոն Շանթը իր ութսունին մէջ պէտք էր ըլլար այդ տարի և սակայն ան այժմ թևակոխեր էր երիտասարդութեան իր նոր և բացառիկ շրջանը։ Ան անձամբ մեկներ էր Ամերիկա և քաղաքէ քաղաք տարեր՝ մշակոյթի իր պիրկ պատգամը։ Կարծես ան սպասեր էր այս օրուան և օրը արդէն կը պսպղար իր շուրջը։ Ամէն առաւօտ, անսխալ ճշտապահութեամբ ան կը մտնէր նոր դպրոցին դարպասէն ներս և իր շուրջ սփռուողը ներքին ուժի և կարգապահութեան նախանձելի զգացում մը կ՚ըլլար, որ այդքան վերիվայրումներէ ետք դեռ զինք կ՚ընէր աշխոյժ ու նպատակախնդիր և դեռ զինք կը մղէր հեռուն։

Հիմա, որ կը վերյիշեմ իր դիմագիծը, յանկարծ գիւտը կ՚ընեմ տարօրինակ իրողութեան մը, որ մնացեր է ներսս. կ՚անդրադառնամ, որ այդպիսի հայ ես չեմ տեսած ուրիշ որևէ տեղ։ Իմ տեսած հայերս ունեցած են ցաւագին կնճիռ և կռուած են զիրենք շրջապատող անելին դէմ։ Լևոն Շանթին նայողը պիտի չգիտնար, որ անոր ազգը դեռ քանի մը տասնամեակ առաջ միլիոնաւոր զոհեր տուած էր անարգ ցեղասպանութեան. ինկած էր ու բարձրացած. ստեղծած էր անկախ պետականութիւն և զայն վերստին կորսնցուցած։ Եւ Շանթը գտնուած էր այդ բոլորին վայրագ հոսանքին մէջ։ Շանթին նայողը պիտի գիտնար, որ անոր ազգը կրնար ծնունդ տուած ըլլալ Զուարթնոցին. կրնար շինած ըլլալ Անին. կրնար մշակած ըլլալ ընտիր լեզու և ճոխ մատենագրութիւն և կամ ստեղծած ըլլալ Հայերէն Արմատական Բառարանը և ուրեմն իր բանականութեան և հանճարին ուժով պարտադրած ըլլալ ինքզինք։

Այսպէս ուրեմն իր երկրորդ երիտասարդութեան ամենէն ուժական հանգրուանին վրայ էր, որ ան կը մեկնէր անդարձ և իր ետին կը թողուր հոգեբանական հսկայ պարապութիւն մը, զոր մենք կը կարդայինք մեր ուսուցիչներու դէմքին վրայ։ Մեր դասարանը չկրցաւ հասնիլ իրեն։ Տարիներ շարունակ, մենք սպասեցինք համբերութեամբ և յուսացինք, որ կը հասնէինք վերի կարգերը և կ՚աշակերտէինք իրեն։ Եւ սակայն այդ բախտաւոր օրը չհասած, անձրևոտ օր մը, յանկարծ հասաւ մահը և այժմ մենք մեր ուսերուն վրայ պիտի տանէինք անոր դագաղը։ Պէյրութի ամբողջ հայութիւնը, մեծով ու պզտիկով և իր բոլոր հատուածներով, կը մասնակցէր սուգի օրուան։ Եւ մենք, լսարաններու աշակերտնե՛րս, կը քալէինք առջևէն յուղարկաւորութեան անծայր թափօրին։

Շանթին մահէն գրեթէ տարի մը ետք, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան հրաւէրով, Ճեմարան կը հասնէր Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին վարչապետը։ Ան կու գար Ամերիկայէն։ Բայց իր անուան հմայքը արդէն վաղուց հասած էր մեզի։ Ճեմարանի գրադարաններուն ամուր փակուած փեղկերուն ետևէն մենք տեսեր էինք իր խմբագրած ՎԷՄ-ին հաւաքածոները։ Փորձեր էինք կարդալ «Հայաստանի Հանրապետութիւնը» և իր անունը փնտռեր՝ Հայրենիք Ամսագրի էջերուն մէջէն։ Մեզի համար՝ ան արդէն հեռուէ-հեռու կը խորհրդանշէր հայոց անկախ պետականութիւնը, երբ հասաւ Պէյրութ։

Շուտով Ամերիկայէն կը հասնէին Պր. Տնօրէնին անձնական գոյքերը։ Սնտուկներու կոյտ մըն էր։ Հինգշաբթի օր մը, քանի մը հոգի կանչուեցանք կամաւոր աշխատանքի և մէկիկ-մէկիկ բացինք այդ սնտուկները…Տնօրէնին գրքե՜րն էին։ «Օ՜ գրքերի աշխարհը տիեզերք է անեզր»։ Ամէն չափի այդ գրքերը և պարբերականներու հաւաքածոները, ձեռագրերու դէզերը…Կար պատմութիւն, գրականութիւն, բանաստեղծութիւն. քաղաքական, գիտական, դիւանագիտական նիւթերու ժողովածուներ բազմաթիւ լեզուներով։ Անոնք այժմ մաս կը կազմեն Ճեմարանի հաւաքածոյին։

