Օրհներգի եւ… օրհներգի մասին

1161

Նամակ երկրէն

ՕՐՀՆԵՐԳԻ ԵՒ… ՕՐՀՆԵՐԳԻ ՄԱՍԻՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգը փոխելու ճիգերը նոր չեն: Նոյնիսկ Խորհրդային Միութենէն անկախանալու օրերուն, «Մեր Հայրենիք»ը իբրեւ պետական օրհներգ ընդունիլը այդքան ալ հեզասահ չէ եղած, որովհետեւ եղած են տարբեր մօտեցումներ՝ դեռ 28 տարի առաջ: Ըստ շատերու, սխալ է այն տարածուած պատմութիւնը, որ օրհներգը մէկ հոգիի՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի որոշումով ընդունուած է, այն ալ ոտքի վրայ: Բանաստեղծ Ռազմիկ Դաւոյանը ինծի պատմած է, որ քուլիսներու ետին բաւական սուր բանավէճեր տեղի ունեցած են այդ օրերուն, եւ Տէր Պետրոսեանն ու իր համախոհները ի վերջոյ համաձայն գտնուած են «Մեր Հայրենիք»ին, հասկնալով անոր պատմական արժէքն ու իմաստը:

Օրհներգը փոխելու երկրորդ փորձը տեղի ունեցաւ 2006-ին, երբ Ռոբերտ Քոչարեանը նախագահ էր եւ կառավարութիւնը կոալիցիոն էր՝ ՀՀԿ-ի, ՀՅԴ-ի եւ Օրինաց Երկրի մասնակցութեամբ: Այդ տարի նոյնիսկ յատուկ յանձնաժողով մը կազմուեցաւ եւ Տիգրան Մանսուրյանը նոր օրհներգի երաժշտութիւն գրեց՝ Չարենցի «Ես իմ անուշ Հայաստանի» բանաստեղծութեան վրայ, իսկ մեծն Շառլ Ազնաւուրը, ըստ կարգ մը տեղեկութիւններու, առաջարկեց իր եւ Կառվարենցի հեղինակած «Քեզ համար Հայաստան» երգը ընդունիլ իբրեւ օրհներգ: Այդ օրերուն ալ առաջարկուեցաւ Արամ Խաչատրեանի յօրինած յայտնի երաժշտութեան վրայ նոր բառեր գրել: Օրհներգի փոփոխութեան ընդդիմացան ՀՅԴ-ն, որոշ քաղաքական ու մշակութային գործիչներ եւ պատմաբաններ:

Այդ տարիներուն ես նոր տեղափոխուած էի Հայաստան եւ կը յիշեմ այն լուրջ վէճերը, որոնք տեղի կ’ունենային տարբեր հարթակներու վրայ՝ օրհներգը փոխելու թեր եւ դէմ թեմաներով: Այդ օրերուն սոցիալական ցանցեր չկային, վէճը կը տեսնէինք թերթերու մէջ կամ հերուստացոյցերու պաստառներուն վրայ: Վէճին մասնակցողները հեղինակաւոր եւ բանիմաց մարդիկ էին՝ մշակոյթի գործիչներ, պատմաբաններ, քաղաքական դէմքեր, եւայլն: Այդ տարի բանավէճը բաւական երկար տեւեց, բայց վերջաւորութեան ո՛չ Մանսուրեանի, ո՛չ Կառվարենցի, ոչ ալ Խաչատրեանի ստեղծագործութիւնները հաւանութեան արժանացան: «Մեր Հայրենիք»ը մնաց մեր հայրենիքի օրհներգը: Այն ատեն ալ, ինչպէս այսօր, ես դէմ էի օրհներգի փոփոխութեան, եւ ուրախ էի, որ նոր օրհներգ ունենալու նախաձեռնութիւնը ձախողեցաւ: Բայց խոստովանիմ նաեւ հետեւեալը՝ այդ օրերուն տպաւորութիւնս այն էր, որ նոր օրհներգ չունեցանք ո՛չ թէ որովհետեւ քաղաքական ընդդիմութիւնը հզօր էր, ո՛չ թէ որովհետեւ բոլորը համոզուած էին «Մեր Հայրենիք»ը չփոխելու անհրաժեշտութեան, այլ պարզապէս չէին կրցած համախոհութեան յանգիլ նոր օրհներգի ընտրութեան շուրջ: Հաւանաբար սխալ է տպաւորութիւնս, բայց այս օրերուն կը յիշեմ թէ ի՜նչ լուրջ քայլեր առնուած էին օրհներգը փոխելու նպատակով եւ որքան ծաւալուն, բայց լուրջ բանավէճ կար թեր ու դէմ կողմերուն միջեւ:

Հիմա՞… Հիմա ալ կան լուրջ մարդիկ, որոնք լուրջ բանավէճի ունակ են եւ բարեբախտաբար դեռ եւս կը տեսնենք անոնց դէմքերը մեր համակարգիչի եւ հեռուստացոյցի պաստառներուն վրայ: Բայց միաժամանակ, հրապարակը մեծաւ մասամբ ողողուած է հայհոյանքով, աղմուկ աղաղակով, թուք ու մուռով, սպառնալիքներով: Անասուն, հայվան, տգէտ, ախմախ արտայայտութիւնները կը գործածուին իբրեւ բանավէճի համոզիչ հակաճառութիւն: Սոցիալական ցանցերուն մէջ գիտցող-չգիտցող կարծիք ունի, դաս տալիք ունի, յանդիմանելիք ունի, պարսաւանք ունի, կշտամբելիք ու պախարակելիք ունի, հայհոյելիք ունի: 2006-ին այսպէս չէր բանավէճը: Հիմա իրար վրայ յարձակելու եւ հայհոյելու պատճառները ի հարկէ աւելի շատ են: Այն ատեն, 2006-ին, վէճը գլխաւորաբար ներիշխանական ուժերու միջեւ էր: Հիմա՝ փոխուած են տեղերն ու դերերը: Վէճը իրար հետ դաշնակցած ուժերու միջեւ չէ, այլ՝ իրար հակադրուած, իրար դէմ լարուած ուժերու: Եւ ուրեմն առիթ պէտք չէ փախցնել՝ միւսին գլխուն լուտանք թափելու, հայհոյանքներով խայտառակելու, դիմացինին ազգի դաւաճան յայտարարելու համար:

Ի հարկէ, այս մակարդակի վէճերուն մէջ ներքաշուելէ առաջ, ես ինծի եւ բոլորին, բայց մանաւանդ օրհներգը փոխելու ելած մարդոց հարց կու տամ, թէ հիմա Հայաստանի մէջ այլ առաջնահերթութիւն գոյութիւն չունի՞: Մեր ազգի բոլոր դժբախտութիւններուն պատճառը «Մեր Հայրենի՞ք»ն է: Օրհներգ փոխելէ զատ ուրիշ բան չունի՞նք ընելիք: Բոլոր հարցերը լուծեցինք եւ միայն քայլերգի գեղագիտական խնդի՞րը մնաց: Նոյն հարցումները 2006-ին եւս պէտք է հարցնէինք, բայց գլխաւոր հարցումը կը մնայ հետեւեալը. ինչո՞ւ Հայաստանի մէջ «Մեր Հայրենիք»ը շատ շատերու համար հոգեհարազատ չէ: Սովե՞տն է պատճառը: Բայց անցնող 20 տարիներուն, նժդեհականութիւն դաւանող իշխանութիւն ունէինք, իրենց դաշնակիցներով, որոնք կրթական նախարարութիւնը իրենց ձեռքերուն մէջ ունենալով, պէտք է արդէն վաղու՜ց լուծած ըլլային հայոց պատմութիւնը ճիշդ ձեւով դասաւանդելու եւ ազգային գիտակցութեամբ սերունդ պատրաստելու խնդիրը: Գիտենք, որ այդ իշխանաւորները իրենց անհատական բարեկեցութեան խնդիրներուն շատ լաւ լուծումներ գտան, իսկ երբեւէ հարցուցի՞նք, թէ ի՜նչ եղաւ նոր սերունդի ազգային կրթութեան… Հերիք է մեր թերութիւններուն համար սովետը, Սորոսը կամ եւրոպացին մեղաւոր հանենք…

Նախքան այս կամ այն կողմէն իբրեւ կողմնակալ ամբաստանուիլը, ըսեմ, որ ինչ կ’ուզէք մտածեցէք, ես առանց երաժշտագէտ ըլլալու, զգացած եմ, որ թոյլ է «Մեր Հայրենիք»ին երաժշտութիւնը, այլափոխուած է բանաստեղծութիւնը՝ շինծու բառեր հանել-դնելով այս ու այն նախադասութեան մէջ: Այո, այդպէս է: Բայց «Մեր Հայրենիք»ը մեր ինքնութիւնն է, մեր հաւաքական պատմութեան երգն է, ուզենք թէ չուզենք, սիրենք կամ ոչ: «Մեր Հայրենիք»ը Հայաստանի Հանրապետութիւնն է, իր պարզունակ երաժշտութեամբ հանդերձ: Ուրիշ ո՛չ մէկ օրհներգ Հայաստանի Հանրապետութիւն կը խորհրդանշէ: Արամ Խաչատրեանի յօրինածը հզօր է, ինչպէս իր արուեստը: Բայց ի՞նչ կապ ունի Հայաստանի Հանրապետութեան հետ: Ո՛չ մէկ:

Աւելի՞ն կ’ուզէք: Չկայ Հայաստանի առաջին, երկրորդ եւ երրորդ հանրապետութիւն: Կայ միայն մէկը՝ 1918-ին ծնած Հայաստանի Հանրապետութիւն, 1920-ին բոլշեւիկներու կողմէ բռնագրաւուած Հայաստան, 70 տարի ռուսական կայսրութեան զոհ՝ բռնաճնշուած Հայաստան, եւ 1991-ին վերականգնած Հայաստանի Հանրապետութիւն:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը մէկ է: Մէկ է նաեւ «Մեր Հայրենիք»ը, որ անփոխարինելի է, անզուգական է եւ մեր միա՛կ օրհներգն է: Հայաստանի Հանրապետութիւնը ուրիշը չէ ունեցած եւ տեսանելի ապագային՝ պէտք չէ՛ ունենայ:

Րաֆֆի Տուտագլեան

Գրեցէ՛ք ինծի:
rafdoud@aol.com