Հայաստանի և Արցախի Հանրապետութիւններուն շուրջ համախմբուելու ժամանակը

588

Հիմա Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն շուրջ համախմբուելու ժամանակն է, համերաշխութեան ու համագործակցութեան ժամանակն է։

Խորհրդարանական ազատ եւ արդար ընտրութիւններէն ետք կազմուած կառավարութիւնը հսկայական աշխատանք ունի կատարելիք՝ սանձելու արտագաղթը, զարգացնելու տնտեսութիւնը, հզօրացնելու մեր բանակը եւ ամրապնդելու պետականութեան հիմերը։

Զարգացած, տնտեսապէս ուժեղացող, պաշտպանական հզօր հնարաւորութիւն ունեցող հայրենիքը միայն կրնայ տէր կանգնիլ Արցախին եւ խթանել հայրենադարձութիւնը։ Հայրենիքը պաշտպանելու եւ Արցախը պահելու այլ ձեւ չկայ։ Օտարի վրայ յոյս դնելն ալ առնուազն միամտութիւն է։ Երգը կ՚ըսէ արդէն՝ «օտարն մեզի ֆայտա չունի», եւ պիտի սպաւինինք նախ եւ առաջ մեր ուժերուն։

Ուրեմն մենք այլ ճանապարհ չունինք՝ բացի հայրենիքի տնտեսական զարգացման եւ հզօրացման ճանապարհը։

Հայաստանի կառավարութիւնը եւ խորհրդարանը, ինչպէս նաեւ արտախորհրդարանական ուժերը եւ համահայկական կազմակերպութիւնները, այլ առաքելութիւն պէտք չէ ունենան, եթէ կ՚ուզեն ազատագրուած Արցախի սահմաններու անխախտելիութիւն եւ եթէ կը փափաքին խթանել հայրենադարձութիւնը։

Յոյսով ենք, որ այս գիտակցութեամբ պիտի գործեն բոլո՛ր ուժերը, բոլո՛ր կուսակցութիւնները։ Յոյսով ենք ու կը հաւատանք, թէ իր Ընդհանուր ժողովը աւարտած ՀՅԴ-ն, որ համահայկական ամենամեծ քաղաքական ուժն է, եւ արտախորհրդարանական միւս ուժերը, ինչպէս նաեւ Ազգային Ժողով մտած կուսակցութիւններն ու դաշինքները, առաջնահերթութիւն պիտի համարեն ո՛չ թէ ներքին գզվրտոցն ու փոխադարձ քարկոծումը, այլ համատեղ աշխատանքով՝ համահայկական ներուժն ու հսկայ հնարաւորութիւնները ի սպաս հայրենիքի հզօրացման դնելու հրամայականը։

Այս պահուն, բոլորս կը գիտակցինք, որ ներքին թշնամութեան հրահրումը ահաւոր հետեւանքներ կրնայ ունենալ։ Օտարներու մէջ փրկութիւն փնտռելը՝ շատ աւելի ահաւոր…

Համատեղ ուժերով հայրենիքի հզօրացում, ազատ ու արդար, ժողովրդավար եւ զարգացած Հայաստան։ Սա է Արցախի անվտանգութեան եւ հայրենադարձութեան ամենամեծ երաշխիքը։

Ի վերջոյ՝ այս է պահու թելադրանքը եւ վստահ եմ, որ քաղաքական բոլոր ուժերը կը գիտակցին այս իրողութիւնը։

Րաֆֆի Տուտագլեան