Վրացեանին մուտքը Ճեմարանէն ներս պէտք էր եղած ըլլար անձնական մեծ եղելութիւն մը, որուն գիտակից չէինք կրնար ըլլալ մենք այդ օրերուն և ինք շատ լռակեաց մարդ մըն էր բանալու համար իր ապրումներուն քողը։ Քանի մը տարի ետք միայն, իր նոր հրատարակուած էջերէն, մենք պիտի իմանայինք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան անկումէն անմիջապէս ետք Շանթը, Քաջազնունին, ինք և Յովհաննէս Տէվէճեանը միասին անցեր էին երկրէ երկիր և մէկզմէկու հետ բաժներ՝ աքսորական մարդու ծանր մտածումները։ Իսկ Շանթին մահէն դեռ մէկ-երկու տարի առաջ ինք և Շանթը Ամերիկայի մէջ վերստին գտեր էին զիրար, վերստին գործեր միատեղ և կարելի դարձուցեր Ճեմարանի ի նպաստ կազմակերպուած այդքան կենսական այդ հանգանակութիւնը։ Հիմա վերստին կը բացուէր վաղուց կղպանքի տակ առնուած Լևոն Շանթին գրասենեակը և ան պաշտօնապէս կը յանձնուէր Ճեմարանի երկրորդ տնօրէնին։

Ես շուտով պիտի ճանչնայի իսկական մտաւորականը այս լռակեաց մարդուն մէջ։ Ան ունէր բառերու սակաւապետութեան գաղտնիքը։ Իր հարցումները ան կը բանաձևէր խօսքի նուազագոյնով և սակայն այդ հարցումները կը հալածէին մեզ։ Ան պիտի պահանջէր, որ մեր մտքերը ըլլային զուսպ, փաստարկուած, խելացի։ Պիտի արգիլէր պոռոտախօսութիւնը։ Պիտի պահանջէր գո՛րծը՝ խօսքին փոխարէն։ Պիտի ուզէր, որ ըլլայինք հարցադրողներ և չգոհանայինք մակերեսային պատասխաններով։ Իրը սառն մտածումն էր։ Ան չունէր Սասունիին անմիջական ջերմութիւնը. չունէր անոր գունագեղ լեզուն։ Իր բառերը չէին կրնար մօտենալ մեր սրտին։ Անոնք ունէին պաղ մետաղին փայլը և սակայն յայտնի էր, որ այդ մետաղը անցեր էր ահարկու հրաբուխներու հնոցէն և հասեր մեզի։

Տնօրէնի իր պաշտօնին կողքին, ան նաև սկսաւ դասաւանդել «Քաղաքացիական Ուսմունք»։ Առաջին օրը դասարան մտաւ և դրաւ իր առաջին հարցումը.

— Ի՞նչ բան է ազգութիւնը…

Կը յիշեմ մեր չարչարանքը։ Ինչպիսի՜ ձևերով փորձեցինք սահմանել այդ անսահմանելին և ինք ինչպիսի՜ արահետներով առաջնորդեց մեր այդ տքնաջան փորձը։ Իր հարցումները կասկածի նոր շերտեր կը բանային մեր մտքերուն մէջ։ Ամէն օր քիչ մը աւելի կ՚արթննայինք և կը տեսնէինք մեր շրջապատը։ Ո՞ր երկրին զաւակներն էինք մենք…Լիբանանի՞ն. Հայաստանի՞ն…Ի՞նչ բան էր Հայաստանը. ինչպէ՞ս կը սահմանուէր հայոց պետականութիւնը…Եկեղեցի՛ն։ Որո՞նք էին հայ քաղաքական կուսակցութիւնները. ո՞ր քաղաքական բեմին վրայ կը գործէին անոնք։ Ովքե՞ր էին մեր ներկայացուցիչները Լիբանանի խորհրդարանին մէջ. ի՞նչ էր պաշտօնը մեր Ազգային Գաւառական Ժողովին…Ու յետոյ ու՞ր կը ծնէր մարդը առհասարակ. ինչպէ՞ս կ՚ընդունէր և ինչպէ՞ս կը մերժէր ընկերութեան կապանքը։

Կային աւելի բարդ և անմիջական խնդիրներ, որոնց մասին չէինք կրնար չմտածել այլևս։ Հայը ինչպէ՞ս պիտի կրնար պահել իր ազգային միասնականութիւնը աշխարհի բարդ ճանապարհներուն վրայ։ Իւրաքանչիւր պատասխան ծնունդ կու տար տասնեակ նոր հարցումներու և մենք կամաց-կամաց կը կորսնցնէինք մեր պատանեկան անհոգութիւնը։

