ՙԵրկրաշարժ՚ Թուրքիոյ մէջ. Սապիհա Կէօքչէնի գաղտնիքը

1868

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ՀԱՅԵԱՑՔ ԱՐԱՐԱՏԷՆ. ՀԱՅԵՐԸ ԵՒ ԹՈՒՐՔԵՐԸ գիրքէն

Քսանհինգերորդ գլուխ

Քեմալական վարդապետութեան եւ ճշմարտութեան միջեւ

Հայտար Փաշա կայարան. մահուան ճամփորդութիւն

24 Ապրիլ 2010-ին քանի մը տասնեակ իրաւապաշտպաններ բողոքի միջոցառում մը կը կատարէին Սթամպուլի ՙՀայտար Փաշա՚ կայարանին մէջ, ուրկէ 95 տարի առաջ` 1915-ին, հայ մտաւորականներու առաջին խումբը մահուան ճամբորդութեան ղրկեր էին: Անոնք պարզած էին աքսորուած եւ դաժանաբար սպանուած հայ գրողներուն նկարները: Թուրք եւ քիւրտ իրաւապաշտպաններն ու մտաւորականները սգոյ միջոցառում կատարեցին նաեւ Սթամպուլի կեդրոնական հրապարակներէն Թաքսիմի մէջ` ի յիշատակ 1915-ի զոհերուն:

Թուրքիոյ համար անսովոր այս միջոցառումները թուրք ազգայնականներու յարձակումներէն կը պաշտպանէին շուրջ հազար ոստիկաններ: Թուրք ազգայնականները կը յայտարարէին, որ հայերն են ջարդած թուրքերը: Մէկ օր ետք, ծայրայեղ ազգայնական ՙՄեծ Միութիւն՚ կուսակցութեան ներկայացուցիչներն այրեցին հայկական Եռագոյնը:

Մէկ տարի ետք նոյն օրը, յիշատակի միջոցառումներ կատարուեցան Սթամպուլի, Անգարայի, Տիարպէքիրի եւ Պոտրումի մէջ: Մասնակիցները կը դատապարտէին 1915-ին եւ յետագայ տարիներուն տեղի ունեցածը, զայն ՙմարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւն՚, ՙմեծ ոճիր՚ կը նկատէին, զօրակցութիւն կը յայտնէին հայոց, անոնցմէ ներողութիւն կը խնդրէին, սակայն հիմնականին մէջ կը խուսափէին ՙցեղասպանութիւն՚ բառէն: Թաքսիմ հրապարակին մէջ այս անգամ 400 հոգիէ աւելի հաւաքուած էր: Կը հնչէր հայկական երաժշտութիւն, որուն ներքոյ միջոցառման բոլոր մասնակիցները ծունկի իջած էին եւ լռութեամբ կը յարգէին 1915-ի զոհերուն յիշատակը: Հնչեցին ելոյթներ, որոնց ընթացքին անուն առ անուն կը յիշատակուէին շուրջ 250 մտաւորականները, որոնք Եղեռնի զոհ դարձած են:

Յիշատակի միջոցառում տեղի ունեցաւ նաեւ Սթամպուլի ՙՍուլթան Ահմէտ՚ պատմական վայրին մէջ: Թուրք մտաւորականները բռնած էին պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էր, թէ թանգարանը 1915-ին բանտ էր, ուր հայ մտաւորականները կը պահուէին` մահուան ճամբորդութենէն առաջ: Թուրք ազգայնականները պատասխանեցին երկու գործողութիւններով: Թաքսիմի դրացնութեամբ հաւաքուած քանի մը տասնեակ թուրքեր կը կրէին պաստառ մը, որուն վրայ գրուած էր. ՙԿեցցէ՜ մեր նոր ազատագրական պատերազմը երկրորդ Սեւրի դաշնագիրին դէմ՚: Ապա ծայրայեղ ազգայնական ՙԳորշ Գայլեր՚ կազմակերպութեան անդամները, ձեռքերնուն ատրպէյճանական դրօշներ, անցան Իսթիքլալ պողոտայով` Ցեղասպանութեան պնդումները ՙկայսերապաշտական սուտեր՚ որակելով:

Թուրքիոյ մէջ 1915 թուականի յիշատակումն աննախադէպ էր` մասնակիցներու թիւէն ու հնչած ելոյթներու բովանդակութենէն անկախ: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեանը զայն կապեց հայ-թրքական ՙ‎‎ֆութպոլային դիւանագիտութեան՚ հետ, յայտարարելով, թէ ՙնոյնիսկ Թուրքիոյ մէջ սառոյցը կոտրուած է՚: Նալպանտեանը 2008-ի ամրան մեկնարկած Հայաստան-Թուրքիա երկխօսութեան հետ կապեց նաեւ նոյն տարուայ Դեկտեմբերին թուրք մտաւորականներու ՙՆերողութիւն կը խնդրեմ՚ նախաձեռնութիւնը:

Իրականութեան մէջ, Թուրքիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան թապուն աւելի շուտ քանդուած էր եւ ՙֆութպոլային դիւանագիտութեան՚ ու Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը 1998-ին Երեւանի արտաքին քաղաքական օրակարգ բերելուն հետ կապ չունէր: Թրքական հասարակութեան մէջ 1915-ի քննարկման ու բանավէճի ամենալուրջ ազդակը Հրանդ Տինքի սպանութիւնն էր 2007-ի Յունուարին: Սակայն մինչ այդ ալ թապուն կը քանդուէր: Այդ թապուները հետեւողականօրէն քանդողներուն մէջ էին 1996-էն գլխաւորաբար թրքերէնով լոյս տեսնող ՙԱկօս՚ն ու անոր խմբագիր Տինքը, բազմաթիւ թուրք մտաւորականներ:

ՙՍապանճի՚ համալսարանի փրո‎ֆ‎եսոր Հալիլ Պերքթայը 2000-ի Հոկտեմբերին ՙՌատիքալ՚ թերթին հետ զրոյցին մէջ Օսմանեան Կայսրութեան վերջին տասնամեակին առնուազն 600 հազար հայոց մահուան պատասխանատուութիւնը դրաւ օսմանեան վերջին կառավարութեան ուսերուն: Մինչ այդ, Թուրքիոյ մէջ բնակող որեւէ ուրիշ պատմաբան այդքան բաց կերպով չէր խօսած հայկական ջարդերուն մասին. ՙՀարցազրոյցէս ետք դրական շատ պատասխաններ ստացայ: Միաժամանակ, դժոխային վիճակի մէջ յայտնուեցայ: Հարցազրոյցէն մէկ օր ետք, համացանցային շատ կայքեր իմ մասիս տեղեկութիւններ տեղադրած էին, ներառեալ մանրամասնութիւններ, որոնք սովորական լրագրողական եղանակներով հնարաւոր չէր պարզել: Ասիկա կազմակերպուած յարձակում մըն էր: Ես ատելութեամբ լի նամակներ կը ստանայի: Սա բեմադրուած ահաբեկում, կեղծ պատուախնդրութիւն էր՚:

Պերքթայի խօսքերով` իրմէ առաջ քանի մը թուրք մտաւորականներ, ինչպէս Թանէր Աքչամը կամ Ֆիքրէթ Ատանըրը, Հայկական Հարցը կը բարձրացնէին դեռ 1990-ական թուականներուն: ՙԲայց անոնք մեկուսացուած էին Թուրքիոյ մէջ բնակող թուրքերէն: Մամուլը անոնց տեսակէտներուն չէր անդրադառնար, ընթերցողներու ոչ-լայն շրջանակ ունեցող ամսագիրներ կամ հրատարակութիւններ կը հրատարակէին անոնց գիրքերէն մէկ քանին՚,- ըսած է Պերքթայը: Թուրք պատմաբանին խօսքերով, իւրաքանչիւր պետութիւն իր հիմնադրման առասպելն ունի, սակայն Թուրքիոյ պարագային, շնորհիւ ՙքեմալական վարդապետութեան յամառութեան, այդ առասպելը երբեք առարկութեան չէ ենթարկուած՚, առնուազն մինչեւ 2000-ական թուականները: ՙԹուրքիան ուշ ձեւաւորուած ազգային պետութիւն մըն է: Պետական քեմալականութեան գերիշխանութիւնը թոյլ տուաւ, որ հիմնադրման առասպելները աւելի երկար գոյատեւեն, քան մնացած ազգային պետութեանց մեծ մասին մէջ: Անարատ գաղափարի մեր առասպելն այն է, որ, թէեւ ուրիշ պետութիւններ գուցէ ցեղային զտումներ իրագործած են, սակայն մեր ազգային պետութիւնն առաքինի է, կատարեալ, սպիտակ եւ մաքուր՚,- բացատրած է Պերքթայը:

Թուրք պատմաբանը ըսած է, որ 2000-ին ՙՌատիքալ՚ին տուած հարցազրոյցէն ետք ինք կանոնաւոր կերպով օգտագործած է ՙցեղասպանութիւն՚ բառը: Պերքթայը ինքն իր օրինակով ցոյց կու տայ Թուրքիոյ մէջ խօսքի ազատութեան զարգացումը, յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով: ՙՇատ հարցազրոյցներ հետեւեցան: Ես երեւի քառասուն հարցազրոյց տուած եմ: Իմ դէմ ատելութեան առաջին արշաւը երկուքուկէս ամիս տեւեց, երկրորդը` մէկուկէս ամիս: Պի. Պի. Սի.ի հարցազրոյցէն ետք անիկա 15 օր տեւեց: Ըսածս ան է, որ ասիկա երկարատեւ գործընթաց մըն է: Անոնք կը փափաքին աղմկոտ դոփիւններով վախցնել քեզ: Եւ երբ չես վախնար, անոնք քեզմէ աւելի շուտ կը յոգնին: Անոնց ոյժանիւթն սպառեցաւ՚:

ՙԵրկրաշարժ՚ Թուրքիոյ մէջ. Սապիհա Կէօքչէնի գաղտնիքը

Թուրք զինուորականութիւնը եւ, կարելի է ըսել, ողջ Թուրքիան ցնցեց 2004-ի Փետրուարին ՙԱկօս՚ի մէջ հրապարակուած, ապա եւ ամենամեծ տպաքանակն ունեցող թրքական օրաթերթին` ՙՀիւրրիյէթ՚ի մէջ արտատպուած յօդուածը Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի հոգեզաւակի` Սապիհա Կէօքչէնի մասին: Լրագրողներ Տիրան Լոքմակէօզեանը եւ Հրանդ Տինքը ՙՍապիհա-Խաթունի Գաղտնիքը՚ յօդուածին մէջ համարձակութիւն ունեցան բացայայտօրէն գրելու, որ թուրք առաջին կին օդաչուն թէ՛ հօր եւ թէ՛ մօր կողմէ հայ է:

Թուրքիոյ հայ համայնքին մէջ խօսուած, իսկ սփիւռքահայ մամուլին մէջ ժամանակ առ ժամանակ գրուած էր, որ իրականութեան մէջ, Սապիհան իսլամացուած եւ թրքացուած հազարաւոր հայ որբերէն մէկն էր` Խաթուն Սեպիլճեան անունով, որուն հայրը թուրքերն սպանած էին Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին, եւ աղջնակը յայտնուած էր Պուրսայի որբանոցին մէջ, ապա որդեգրուած Աթաթուրքի կողմէ 1925 թուականին, երբ աղջիկը 12 տարեկան էր:

Դեռ 1972-ին սփիւռքահայ գրող Սիմոն Սիմոնեանը Պէյրութի մէջ տպագրած իր ՙԼեռ Եւ Ճակատագիր՚ պատմուածքներու ժողովածուին մէջ կը պատմէ, որ Սապիհա Կէօքչէնի ընտանիքը Այնթապի Ճիպին գիւղէն է: Սիմոնեանը կը ներկայացնէ այդ ընտանիքի անդամներուն անունները: Համացանցին մէջ կարելի է հանդիպիլ Ճիպին գիւղի շուրջ երեք տասնեակ այն հայ կանանց ու աղջիկներու լուսանկարներուն եւ կենսագրական մանրամասնութիւններուն, որոնք իսլամներու պահ տրուած են կամ ամուսնացած անոնց հետ: Ատոնց շարքին է նաեւ Մարիամի լուսանկարը, զոր շատ նման է Սապիհա-Խաթունի մօր` Մարիամի լուսանկարին:

Պոլսահայ լեզուաբան եւ պատմաբան Բարսեղ Թուղլաճեանը, որ մտերիմ յարաբերութիւններ ունեցած է Կէօքչէնի հետ, բազմիցս ըսած է, որ յայտնի օդաչուն ո՛չ միայն տեղեակ եղած է իր հայկական ծագման մասին, այլեւ քանի մը հայերէն բառեր սորված էր ու զանոնք օգտագործած էր իր հետ զրուցելու ատեն:

Լոքմակէօզեանը կը հաւատայ, որ եթէ իր եւ Տինքի ՙՍապիհա-Խաթունի Գաղտնիքը՚ յօդուածը չ’ըլլար` ապա ՙՀրանդը այսօր ողջ կ’ըլլար՚: Իրականութեան մէջ, հրապարակման հեղինակը Լոքմակէօզեանն էր, որ Հայաստանի Հանրապետութիւն տեղափոխուած էր արդէն եւ հոն մշտական բնակութիւն հաստատած: ՙՀրանդը հեռաձայնեց եւ խնդրեց, որ գտնեմ Երեւանի մէջ բնակող Հռիփսիմէ Սեպիլճեան անունով կինը եւ հարցազրոյց կատարեմ անոր հետ՚,- կը յիշէ Լոքմակէօզեանը:

Հռիփսիմէ Սեպիլճեանը պատմած է, որ իր մայրը` Տիրուհին, 1946-ին Սուրիայէն հայրենադարձած է եւ ինչպէս նախապէս, Հայաստանի մէջ ալ շարունակած է փնտռել կորսնցուցած քոյրը` Խաթունը: Տիրուհին հինգ եղբայր եւ մէկ քոյր ունեցած է: Ծնողները կորսնցնելէ յետոյ երախաները յայտնուած են տարբեր որբանոցներու մէջ, այսպէս` Տիրուհի եւ Խաթուն որբ քոյրերը այլեւս չեն հանդիպած, Տիրուհին չէ իմացած, որ քոյրը Թուրքիոյ առաջին կին օդաչուն դարձած է:

ՙՄէկ շաբաթ թրքական մամուլի առաջին էջին Սապիհա-Խաթունի գաղտնիքին շուրջ ստեղծուած աղմուկն էր: Թուրքիոյ մէջ կարեւորագոյն նիւթերը սովորաբար մէկ-երկու օր կը մնան մամուլի առաջին էջին վրայ, ապա երկրորդ, կամ յաջորդ էջերը կը տեղափոխուին: Իմ գրած եւ որոշ մասեր Հրանդի աւելցուցած յօդուածը պարզապէս ՙերկրաշարժ՚ յառաջացուց թրքական մամուլին եւ քաղաքական շրջանակներուն մէջ՚,- կ’ըսէ Լոքմակէօզեանը:

Հրանդ Տինքը գրած է. ՙԱթաթուրքի հոգեդուստր Սապիհա Կէօքչէնի հայկական ծագման վերաբերեալ ՙԱկօս՚ի մէջ մեր զետեղած տեղեկութիւնը սուիններով ընդունուեցաւ, ապացուցելով, որ եթէ Թուրքիոյ մէջ հնարաւոր է խօսիլ 1915-ի զոհերուն մասին, ապա վերապրածներուն մասին երբեք հնարաւոր պիտի չըլլայ՚:

Ամէնէն կոշտ ձեւով արձագանգողն եղաւ զինուորականութիւնը` ՙՍապիհա-Խաթունի Գաղտնիքը՚ յօդուածը ՙանհիմն եւ անազնիւ՚ քարոզարշաւ, ՙազգային արժէքներ՚ուն հասցուած վիրաւորանք որակելով: Թուրքիոյ զինուած ոյժերու Գլխաւոր Սպայակոյտը յայտարարեց, թէ Աթաթուրքի որդեգրած դստեր ծագումը հարցականի տակ դնելը ՙընկերային խաղաղութեան կամ ազգային միասնութեան չի նպաստեր՚: Յայտարարութեան մէջ կ’ըսուէր, թէ ՙԱթաթուրքի ազգայնականութիւնը ցեղային կամ կրօնական հիմքեր չ’ունէր՚ եւ թէ ՙազգային արժէքներն ու զգացմունքները ծաղրող լրագրողական բանավէճ բանալը սխալ է՚:

Թրքական Օդային Ընկերակցութիւնն իր տարածած յայտարարութեամբ Սապիհա Կէօքչէնի հայկական ինքնութեան մասին հրապարակումները յայտարարեց ՙամբողջովին հնարովի եւ անհիմն՚, ՙվիրաւորանք ո՛չ միայն Կէօքչէնի, այլեւ` Աթաթուրքի հասցէին՚: ՙՀիւրրիյէթ՚ի սիւնակագիրներէն Էմին Չէօլաշանը գրեց, որ մահացած մարդիկ չեն կրնար իրենք զիրենք պաշտպանել նման ՙզրպարտանքէն ու սուտերէն՚:

Հրապարակումէն ետք Թուրքիոյ մէջ այնպիսի աղմուկ բարձրացած էր, որ Սթամպուլի մէջ Ա. Մ. Ն.ի գլխաւոր հիւպատոս Տէյվիտ Առնէթը հարկաւոր սեպեց այդ մասին պետական քարտուղարութեան տեղեկացնել խորհրդապահական հաղորդագրութեամբ: Համաձայն ՙՈւիքիլիքս՚ կայքին մէջ գաղտնազերծուած փաստաթուղթի մը, հիւպատոսը 2004-ի Մարտին գրած է, որ Կէօքչէնի` ազգութեամբ հայ ըլլալու մասին հրապարակումները ՙցեղային այլանդակ դրսեւորումներ՚ու տեղիք տուին, սակայն ՙաւելի մտահոգիչ է՚ այն, որ թուրք ծայրայեղ ազգայնականները հակաքարոզչական արշաւի ՙթիրախ դարձուցին անձամբ Տինքը՚: Հիւպատոսին տեղեկութիւններով` Տինքի դէմ ուղղուած գործողութեանց հիմնական նախաձեռնողը ՙԱզգայնական Շարժում՚ կուսակցութեան Սթամպուլի կառոյցն է: Սթամպուլի մէջ Ա. Մ. Ն.ի հիւպատոսութեան քաղաքական պատասխանատուն հանդիպած է Տինքի հետ: Ազգայնականներու յարձակումներէն ՙցնցուած եւ վիրաւորուած՚ հայազգի խմբագրապետը ամերիկացի դիւանագէտին հետ զրոյցին մէջ նշած է, որ կը քննարկէ թերթի լոյս ընծայումէն հրաժարելու տարբերակը:

Համացանցին մէջ կարելի է գտնել նկարներ, ուր 25-ամեայ օդաչու Սապիհա Կէօքչէնը իր ռազմական օդանաւին մօտ կանգնած` ձեռքին իր հասակին երկարութեամբ ռումբ մը, թռիչքի կը պատրաստուի: 1938-ին ան այդ ռումբերով հարուածներ հասցուցած է Տերսիմին (այսօր` Թունճելի) եւ կարեւոր դեր կատարած, որպէսզի թրքական բանակը արեան մէջ խեղդէ տեղի ալեւիներուն ապստամբութիւնը:

ՙՍապիհա-Խաթունի Գաղտնիքը՚ յօդուածի հրապարակումէն ետք թրքական հետախուզութեան` Մ. Ի. Թ.ի ներկայացուցիչները Տինքին ըսած են, որ Կէօքչէնի հայկական ծագման վերաբերեալ յօդուածը ցասումի եւ ընդվզումի տեղիք տուած է: Մ. Ի. Թ.ի եւ Տինքի խօսակցութեան մասին յայտնի դարձաւ վերջինիս սպանութեան դատական նիստերէն մէկուն ընթացքին` 2010 թուականին: Այս առիթով թրքական ՙԹարա‎ֆ՚ օրաթերթի իր սիւնակին մէջ խմբագիր Ահմէթ Ալթանը հարց տուաւ` ինչո՞ւ այդ յօդուածը ցասում պատճառած է: Սապիհա Կէօքչէնը հա՞յ է, թէ՞ ոչ: Հայ է, կը շարունակէ Ալթանը ՙՍպառնալիք՚ վերնագիրով հրապարակման մէջ: Ուրեմն ինչո՞ւ ցասում կը յառաջանայ, երբ մէկը կը գրէ, որ ան հայ է. ՙԿէօքչէնը Տերսիմ գացած է, ռմբահարած է Տերսիմը, մարդիկ սպանած է: Ատիկա ցասում չի յառաջացներ, բայց անոր հայ ըլլալը ցասում կը յառաջացնէ: Տեսէ՛ք, թէ որքան ծիծաղելի է£ Պետութիւնը մէկուն վրայ կը բարկանայ ճշմարտութիւնն ըսելու համար£ Որովհետեւ առկայ է մտայնութիւն, թէ Կէօքչէնի` մարդիկ սպաննելու իրողութեամբ կրնանք հպարտանալ, բայց անոր հայ ըլլալէն կրնանք անհանգստանալ: Մարդ սպաննելը հպարտացնող է, իսկ հայ ըլլալը` ամօթալի՚:

2007-ի Յունուարին սպանուած Տինքը իր հրապարակումներուն եւ ելոյթներուն մէջ կ’ընդգծէր, որ Թուրքիոյ քաղաքացիութիւն ունեցող հայերը ազգային փոքրամասնութեան կարգավիճակէն ՙհասարակութեան ընդհանուր թշնամի՚ի վերածուած են: ՙՏարիներ շարունակ, Թուրքիոյ սպառնացող իւրաքանչիւր վտանգի ետին հայկական ձեռագիր կը փնտռեն եւ զայն հասարակութեան կը մատուցեն: ՙՀայի բիճ՚, ՙհայի լաճ՚ եւ նման ուրիշ վիրաւորական արտայայտութիւններ առօրեայ խօսակցական ներմուծուեցան՚:

Դաշոյնի հարուած կռնակէն

25-27 Մայիս 2005ին թուրք ութը պատմաբաններ ու հեղինակներ18 Թուրքիոյ հեղինակաւոր կրթական հաստատութիւններէն Սթամպուլի ՙՊողազիչի՚ համալսարանին մէջ` ՙՍապանճի՚ եւ ՙՊիլկի՚ համալսարաններուն հետ համատեղ ՙԿայսրութեան փլուզման շրջանին մէջ օսմանեան հայերը. գիտական պատասխանատուութեան եւ ժողովրդավարութեան հարցեր՚ խորագրով գիտաժողովը ծրագրած էին: 24 Մայիսին, պաշտօնաթող դեսպան եւ արտաքին գործոց նախկին փոխնախարար, Ժողովրդա-Հանրապետական Կուսակցութենէն երեսփոխան Շիւքրիւ Էլէքտաղը Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ գիտաժողովը որակեց ՙդաւաճանական նախագիծ՚, որու նպատակն է հայամէտ քարոզչութիւն ընել ՙհետազօտութեան անուան տակ՚: ՙԴաւաճանութիւն՚ բնութագրումը գործածեց նաեւ արդարադատութեան նախարար Ճեմիլ Չիչէքը. ՙԱտիկա Թուրքիոյ ժողովուրդի կռնակին խրուած դաշոյն է: Մենք պէտք է դադրեցնենք դաւաճանութեան ու վիրաւորանքի շրջանը, Թուրքիոյ ժողովուրդին դէմ իր իսկ մասը կազմող մարդոց կողմէ քարոզչութեան տարածումը՚:

Թրքական իշխանութեանց մէկ մասին եւ յատկապէս ընդդիմութեան հակազդեցութիւնն այնքան կտրուկ էր, որ ՙՊողազիչի՚ համալսարանը յետաձգեց գիտաժողովը: Վարչապետ Էրտողանն անձամբ դիմեց այդ համալսարանի նախագահին եւ խնդրեց, որ գիտաժողովը հրաւիրուի մինչեւ Եւրամիութեան հետ անդամակցութեան բանակցութեանց մեկնարկը` 3 Հոկտեմբերը: ՙՊողազիչի՚ի ղեկավարութիւնը Օգոստոսին յայտարարեց, որ գիտաժողովը պիտի կայանայ 23-25 Սեպտեմբերին` անոր հրաւիրելով նաեւ արտաքին գործոց նախարար Կիւլը: Սակայն, 22 Սեպտեմբերին պարզուեցաւ, որ գիտաժողովը կրկին կը յետաձգուի:

Գիտաժողովը կասեցուեցաւ Սթամպուլի վարչական դատարանին որոշմամբ, որու համար հիմք ծառայած էր Իրաւաբաններու Միութեան դիմումը, ուր ՙԹուրքիոյ կառավարութեան դէմ յանցաւոր գործունէութեան՚ համար կը մեղադրուէին գիտաժողովը նախաձեռնած ՙՊողազիչի՚« ՙՍապանճի՚ եւ ՙՊիլկի՚ համալսարանները: Իրաւաբաններու Միութիւնը յայտարարեց, որ գիտաժողովը վերջնականապէս տապալած է, իսկ Պաշտօնաթող Թուրք Սպաներու Միութիւնը գիտաժողովի յետաձգումը ՙհամազգային յաղթանակ՚ որակեց եւ ՙազգային խնդիրներուն համարձակօրէն տէր կանգնելու՚ կոչ ըրաւ քաղաքական գործիչներուն:

Նիւ Եորքի մէջ գտնուող արտաքին գործոց նախարար Կիւլին հակազդեցութիւնը խիստ էր. ՙԻնքն իրեն այսքան մեծ վնաս պատճառող ուրիշ ազգ մը աշխարհի երեսին թերեւս չկայ: 3 Հոկտեմբերի նախօրեակին, միջոցառումը ներսէն եւ դուրսէն տապալողներն իրենց վերջին ճիգերը կը գործադրեն: Ինծի համար անակնկալ չ’ըլլար, եթէ նորերը միանան ասոնց: Մենք մեզի վնասելու հարցին մէջ անգերազանցելի ենք՚:

Սակայն, ակադեմականները տեղի չտուին: Աւելի քան հարիւր պատմաբաններ, ընկերաբաններ, հեղինակներ ստորագրութիւններ հաւաքեցին, դատապարտեցին երկրին իշխանութիւնները, այդ թուին` արդարադատութեան նախարարը, եւ գիտաժողովին կայացումը պահանջեցին: Ազգայնականներու անընդհատ սպառնալիքներու պայմաններուն մէջ, 24-25 Սեպտեմբեր 2005-ին ՙՊիլկի՚ համալսարանին մէջ կայացաւ գիտաժողովը, բայց` դռնփակ:

ՙՊիլկի՚ համալսարանին մօտ հաւաքուած քանի մը հարիւր թուրք ազգայնամոլներ լոլիկներու ու հաւկիթներու գրոհով դիմաւորեցին գիտաժողովի աւելի քան 250 մասնակիցները, որոնց մեծ մասը թուրքեր էին: Ազգայնամոլները վերջիններուս սպառնացած էին, որ ՙդաւաճանութիւնն անպատիժ պիտի չմնայ՚, որ ՙհոս Թուրքիա է. կամ սիրէ՛ այս երկիրը, կամ` հեռացի՛ր՚:

Հրանդ Տինքի խօսքերով` գիտաժողովն ապացուցեց, որ Թուրքիան անդառնալի գործընթաց մը թեւակոխած է այլեւս, ու հակառակ բոլոր խոչընդոտներուն, գիտաժողովը հնարաւոր եղաւ կազմակերպել, ինչը մէկ անգամ եւս ապացուցեց, որ ՙԹուրքիան Հայկական Հարցին կապակցութեամբ նոր գործընթացի մը մէջ մտած է, ուրկէ ետդարձ չկայ այլեւս՚:

Արդարադատութեան նախարար Չիչէքը գիտաժողովին կայացումը կռնակէն հասցուած դաշոյնի հարուած կ’որակէր, մինչդեռ արտաքին գործոց նախարար Կիւլը ուղերձ յղեց նոյն գիտաժողովի կազմակերպիչներուն: Ան կը նշէր, որ ՙթուրք ժողովուրդը հաշտ է իր պատմութեան եւ ինքն իր հետ՚: Պետական գիծէն չհեռանալով` արտաքին գործոց նախարարը կ’ընդգծէր, որ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պնդումները ՙկեղծ են եւ քաղաքական շարժառիթներ ունին՚:

Եւրոպական կառոյցները ողջունեցին եւ գնահատեցին գիտաժողովի կազմակերպիչներուն համարձակութիւնն ու վճռականութիւնը: Եւրոպայի Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թերի Տէյվիսն իր աջակցութիւնը յայտնեց վարչապետ Էրտողանին, որ ՙպաշտպանեց արտայայտման ազատութիւնը Թուրքիոյ մէջ՚: Պաշտօնական Անգարայի զուսպ կեցուածքն ու գիտաժողովին կայացման ապահովումը մեծապէս կապուած էին Ե. Մ.ին Թուրքիոյ անդամակցութեան գործընթացով, ինչպէս նաեւ եւրոպական կազմակերպութեանց` այդ միջոցառման հանդէպ սեւեռուն ուշադրութեան հանգամանքով:

Գիտաժողովի ընթացքին, թուրք ակադեմականները հիմնականին մէջ կը խուսափէին ՙցեղասպանութիւն՚ բառէն: Հալիլ Պերքթայն ըսած է, որ ՙցեղասպանութիւն՚ բառը պէտք է մէկ կողմ դնել. ՙՄենք չենք կրնար թոյլ տալ քննարկումները սահմանափակել երկու իրարամերժ կարծիքներով` ցեղասպանութիւն եղա՞ծ է, թէ՞ ոչ: 1915-1916 թուականներուն տեղի ունեցածը առեղծուած չէ: Մենք 85 տոկոսով գիտենք, թէ ինչ է կատարուած, եւ հարցը նոր փաստերու յայտնաբերումը չէ: Հարցը գիտութիւնը ազգայնական թապուներէն ազատելն է՚: Մուրաթ Պելկէն ընդգծած է, որ ՙՀայկական Հարցը մեր պատմութեան ամենամռայլ էջերէն է, ո՛չ ոք կ’ուզէ զայն ընդունիլ՚, բայց ՙշատերը կը հասկնան, որ հին դիրքորոշումները, մերժման քաղաքականութիւնը, պիտանի չեն՚: Թուրքիայէն դուրս բնակող երկու ակադեմականներ աւելի ազատօրէն կ’արտայայտուէին: Թաներ Աքչամն իր ելոյթին մէջ յիշեցուցած է, որ չափազանց շատ են հայոց բնաջնջում իրականացնելու մասին փաստաթուղթերը: Ֆիքրէթ Ատանըրը նշած է, որ գիտական աշխատանքներուն մէջ ինք կ’օգտագործէ ՙՀայոց Ցեղասպանութիւն՚ եզրը. ՙ1915-1916 թուականներուն, տեղահանման ծաւալները զանգուածային կոտորածներէն շատ աւելի էին: Ամբողջ ժողովուրդ մը` կանայք, երախաներ, ծերեր, տեղահանուեցան ու ճամբաներուն վրայ սպանուեցան՚:

Ելոյթ ունեցողներուն մէջ էր նաեւ այլեւս գոյութիւն չունեցող աջակողմեան ՙԱրդարութիւն՚ կուսակցութեան անդամ, նախկին նախարար Ճեւտէթ Այքանը: Ծնունդով թոքաթցի Այքանը իր ելոյթին մէջ ըսաւ, որ 20-րդ դարու սկիզբին Թոքաթի մէջ շուրջ ինը հազար հայ կ’ապրէր, մինչդեռ 1924-ին ընդամէնը եօթը հարիւր հայ մնացած էր: ՙՀազարաւոր հայեր կորսնցուցին իրենց տունը, գիւղը, հայրենիքը, որոշ պարագաներու` իրենց կեանքը՚,- ըսաւ Այքանը, ընդգծելով, որ գիտաժողովին կը մասնակցի իր խիղճին պարտքը վճարելու համար:

Անգարայի համալսարանի քաղաքական գիտութեանց բաժինի փրո‎‎ֆեսոր Պասքըն Օրանը ըսած է, որ այս գիտաժողովով ջարդուեցաւ վերջին թապուն. ՙԱթաթուրքի քննադատութիւնը, Կիպրոսի եւ Քիւրտիստանի հարցերն այլեւս թապու չեն Թուրքիոյ մէջ: Միայն մէկ թապու մնացեր էր` Հայկական Հարցը: Այժմ այդ թապուն այլեւս չկայ՚:

Ժիրայր Լիպարիտեանը կ’ընդունի, որ մերժողականութեան ՙպետական պատնէշը փլած է՚ եւ անիկա Թուրքիոյ մէջ ՙդուռը բացած է որոշ գործընթացներու համար, որոնք Հայոց Ցեղասպանութենէն աւելի լայն ետնախորք ունին՚: ՙԹուրք մտաւորականներուն համար, անիկա պետական սահմանումի, ժողովրդավարացման, բաց հասարակութեան, մտածելու, գրելու, հետազօտելու եւ խօսելու ազատութեան հետ կապուած հարց դարձաւ: ՙՊիլկի՚ի գիտաժողովի մասնակիցներուն մեծ մասը ՙցեղասպանութիւն՚ բառը գործածելու պատրաստ չէ, բայց անոնք կը մերժեն, որ պետութիւնը կարենայ ըսել` ո՛չ, Հայկական Հարցով չէ՛ք կրնար զբաղիլ՚,- կ’ըսէ Լիպարիտեանը:

Նախքան գիտաժողովին կայացումը Թուրքիոյ մէջ մեծ աղմուկ հանած էր ուրիշ իրադարձութիւն մը` կրկին կապուած թապուներու ու Հայկական Հարցին հետ: 2005 թուականի սկիզբէն թուրք ազգայնամոլներու թիրախն էր աշխարհահռչակ գրող Օրհան Փամուքը: Լայն ճանաչում ստացած ու բազմաթիւ լեզուներով թարգմանուած շարք մը վէպերու հեղինակը Փետրուարին զուիցերիական թերթերէն մէկուն տուած հարցազրոյցին մէջ ըսած էր, որ Թուրքիոյ եւ Օսմանեան Կայսրութեան մէջ 30 հազար քիւրտ եւ 1 միլիոն հայ սպանուած է, սակայն ՙբացի ինձմէ` ոեւէ մէկն այդ մասին խօսելու համարձակութիւն չունի՚:

Մինչ Թուրքիոյ մէջ որոշ շրջանակներ Փամուքը մեղադրեցին դաւաճանութեան համար, ծայրայեղ ազգայնական իրաւաբան Քեմալ Քերինչսիզը դատական հայց ներկայացուց գրողին դէմ: Փամուքը կը մեղադրուէր 301-րդ յօդուածով` թուրքերու ազգային ինքնութիւնը վիրաւորելու, թուրք ժողովուրդն ու Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը նսեմացնելու համար: Յետագային, քրէական գործը փակուեցաւ, իսկ 2006-ին Փամուքը գրականութեան Նոպէլեան Մրցանակի արժանացաւ: Թուրք ազգայնական շուրջ ութը տասնեակ մտաւորականներ յայտարարեցին, թէ ՙՆոպէլեան Մրցանակը ո՛չ թէ թրքական գրականութեան շնորհուած պարգեւ է, այլ` վարձավճար Օրհան Փամուքին՚:

Քրէական օրէնսգիրքի 301-րդ յօդուածով հետապնդուողներուն մէջ էին նաեւ Հրանդ Տինքն ու թուրք յայտնի գրող Էլիֆ Շաֆաքը, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ ուրիշ լրագրողներ ու գրողներ: ՙՍթամպուլի Ապօրինի Զաւակը՚ գիրքի հրատարակումէն ետք Շաֆաքը մեղադրուեցաւ թրքական ինքնութիւնը վարկաբեկելու համար, քանի որ գիրքի հերոսներէն մէկը, յիշատակելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը, կ’ըսէր. ՙԵս ցեղասպանութիւնը վերապրածի թոռ եմ: Ազգականներուս մեծ մասը կեանքը կորսնցուցած է 1915-ին՝ թուրք մսագործներու ձեռքով՚:

Թալէաթը սպանուած հայոց ապահովագրած գումարները կը պահանջէր

1915-ին, երբ Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին եւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ կը շարունակուէր հայ ժողովուրդին սպանդը, Թալէաթ փաշան կը մտածէր հայոց` ամերիկեան ապահովագրական ընկերութեանց մէջ ի պահ դրուած գումարները ստանալու մասին: Ահա՛ թէ ինչ կը գրէ կայսրութեան մէջ Ա. Մ. Ն.ի դեսպան Հենրի Մորկընթաուն յուշերու իր գիրքին մէջ.

ՙՕր մը Թալէաթն ըրաւ ամենազարմանալի խնդրանքը, զոր ես երբեւէ լսած եմ: ՙՆիւ Եորք Լայֆ՚ը եւ ՙՆիւ Եորք Իքուիթըպլ Լայ‎ֆ՚ը հայոց շրջանին մէջ ահռելի գումարներ ապահովագրած էին:

– Ես կ’ուզեմ,- ըսաւ Թալէաթը, որ ամերիկեան ապահովագրական ընկերութիւնները մեզի ղրկեն իրենց մօտ փոլիսներ ունեցող հայոց ամբողջական ցուցակը: Գործնականին մէջ, անոնք բոլորը մահացած են եւ չունին ժառանգներ, որպէսզի ստանան գումարները: Կառավարութիւնն է հիմա ստացողը: Նման բան կ’ընե՞ս:

Սա արդէն չափը կ’անցընէր, եւ ես հաւասարակշռութիւնս կորսնցուցի:

– Դուք ինձմէ նման ցուցակ չէք ստանար,- ըսի, վեր ելայ ու հեռացայ՚:

2004 թուականին, ամերիկեան ՙՆիւ Եորք Լայֆ՚ ապահովագրական ընկերութիւնը համաձայնութիւն տուաւ, իսկ 2006-ի Նոյեմբերին սկսաւ ‎‎ֆինանսական փոխհատուցումները այն հայոց ժառանգներուն ու իրաւայաջորդներուն, որոնք Օսմանեան Կայսրութեան մէջ ապահովագրուած եղած են ՙՆիւ Եորք Լայֆ՚ի մօտ, սակայն Հայոց Ցեղասպանութեան զոհ գացած են: Ընդհանուր առմամբ, փոխհատուցուած գումարը կը կազմէր գրեթէ ութը միլիոն տոլար, զոր աւելի քան 2500 ժառանգներու բաշխուեցաւ: Գումարին գրեթէ կէսը` 3,6 միլիոնը, Հայաստանի մէջ բնակող աւելի քան 1200 ժառանգներու ու իրաւայաջորդներու փոխանցուեցաւ: ՙՆիւ Եորք Լայֆ՚ը փոխհատուցումներ տուաւ 26 երկիրներու մէջ բնակող հայոց:

Ապահովագրական ուրիշ ընկերութիւն մը` ֆրանսական ՙԱքսա՚ն 2005 թուականի վերջերուն համաձայնեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհ գացած հայոց ժառանգներուն ու իրաւայաջորդներուն, ինչպէս նաեւ` Ֆրանսայի մէջ գործող հայկական բարեգործական ընկերութեանց աւելի քան 17 միլիոն տոլար փոխհատուցել: 2007-ի Նոյեմբերին ՙԱքսա՚ն սկսաւ փոխհատուցումներուն վճարումը:

