Հատրութ. «Պայթիւն» Լեռնային Ղարաբաղի մէջ

2541

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ԿԱՆԱՉ ու ՍԵՒ. ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՕՐԱԳԻՐ գիրքէն

Երրորդ գլուխ

Կորպաչովեան ՙՓերեսթրոյքա՚ի ու ՙԿլասնոսթ՚ի շունչը գաւառական Հատրութ աւանին մէջ փչեց 1985ի վերջերը եւ 1986ին: Այդ տարի Երեւանէն վերադարձաւ եւ Հատրութի երկրագիտական թանգարանի տնօրէն նշանակուեցաւ Արթուր Մկրտչեանը, որ Լեռնային Ղարաբաղի առաջին ընտրուած ղեկավարը պիտի դառնար, սակայն երեք ամիս յետոյ` անարդարացիօրէն պիտի սպաննուէր:

Նելլի Գասպարովան այնպէս կը խօսի անարդարութիւններէն, կարծես ամբողջ աշխարհի անարդարութեանց դէմ պայքարի հոգը իր փխրուն ուսերուն դրուած է: Խորհրդային Միութեան հերոս, օդաչու Աշոտ Գասպարովի դուստրն իր կեանքին աւելի քան երեսուն տարիները երախաներու կրթութեան տուած է: Ան Հատրութի դպրոցի ռուսաց լեզուի ուսուցչուհին է եւ շուրջ երկու տասնամեակ առաջ եղած է շրջանի երիտասարդ մտաւորականներու այն խումբին մէջ, որոնք ազգային հարցերով նամակներ կը գրէին Քրեմլին` Կորպաչովին:

Տիկին Նելլիի հմայիչ ու նոյնքան յուսահատ ժպիտն աւելի կ’ընդգծէր անարդարութեանց դէմ պայքարին մէջ անոր անզօրութիւնը: Հատրութի մէջ 2008ի փետրուարեան ցուրտ իրիկուն մը ան եւ Գագիկ Աւանեսեանը սեղանի շուրջ կարգով կը վերյիշէին այն օրերը, երբ շրջանն ու մարզը ստորագրահաւաքով կը պայքարէին Ղարաբաղը Հայաստանի հետ վերամիաւորելու համար: Երբ խօսք բացուեցաւ Արթուր Մկրտչեանի մասին, Գագիկի դէմքին ափսոսանք գրուեցաւ, իսկ տիկին Նելլին անմիջապէս վերջ տուաւ պայծառ ժպիտին, գլուխը պահեց նուրբ ձեռքերուն մէջ եւ սկսաւ հեկեկալ:

Ստորագրահաւաքն առաջին անգամ սկսաւ Հատրութի մէջ, հաւանաբար որովհետեւ Շարժման առաջին դէմքերն արմատներով կամ ծնունդով այդ շրջանէն էին` տնտեսագէտ Իկոր Մուրատեան, պատմաբան Արթուր Մկրտչեան, ճարտարապետ Մանուէլ Սարգսեան, նկարիչ Էմիլ Աբրահամեան: Կարճ ժամանակ յետոյ միացան Գրիշա Հայրապետեանը, Գագիկ Աւանեսեանը, Նելլի Գասպարովան, միւսները: Տեղի համայնավար ղեկավարները մտահոգուած էին, որ Պաքուի իրենց վերադասը կ’իմանայ ու զիրենք ազատ կ’արձակէ աշխատանքէն: Այդ պատճառով, անոնք Շարժման եռանդուն գործիչները կը ճնշէին, երբեմն` պարզապէս աչք կը փակէին, թէ տեղեակ չեն կատարուողին:

1985ի Նոյեմբերին Էմիլ Աբրահամեանը 23ամեայ Գագիկ Աւանեսեանին կ’առաջարկէ օգնել ստորագրահաւաքի գործին: Ցանկութիւն կար Հատրութի մէջ տեղադրելու ալեհաւաք, ինչի շնորհիւ հնարաւոր պիտի ըլլար Հայաստանի հեռատեսիլը որսալ: Ալեհաւաքն այդպէս ալ չտեղադրուեցաւ, փոխարէնը` Հատրութի մէջ նուիրեալներու խումբն արդէն որսացել էր ՙՓերեսթրոյքա՚ի շունչը:

Աւանեսեանը կը պատմէ. ՙԱլեհաւաքի տեղադրման ստորագրահաւաքը շատ դժուար էր: Քանի մը ամսուան ընթացքին միայն 250 ստորագրութիւն հաւաքուեցաւ, մարդիկը օրերով կը համոզէինք, որ հակախորհրդային կամ ազգայնական բան չկայ: Մէկուկէս տարի յետոյ Հատրութ եկաւ Իկոր Մուրատեանը: Զայն մեզի ծանօթացուց Մանուէլ Սարգսեանը: Իկորի մասին լսած էինք, գիտէինք, որ ան Հէյտար Ալիեւը դատի տուած է հակահայկական քաղաքականութիւն վարելու մեղադրանքով: Այսպէս սկսանք մէկ ուրիշ` Ղարաբաղը Հայաստանին միացնելու ստորագրահաւաքը: Այնքան ալ դժուար չէր արդէն, մարդիկ աւելի շուտ կը համոզուէին, քանի որ նախորդ ստորագրահաւաքի ժամանակ որեւէ մէկը չէր պատժուած՚:

Երեք-չորս ժամուայ զրոյցի ընթացքին տիկին Նելլին այդ երանելի օրերէն բան մը չըսաւ, բայց բարեհամբոյր տիկնոջ ներկայութիւնը եւ Գագիկի ոգեւորութիւնը մարդս մտովի կը տեղափոխէին անցեալ, երբ հատրութցի երիտասարդներու հոգիներուն մէջ կը բոցկլտար հայրենասիրութիւնը, ուղեղներուն մէջ` Ղարաբաղը Հայաստանի կազմին մէջ տեսնելու անուղղելի գաղափարը:

Մարզային ՙՍովետական Ղարաբաղ՚ թերթն արցախեան իրադարձութեաց կ’անդրադառնայ միայն 21 Փետրուար 1988ին` առաջին էջին մէջ տպագրելով ժողովրդական պատգամաւորներու Լ. Ղ. Ի. Մ.ի Մարզային Խորհուրդի նախորդ օրուայ արտահերթ նստաշրջանին որոշումը: Մարզի 110 հայ պատգամաւորները ՙկողմ՚ կը քուէարկեն, մինչդեռ 30 ատրպէյճանցիները չեն մասնակցիր: Հայ պատգամաւորները կ’առաջարկէին Լ. Ղ. Ի. Մ.ը դուրս բերել Ատրպէյճանի կազմէն եւ փոխանցել Հայաստանին:

Պաքուն կը փորձէ Ղարաբաղեան Շարժման ծաւալումը կանխել: Ատրպէյճանի Կոմկուսի Կենտկոմի երկրորդ քարտուղար Վասիլի Քոնովալովը եւ ուրիշ պաշտօնեաներ Ստեփանակերտ կու գան: Դեռ 11 Փետրուարի երեկոյեան Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած էր Մարզային Կոմիտէի Բիւրոյի նիստը, ուր որոշուած էր մարզի կեդրոնին եւ շրջաններուն մէջ կուսակցական, տնտեսական հիմնակորիզի հանդիպումներ գումարել եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները` ստորագրահաւաքը, ղարաբաղեան պատուիրակութիւններու այցերը Մոսկուա, Լ. Ղ. Ի. Մ.ը Հայաստանին միաւորելու մտադրութիւնները դատապարտել:

Վասիլի Քոնովալովը, Մարզկոմի առաջին քարտուղար Պորիս Գէորգովը, Ստեփանակերտի Քաղկոմի առաջին քարտուղար Զաւէն Մովսիսեանը 12 Փետրուարին Ստեփանակերտի կուսակցական եւ տնտեսական հիմնակորիզի ժողովին մէջ կը դատապարտեն Ղարաբաղեան Շարժումն ու անոր ետեւը կանգնած ՙծայրայեղական անջատականները՚: Մովսիսեանը մարզին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները ծայրայեղականներուն ձեռքի գործը կը նկատէ: Գէորգովը կը սպառնայ, թէ անջատականները տեղ չունին Ղարաբաղի մէջ, մարզը եղած է եւ մնալու է Ատրպէյճանի անքակտելի մասը: Քոնովալովը կը յայտարարէ, որ անուն առ անուն գիտէ ծայրայեղականներն ու անջատականները, զորս պէտք է մեկուսացուին հասարակութենէն:

Սակայն հիմնակորիզի նիստը Պաքուի մէջ պատկերացուած բեմագրութեամբ չ’ընթանար: Ելոյթներ կ’ունենան Ստեփանակերտի ձեռնարկութեանց ղեկավարները եւ կը դատապարտեն Պաքուի` Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ տասնամեակներէ ի վեր շարունակուող խտրական քաղաքականութիւնը: Ստեփանակերտի ինքնաշարժներու հաւաքակայանի պետ Մաքսիմ Միրզոյեանն իր ելոյթին մէջ կը մեղադրէ Գէորգովը եւ Պաքուի` մարզի հայաթափումը նպատակադրած քաղաքականութիւնը: Մասնագիտական արհեստագիտական ուսումնարանի տնօրէն Վլատիմիր Սարգսեանը կը պաշտպանէ Միրզոյեանը եւ իր կարգին կը քննադատէ Մարզկոմին ու Քաղկոմին ընկերային-տնտեսական քայլերը: Մետաքսի գործարանային համալիրի տնօրէն Ռատիկ Աթայեանը, Միրզոյեանի նման, կ’առաջարկէ Լ. Ղ. Ի. Մ.ի կարգավիճակի հարցը հանրաքուէով որոշել:

Նկարիչ Էմիլ Աբրահամեանը եւ անոր ընկերները 12 Փետրուարին իրենց թիկունքին ժողովուրդին շունչը կը զգային այլեւս: Մարզի տարբեր պաշտօնեաներ Լեռնային Ղարաբաղի շրջաններ գացած էին` փորձելով ժողովրդային ընդվզումը տեղւոյն վրայ ՙմարել՚:

ՙՄարզխորհուրդի Գործկոմի նախագահ Վլատիմիր Օսիփովը Հատրութ եկաւ: Հիմնակորիզի ժողովը Շարժումը կանգնեցնելու, անթոյլատրելի գործողութիւններ տեղի ունենալու վերաբերեալ արձանագրութիւն կազմելու նպատակ ունէր: Որոշեցինք թոյլ չտալ, որովհետեւ ժողովուրդին մէջ կրնար անվստահութիւն յառաջ գալ, հոլովոյթները կրնային ուրիշ ընթացք ստանալ: Այդ օրը մօտ հազար հոգի հաւաքուեցաւ: Ատիկա Հատրութի համար չլսուած բան էր՚,- կը յիշէ Աբրահամեանը:

1987ին, մինչեւ պատուիրակութեանց Մոսկուա երթալը, բարձրագոյն կրթութեամբ երիտասարդ մտաւորականներու Հատրութի խումբը նամակ գրած էր Կորպաչովին, շարադրելով, որ արցախահայութեան ազգային հարցերուն կրնայ լուծում տրուիլ Հայաստանի հետ վերամիաւորումով միայն: Այս նամակէն յետոյ` մարզային իշխանութիւնները կը սկսին ճնշումները: Հատրութի Շրջկոմի քարտուղարը իր մօտ կը հրաւիրէ Արթուր Մկրտչեանը եւ կը սպառնայ աշխատանքէն հեռացնել:

ՙՄարզի պաշտօնադասին (նոմենքլաթուրա) երիտասարդ հատուածը շուտ կը կողմնորոշուէր: Կուսակցական տարեց պաշտօնեաներն Ատրպէյճանի իշխանութեանց հետ ամուր կերպով կապուած էին: Անոնց համար` Պաքուն հարազատ քաղաք էր, անոնց համար` ազգային հարցերուն մէջ կողմնորոշուիլը շատ բարդ էր եւ նոյնիսկ չէին պատկերացներ, թէ խօսքը ինչի՞ մասին է: Օրինակ, 12 Փետրուարին, երբ Հատրութն ըմբոստացաւ, Արմէն Իսակուլովը վախցնելու եկած էր: Յաջորդ օրը մեզ կանչեց` մեր ուզածը հասկնալու համար: Ըսի, թէ ինչ է մեր ուզածը: Ըսաւ, թէ մենք խենթ ենք, նման բաներ իրագործել հնարաւոր չէ: Ան մեզ չէր կրնար հասկնալ: Այսօր Ղարաբաղի մէջ իշխանութեան մէջ գտնուողներուն մէկ մասը այդ ժամանակ մեզի հետ չէր: Ես չեմ ըսեր, թէ անոնք հոգեպէս դէմ էին, բայց քաղաքական առումով անոնք չէին կրնար մեր կողքին ըլլալ՚,- կը պատմէ Աբրահամեանը:

Կուսակցական հիմնակորիզի 12 Փետրուարի ժողովները Ստեփանակերտի, Հատրութի եւ միւս շրջաններուն մէջ կը տապալին: Հատրութի մէջ սկսած հանրահաւաքը յաջորդ օրը Ստեփանակերտ կը տեղափոխուի, շարժումը անշրջելի կը դառնայ:

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ սկսած իրադարձութիւններէն անշուշտ տեղեակ էին Պաքուի մէջ: Վալերի Աթաճանեանը Ատրպէյճանի Կոմկուսի Կենտկոմին մէջ աշխատող ղարաբաղցի պաշտօնատարներէն էր: Յունուարին ան հայրական տուն վերադարձեր էր քանի մը օրով. ՙԿապ կը պահէի եղբօրս, Մաքսիմ Միրզոյեանի հետ: Երբ տեղեկացայ, որ գործողութիւններն ընդյատակեայ կ’ըլլան, առաջարկեցի անոնց պաշտօնական բնոյթ տալ: Բայց կողմ չէի, որ այդ գործողութիւններուն ներքաշուի Հայաստանը, քանի որ ատիկա արդէն ուրիշ հարթութիւն էր, հարցը երկու հանրապետութեանց միջեւ վէճի պիտի վերածուէր: Կ’առաջարկէի նախ լուծել Ատրպէյճանի կազմէն Լ. Ղ. Ի. Մ.ի դուրս գալու խնդիրը՚:

Վալերիի եղբայրը` Ստեփանակերտի կօշիկի գործարանը ղեկավարող Վասիլին կը յիշէ. ՙԵրբ Աբէլ Աղանպէկեանը Փարիզի մէջ խօսեցաւ Ղարաբաղի մասին, իսկ Կորպաչովը Եուկոսլաւիոյ մէջ ընդունեց, որ խորհրդային պատմութեան մէջ ուղղուելու անհրաժեշտութիւն ունեցող սպիտակ բիծեր կան, սա ծարաւ հողի վրայ կաթիլ մը ջուր էր: Երբ եղբայրս եկաւ` Մաքսիմ Միրզոյեանի բնակարանը հաւաքուեցանք, զրուցելով եզրակացուցինք, որ ստորագրահաւաքն այդքան ալ մեծ արժէք չունի, պէտք է նստաշրջան հրաւիրել, որովհետեւ ատիկա կը տեղաւորուէր խորհրդային սահմանադրութեան մէջ՚:

Յունուարի վերջերը Վալերի Աթաճանեանը նստաշրջան գումարելու գաղափարը կ’առաջարկէ Ղարաբաղեան Շարժման եռանդուն գործիչներուն: ՙՏղաները կը պատմէին, որ ստորագրութիւններ կը հաւաքուին քաղաքին մէջ, Մոսկուա պատուիրակութիւններ կը ղրկուին: Ըսի, որ այդ ամէնը լաւ է, բայց որպէսզի այդ ջանքերուն իրաւական ուղղուածութիւն տրուի, նստաշրջանին որոշումը կրնայ միակ եւ գլխաւոր փաստաթուղթը դառնալ: Կորպաչովի նախաձեռնած Վերակառուցումն ու Հրապարակայնութիւնը իրենց իրաւունքներուն մէջ էին, այդ անուան տակ կարելի էր շատ դիւրութեամբ նստաշրջան հրաւիրել ու որոշում կայացնել՚,- կ’ըսէ ան: Քանի մը օր Ստեփանակերտի մէջ անցընելէ ետք, Աթաճանեանը կը մեկնի Հիւսիսային Կովկաս` հանգստանալու, ապա կը վերադառնայ Պաքու:

Արցախցի գրող Վարդան Յակոբեանը կը պատմէ, որ նստաշրջան գումարելու առաջարկներ ըրած են Մարզխորհուրդի պատգամաւոր Վիգէն Հայրապետեանն ու Մոսկուայի Պետական Համալսարանի դասախօս Հրանդ Եպիսկոպոսեանը, երբ արցախցի մտաւորականներուն պատուիրակութիւնը Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին միացնելու խնդրագիրով Փետրուարի սկիզբը Մոսկուա գացած էր:

ՙՄոսկուայէն եկանք եւ ի՞նչ տեսանք. Արցախը ոտքի ելած էր, հրապարակը կ’եռար: Մոսկուայէն հրապարակ հասած մեր իւրաքանչիւր լուրը ժողովուրդին մէջ նոր ալիք կը բարձրացնէր, զայն աւելի հաստատակամ կը դարձնէր իր վճռին մէջ: Արցախի մէջ Շարժման գլուխն անցած էր Արքատի Մանուչարովը, որու ղեկավարութեամբ ալ նստաշրջանի գումարման նախաձեռնող խումբ ստեղծուեցաւ՚:

Գէորգովը տեղեակ էր իրադարձութիւններէն, Շարժման ղեկավարութիւնն անոր մինչեւ իսկ առաջարկած էր միանալ համաժողովրդային պայքարին: Փետրուարի կէսերուն, հանդիպումներէն մէկուն ժամանակ Գէորգովը կը յորդորէ վերջ տալ հանրահաւաքներուն եւ մարդիկը տուն ղրկել: Կարճ ժամանակի մէջ, մարզային եւ հանրապետական իշխանութիւնները իրավիճակին վերահսկողութիւնը կը կորսնցնեն: Մարզկոմի Բիւրոյի նիստին Ատրպէյճանի Կենտկոմի աշխատակից Ասատովը կը զգուշացնէ, որ հարիւր հազար ատրպէյճանցիներ Ղարաբաղ ներխուժելու եւ հոն ջարդ կազմակերպելու պատրաստ են:

Ղարաբաղեան Շարժման դէմն առնելու եւ Մարզային Խորհուրդի նստաշրջանին գումարումը խոչընդոտելու նպատակով 20 Փետրուարին Ստեփանակերտ կու գայ Ատրպէյճանի Կոմկուսի Կենտկոմի առաջին քարտուղար Քեամրան Պաղիրովը: Մինչ Պաղիրովըն ու անոր աջակցող հայ պաշտօնեաները մարզի պատգամաւորները կը համոզէին ետ կանգնիլ նստաշրջան գումարելու քայլէն, հրապարակը հաւաքուած ժողովուրդն անընդհատ կը պոռար` ՙսե’ս-սիա’, սե’ս-սիա’՚ (ռուսերէն` նստաշրջան): Ատրպէյճանի ղեկավարը, յուսահատած, կը լքէ դահլիճը:

Վարդան Յակոբեանը կը շարունակէ. ՙԱյնուհետեւ մէջտեղ եկաւ որոշումն օրինականօրէն ձեւակերպելու խնդիրը, զոր առանց Մարզգործկոմի նախագահի տեղակալ Շմաւոն Պետրոսեանի վճռորոշ դերի ու մասնակցութեան` հնարաւոր չէր ըլլար կազմակերպել, մանաւանդ, որ Մարզգործկոմի նախագահ Օսիփովը կնիքն իրեն հետ փախցուցեր էր: Կ’ուզէինք ամէն ինչ պատշաճ մակարդակով ընել: Իւրաքանչիւր հարց իրաւաբանօրէն ճիշդ մեկնութիւն կը ստանար Երեւանէն եկած յայտնի իրաւաբան Վլատիմիր Նազարեանի խորհուրդներով՚:

ՙ20 Փետրուարին տեղի ունեցաւ նստաշրջանը, երկու օր յետոյ` Կենտկոմի տեսուչները` հիմնականին մէջ հայ եւ ռուս, Տեմիչեւի եւ Քոնովալովի հետ նոյն ուղղաթիռով գործուղեցին Ստեփանակերտ, որպէսզի Մարզկոմի նիստ գումարենք եւ Գէորգովը հեռացնենք: Ուղղաթիռէն կը տեսնէինք, որ Ասկերանի մօտակայքը ժողովուրդ հաւաքուած է, այրող ինքնաշարժներ կ’երեւէին գարեջուրի գործարանին մօտ: Այդ օրէն այլեւս Պաքու չվերադարձայ՚,- ժպտալով կը պատմէ Վալերի Աթաճանեանը:

Բախում Ասկերանի մէջ

Վիթալի Բալասանեանի համար 22 Փետրուար 1988ի առտուն սովորական օր էր: Քիչ յետոյ, սակայն, կը տեղեկանայ, որ Շրջկոմի բակին մէջ իրարանցում է, ժողովուրդ կը հաւաքուի:

ՙՄենք ալ քանի մը հոգիով միացանք: Կէսօրին մօտ շէնքէն դուրս եկաւ կին մը եւ ըսաւ, որ ատրպէյճանցիք Աղտամի կողմէ յարձակած են Ասկերանի ուղղութեամբ: Քիչ յետոյ տեսանք, որ Ասկերանէն 4-5 քմ. հեռաւորութեան վրայ տարբեր տեղերէ ծուխ կը բարձրանայ: Մեզի մօտեցաւ համայնական տնտեսութեան (քոլխոզ) գիւղատնտեսը եւ ըսաւ, որ ատրպէյճանցիք քանի մը հարիւրներու հասնող խումբերով կը շարժին դէպի Ասկերան` ճանապարհին ամէն ինչ վառելով՚,- կը յիշէ Արցախի հերոս Բալասանեանը:

Թէ ի՞նչն էր աղտամցիները դէպի Ասկերան շարժելուն դրդապատճառը` կը շարունակէ վիճելի մնալ: Տարբեր վարկածներ կան, բայց հիմնականը մէկն է` ատրպէյճանցիք կը փորձէին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ սկսած հանրահաւաքներուն եւ Հայաստանին միանալու կոչերուն ի պատասխան հայերը վախցնել:

ՙՉորս հոգի էինք` ես, եղբայրս, Եուրի Իվանովը եւ Սեմեոն Պետրոսեանը: Եուրիին հետ պայմանաւորուեցանք շուտ մտնել տուն, վերցնել հրացանները եւ հանդիպիլ գարեջուրի գործարանին մօտ: Երբ տեղ հասանք` ազերիները գրեթէ հասած էին գործարանին: Դէպի աջ` այգիներուն մէջ, մենք մօտ 100-150 մեթր հեռաւորութենէն սկսանք կրակել, իսկ ձախ թեւը կողքի հիմնարկութեան բակը մտած էր արդէն: Բաժնուեցանք եւ սկսանք կրակել նաեւ ձախ ուղղութեամբ: Այդ պահին մեզի միացան նաեւ Ասկերանի բնակիչներ, ներքին գործոց բաժինի աշխատակիցներ, հանրահաւաքի մասնակիցներ՚,- կ’ըսէ Բալասանեանը:

Ասկերանի մերձակայքը տեղի ունեցած հայ-ատրպէյճանական բախումը ուրիշ կերպ կը մեկնաբանեն Պաքուի մէջ: Պատմաբան Արիֆ Եունուսովն ու անոր գործընկերը – որոնք քաղաքին մէջ փաստեր կը հաւաքէին ղարաբաղեան իրադարձութեանց մասին – այդ օրերուն հանրապետական հիւանդանոց կը հրաւիրեն` Ստեփանակերտի Մանկավարժական Հիմնարկի հանրակացարանին մէջ կատարուածն արձանագրելու համար:

Հիւանդանոցին գլխաւոր բժիշկը Եունուսովին եւ գործընկերոջը թոյլ չի տար տեսակցիլ Ստեփանակերտի մէջ բռնաբարուած երկու ատրպէյճանուհիներուն հետ: Հիւանդանոցին բուժքոյրերը կը հաստատեն, որ հանրակացարանին վրայ յարձակում եղած է, աղջիկները բռնաբարուած են եւ շատ գէշ վիճակի մէջ կը գտնուին:

Այսօր անհնար է ճշդել, թէ Եունուսովի պնդումը որքա՞ն մօտ է իրականութեան: Յամենայն դէպս, ժամանակին ո’չ ատրպէյճանական եւ ո’չ ալ միութենական մամուլին մէջ բան մը գրուած  է: Աւելին, միայն 90ական թուականներու սկիզբներուն է ՙերկու ատրպէյճանուհիներու բռնաբարութեան՚ վարկածը դրուած շրջանառութեան մէջ, եւ մինչեւ այսօր, բացի Եունուսովի ոչ-համոզիչ տեղեկութիւններէն, ուրիշ աղբիւրներ ասիկա չեն հաստատեր:

Ատրպէյճանցիներուն յարձակումը կարճատեւ բախումներէ յետոյ Ասկերանի մօտ կը կանխուի: Երկու կողմերէն քանի մը տասնեակ հոգի կը վիրաւորուի, կը սպաննուի երկու ատրպէյճանցի, որոնցմէ մէկը` հաւանաբար ղարաբաղեան կողմէն արձակուած գնդակէ:

ՙԱտրպէյճանցիք եկած էին քարեր բարձած բեռնատար մեքենաներով, զինուած էին երկաթեայ ձողերով, թերեւս զէնք ալ ունէին` մենք չտեսանք: Երբ կրակ բացինք` տեսանք, որ ատրպէյճանցիք առաջին շարքերէն ետ կը փախչին գոռալով: Յաջողեցանք ատրպէյճանական խաժամուժին յարձակումը ետ մղել: Քանի մը օր յետոյ պարզուեցաւ, որ անոնք մէկ զոհ եւ քանի մը տասնեակ վիրաւոր տուած են՚,- կը պատմէ Բալասանեանը:

1988ի Ապրիլի վերջերը Լեռնային Ղարաբաղ գացած ռուս հեղինակ Ալեքսանտր Վասիլեւսքին ՙԱւրորա՚ ամսագիրին մէջ կասկածի տակ կ’առնէ ատրպէյճանական եւ միութենական լրատուամիջոցներուն պնդումները, որ հայերը սպաննած են Ասկերանի մօտ տեղի ունեցած բախումներուն հետեւանքով զոհուած երկու ատրպէյճանցիները: Վասիլեւսքին կը հանդիպի սպաննուածներէն մէկուն` Ալի Հաճիեւի եղբօր` Արիֆի հետ: Վերջինս կը պատմէ, որ Ալին վիճաբանութեան մէջ մտած է ատրպէյճանցի ոստիկանի մը հետ, որ կրակած է եւ սպաննած իր եղբայրը:

ՙԱնկասկած, առնուազն անոնցմէ մէկուն` Աղտամի գործարանի 22ամեայ հաստոցագործ Ալի Հաճիեւի սպանութեան հետ հայերը կապ չունին: Ալիի եղբայրը` 29ամեայ շինարար երկրաչափ Արիֆ Հաճիեւը պատմեց. ՙԱլիի վրայ ատրպէյճանցի ոստիկան մը կրակած է: Կրակոցը դիմացէն էր, գնդակը սիրտը ծակած է: Եղբօրս եւ ոստիկանին միջեւ վէճ յառաջացած է: Յետոյ Ալին ինկած է իր մտերիմ Ուլվիա Պահրամովայի կուրծքին ու ըսած` ՙՊահէ’, վրաս կրակեցին՚: Եւ ինկած է: Ուլվիան կրակող ոստիկանը տեսած է: Ուլվիա զայն չի ճանչնար, բայց լաւ կը ճանչնայ միւս սպան` աղտամցին, որ կրակողը անմիջապէս նստեցուցած է մեքենան եւ հեռացած: Վերջերս մոսկուացի փոխգնդապետ Նիքոլաեւն ըսաւ, որ այժմ նոր հետաքննութիւն սկսած է: Սպանութեան վկաներուն` ոստիկանութիւն ներկայանալու յայտարարութիւն տրուած է թերթին մէջ՚,- կը գրէ Վասիլեւսքին:

Բախումներուն միւս զոհը` 16ամեայ Պախթիար Ուլիեւը ամենայն հաւանականութեամբ սպաննուած է ասկերանցիներու որսորդական հրացաններէն կամ ներքին գործոց բաժինի աշխատակիցներու զէնքերէն արձակուած գնդակով:

Զոհերուն վերաբերեալ տեղեկութիւնն աւելի կը զայրացնէ աղտամցիները, որոնք քանի մը բեռնատարներով կը պատրաստուին դէպի Ստեփանակերտ շարժիլ` վրէժ լուծելու: Համայնական տնտեսութեան նախագահ Խուրաման Ապասովան բեռնատարներէն մէկը կը մագլցի, լաչակը կը հանէ եւ ամբոխին դիմաց կը նետէ: Ատրպէյճանական սովորոյթները տղամարդոց թոյլ չեն տար այլեւս առաջ շարժիլ, եթէ կինը նման քայլի կը դիմէ: Ապասովան կը զսպէ կատղած ամբոխը դէպի Ստեփանակերտ շարժելէ: Ապասովայի այս միջամտութիւնը հաւանաբար կը կանխէ նոր արիւնահեղութիւնը:

Սակայն, բախման օրը իրադարձութեանց կեդրոնը գտնուած Բալասանեանը Ապասովայի պատմութեանը թերահաւատօրէն կը վերաբերի:

ՙԽուրաման պաճիի մասին յայտնի դէպքը, որ իբր թէ հանած, շպրտած է ոսկեզօծ լաչակը, հնարուած է: Կուռքի վերածած են, թէ ա’ն եկաւ, կանգնեցուց աղտամցիները: Ասկերանցինե’րն են ամբոխը կանգնեցուցած: Ատրպէյճանցիներուն պատմելով` Խուրաման պաճին քանի մը քիլոմեթր հեռու եղած է այն վայրէն, ուր կանգնեցուած է ամբոխը: Ասկերանի դէպքերէն յետոյ ատրպէյճանցիք գտան հայոց թոյլ տեղը` Սումկայիթը՚,- կ’ըսէ Բալասանեանը:

Ատրպէյճանցի գիտնական եւ Ժողովրդական Ճակատի հիմնադիրներէն Զարտուշդ Ալիզատէն կը գրէ. ՙՊարտայէն եւ Աղտամէն ամբոխը շարժեցաւ դէպի Ստեփանակերտ` ՙհայերը խելքի բերելու՚: Ասկերանի մօտ ամբոխը կանգնեցուեցաւ, երկու երիտասարդ սպաննուեցաւ: Յստակօրէն յայտնի է, որ ատրպէյճանցի ոստիկանի փամփուշտը սպաննած է անոնցմէ մէկը: Սպաննուածներուն մասին մամուլին մէջ գրեթէ բան չ’ըսուեցաւ, փոխարէնը` շատ եւ վեհօրէն գրուեցաւ Խուրաման Ապասովայի արարքի մասին, որ իբր թէ ձեռքի մէկ շարժումով կրցած էր կանգնեցնել ատրպէյճանցի կատղած տղամարդոց վիթխարի ամբոխը` պարզապէս անոնց ոտքերուն տակ նետելով լաչակը` կանացի պատուի խորհրդանիշը: Կը պատմեն, որ ամբոխը զսպելուն մէջ մեծ դեր կատարած է նաեւ Ատրպէյճանի Կոմկուսի Կենտկոմի քարտուղար Հասան Հասանովը, որ ծունկի իջած է ու մարդոց աղաչած առաջ չերթալ՚:

Յամենայն դէպս, Խուրաման պաճին կը գովերգուի Խորհրդային Միութեան մէջ: Բանաստեղծ Եւկէնի Եւթուշենքօն անոր սխրանքին բանաստեղծութիւն մը կը նուիրէ: Հայ բանաստեղծ Վահագն Դաւթեանը բաց նամակով իր հիասթափութիւնը կը յայտնէ:

ՙԲայց ինչո՞ւ միայն ատոնք, այդ ալ քանիերորդ անգամ, կը կրկնուին միութենական մամուլին մէջ, առասպելի կը վերածուին, կ’արժանանան նոյնիսկ չափածոյ խօսքով տարփողուելու բախտին: Ինչո՞ւ, օրինակ, չի գրուիր նաեւ ուրիշ կնոջ մը` Սումկայիթի Քաղկոմի երկրորդ քարտուղար Պայրամովայի մասին, զոր աւելի հոծ ու աւելի կատաղի ամբոխի մը գլուխն անցած, առաջնորդած է զանոնք` կոչ ընելով մորթել, սպաննել, ոչնչացնել բոլոր հայերը՚,- կը հարցնէ Դաւթեանը:

Ասկերանի դէպքերուն մասին 1992ին Եւրոպայի Անվտանգութեան Եւ Համագործակցութեան Խորհուրդի (Ե. Ա. Հ. Խ.) պատրաստած միջնաժամկէտ զեկոյցին մէջ կ’ըսուի. ՙԱղտամցի ցուցարարներուն երթը, զոր պէտք է խաղաղ բնոյթ կրէր, առաջին կրակոցները յարուցեց: Երկու երիտասարդ ատրպէյճանցի սպաննուեցաւ: Վէճի առարկան կրակողին ինքնութիւնն է: Հայերը կը պնդեն, թէ ոստիկանութիւնն էր, մինչդեռ ամբողջ Ատրպէյճանով տարածուեցաւ, որ զանոնք հայերը սպաննած են՚:

Յ. Գ.

Այս գիրքը կը վաճառուի Երեւանի (Նոյյան Տապան, Բիւրոկրատ, Հայ գիրք, Մայր Աթոռի գրատուն, Արթբրիջ), Կիւմրիի, Ստեփանակերտի, Պէյրութի (Անթիլիաս, Համազգային, Շիրակ) գրախանութներին մէջ

Արևմտահայերեն-Արցախեան-օրագիր

Փափուկ կազմ, 555 էջ,
լեզուն՝ արեւմտահայերէն,
2010, Անթիլիաս,
ISBN 978-995301815-7:
Գինը՝ 7.000 դրամ ($14.00):

ՅԱԿՈԲ ԱՎԵՏԻՔԵԱՆ, ԱԶԳ թերթի գլխաւոր խմբագիր, այս հատորին մասին կը գրէ. “Այս գիրքը ո’չ օրագրութիւն է, ո’չ տարեգրութիւն, ո’չ փաստաթուղթերու ժողովածու, ո’չ ալ սոսկ դէպքերու արձանագրութիւն: Թերեւս այդ բոլորն է` համահաւաք եւ կարելի ամբողջականութեամբ մատուցուած, պեղուած, արձանագրուած եւ կազմուած լրագրողի’ կողմէ, հնարաւոր անկողմնակալութեամբ, ազատամտութեամբ: Ենթակայականութիւնն այս գրքին մէջ փնտռեցէ’ք միայն դէպքերու եւ դէմքերու արժեւորման մէջ, առաջնահերթութիւններն ընդգծելու ատեն, ինչը, խոստովանինք, լրագրողի իրաւունքն է: Այսուհետեւ, ղարաբաղեան հարցով զբաղող իւրաքանչիւր վերլուծաբան ու քաղաքագէտ ստիպուած է այս գիրքին դիմելու”:

Դիտել նաև՝

https://www.aniarc.am/2018/02/12/hadrut-civilnet-report-12-february-1988/