Սիմոն Վրացեանի պաշտօնավարութեան տարիներուն, արտադասարանային մեր կեանքը արտակարգ թափ ստացաւ։ Ան մօտէն կը հետևէր մեր կազմակերպական գործերուն։ Լսարանականներու Միութիւնը և «Ջահակիր» հանդէսին խմբագրութիւնը աննախընթաց եռուզեռի մէջ կը դնէին մեզ։ Մեր գլուխները արդէն սկսած էին «տաքնալ»։ Մենք սկսեր էինք տեսակէտներ ունենալ մեր կեանքը յուզող խնդիրներուն մասին։ Սկսեր էինք վէճի մտնել իրարու հետ. վէճը կը ծնէր պայքար. խումբեր կը կազմուէին և կը հակադրուէին իրարու, իսկ ինք կը ջանար ընել այնպէս, որ այդ բոլորէն հարստացած դուրս գար մեր հաւաքական փորձառութիւնը։ Մտածումի զարտուղութիւնը չէր անհանգստացնէր զինք. ընդհակառակն ինք գիտէր լուրջի առնել զարտուղի միտքը, որքան ալ դեռ խակ ու նախնական եղած ըլլար ան։ Ես կը յիշեմ իր նուրբ սրամտութիւնը, որմով կ՚ոգեկոչէր իր հայրենի Նոր Նախիջևանը.

— Մեզ մօտ երբ կատուն ուզում է գողութեամբ կաթը լափ տալ, բռնում են նրա ականջներից և դունչը խոթում կաթի մէջ…

Ասիկա իր բացառիկ վայրկեաններէն մէկն էր։ Վրացեանը սովորաբար չէր կատակեր, բայց կրնար խօսքը կամ բանավէճը ընել վարպետօրէն սրամիտ և գրաւել իր ունկնդիրները, եթէ ուզէր։ Վերի խօսքերը կը կապուին անձնական յիշատակի մը, զոր կ՚ուզեմ պատմել այստեղ բոլոր անոնց համար, որոնք բախտը չունեցան ճանչնալու զինք։

Մեր աւարտական տարին (1954) կը զուգադիպէր բացառաբար խռով շրջանի մը։ Այդ տարիներուն, խռովքը բազմաթիւ ձևերով շրջապատեր էր մեզ։ Արաբներու աշխարհը, որուն մէջ հասակ առեր էինք մենք, ինկած էր ազգայնականութեան նոր հոսանքի մը մէջ, որ կը շարժէր մեր նախանձը։ Անոնք կը մերժէին Այզընհաուըրի Վարդապետութիւնը, զոր կը նկատէին կոպիտ շարունակութիւնը Եւրոպայի գաղութատիրութեան։ Գրաւիչ անուններ էին այդ օրերուն Հնդկաստանի Նեհրուն, Եուկոսլաւիոյ Թիթոն, Սենեկալի Սենկորը, Եգիպտոսի Նասէրը։ Նոր լոզունգներ կային հրապարակի վրայ, որոնք – թէկուզ միամտօրէն – կը ձգտէին աշխարհի «երրորդ» մասը անկախացնելու մեծապետական ուժերէն։ Խռովքի մէջ էր նաև մեր ազգային և կուսակցական կեանքը և դժբախտաբար մենք գիտութեամբ չէինք մօտենար մեր կեանքը յուզող հարցերուն։ Օրուան խնդիրներուն մեր գաղութները կը հակազդէին կրքոտ ջղապայքարներով, որոնք կը հասնէին տգեղ չափազանցութիւններու և նոյն համեմատութեամբ կը ջլատէին մեր հաւաքական ուժերը։

Այս անհանգիստ մթնոլորտին մէջ էր, որ մենք կ՚ըսկսէինք մեր աւարտական տարին 1953-ի աշնան։ Կը յիշեմ մեր խմբական վիճաբանութիւնները այդ տարի. գաղափարներուն մէջ բացարձակը փնտռելու մեր հակու՛մը։ Կեանքը կը կերպարանափոխուէր մեր շուրջը, իսկ մենք կ՚ըզգայինք, թէ մեր ազգային գոյավիճակի՛ն իսկ բերումով մատնուած էինք անշարժութեան և չունէինք երթալու տեղ…

Այսպէս էր, որ գրեթէ բնազդաբար Ճեմարանի գրադարանէն ես վերցուցի Քաջազնունիին յայտնի գիրքը՝ «Դաշնակցութիւնը Անելիք Չունի Այլևս»։ Այդ գիրքը հոն էր միշտ, բայց ան նոր միայն — մեր շուրջը թաւալող իրերու անմիջականութեա՛ն իսկ ուժով — կենդանութիւն կ՚ըստանար ինծի համար։ Կը յիշեմ այդ գրքին ընթերցումը այդ գիշերն իսկ։ Ընկերս՝ Սերոբ Երէցեանն ու ես առանձնացեր էինք սենեակի մը մէջ և յափշտակութեամբ կը դարձնէինք անոր գունատ էջերը մինչև առտուան առաջին ժամերը։ Մեր քաղաքական մտքին ամենէն յախուռն արտայայտութիւնն էր ան և մենք զայն կը պեղէինք նորագիւտ հանքի մը պէս։։

Գիրքը մնաց մեր ձեռքը օրեր ու շաբաթներ, մինչև որ օր մը ես հրամայական գաղափարը ունեցայ զարնելու Վրացեանին դուռը…Քանի մը ամիս առաջ, ես արդէն աւարտեր էի դպրոցը և այս մէկը առաջին այցելութիւնս պիտի ըլլար։ Նստեր էր ինք գրասեղանին ետև իր լռութեան մէջ մենախօսող Պուտտային պէս, իսկ իմ ձեռքս էր Քաջազնունիին գիրքը.

