«Հայ Մամուլի Տարի». Արամ Ա

1320

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ ազգային վառ ապրումներով կ՛ողջունենք Ազգային ընդհանուր ժողովը, Ազգային կեդրոնական վարչութեան կրօնական ու քաղաքական ժողովները, թեմակալ առաջնորդները, հոգեւոր դասը եւ մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները:

Հոգեկան խոր գոհունակութեամբ կ՛ուզենք հաստատել, որ 2003-էն սկսեալ, իւրաքանչիւր տարի մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդի կեանքին հետ սերտ աղերս ունեցող երեւոյթի մը կամ արժէքի մը նուիրելու մեր որոշումը` հայրապետական յատուկ պատգամի ճամբով, մեր ժողովուրդին մօտ լայն արձագանգ գտաւ: Ան առիթ հանդիսացաւ տուեալ տարուան նիւթին մասին խօսելու, գրելու, քննարկումներ կատարելու եւ զանազան այլ միջոցներով զայն մեր անձնական թէ համայնական կեանքի լուսարձակին տակ բերելու: Արդարեւ, յատկանշական երեւոյթ մը, զոր կը նկատենք կենսական, առաջին, քննական ու իրապաշտ արժեւորումի ենթարկելու մեր կեանքը իր զանազան բնագաւառներով ու զայն բանալու նոր հորիզոններու. եւ երկրորդ, ուղիներ որոնելու` մեր եկեղեցին վերանորոգման, մեր հայրենիքը հզօրացման եւ մեր ազգը պայծառ ապագայ առաջնորդող:

Վերջերս, Լիբանանի մեր մամուլի պատասխանատուներուն հետ ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին առաջարկուեցաւ, որ ներկայ տարին հռչակենք «Հայ մամուլի տարի»: Առաջարկը գտանք տեղին, որովհետեւ, ինչպէս յաճախ մեր պատգամներուն մէջ շեշտած ենք, հայ մամուլը իր էութեամբ ու կոչումով, գերազանցօրէն առաքելութիւն է: Ահա այս համոզումէն մեկնելով, 2019 տարին կը հռչակենք`

«Հայ Մամուլի Տարի»

Այս առիթով անհրաժեշտ կը նկատենք նախ հպանցիկ ակնարկ մը նետել ընդհանրապէս մամուլին ու յատկապէս հայ մամուլի ծագման ու պատմական հոլովոյթին առնչուած կարգ մը հիմնական երեւոյթներու վրայ:

Ի՞նչ Է Մամուլը

Մամուլը իր ընդհանուր իմաստով կը նշանակէ տպագրութիւն, հրատարակութիւն, տպագրական մեքենայ, տեղեկատուութիւն, տեղեկատուական ցանց կամ կառոյց: Մամուլ բառով, յատկապէս վերջին քանի մը դարերուն, առաւելաբար կը բնորոշուէր տեղեկատուական որեւէ օրկան` օրաթերթ, շաբաթաթերթ, ամսաթերթ կամ պարբերաթերթ: Իսկ վերջին տասնամեակներուն, մամուլը աւելի լայն հասկացողութեամբ կը ներառէ ինչ որ առնչուած է տեղեկատուութեան. այսինքն` տպագրուած մամուլի կողքին, նաե՛ւ ձայնասփիւռ, հեռատեսիլ եւ համացանց: Մեր խօսքը հոս առաւելաբար կը վերաբերի տպագիր մամուլին:

Տեղեկատուական բնագաւառը հսկայ աշխարհ մըն է, ուր մասնաւորաբար ելեկտրոնային մամուլի մարզէն ներս, ամէն օր տեղի կ՛ունենան հսկայաքայլ ու աննախընթաց զարգացումներ: Տեղեկատուական արհեստագիտութիւնը, հակառակ շարք մը վարչակարգերու կողմէ հաստատուած սահմանափակումներուն ու բանեցուող հակակշիռին, դարձած է աշխարհի ամէնէն հզօր ուժերէն մէկը, նոյնիսկ` յեղափոխութիւններ յառաջացնող, ատելութիւն հրահրող, իշխանութիւններ տապալող, կառոյցներ քանդող, դէպքեր այլափոխող, անձեր վարկաբեկող կամ հակառակը: Փաստերը պերճախօս են: Նշանները ցոյց կու տան, որ ներկայ ընթացքը կրնայ աւելի ուժեղ թափով շարունակուիլ` տեղեկատուական մարզը դարձնելով աւելի՛ տիրական ընկերութեան կեանքէն ներս:

Մամուլի Ծագումը

Մամուլի ծագումը կ՛երթայ մինչեւ Ք.Ա. 59 թուականը, երբ Հռոմի մէջ հանրութեան տեղեկութիւններ փոխանցելու փորձ մը եղած է. «Աքթա Տիուրնա» «Acta Diurna» անունով ծանօթ, պատերու կամ մետաղներու վրայ կատարուած փորագրութիւններով: Առաջին տպագրուած շաբաթօրեայ թերթը լոյս տեսած է Սթրազպուրկի մէջ, 1605-ին գերմանացի Ճոհան Քարոլուսի կողմէ` «Կարեւոր եւ յիշարժան լուրերու ներկայացում» (Relation aller Fürnemmen und gedenckwürdigen Historien) անունով: Ապա, տպագրուած մամուլը հանգրուանային զարգացումով սկսած է տարածուիլ գլխաւորաբար Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Անգլիոյ, Հնդկաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ` դառնալով, ծանուցումներու ու լրատուութեան կողքին, քաղաքական, տնտեսական, մշակութային ու հասարակական խնդիրներու քննարկումի կարեւոր բեմ: Նկատի ունենալով մամուլին հետզհետէ աճող ազդեցիկ դերը ընկերութեան կեանքին մէջ, պետական, քաղաքական եւ այլ մարզերու պատկանող կազմակերպութիւններ ու կառոյցներ ունեցած են իրենց մամուլի օրկանները թէ՛ իրենց սկզբունքները տարածելու ու շահերը հետապնդելու, եւ թէ համակիրներ սիրաշահելու հեռանկարով:

Վերջին տարիներու վիճակագրութիւններուն համաձայն, օրինակ, օրական 93 միլիոն թերթ կը սպառի Չինաստանի մէջ, 78 միլիոն` Հնդկաստանի, 70 միլիոն` Ճափոնի, 48 միլիոն` Միացեալ Նահանգներու, 22 միլիոն` Գերմանիոյ մէջ: Իւրաքանչիւր երկիր մեծ թիւով տպագրուած մամուլ ունի. օրինակ, Անգլիոյ մէջ 100 ամսաթերթ եւ 75 օրաթերթ գոյութիւն ունին. Միացեալ Նահանգներու մէջ` 110 ամսաթերթ եւ 95 օրաթերթ: Կարգ մը օրաթերթեր համաշխարհային ճանաչում կը վայելեն թէ՛ իրենց բովանդակութեամբ եւ ազդեցութեամբ, եւ թէ՛ ընթերցողներու որակով ու քանակով. օրինակ, Ռուսիոյ «Փրաւտա»-ն, Միացեալ Նահանգներու «Տը Նիւ Եորք Թայմզ»-ը, Անգլիոյ «Տը Սան»-ը. արաբական աշխարհին մէջ` Գահիրէի «Ահրամ»-ը կամ ֆրանքոֆոնի ծիրին մէջ` Փարիզի «Լը Մոնտ»-ը:

Հայ Մամուլի Ծագումը

Հայ առաջին տպագիր թերթը` «Ազդարար», լոյս տեսած է Հնդկաստանի Մատրաս քաղաքին մէջ, Յարութիւն քհնյ. Շմաւոնեանի նախաձեռնութեամբ, 1794 հոկտեմբեր 14-էն մինչեւ 1796, եւ միայն` 18 թիւ: «Ազդարար»-ը գիտական, գրական, հասարակական բնոյթ ունեցած է. տպագրած է ազգային, կրօնական, դաստիարակչական եւ բարոյախօսական բովանդակութեամբ բանաստեղծութիւններ, պատմուածքներ, առակներ, անգլիացի ծանօթ գրողներու գործերէն թարգմանութիւններ, նաեւ Մատրասի հայութեան մասին կարեւոր տեղեկութիւններ: «Ազդարար»-էն ետք Հնդկաստանի Պոմպէյ քաղաքին մէջ լոյս կը տեսնէ «Օճանասփիւռեան» (1815) եւ Կալկաթայի մէջ` «Հայելի կալկաթեան» (1820) եւ «Շտեմարան» (1821) պարբերաթերթերը:

Հայ մամուլը Պոլիս կը հասնի 1832-ին: Օսմանեան կայսրութեան սահմաններէն ներս, 42 քաղաքներ, յատկապէս Պոլիսն ու Զմիւռնիան, կ՛ունենան իրենց հայատառ մամուլը. իսկ լոյս ընծայուած հայ թերթերուն թիւը կը հասնի շուրջ 650-ի: Արեւմտահայաստանի մէջ` Վասպուրականը եւ Տարօնը, իսկ Արեւելահայաստանի մէջ` Երեւանը, Ս. Էջմիածինը եւ Շուշին կը դառնան հայ մամուլի կարեւոր կեդրոններ: Հայ առաքելական եկեղեցին, հայ կաթողիկէ եւ աւետարանական եկեղեցիները, ինչպէս նաեւ Մխիթարեան հայրեր, պաշտօնական ամսագիրներուն կողքին զանազան ձեւի ու ծաւալի պարբերաթերթեր կը հրատարակեն:

Արդարեւ, հայը, ուր որ հաստատուած է հետամուտ եղած է թերթ հրատարակելու. նոյնիսկ եթէ տպարան չէ ունեցած, դիմած է խմորատիպի. անոնցմէ ոմանց կեանքը պայմաններու բերումով եղած է կարճատեւ: Այսպէս, հայ պարբերական մամուլի առաջին հետքերը կը գտնենք հետեւեալ քաղաքներուն մէջ.- Թիֆլիս (1846), Սինկափուր (1847), Փարիզ (1855), Մոսկուա (1858), Թէոդոսիա (1860), Մանչեսթըր (1863), Փետերսպուրկ (1863), Գահիրէ (1865), Արմաշ (1864), Երուսաղէմ (1866), Հալէպ (1868), Պաքու (1877), Վառնա (1884), Ժընեւ (1887), Ուէսթ Հոպոքըն, Միացեալ Նահանգներ (1888), Աղեքսանդրիա (1889), Պաղտատ (1890), Աթէնք (1891), Թեհրան (1894), Հռոմ (1911), Քորֆու (1923), Եթովպիա (1932): Լիբանանի մէջ առաջին պարբերաթերթը լոյս տեսած է 1918-ին Զահլէ. ապա` 1921-էն սկսեալ որբանոցներու մէջ, ընդհանրապէս խմորատիպ: Պէյրութի մէջ առաջին զոյգ լրագիրները եղած են «Փիւնիկ» (ապա «Նոր Փիւնիկ») եւ «Լիբանան» 1924-ին. իսկ 1927-ին` «Ազդակ», եւ 1937-ին` «Զարթօնք» եւ «Արարատ» օրաթերթերը: Լիբանանի մէջ լոյս ընծայուած տարբեր բնոյթի պարբերաթերթերուն թիւը կը հասնի շուրջ 250-ի:

Հայ տպագիր մամուլը ներկայութիւն է այսօր հայ կեանքի մայր էջին վրայ` թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Արցախի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ: Տպագիր մամուլին առընթեր ձայնասփիւռը, հեռատեսիլը ու ընկերային ցանցը իրենց ուրոյն դերը ունին եւ յաճախ աւելի՛ ազդու` տեղեկատուական ճարտարագիտութեան աննախընթաց զարգացումով:

Յատկանշական Երեւոյթներ

Հայ մամուլի ծագումին ու անոր պատմական հոլովոյթին վրայ նետուած հպանցիկ ակնարկ մը ի յայտ կը բերէ շարք մը յատկանշական երեւոյթներ, որոնք անհրաժեշտ է, որ լուսարձակի տակ առնուին.-

