Թրքական գրկախառնում Մասիսներու փէշերուն

1485
Azerbaijani president Haydar Aliyev (L) is welcomed by Turkish President Suleyman Demirel (R) May 5 in Ankara's Esenboga airport. At far right is a Turkish State Minister Abdullah Gul attending the welcoming ceremony for the visiting Azeri President in Ankara. TURKEY

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ԿԱՆԱՉ ու ՍԵՒ. ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՕՐԱԳԻՐ գիրքէն

Տասնիններորդ գլուխ

28 Մայիս 1992ին Թուրքիա-Նախիջեւան սահմանին` Արաքսի ձախ ափին, Թուրքիոյ վարչապետ Սուլէյման Տէմիրէլը հաւաքուած հազարաւոր ատրպէյճանցիներուն դիմելով կը բացականչէր. ՙՍիրելի’ ատրպէյճանցի թուրքեր, սիրելի’ նախիջեւանցի թուրքեր, մենք հոս ենք` ձեզի ըսելու, որ մինակ չէք: Արազի վրայով այսօր մենք կը բանանք ՙՅոյսի Կամուրջ՚ը, զոր Եգէական Ծովէն մինչեւ Չինաստան ճամբայ բանալու առաջին քայլն է՚:

Ամերիկացի լրագրող Թոմաս Կոլցն ականատեսի աչքերով կը գրէ. ՙՕդանաւին դուռը բացուեցաւ, երեւաց Տէմիրէլն իր նշանաւոր ֆետորայով: Ան աստիճաններով կ’իջնէր դէպի Հէյտարի գիրկը: Տասնեակ լուսանկարչական գործիքներ եւ տեսախցիկներ պատմական պահը կ’արձանագրեն. Տէմիրէլն ու Ալիեւը վերջապէս միասին են: Կան յամառ տարաձայնութիւններ, թէ Ատրպէյճանի իշխանական ու անվտանգութեան համակարգին մէջ Ալիեւի վերելքը նախատեսուած էր Պ. Ա. Կ.ի ՙԿապոյտ Աչքեր՚ գործողութիւնն իրականացնելու` 1960-70ական թուականներուն Թուրքիոյ քիւրտերու շրջանին մէջ ապակայունութիւն եւ անհանգստութիւն հրահրելու հեռանկարով: Նայելով Հէյտարի կոկորդիլոսի անթարթ աչքերուն` հասկնալի է, թէ ՙԿապոյտ Աչքեր՚ անուանումն ուրկէ՞ կու գայ: Եւ ահա’ այստեղ` Մասիս լերան ստուերին տակ, Տէմիրէլն ու Ալիեւը համաթրքական տօնակատարութիւն կազմակերպած էին՚:

Նախիջեւանը Ղարաբաղի եւ Զանգեզուրի հետ 20րդ դարի սկիզբներէն Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան եւ մուսաւաթական Ատրպէյճանի միջեւ վիճելի տարածք նկատուած է: 16 Մարտի 1921ին Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ կնքուած պայմանագիրի երրորդ յօդուածին մէջ կ’ըսուէր. ՙԵրկու պայմանաւորուող կողմերը համամիտ են, որ Նախիջեւանի մարզը … ինքնավար տարածք կազմէ Ատրպէյճանի խնամակալութեան տակ, պայմանով, որ Ատրպէյճանը սոյն խնամակալութիւնը երրորդ պետութեան չզիջի՚:

Նոյն տարուան 13 Հոկտեմբերին կնքուեցաւ Կարսի պայմանագիրը մէկ կողմէ Խորհրդային Հայաստանի, Ատրպէյճանի ու Վրաստանի եւ, միւս կողմէ, Թուրքիոյ միջեւ` Ռուսիոյ մասնակցութեամբ: Հինգերորդ յօդուածին մէջ կ’ըսուէր. ՙԹուրքիոյ կառավարութիւնը եւ Խորհրդային Հայաստանի ու Ատրպէյճանի կառավարութիւնները համաձայն են, որ սոյն պայմանագիրի երրորդ յաւելուածին մէջ նշուած սահմաններուն մէջ Նախիջեւանի մարզը ինքնավար տարածք կազմէ Ատրպէյճանի խնամակալութեան տակ՚:

Նօսրացած հայ բնակչութեամբ Նախիջեւանը 1924ին ինքնավար հանրապետութեան կարգավիճակ ստացաւ Ատրպէյճանի կազմին մէջ: 1988ին Նախիջեւանի հայ բնակչութեան թիւը երկու տոկոսէ պակաս կը կազմէր: Խորհրդային տարիներուն Նախիջեւանով կ’անցնէին Հայաստանի համար կենսական ճամբաները, առաջին կարգին` Երեւան-Պաքու, Երեւան-Կապան, Երեւան-Ճուլֆա-Թաւրիզ երկաթուղիները: Դարերու ընթացքին Հայաստանը տասնեակ հազարաւոր քառակուսի քիլոմեթր տարածքներ կորսնցուցած է, սակայն ամենաանարդարը Նախիջեւանի` հայոց միջնաշխարհի կորուստն էր 20րդ դարի առաջին տասնամեակներուն:

Մուտրոսի զինադադարով` Թուրքիան 30 Հոկտեմբեր 1918ին անձնատուր եղաւ եւ Անգլիոյ ճնշման տակ պարտաւորուեցաւ իր զօրքերը դուրս բերել նաեւ Անդրկովկասէն ու Հայաստանէն: Մինչեւ 1919ի Յունիսը Հայաստանի սահմաններուն մէջ մտան, որոշ պարագաներու` առանց դիմադրութեան, Լոռի-Փամբակը, Ալեքսանդրապոլի գաւառը, Էջմիածնի գաւառին մնացած մասը, Սուրմալուն, Շարուրը, Նախիջեւանը եւ Կարսի նահանգը:

Հայկական ոյժերը 1918ի Դեկտեմբերին Շարուրի մէջ իսլամներու դիմադրութեան հանդիպեցան: Ճաֆար-ղուլի խանը Նախիջեւանի մէջ հռչակած էր այսպէս կոչուած Արաքսի Հանրապետութիւնը: Հայկական զօրքերը կը յաջողին Նախիջեւան քաղաքը վերցնել 1919ի Մայիսին` անգլիական զօրքերուն աջակցութեամբ: Հայաստանի կառավարութիւնը ծրագրեց Շարուր-Նախիջեւանը հանրապետութեան կազմին մէջ մտցնել իբրեւ առանձին նահանգ` ենթաբաժնուած Գողթանի (Օրտուպատ), Նախիջեւանի եւ Շարուրի շրջաններու` Ագուլիս, Նախիջեւան եւ Պաշ-Նորաշէն վարչական կեդրոններով: Գէորգ Վարշամեանը նահանգապետ նշանակուեցաւ: Վարշամեան, վարչապետ Ալեքսանտր Խատիսեան, զօրավար Դրօ եւ զինուորական նախարար Յովհաննէս Հախվերտեան կազմով յատուկ յանձնախումբը աւարտեց միացման մանրամասնութիւնները, թէեւ հոլովոյթին վերաբերեալ կարծիքներու միասնականութիւն չկար, կը գրէ ամերիկահայ պատմաբան Ռիչըրտ Յովհաննիսեանը:

Դրօն կը պնդէր, որ Նախիջեւանի վրայ ամբողջ ճակատով սրբող-մաքրող յարձակումը Երեւանը ապստամբութեան ու անջատման մշտական սպառնալիքէն ազատելու եւ իսլամ բնակչութիւնը կառավարութեան հետ խաղաղութիւն պահպանելուն հակելու միակ միջոցն է: Կառավարութիւնը կ’առարկէր` պաշտպանելով Կարսի նահանգապետ Ստեփան Ղորղանեանի որդեգրած քաղաքականութիւնը` զգուշաւոր, խաղաղասիրական մօտեցում` իսլամներու հնազանդութիւնն ու հաւատարմութիւնն ապահովելու համար:

Հայաստանի իշխանութիւնը Նախիջեւանի վրայ տարածելու համաձայնագիրը հրապարակուեցաւ 3 Մայիս 1919ի հռչակագիրով, զոր ստորագրած էին Դրօն եւ որպէս վկայ` զօրավար Տէյվին: Դաշնակիցներուն եւ հայկական կառավարութեան որոշմամբ, երեւանեան զօրամասին ջոկատները Դրոյի գլխաւորութեամբ պէտք է անցնէին Նախիջեւան` բոլոր բնակիչներուն կեանքի խաղաղ պայմաններ ապահովելու համար: 13 Մայիսին, Խատիսեանը, Տէյվին եւ Վարշամեանը գնացքով շարժեցան դէպի Նախիջեւան, ուրկէ Խատիսեանը եւ Տէյվին գացին հարաւ` մինչեւ Պարսկաստանի սահմանը: Դէպի արտաքին աշխարհ այս կենսական ճամբան վերջապէս կը բացուէր Հայաստանի համար: Ճուլֆայէն Խատիսեանը հեռագիր յղեց Պարսկաստանի վարչապետին: Ի պատասխան` Վոսուղ էդ Տովլէն ողջունեց եւ դրուատեց հայ-պարսկական կապերը: Խատիսեանը 16 Մայիսին վերադարձաւ Երեւան, չորս օր յետոյ հայկական զօրքերուն առաջին վաշտը մտաւ Նախիջեւան:

Սակայն Նախիջեւանն ընդամէնը երկու ամիս, այն ալ ոչ ամբողջովին, մնաց Հայաստանի վերահսկողութեան տակ: ՙ1919ի Յուլիսին հայկական իշխանութիւնը ծանր անյաջողութիւն ունեցած էր Նախիջեւանի մէջ, ուր հայկական նահանգապետութիւն հաստատուած էր, փոքրաթիւ հայ զօրքեր կային, բայց ազգաբնակչութիւնը, որ գրեթէ ամբողջութեամբ կազմուած էր իսլամներէն, կը գտնուէր տաճիկներու եւ ատրպէյճանցիներու ազդեցութեան տակ՚,- կը գրէ Առաջին Հանրապետութեան վերջին վարչապետ Սիմոն Վրացեանը:

Հայաստանի նախարարներէն Արտաշէս Պապալեանը կ’աւելցնէ. ՙ1919ի գարնանը անգլիական զօրքերը գրաւեցին Շարուրն ու Նախիջեւանը եւ այդ երկու գաւառներուն իշխանութիւնն ալ մեզի յանձնեցին: Հազիւ երկու ամիս կրցանք պահել. տեղական թաթար ազգաբնակչութիւնը, ղեկավար ունենալով տաճիկ սպաները, 23 Յուլիսին ապստամբեցաւ մեր իշխանութեան դէմ, եւ մեր զօրքերը ստիպուած եղան մեծ կորուստներ տալով նահանջելու դէպի Երեւան: Ապստամբութեան ժամանակ անգլիական զօրքեր չկային, եւ ատիկա պատճառ եղաւ, որ նախիջեւանցիները գլուխ բարձրացնեն, մեր զօրքերուն վրայ յարձակին ու իշխանութիւնը խլեն մեր ձեռքէն: Զուր էին մեր կառավարութեան դիմումներն ու թախանձագին խնդրանքները որոշ ժամանակով եւս պահելու անգլիական փոքրաթիւ զօրքը Նախիջեւանի մէջ՚:

Հէյտար Ալիեւի վերադարձը

Քաղբիւրոյէն հեռացուելէ եւ քանի մը տարի Մոսկուայի մէջ բնակելէ յետոյ Հէյտար Ալիեւը վերադարձած էր ծննդավայր եւ 1991ի Սեպտեմբերին դարձած ինքնավարութեան խորհրդարանի նախագահը, զոր Նախիջեւանի մէջ բարձրագոյն պաշտօնն է: Ալիեւը Իրանի եւ Թուրքիոյ հետ լաւ յարաբերութիւններ հաստատած էր: Ղարաբաղեան երեքամեայ ռազմական գործողութեանց ընթացքին Նախիջեւանը, բացառութեամբ սահմանային քանի մը ընդհարումներու, չներքաշուեցաւ արիւնալի պատերազմին: Ասոր մէջ քիչ չէր նաեւ Ալիեւի ներդրումը:

Նախքան Ալիեւի` Նախիջեւանի մէջ իշխանութեան գալը, երբ դեռ Խորհրդային Միութիւնը չէր փլուզուած, Հայկական Խ. Ս. Հ.-Նախիջեւան սահմանին վրայ զինուած բախումներ տեղի ունեցած էին: 12-13 Յունուար 1990ին հայկական ոյժերը գրաւած էին վարչականօրէն Նախիջեւանին պատկանող, Արարատի շրջանին մէջ ՙկղզեակ՚ի վերածուած Քիարքի (Տիգրանաշէն) գիւղը: Մօտ մէկ շաբաթ յետոյ հայ-ատրպէյճանական բախումներ տեղի ունեցած էին Երասխ-Սադարակ հատուածին մէջ, փոխհրաձգութեան ընթացքին զոհուած էր Հայաստանի անկախութեան պայքարի նուիրեալներէն Մովսէս Գորգիսեանը:

Հայաստանի առաջին նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Աշոտ Մանուչարեանը 1992-1993ի ընթացքին հեռաձայնային կապ կը պահպանէր Ալիեւի հետ: Ան նկատել կու տայ, որ թէ’ Հայաստանը եւ թէ’ Նախիջեւանը նոր ճակատ չբանալու իրենց շահագրգռութիւններն ունէին:

ՙԱլիեւն այդ տարածքի արքան էր` որոշ իմաստով: Էլչիպէյը շատ պիտի ուզէր զայն հեռացնել, բայց անհնար էր, քանի որ Ալիեւը ժողովուրդին յարգանքը կը վայելէր ու անոր ձեռք տալը դժուար էր: Ալիեւը շահագրգռուած էր, որ Նախիջեւանի մէջ պատերազմ չ’ըլլայ: Մենք զգացինք այդ շահագրգռութիւնը: Բացի այդ, Նախիջեւանը խոցելի էր, պատերազմ սկսելու պարագային ամբողջ շրջանը ռազմադաշտի կը վերածուէր: Մենք ալ պէտք է երկրորդ ճակատ բանալէ զերծ մնայինք: Խոր առճակատման դիմելով Նախիջեւանի մէջ, մեծ վտանգ կը ստեղծուէր Թուրքիոյ հաւանական միջամտութեան իմաստով, մանաւանդ, որ նման միջամտութեան քայլեր Թուրքիան ըրած է: Թուրքիոյ տարբեր կարգի օգնութիւններուն հետ Նախիջեւանը նաեւ ռազմական օգնութիւն կը ստանար. հոն սկսան տեղափոխուիլ Թուրքիոյ պահեստայինները` կամաւորներու տեսքով՚:

Հայաստանի խորհրդարանի փոխնախագահ Արա Սահակեանը 1992ի ընթացքին մասնակցած է հայ-նախիջեւանեան հանդիպումներուն: Ան կ’ըսէ, որ սահմանի այդ հատուածին մէջ խաղաղութիւնը ձեռնտու էր Հայաստանին, եւ հնարաւոր եղաւ երկրորդ ճակատէն խուսափիլ:

ՙԱյս հանդիպումներուն նախաձեռնութիւնը Տէր Պետրոսեանինն էր, իսկ մանրամասնումը եւ մշակումը Մանուչարեանը կը կատարէր: Հայաստանի իշխանութիւնները նախիջեւանեան ուղղութիւնը չէին անտեսեր: Հանգամանքներու բերումով` այդ ճակատին վրայ պատերազմի պարտադրումը կ’ենթադրուէր: Այս հարցին մէջ խանգարող խութեր կային` Թուրքիան ու Նախիջեւանի իրաւական կարգավիճակը: Մենք կ’ընբռնէինք, որ ռազմական գործողութիւնները Նախիջեւանի տարածք փոխադրելով` Թուրքիան հակամարտութեան կը ներքաշէինք: Մեր հիմնական քաղաքական ուղղութիւնը Թուրքիան չէզոքացնելն ու հակամարտութեան անոր ներքաշումը թոյլ չտալն էր՚:

1992ին, Թուրքիոյ նախկին վարչապետ Պիւլէնթ Էճեւիտը, կառավարութեանը նախազգուշացնելով Խոճալուէն յետոյ Նախիջւանի վրայ հայոց հաւանական յարձակումէն, պահանջեց պաշտօնապէս յայտարարել, թէ Նախիջեւանի վրայ որեւէ յարձակում կը դիտուի յարձակում Թուրքիոյ վրայ: Լաչինի գրաւման առիթով` 18 Մայիսին խորհրդակցութիւն հրաւիրուեցաւ թրքական բանակի գլխաւոր սպայակոյտին, ապա` կառավարութեան մէջ: Ա. Մ. Ն.ի մէջ ապաքինուող նախագահ Թիւրկիւթ Էօզալը յայտարարեց, որ Թուրքիոյ համբերութիւնն ալ սահման ունի: Հետեւեցաւ Ա. Պ. Հ.ի զինուած ոյժերու գլխաւոր հրամանատար, մարաջախտ Եւկէնի Շափոշնիքովի նախազգուշացումը` եթէ մէկ պետութիւն ալ ղարաբաղեան հակամարտութեան միանայ, ապա ՙմենք կրնանք երրորդ համաշխարհային պատերազմի շեմին յայտնուիլ՚:

20 Մայիս 1992ին յատուկ յայտարարութիւն կ’ընէ նաեւ Հայաստանի նախագահը. ՙՎերջին շրջանին Նախիջեւանի տարածքէն անընդհատ փորձեր կ’ըլլան ապակայունացնելու իրադրութիւնը սահմանին վրայ, եւ յառաջ կը քաշուի այն մտացածին վարկածը, թէ Հայաստանը ռազմական գործողութիւններ սկսած է Նախիջեւանի դէմ: Ակնյայտ է, որ ասիկա տեղի կ’ունենայ երրորդ ոյժերու դրդմամբ եւ ուղղակի միջամտութեան համար քաղաքական պատրուակ ստեղծելու նպատակ կը հետապնդէ: Հայաստանը կը յայտարարէ, որ այսօր իսկ պատրաստ է Նախիջեւանի հետ կնքելու համակողմանի համագործակցութեան պայմանագիր` Հայաստանի եւ Նախիջեւանի սահմանը լիակատար անվտանգութեան ու կայունութեան գօտիի վերածելու նպատակով՚:

Շուշիի եւ Լաչինի մարտերուն ընթացքին Անգարայի ուշադրութեան կեդրոնը Նախիջեւանն էր: 1992ի Մայիսի կէսերուն Հէյտար Ալիեւն օգնութեան խնդրանքով Թուրքիային դիմած էր: Տէմիրէլը 25 Մայիսին պաշտօնական այցով Մոսկուա գացած էր, եւ ռուս-թրքական բարձր մակարդակով բանակցութեանց առանցքային նիւթերէն էր Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած վիճակը: Մայիսի վերջերուն կ’ուժեղանային փոխհրաձգութիւնները սահմանի Երասխ-Սադարակ հատուածին մէջ: Նախիջեւանի նկատմամբ Հայաստանի իբրեւ թէ ունեցած յարձակողական մտադրութեանց վերաբերեալ Ալիեւի պնդումներուն Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը պատասխանեց. ՙԱտրպէյճանական կողմը սահմանի այդ հատուածին մէջ ռազմական գործողութիւններ կը հրահրէ` երրորդ պետութեան հաւանական միջամտութիւնը արդարացնելու նպատակով՚:

Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական շրջանակներուն ներկայացուցիչները 19 Յունիս 1992ին հրաւիրուեցան արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր անոնք տեղեակ պահուեցան Զանկելանէն եւ Օրտուպատէն սպառնացող հաւանական զինուած յարձակման մասին:

Նոյն օրը երեկոյեան Տէր Պետրոսեանը հեռատեսիլէն յայտարարեց. ՙԱտրպէյճանի առաւել արմատական քաղաքական շրջանակներն սկսած են իրականացնել Հայաստանի հարաւային սահմաններու գրաւման եւ Հայաստանի ու Իրանի միջեւ ընդհանուր սահմանի վերացման վաղօրօք մշակուած ծրագիրները: Ատրպէյճանի աննախադէպ ռազմական աշխուժութիւնը, Լ. Ղ.ի եւ Մեղրիի սահմաններուն վրայ կեդրոնացած ոյժերն ու ռազմական միջոցները կը վկայեն, որ նման ծրագիրները պետական քաղաքականութեան աստիճանի կը բարձրացուին: Օրտուպատի եւ Զանկելանի շրջաններուն մէջ կեդրոնացուած է Ատրպէյճանի ռազմական ոյժերու առնուազն տասը մեքենայացուած հրաձգային վաշտ` համալրուած մեծ քանակութեամբ հրանօթներով եւ զրահապատ ռազմական միջոցներով ու պատրաստ է յարձակում սկսելու Հայաստանի վրայ՚:

Տէր Պետրոսեանի հրամանագիրով` արտակարգ դրութիւն կը հաստատուի Մեղրիի եւ Կապանի շրջաններուն մէջ: Քանի մը ամիս յետոյ լարուածութիւնը կը մեղմուի, Օգոստոսէն կը սկսին եւ աւելի քան կէս տարի կը շարունակուին հայ-նախիջեւանեան շփումները սահմանի մէյ մը հայկական, մէյ մըն ալ նախիջեւանեան հատուածին մէջ: Մանուչարեանը կը յիշէ. ՙՄենք յատուկ յարաբերութիւններ հաստատած էինք Նախիջեւանի հետ: Ես չեմ ուզեր անտեսել հիմնախնդիրը` Ալիեւը հակառակորդ կողմը կը ներկայացնէր, եւ ատիկա իր հետ բարդութիւններու ողջ փունջը կը բերէր: Իմ եւ Ալիեւի երկամեայ յարաբերութեանց ընթացքին մեզմէ որեւէ մէկը դիմացինը ո’չ խաբած, ո’չ ալ հարուածի տակ դրած է: Իմ եւ Ալիեւի միջեւ հեռաձայնային ամենօրեայ կապ կար, կային նաեւ անձնական հանդիպումներ, որոնց մեծ մասը մամուլին համար փակ էր՚:

1992ին, ի պատասխան Հայաստանի եւ Ղարաբաղի շրջափակման, Երեւանը կը շրջափակէ Նախիջեւանը` փակելով Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ բեռնափոխադրումն իրականացնող Մեղրիի երկաթուղին, կը յիշէ Սահակեանը: ՙՀակասութիւններ յառաջացան Իրանի հետ, որովհետեւ մօտ 3000 վակոն բեռ կուտակուած էր Ատրպէյճանի տարածքին, ու ասիկա երկաթուղին բանալու իբրեւ պատրուակ կը գործածուէր: Մեղրին պաշտպանելու ամենապարզունակ ձեւը երկաթուղիի անգործութիւնն էր: Եթէ երկաթուղին վերաբացուէր` կրնար ռազմական նպատակներով գործածուիլ: Իրանցիները երկաթուղիի բացման խնդիրը կոշտ կերպով կը դնէին: Մենք կրցանք դիմադրել, մինչեւ որ ականապատուեցան համապատասխան վայրերը, մասնաւորապէս Օրտուպատի շրջանին մէջ, եւ ատրպէյճանցիները հասկցան, որ այս ճամբան փակ է, իսկ իրանցիները ձեռնամուխ եղան Արաքսի աջ ափով զուգահեռ ճամբայ կառուցելու` Նախիջեւանի հետ շփուելու համար՚:

Միւս կողմէ, Երեւանը բոլոր տեսակի շրջափակումները վերացնելու նախաձեռնութիւններով կը դիմէ Պաքուին եւ Նախիջեւանին, քանի որ շրջափակումներէն ամենամեծ տուժողը նոյնինքն Հայաստանն էր: 1992ի ամրանը եւ աշնանը, ղարաբաղեան պատերազմի ամենաթեժ շրջանին նոյնիսկ, քննարկուած է երկաթուղիներու ապաշրջափակման խնդիրը:

ՙՄենք յայտարարեցինք, որ պատրաստ ենք մեր երկաթուղիներու հատուածները` Իջեւան-Ղազախ, Այրում-Կիւմրի, Մեղրի-Նիւվատի (Նռնաձոր), բանալ ատրպէյճանական եւ ամէն տարանցիկ բեռներու համար, փոխարէնը` նոյնը պահանջելով ատրպէյճանցիներէն, այսինքն` անոնց երկաթուղիները բացուին մեզի համար: Նախիջեւանը ոյժանիւթի ճգնաժամին հետեւանքները նոր սկսած էր զգալ: Անոնք ատոր պատրաստ չէին եւ շատ զիջող էին կազամատակարարման հարցին մէջ: Ժամանակ առ ժամանակ կազ կը տրամադրուէր: Նախիջեւանը կ’երաշխաւորէր, որ օրական գոնէ 5 միլիոն խորանարդ մեթր կազ տրուէր Հայաստանին, որուն մէկ մասը Նախիջեւանին կը ձգէինք՚,- կը յիշէ Սահակեանը:

Եղա՞ծ է պահ մը, երբ պաշտօնական Երեւանի կամ հայկական քաղաքական շրջանակներու մօտ Նախիջեւանի մէջ նոր ճակատ բանալու գայթակղութիւն յառաջանար` գտնելով, որ ան ալ բնիկ հայկական տարածք է եւ Ղարաբաղի հետ այդ հարցն ալ լուծելու ժամանակն է:

Արա Սահակեանը կ’ըսէ, որ 1990ական թուականներուն սկզբին յստակօրէն ձեւակերպուած քաղաքական նման պահանջ չկար, բայց մասնաւոր, անձնական զրոյցներու մէջ տրտունջներ կային. ՙՄիայն այսօր քաղաքական մեծ վրիպում կը ներկայացուի այն հարցը, թէ Տէր Պետրոսեանը Նախիջեւանը չգրաւեց, երբ յարմար պահը կար: Զիս կ’ուրախացնէ նման քննադատութիւնը, որովհետեւ անկէ կարելի է գոնէ եզրակացնել, որ Ատրպէյճանի դէմ ռազմական գործողութիւններուն ուղղութիւնն ու կշռոյթը Տէր Պետրոսեանը կ’որոշէր՚:

Աշոտ Մանուչարեանը կը նշէ, որ Նախիջեւանէն խորհրդային բանակն ու սահմանապահները դուրս գալէն ետք եթէ որեւէ մէկուն միտքով նման բան անցած է` ապա ատիկա արկածախնդրութիւն է. ՙԹուրքիան, յենելով գոյութիւն ունեցող պայմանագիրներու եւ իր չհրապարակուած մտադրութեանց վրայ, կրնար լուրջ վտանգ ներկայացնել Հայաստանին` իր կործանարար հետեւանքներով: Պատմական ամէն մէկ պտոյտ առանձին խնդիրներ լուծելու կամ չլուծելու հնարաւորութիւն կ’ընձեռէ կամ չ’ընձեռէր: Մեր պատմական տարածքներուն մասին որեւէ կասկած չկայ, բայց ամէն հարց իր պահը, ժամն ու ձեւը ունի՚:

Իւրաքանչիւր պատերազմ ողբերգութիւն է, բայց ունի նաեւ լուսաւոր երես` զաւեշտալի դէպքերով, մարդկային պատմութիւններով, հակասութիւններով ու երգիծանքով:

Աշոտ Մանուչարեանը անոնցմէ մէկը կը յիշէ. ՙԿրնար ուշ գիշերային ժամին փոխհրաձգութիւն սկսիլ, եւ Ալիեւը զիս փնտռէր, սակայն չգտնէր: Այդ պարագային` մեր տան հեռաձայնը կը հնչէր: Անգամ մը մայրս կը վերցնէ ընկալուչը: Հեռաւոր ձայն մը կը լսուի:

– Աշոտին կարելի՞ է,- կը հարցնեն ռուսերէն:

– Աշոտը տունը չէ:

– Իսկ ո՞վ կը խօսի:

Մայրս կը մտածէ, որ ընկերներէս մէկը կը հեռաձայնէ Ռուսիայէն.

– Լենան է:

– Բարե’ւ Ձեզ, մօրաքոյր Լենա’, Ալիեւը կը խօսի: Հոս, սահմանին վրայ, փոխհրաձգութիւն սկսած է, անհրաժեշտ է կրակն անյապաղ դադրեցնել: Աշոտին ըսէ’ք, որ հայկական կողմէ դադրեցնեն:

– Տուն գալուն պէս` կ’ըսեմ,- կը պատասխանէ մայրս:

– Ուրեմն, ես հրաման կու տամ, որ մեր կողմէ դադրեցնեն հրաձգութիւնը,- կ’ըսէ Նախիջեւանի առաջնորդը:

Չնայած ուշ ժամին, Ալիեւը կը հեռաձայնէ Տէր Պետրոսեանին, կ’ըսէ, որ Մանուչարեանը չէ գտած եւ մօրաքոյր Լենայի հետ պայմանաւորուած է, կրակը կը դադրեցնեն: Տէր Պետրոսեանը կը պատասխանէ` եթէ մօրաքոյր Լենայի հետ պայմանաւորուած էք` ալ ի՞նչ խնդիր, ես կրակը դադրեցնելու հրաման կու տամ հիմա: Յաջորդ օրը նախագահի վարչանին կը հռհռար՚:

Յ. Գ.

Այս գիրքը կը վաճառուի Երեւանի (Նոյյան Տապան, Բիւրոկրատ, Հայ գիրք, Մայր Աթոռի գրատուն, Արթբրիջ), Կիւմրիի, Ստեփանակերտի, Պէյրութի (Անթիլիաս, Համազգային, Շիրակ) գրախանութներին մէջ

Արևմտահայերեն-Արցախեան-օրագիր

Փափուկ կազմ, 555 էջ,
լեզուն՝ արեւմտահայերէն,
2010, Անթիլիաս,
ISBN 978-995301815-7:
Գինը՝ 7.000 դրամ ($14.00):