— Պարոն, ըսի, ասիկա Յովհաննէս Քաջազնունիին գիրքն է…

Երևի կ՚ըսպասէի հակազդեցութեան մը և սակայն ո՛չ մէկ անսովոր հակազդեցութիւն՝ իր կողմէ, այլ միայն իր յայտնի հարցական լռութի՛ւնը՝ որ կարծես ստիպեց զիս մօտաւորապէս այսպիսի բան մը ըսելու.

— Քաջազնունին, ըսի, համոզուած է, որ նոր օրերու դաշնակցականները Հայաստանի բոլշևիկներն են. ըստ իրեն, անոնք են, որ պիտի շարունակեն Դաշնակցութեան գործը…(Անշուշտ ակնարկութիւնը կը վերաբերէր քսանական թուականներուն)։

Սպասեցի, որ տեղ մը հսկայ պատ մը փլէր կամ վար իյնար առաստաղին մէկ շերտը։ Այդպէս չեղա՛ւ։ Փոխարէնը սիրտս էր որ կը բաբախէր կամքիս հակառակ և կարծես ես կը լսէի գրադարանի գրքերուն ծանր շնչառութիւնը։ Յետոյ խօսեցաւ ինք։ Խօսեցաւ երկար և դանդաղօրէն հանելով իր բառերը։ Ձայնը նոյն դժուարութիւնը ունէր, ինչպէս միշտ. ան կը մարէր և սակայն իր միտքը չէր զիջեր իր ձայնին. կ՚անցնէր անկէ անդին և ինքզինք կը հաղորդէր գրեթէ ի հեճուկս անոր։ Սկիզբը ան խօսեցաւ Քաջազնունիին մասին առհասարակ և հիացմունքով և յարգանքով։ Արագօրէն տուաւ անոր կերպարին կողմերը. գծեց այն քաղաքական ուղին, ուրկէ անցեր էին միասնաբար։ Յետոյ կամաց-կամաց անդամահատեց Քաջազնունիին վարկածը։ Այնտեղ գտաւ վերլուծական ուսանելի տուեալներ և սակայն զայն նկատեց խախուտ, իսկ անկէ բխող եզրակացութիւնը՝ մեծապէս վիճելի՛։

Ըստ իրեն, Քաջազնունին սահմանափակ ծիրի մէջ միայն տեսեր էր մեր ազգային գոյավիճակը և Դաշնակցութեան դերակատարութի՛ւնը՝ ազգային այդ բարդ իրականութեան մէջ։ Ան կ՚անտեսէր երկու հիմնական իրողութիւն։ Նախ այն՝ որ հայութիւնը միայն Հայաստանի մէջ չէր այլևս. անոր մէկ հսկայ զանգուածը ցրուած էր աշխարհով մէկ և հայը տրամադիր չէր իր ինքնութիւնը զիջելու զինք շրջապատող մշակոյթներուն։ Ասիկա փաստ էր 1923-ին և աւելի մեծ փաստ էր այսօր՝ 1955-ին։ Վկայ՝ ձեր սերո՛ւնդը, կ՚ըսէր ան…և վկայ՝ այս քննարկո՛ւմը։ Յետոյ նաև այն՝ որ կուսակցութիւն մը միայն գաղափար չէր։ Ան մարմի՛ն էր։ Ան կազմակերպութիւն էր, որ կը դարբնուէր մեծ դժուարութիւններով և ժամանակին տաժանելի փորձովը։ Կարելի չէր տեղ մը զայն սպանել գրիչի սոսկ հարուածով և ուրիշ տեղ մը զայն վերակենդանացնել։ Երբ ժամը հասնէր, Հայաստանը սնունդ պիտի տար գաղութներուն. գաղութները, իրենց կարգին, պիտի զօրացնէին Հայաստանը։ Դաշնակցութիւնը պիտի շարունակէր մնալ հայութեան ազգային գերագոյն շահերու և առաջին հերթին՝ մեր գաղթաշխարհի քաղաքական ողնայարը։ Քաջազնունիին վարկածը ինք կ՚ուզէր քննուած տեսնել քաղաքական յարափոփո՛խ իրականութիւններու լոյսին տակ։

— Ասենք Քաջազնունու ասածն էլ լինում է մի օր. ասենք համայնավար իշխանութիւնը Հայաստանում կարողանում է մի կերպ համադրել հայ ազգային պետականութեան շահերը Սովետների շահերին և դրանից օգտւում է Հայաստանը։ Բայց նոյն հաւանականութեամբ միթէ չի՞ կարող պատահել ճիշտ հակառակը։ Չի՞ կարող պատահել, որ Սովետները վաղը ուզենան բարի դրացիութեամբ սիրաշահել թուրքերին…Հայաստանի իշխանութիւնը, որպէս պատասխանատու պետական մարմին, պիտի ընդունի դրա անհրաժեշտութիւնը և մի կերպ եոլա գնայ։ Իսկ եթէ հարկն է Սովետները անպայման կը գտնեն մի երկու մարդ, որոնք կը մաքրագործեն Հայաստանի իշխանութիւնը այն համայնավարներից, որոնք, ըստ Քաջազնունու, այսօրուան դաշնակցականներն են լինելու…Քաջազնունու խօսքը ենթադրութիւնների վրայ հիմնուած պատմափիլիսոփայութիւն է։ Դրա վրայ կարելի չէ քաղաքական ծրագիր կառուցել։ Քաղաքական կուսակցութիւնը չի կարող այդպէս վարուել իր անելիքի հետ։