ա) Հայ մամուլի պատմութեան գծով կատարուած ուսումնասիրութիւններուն համաձայն, տպագրուած առաջին հայ մամուլէն մինչեւ այսօր շուրջ 4600-5000 մեծ ու փոքր պարբերականներ հրատարակուած են: Եկեղեցւոյ, դպրոցի ու մշակոյթի կողքին հայը յատուկ կարեւորութիւն է տուած մամուլին եւ` զանազան չափի, ձեւի ու բովանդակութեան թերթեր հրատարակած: Մեր տուած ամփոփ տեղեկութիւնները պերճախօս կերպով կը վկայեն, թէ հայ մամուլը առանցքային դեր ունեցած է գաղութներու կազմակերպման ու կազմաւորման, հաւաքական յիշողութեան պահպանման ու ազգային ինքնութեան ամրապնդման մէջ:

բ) Հայ մամուլը դարձած է հարազատ հայելին ընդհանրապէս մեր ժողովուրդի համազգային եւ յատկապէս գաղութային կեանքին` իր էջերուն մէջ լայն տեղ տալով համարեա բոլոր բնագաւառներուն կապուած տեղեկութիւններու, նկարագրականներու, դէպքերու ու դէմքերու: Ան նաեւ դարձած է գաղութէ գաղութ տեղեկութիւններու ու լուրերու փոխանցման եւ գաղութներու միջեւ փոխյարաբերութիւն ստեղծող կենդանի, եւ յաճախ միա՛կ կամուրջը:

գ) Հայ մամուլը դարձած է մեր հոգեմտաւոր արժէքներու, ազգային խնդիրներու, կրօնաբարոյական նիւթերու, հայ համայնքը յուզող մտահոգութիւններու, անցեալին ու ներկային առնչուած կարեւոր դէպքերու ու երեւոյթներու արծարծման ու քննարկման եւ նո՛յնիսկ բանավէճերու հրապարակային բեմ:

դ) Հայ մամուլի ճամբով հայ մարդը իրազեկ դարձած է արտաքին աշխարհի անցուդարձերուն, հակառակ այն իրողութեան որ յատկապէս Օսմանեան ու Ցարական կայսրութեանց սահմաններէն ներս եւ Միջին Արեւելեան կարգ մը երկիրներու մէջ, հայ մամուլը եւս, տեղական մամուլին նման, ենթակայ եղած է խիստ գրաքննութեան:

ե) Իր հրատարակած թերթօններուն միջոցաւ հայ մամուլը ընթերցողներուն ներկայացուցած է հայ գրողներուն, եւ նոյնիսկ օտար հանրածանօթ գրողներու երկերը: Ան նաեւ առիթ ընծայած է հայ գրողներուն, իրենց գրական առաջին ստեղծագործութիւնները լոյս ընծայելու մամուլի էջերուն վրայ, այս ձեւով դառնալով դպրոց` գրական դաշտ մուտք գործած նոր սերունդներուն:

զ) Հայկական հողէն ու միջավայրէն պոկուած հայու բեկորներուն համար հայ մամուլը դարձած է հայակերտումի դարբնոց` հայ լեզուի պահպանումով, մեր հոգեւոր, մշակութային, բարոյական ու ազգային աւանդութիւններուն ու արժէքներուն տարածումով ու պաշտպանութեամբ, ինչպէս նաեւ ազգին գերագոյն իտէալներուն ու երազներուն սերունդէ սերունդ փոխանցումով:

է) Վերջապէս, իր ունեցած բազմակողմանի դերին կողքին անհրաժեշտ է ընդգծել, թէ հայ մամուլը իր պարունակած լայն տեղեկութիւններով ու հայթայթած ճիշդ տուեալներով, կը մնայ վստահելի սկզբնաղբիւր` տուեալ գաղութի, ժամանակաշրջանի, կազմակերպութեան, դէպքի կամ դէմքի մը կապուած պրպտումներու կամ աշխատասիրութիւններու համար:

Աղօթարար՝

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