Կանգ առաւ։ Իր հին ժպիտը կար այժմ իր դէմքին վրայ։ Այդ ժպիտը մտածում էր. ան շարունակութի՛ւնն էր իր խօսքին։

— Փոխարէն պիտի ասել, որ դժուար է լինելու մեր գործը գաղութներում. դժուար է լինելու նրանց գործը Հայաստանում. չպէտք է խաբուել դիւրին ժամանակներից…Դու նորից կարդա Քաջազնունու գիրքը։

Այստեղ էր, որ ինք ոգեկոչեց Նոր Նախիջևանի յայտնի կատուն…Յետոյ ըրաւ նոր թելադրութիւններ. կ՚ուզէր, որ կարդայի աւելին և մօտէն քննէի թերն ու դէմը։

Ես վերստին կարդացի Քաջազնունիին գիրքը. կարդացի նաև Ռուբէն Դարբինեանի և Վահան Նաւասարդեանի գրքերը ի պատասխան Քաջազնունիին։ Պակսող բան մը կար տեղ մը, որ կ՚անհանգստացնէր զիս։ Չպէտք է խաբուել դիւրին ժամանակներից…Արդեօ՞ք դեռ մեր առջևն էր աւելի յոռին։ Յամենայն դէպս Վրացեանին այդ խօսքը կը հետևէր քայլափոխիս և ես քանի մը անգամներ վերստին բախեցի իր դուռը լուսաբանութիւն հայցողի չյագեցող պապակով։

Ես հիմա կ՚անդրադառնամ, որ իր մէջ խօսողը բնազդն էր հին անեցիի՛ն։ Իր նախահայրերը վաղուց անցեր էին այս ճանապարհներէն։ Անոնք վաղուց ճանչցեր էին անկայուն կեանքին ելևէջները։ Անոնք վաղուց տեսեր էին բարգաւաճ հայրենիք և շէն մայրաքաղաք։ Յետոյ տեսեր էին անոր քայքայուիլը. յետոյ գաղթեր էին ու կերտեր բարգաւաճ գաղութներ և քանի-քանի անգամ խաբուեր էին դիւրին ժամանակներէն…Քանի մը տարի ետք, ես նաև առիթը ունեցայ կարդալու իր՝ Սիմոն Վրացեանի «Խարխափումներ»ը ի պատասխան Քաջազնունիին և գիւտը ըրի նոր իրողութեան մը։ Քաջազնունին և Վրացեանը նոյն մտածումին հակադիր թէզե՛րն էին և այդ իսկ պատճառով անոնք կը պայմանաւորուէին իրարմով…Անոնք բնազդաբար կը փնտռէին զիրար։ Ընթերցողը կը յղէին իրարու։ Անոնք բնազդով գիտէին իրենց միջև գոյութիւն ունեցող անխուսափելի սէնթէզը…Եւ անոնցմով նոր լիութեան կը հասնէր այն գաղափարը, որմէ ծնունդ առած էր Դաշնակցութիւնը։

Հիմա կը մտածեմ ու կը ջանամ հասկնալ, թէ ինչու՞ Վրացեանը չէր վարանած լուրջի առնել զիս այդ օրերուն։ Ինք, որ փոթորկոտ կեանք մը ձգեր էր իր ետին Ճեմարան գալէ առաջ, ինչպէ՞ս կրնար համբերութեամբ լսել մեզի պէս տղաքը և շունչ հատցնել իր այդ տարիքին։ Ինծի կը թուի, թէ Ճեմարանը մտածումի նոր ասպարէզ մը բացած էր Վրացեանին առջև և ան երևի թաքուն հրճուանքով մը կը տրամադրուէր իր երէց ընկերներու հիմնած Համազգայինի կրթական այս օճախին։ Իր ամբողջ կեանքը անցեր էր յեղափոխական և քաղաքական եռուզեռի մէջ։ Ան գործեր էր երեք ցամաքամասերու վրայ. կազմակերպեր. պայքարեր. անցեր էր թաքստոցէ թաքստոց. տեղ մը վարեր պետութիւն. բանակցեր աշխարհի ուժերուն հետ. ուրիշ տեղ մը գիշերնե՛ր լուսցուցեր համադրելու համար մարդոց տեսակէտները։ Այս բոլորին կողքին, ան գրեր էր հատորներ. խմբագրեր մամուլ և իր ձայնը հասցուցեր՝ հեռաւոր աշխարհներու ցրուած հայութեան։ Առաջին անգամն էր, ուրեմն, որ Վրացեանը ինքզինք կը գտնէր կրթական միջավայրի մէջ որպէս տնօրէն և ուսուցիչ։ Առաջին անգամն էր, որ ան կը շրջապատուէր պատանիներով և իր առօրեայ կեանքը կը կապէր անոնց կեանքին։ Երևի իր սրտին մէջ կար կարօտը իր ընտանիքին, որուն չկրցաւ նուիրել իր կեանքին օրերը…

Ան սիրեց Ճեմարանի թարմութիւնը. իր շուրջի երթևեկը. հայերէնին պոռթկուն և կռուազան գործածութի՛ւնը Ճեմարանի միջանցքներուն մէջ։ Ճեմարանը իր մէջ արթնցուց հին կեանքի մը խռովքները և ինք հետզհետէ իր զգայնութեան ծածուկ ոլորտներէն բացաւ ճոխ հանդէսը իր յիշողութիւններուն։ «Կեանքի Ուղիներով» խորագիրը կրող իր հատորաշարքին առաջինը ան կը ձօնէ շատ խօսուն քանի մը տողերով՝ «Այս հատորը սիրով նուիրում եմ Մասիսը չտեսած, բայց տարագրութեան մէջ Մասիսի երազով տոչորուող հայ տղաներին և հայ աղջիկներին, որոնց մատաղ սիրտը բաբախում է Հայաստանի համար։ Ս. Վրացեան»

«Կեանքի Ուղիներով» հատորաշարքը լոյս տեսաւ այն տարիներուն, երբ Ճեմարանի Տնօրէնն էր ինք։ Այդ հատորներուն մէջ է, որ մենք առաջին անգամ յայտնութիւնը ըրինք այն միւս մարդուն, որ մնացեր էր ներսը և երկար տարիներ փնտռեր էր դուրս գալու ելքը։ Ան պարզապէս ստորադասուեր էր սառն մտածողին, որ պիտի գործէր քաղաքական դաժան բեմի մը վրայ։ Յանկարծ յայտնի կ՚ըլլար, որ Վրացեանը զգայուն գրագէտ մըն էր խոժոռ արտաքինի մը ետին և ունէր իր ներաշխարհը ընթերցողին բանալու բացառիկ շնորհ։ Իսկ Ճեմարանը պիտի ըլլար այն բուժիչ վայրը, որ կարելի պիտի դարձնէր գրագէտին այս ուշացած յայտնութիւնն ու նուաճումը։ Հոն էր, որ գրագէտը պիտի ազատագրուէր քաղաքական մարդուն շղթաներէն և կանգնէր ոտքի ինքն իր հաշւոյն։ Դժբախտաբար իր այդ յառաջացեալ տարիքին իրմէ ծնող գրականութիւնը յուշերու արագ սղագրութիւն մը միայն եղաւ և սակայն ան մեզի բերաւ վաւերական վկայութիւնը մարդուն, որ գիտէր բառը վերածել բանի։

Քանի մը աղուոր միջադէպեր մնացեր են յիշողութեանս մէջ։ Անոնցմէ առաջինը Վրացեանին առաջին օրն էր Ճեմարանէն ներս. դպրոցական վերամուտի այն առաջին պա՛հը՝ որմով պիտի սկսէր իր պաշտօնավարութիւնը։ Հաւաքուեր էինք դպրոցին մայր սանդուխներուն առջև. արդէն կարդացուեր էին բոլորին անունները և կատարուեր էր դասարաններու բաշխումը։ Վերջին խօսքը իրը պիտի ըլլար և մենք կ՚ըսպասէինք իր խօսքին։ Խօսեցաւ հակիրճ և յաւուր պատշաճի և իր խօսքերը փակեց մեզմէ խնդրելով, որ դպրոցական տարին սկսինք մաղթերգով մը…Մաղթե՞րգ. իրարու երես նայեցանք.

— Տէր կեցո՛ դու զհայս…ըսաւ ինք։

Երևի մեր շփոթ վիճակին հաղորդակից էր այդ պահուն նաև Պր. Մուշեղը (Մ. Իշխան), քանի որ իր դէմքին վրայ կը տեսնուէր այն շատ ինքնուրոյն և հազիւ նշմարելի ժպիտը, որուն իմաստը միայն մենք կրնայինք կարդալ…Լևոն Շանթի պաշտօնավարութեան տարիներուն, Ճեմարանը առհասարակ հեռու պահուած էր կրօնական մշակոյթէ։ Մեր մօտ տիրապետողը անսանձ հեթանոսութիւնն էր և ուրեմն մեծ դիւրութեամբ մենք կրնայինք թնդացնել «Արիւնոտ Դրօշ»ը ի փոխարէն սա մաղթերգին, որուն ոչ բառերը գիտէինք, ո՛չ ալ՝ եղանակը այդ նեղ պահուն…Բարեբախտաբար օգնութեան պիտի հասնէր մեր նշանաւոր Յովսէփը (Էսքիճեան)։ Ան Ճեմարան եկած էր Դամասկոսէն և իրեն հետ Պէյրութ բերած՝ Դամասկոսի Միացեալ Վարժարանի հալալ դաստիարակութիւնը։ Յովսէփն էր, որ իր բամբ ձայնով յանկարծ հասաւ և փրկեց մեզ։ Չորս կողմերէն ձայնակցեցանք և ձևով մը երգը հասցուցինք իր աւարտին, բայց ի՜նչ ձևով…Երևի Գէորգեան Ճեմարանի իր յուշերուն մէջ նկարագրուած և Կոմիտասին կողմէ յաճախ յիշուած Գայիանէի երգչախումբն էր, որ մէկէն կը կենդանանար իր աչքերուն առջև։

Իր օրով նոր բնոյթ ստացաւ դպրոցի ուսումնական ծրագիրը։ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Պատմութիւնը դրուեցաւ մեր դասացուցակին վրայ։ Երիտասարդ վարդապետներ՝ Հարք Շահէ, Արտաւազդ և Գարեգին (այժմու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Աթոռակից գահակալը) պիտի ընդգրկուէին այցելու ուսուցիչներու կազմէն ներս։ Առաւօտեան խմբական աղօթքը դպրոցին մայր սրահին մէջ պիտի նուիրագործուէր որպէս նոր աւանդութիւն։ Ամէն առտու, դպրոցին կամարներուն տակ պիտի լսէինք Յովսէփին առաջնորդող ձայնը՝

Առաւօտ լուսոյ
Արեգակն արդար
Առ իս լոյս ծագեա

Կ՚երգէինք Շնորհալիի այբուբենական աղօթքին առաջին չորս տուները միայն և սակայն աղօթքի այդ կարճ պահը որքա՜ն ջերմութիւն կը բերէր մեզի։ Աղօթքը մեզ կը բերէր քով-քովի առտուան այդ թարմ պահուն. մասնաւոր կարգ գոյութիւն չունէր. դասարանները կը հաւաքուէին ազատ խումբերով մեր փոքր սրահի պատերուն տակ, իսկ ուսուցիչներէն շատեր կը գլխաւորէին այդ խումբերը։ Վրացեանը կեցած կ՚ըլլար սրահին մէջտեղը։

Ձմրան առաւօտ մըն էր կարծեմ և մենք դպրոց հասեր էինք ծանր սրտով։ Մաթեմատիկի քննութիւն ունէինք այդ օր և ան տագնապի կը մատնէր մեզ։ Միւս դասարանները նոյն ոգևորութեամբ կը մասնակցէին աղօթքի երգեցողութեան, մինչդեռ մեր անկիւնը լուռ էր և անտրամադիր։ Աղօթքէն ետք, անցանք դասասենեակ և կ՚ըսպասէինք ուսուցչին, երբ յանկարծ դասարանէ դասարան տարածուեցաւ անակնկալ լուրը։ Անթիլիասէն կը հաղորդուէր, թէ Էջմիածնի մէջ վախճաներ էր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը…

Կէս ժամ ետք, վերստին կը կանչուէինք մայր սրահ, ուր արդէն հաւաքուած էր ուսուցչական կազմը և ուր բոլորին ներկայութեան Վրացեանը պիտի տար կենդանագիրը վախճանեալ Հայրապետին։ Իրեն պէս՝ ան ալ սերած էր անեցիներու շառաւիղներէն. եղած էր Գէորգեան Ճեմարանի սան և մեր պատմութեան ժամանակակից այս շրջանին մեծ եղած էր իր դերը Հայաստանի մէջ։ Կ՚ըզգայինք յուզումը իր ձայնին մէջ և իր խօսքերէն կը կռահէինք, թէ այս մէկը նաև անձնական կորուստ մըն էր իրեն համար։

Եւ սակայն ինչպէ՞ս մոռնալ անմիջականը, որ կեանքն է և որ կը շահի ամէն բանին առաջնութիւնը։ Երբ յայտարարուեցաւ, թէ այդ օրը դպրոցը փակ պիտի մնար ի յարգանս երջանկայիշատակ կաթողիկոսին, անխոստովանելի թեթևութիւն մը իջաւ մեր վրայ…և որ արտայայտութիւն գտաւ մեր ընկերներէն՝ Վաչէ Մատէնլեանի հառաչալի՜ց բացագանչութեանը մէջ.

— Երջանկայիշատա՜կը…

Մեր անկիւնէն պայթեցաւ չզսպուող խնդուքը և գետնին տակը անցուց մեզ. փրկուեր էինք մաթի քննութենէն գէթ քանի մը օրով։

Շանթին պէս՝ Վրացեանն ալ ջերմ հաւատացող մըն էր ընդհանուր և բազմակողմանի զարգացման։ Դարձեալ իր օրով էր, որ Ճեմարան եկաւ Կոստան Զարեանը որպէս Արուեստի Պատմութեան դասախօս։ Ճեմարան եկաւ նաև Բարսեղ Կանաչեանը։ Մենք ունեցանք երգչախումբ և հայ տոհմիկ երաժշտութիւնը դարձաւ անբաժան մաս մեր առօրեային։ Կոմիտասի և Կանաչեանի երգերը մեզ կը մօտեցնէին անվիճելի աղբիւրին. անոնք աղբի՛ւրն իսկ էին։ Բոլոր խօսքերէն և մտքերէն և գրքերէն ետք կար ե՛րգը և մեծ էր անոր ուժը։ Ան կը փարատէր մեր ներքին կասկածները և մեզ կ՚ընէր ամէն բանի հանդէպ անվերապահ։

Վրացեանին փափաքն էր տեսնել, որ Ճեմարանի տղաքն ու աղջիկները, ինչպէս և բոլոր երիտասարդ հայորդիները, լայն տեսողութեան տէր մարդիկ ըլլային իրենց ասպարէզներուն մէջ։ 1961-ի ամառը, ես կը մեկնէի Ամերիկա և ճամբայ ելլելէ առաջ գացի Վրացեանին տեսութեան։ Հետս էր նաև ընկերս՝ Փաթանեան Նազոն։ Իմացեր էինք, որ Վրացեանը կը հանգստանար Պոլոնիայի և Խնչարայի միջև գտնուող պանդոկի մը մէջ։ Գացինք և գտանք զինք լեռնային այդ պանդոկին բացատը, առտուան թարմ արևին տակ։ Հոն էր , որ ան աւելի հանգամանօրէն խօսեցաւ այդ խնդրին մասին։ Բարձրագոյն համալսարանական ուսումը բաւարար չէր նկատեր ան։ Շատ բարդ աշխարհի մը մէջ պիտի ապրէինք մենք և ուրեմն անհրաժեշտ էր, որ ունենայինք համապատասխան հորիզոն։ Այս մէկն ալ դեռ բաւարար չէր։ Անհրաժեշտ էր, որ նոր հայը ըլլար այնքան օժտուած և բազմակողմանի, որ ան կարենար վերապրիլ որևէ երկրի մէջ և որևէ ժամանակ։ Վերապրի՛լ։ Այսինքն՝ ապրիլ հզօր ինքնավստահութեա՛մբ։ Ապրիլ քաջութեամբ, կամքո՛վ։ Վերջաւորութեան յիշեց Քիփլինկի «Եթէ»ն և ամուր սեղմեց մեր ձեռքերը։ Բաժնուեցա՛նք։

Տարիները սորվեցուցին ինծի, թէ որքա՜ն դժուար բան էր ինքնավստահութիւնը։ Ինչպիսի՜ կածաններէ պէտք էր անցնիլ հասնելու համար հոն։ Ինչպիսի՜ կասկածներ պէտք էր յաղթահարել առանց կքելու, առանց անձնատուր ըլլալու։ Մեծ ցանկութիւն մը կ՚աճէր մէջս ամէն տարի. կ՚ուզէի օր մը վերադարձած ըլլալ և վերստին խօսիլ իրեն. վերագտնել ուժի այն խարիսխը, որմով ինք կառչած կը մնար կեանքին։ Տարիներ առաջ իր խմբագրած հանդէսը ինք կոչեր էր «Վէմ»։ Ասիկա իր ընտրած բառն էր ուրեմն. իր վէմը ինքնավստահութի՛ւնն էր. այն՝ որ կը շահուէր տաժանքով։ Անիկա վերջին և թերևս առաջին աղբիւրն էր մարդու ուժին։

Ինք մեռաւ, երբ ես հեռուն էի և սակայն ես անգամ մըն ալ կրցայ տեսնել զինք իր մահէն առաջ, երբ ինք անկողին ինկած էր արդէն։ Կ՚անցնէի Պէյրութէն։ Ամառ էր նորէն և ես փութացի իր մօտ։ Եղբայրս, որ արդէն վկայուած բժիշկ էր, ուզեց զգուշացնել զիս.

— Չի կրնար խօսիլ…բայց, աւելցուց, կը հասկնայ ըսածդ։

Ճեմարանի դարպասին մօտ, պարզուկ սենեակի մը մէջ դրուեր էր իր անկողինը։ Անկիւնը, իր ճամբորդական պայուսակն էր։ Մօտեցայ և բռնեցի ձեռքը։ Ամուր էր այդ ձեռքը։ Պիրկ էր իր մարմինը։ Ուրեմն ինք դեռ կառչած էր խարիսխին…Միամիտ ուրախութիւն մը բոյն դրաւ մէջս։ Ուզեցի խօսիլ. ուզեցի ըսել իրեն այն բոլոր ըսելիքներս, զորս պահեր էի այսօրուան համար։ Փոխարէնը աչքերս լեցուեցան և ոչինչ ըսի։ Վստահ իսկ չէի, թէ կը ճանչնար զիս։ Եւ սակայն յանկարծ անդրադարձայ, որ կը սեղմէր ձեռքս…կը սեղմէր աւելի ու աւելի ամուր։ Առասպելական ուժ կար այդ մատներուն մէջ. ու յանկարծ աչքերը կրակ առին. Աստուա՜ծ իմ, ճաչցեր էր զիս…և երևի արդէն գիտէր ըսելիքս։

Ես համոզուած եմ, որ ան մեկնեցաւ այս կեանքէն հաւատքի վերջին հանգրուանն ալ յաջողապէս նուաճելէ ետք։ Երանի իրե՛ն։

Կարօ Արմենեան
Լոնտոն, 1980

Լուսանկարին մէջ, ձախէն աջ՝ Ընկերներ՝ Դրօ և Սիմոն Վրացեան