Թալէաթի սեւ տետրը. 1,1 միլիոն հայ ՙանհետացեր՚ է

Թուրք լրագրող եւ պատմաբան Մուրաթ Պարտաքճին 2005 թուականին բնօրինակին պատճէնով հրապարակեց Թալէաթ փաշայի անձնական արխիւի որոշ փաստաթուղթեր, իսկ 2008-ին հրապարակեց ամբողջութեամբ: Թալէաթի այրին` Հայրիյէն, ապա թոռը` Այշէկիւլ Պա‎‎ֆրալը, տասնամեակներով պահած էին այն սեւ տետրը, որուն մէջ Օսմանեան Կայսրութեան վարչապետն ու ներքին գործոց նախարարը գրառած էր 1915-ին տեղահանուած հայ բնակչութեան թիւը` վիլայէթ առ վիլայէթ: Թալէաթի սեւ տետրը Պարտաքճին ստացած էր դեռ 1982 թուականին` Այշէկիւլ Պաֆրալէն:

ՙՏասը տարի առաջ ես այս գիրքին համար դաւաճան կը նկատուէի, այժմ, սակայն, մտածողութիւնը փոխուած է՚,- խոստովանած է Պարտաքճին, որ աւելի քան քսան տարի շարունակ լռութեան մատնած էր ձեռքին տակ եղած փաստերը: Պարտաքճին սպասած է այնքան ժամանակ, երբ Թուրքիան կը հասնի այն կէտին, որ Մեհմէտ Թալէաթի գրագրութիւնները, անձնական գրառումները հրատարակելը Թուրքիոյ մէջ մոլեգնութիւն չ’առաջացներ:

Միւս կողմէ, սակայն, թուրք պատմաբանը ՙԹալէաթ Փաշայի Մնացած Փաստաթուղթերը՚ խորագիրով 77 էջնոց գիրքի ՙ1915 Թուականի 24 Ապրիլին Ի՞նչ Պատահած Է՚ վերնագիրով նախաբանին մէջ կը կրկնէ թրքական պաշտօնական թէզը, թէ Օսմանեան Կայսրութեան հայերը տեղափոխութեան (tehcir) ենթարկուած են` հերքելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Լոնտոնի ՙԿոմիտաս՚ Հիմնարկի տնօրէն, պատմաբան Արա Սարա‎‎ֆեանը Պարտաքճիի հրատարակութիւնը համարեց ՙ1915-1917 թուականներուն Օսմանեան Կայսրութեան հայոց զանգուածային կոտորածներուն վերաբերեալ ամենակարեւոր փաստագրութիւնը՚:

ՙ2005-ին (Թալէաթի անձնական արխիւի մասնակի) հրապարակումէն ետք գլխաւոր բանավէճերը կը տանէին թուրք պատմաբանները, որոնք ամէն կերպ կը մեղմացնէին զեկոյցին կարեւորութիւնը: Անոնք կը մատնանշէին այն փաստը, որ զեկոյցը վերնագիր ու ամսաթիւ չունի եւ ոեւէ մէկուն կողմէ կրնար գրուած ըլլալ: Անոնք չէին մեկնաբաներ այն հանգամանքը, որ անիկա Թալէաթի անձնական փաստաթուղթերուն մէջ է յայտնաբերուած, զայն աւելի լայն համաշարադրանքի մէջ չէին քննարկեր եւ իրենց իսկ բարձրացուցած հարցերուն պատասխանները չէին առաջարկեր՚,- ըսած է Սարա‎‎ֆեանը:

Պարտաքճիի հրատարակութենէն ետք ՙՆիւ Եորք Թայմզ՚ն իր ՙՅիշողութեան Կորուստի Թիկնոցով Ծածկուած` Ցեղասպանութեան Մօտ Մէկ Միլիոն Զոհ՚ յօդուածին մէջ գրեց, որ ՙ972 հազար հայ անհետացած է՚ Օսմանեան Կայսրութեան պաշտօնական վիճակագրութենէն. ՙԱյս թիւը ռումբի պայթիւնի նման բան մըն է Թուրքիոյ համար, սակայն հրապարակուած գիրքն ու հոն տեղ գտած փաստաթուղթերը, ըստ էութեան, այդպէս ալ աննկատ մնացին՚:

Թուրքիոյ մէջ պատմաբանները գրեթէ չանդրադարձան գիրքին: Զարմանալիօրէն, ան լուրջ ուշադրութեան չարժանացաւ նաեւ Հայաստանի պատմաբաններուն կողմէ, մամուլին մէջ լուրջ քննարկումներ չեղան: Լիբանանահայ պատմաբան Զաւէն Մսըրլեանը ՙԹալէաթի Սեւ Տետրակը՚ խորագրով ուսումնասիրութիւն մը հրապարակեց Պէյրութի մէջ, իսկ Սարա‎ֆեանը Թալէաթի անձնական արխիւի հրապարակումէն քանի մը ամիս ետք` 2009-ի Մարտին մամուլին մէջ ընդարձակ վերլուծութիւն մը նուիրեց անոր, իսկ 2011-ի Ապրիլին անգլերէնով տպագրեց ՙԹալէաթ Փաշայի Զեկոյցը Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին, 1917՚ աշխատութիւնը:

Ինչպէս գիրքին, այնպէս ալ հարցազրոյցներուն մէջ, Սարաֆեանը կը պնդէ, որ Թալէաթի անձնական արխիւի փաստաթուղթերով իրականութեան մէջ տրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան յատուկ գնահատականը: ՙԵս կը փորձէի գնահատել Թալէաթի զեկոյցին կարեւորութիւնը որպէս պատմական փաստաթուղթի: Այդ ընելէն յետոյ որոշեցի ներկայացնել զեկոյցին տուեալները որպէս պաշտօնական դիրքորոշում Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ` ըստ Օսմանեան փաստաթուղթերուն: Փորձած եմ նաեւ հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ ներկայացնել, թէ Օսմանեան Կայսրութեան հայկական տարբեր համայնքներն ինչպէ՞ս վերապրեցան այդ ժամանակահատուածը: Ես չեմ փորձեր ուսումնասիրել թիւերը, ատիկա կրնայ ժամանակի ընթացքին կատարուիլ՚,- ըսած է հայազգի պատմաբանը:

Ժամանակակից թրքերէնի եւ օսմաներէնի գիտակ հայ պատմաբանը մերժելի կը նկատէ ՙտեղափոխութիւն՚ որակումը, քանի որ, իրականութեան մէջ, Օսմանեան Կայսրութեան հայոց մեծամասնութիւնը, կոպիտ հաշուարկով` աւելի քան 80 տոկոսը, փաստօրէն, ըստ Թալէաթի թուղթերուն, ՙանհետացած է 1914-ի եւ 1917-ի միջեւ ինկած ժամանակահատուածին՚: ՙԱնոնց մեծ մասը հաւանաբար սպանուած է, իսկ մեծ թիւով կանայք եւ երախաներ իսլամ ընտանիքներու ղրկուած են՚:

Ըստ Թալէաթի թուղթերուն, 1914-ին, Օսմանեան Կայսրութեան մէջ պաշտօնական տուեալներով հաշուարկուած էր 1 միլիոն 112 հազար 614 հայ: Սարաֆեանը կ’ընդգծէ, որ ՙայս թիւը ճշգրտման կարիք ունի, յատկապէս եթէ հաշուի առնենք, որ այդ թուականին պաշտօնական մարդահամար չէր կատարուած՚: ՙԹալէաթի ամփոփ վերլուծութիւնն ուշագրաւ ծանօթագրութիւն մը կը ներառնէ, ըստ որուն, զեկոյցին մէջ նշուած հայոց պաշտօնական թիւը 1914-ին չէր ներառներ կաթոլիկ հայերը եւ առաքելական ու կաթոլիկ հայոց (չէին ներառնուեր նաեւ շուրջ 40 հազար հայ աւետարանականները, որոնց մեծ մասը նոյնպէս տեղահանուած եւ սպանուած է) թիւն ուղղած է ու ներկայացուցած 1 միլիոն 256 հազար 403 հոգի: Ծանօթագրութեան մէջ նաեւ նշուած է, որ հայոց ընդհանուր թիւը պէտք է հասցուի մօտ 1.5 միլիոնի` անոնց թիւը նուազեցնելու միտումը հաշուի առնելով: Այդպիսով, 1914-1917 ժամանակահատուածին շուրջ 1 միլիոն 100 հազար հայ անհետացեր է՚,- բացատրած է Սարաֆեանը:

Ըստ Սարաֆեանին, Թալէաթի տեղեկատուութիւնը Օսմանեան Կայսրութեան քանի մը շրջաններու տուեալներ չի ներառեր. ՙԱռաջին կարգին ատիկա Ճանիկն (Սամսուն) ու Էտիրնէն են, ուր նոյնպէս տեղահանումներ կ’իրականացուէին: Ատկէ բացի, պարզ չէ, թէ քանի՞ հայ կրցած է դէպի արեւելք փախչիլ եւ թէ ի՞նչ եղաւ անոնց հետ անկէ ետք: Եթէ անոնք սովէն կամ ցուրտէն մահացած են, արդեօք պէտք չէ՞ անոնք ալ ցեղասպանութեան զոհ նկատուին՚:

Թալէաթի հրապարակուած փաստաթուղթերը եւ անոր` դեռ 1915 թուականին Օսմանեան Կայսրութեան մէջ Ա. Մ. Ն.ի դեսպան Հենրի Մորկընթաուի հետ զրոյցները Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութեան թրքական ուղղակի հաւաստիացումներ են:

Հատուածներ Թալէաթի ու Մորկընթաուի զրոյցէն.

ՙ(Թալէաթը) նշեց, որ արդէն ձերբազատուած են անոնց (հայոց) երեք քառորդէն, եւ Պիթլիսի, Վանի, Էրզրումի մէջ ոեւէ մէկը չէ մնացած: Իսկ ատելութիւնն այնքան սաստիկ է, որ անոնք պէտք է աւարտին հասցնեն զայն: Ան ըսաւ, որ հայոց համար հոգ կը տանին [Տէր] Զօրի մէջ եւ այլուր, բայց չեն ուզեր, որ անոնք (հայերը) Անատոլուի մէջ ըլլան: Ես երեք անգամ շեշտեցի, որ լուրջ սխալ թոյլ կու տան եւ անպայմանօրէն պիտի զղջան ատոր համար: Ան ըսաւ. ՙՄենք գիտենք, որ սխալներ գործած ենք, բայց ատոր համար երբեք չենք զղջար՚:

ՙՕր մը մենք կը խօսէինք հայու մը մասին, եւ ես Թալէաթին ըսի, որ ան սխալ կարծիք ունի այդ հայուն մասին` զայն թուրքերու թշնամի նկատելով: Իրականութեան մէջ, ան թուրքերու ընկերն է: ՙՈ՛չ մէկ հայ՚,- պատասխանեց Թալէաթը, ՙկրնայ մեր ընկերն ըլլալ այն ամէնէն ետք, ինչ ըրինք անոնց նկատմամբ՚:

ՙՃշմարիտ եմ, ջանասէր եմ, բայց թուրք չեմ՚

21 Յունուար 2007-ին Էջմիածնի Մայր Տաճարին եւ Հայաստանի ու աշխարհի բոլոր հայկական եկեղեցիներուն մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան մասնաւոր պաշտօն կը կատարուէր 19 Յունուարին դաւադրաբար սպանուած Հրանդ Տինքի հոգիի խաղաղութեան համար:

Սթամպուլի ՙԱկօս՚ շաբաթաթերթի հիմնադիր եւ խմբագիր Տինքը սպանութենէն երկու օր առաջ հարցազրոյց տուած էր ռուսաստանեան ՙՌԻԱ – Նովոսթի՚ գործակալութեան: Ատիկա 53-ամեայ հայ լրագրողին վերջին հարցազրոյցն էր:

Հարց – ՙԱկօս՚ թերթին մէջ դուք հանդէս կու գաք ի պաշտպանութիւն Թուրքիոյ ո՛չ միայն հայ, այլեւ բոլոր փոքրամասնութեանց: Չէ՞ք վախնար:

Տինք – Ի հարկէ կը վախնամ: Եթէ կ’ուզես գիտնալ, այդ վախը զիս ամէն օր կը հետապնդէ: Դուքերբեւէ հետեւա՞ծ էք աղաւնիին: Ան ամբողջ ժամանակ գլուխը կը պտըտցնէ, իւրաքանչիւր շրշիւնէն կը ցնցուի եւ նուազագոյն առիթի պարագային հեռու թռչելու պատրաստ է: Ատիկա կարելի չէ կեանք անուանել, միայն թէ ես, ի տարբերութիւն աղաւնիին, որեւէ տեղ չէի կրնար թռչիլ:

Հարց – Դուք երկու անգամ դատարանի առջեւ կանգնեցաք թուրք ազգը վիրաւորելու համար: Նոպէլեան Մրցանակի դափնեկիր Օրհան Փամուքն ալ կը մեղադրէին, սակայն, ի տարբերութիւն ձեզի, զայն չդատեցին: Ինչպէ՞ս եղաւ:

Տինք – Զիս դատապարտեցին 6 ամսուայ պայմանական ազատազրկման: Ոեւէ մէկը չի կրնար գուշակել, թէ ինչո՞ւ տխրահռչակ 301-րդ յօդուածին պատճառով մէկը կը դատեն, իսկ մէկ ուրիշը՝ չեն դատեր: Այդ յօդուածին ձեւակերպումը – որուն վերացումը Ե. Մ.ն արդարացիօրէն կը պահանջէ – ոեւէ դատաւորի ձեռքերու ազատութիւն կու տայ: Դատաւորի հարցին մէջ պարզապէս բախտ չունեցայ: Ան զիս մեղադրեց, որ իբր թէ պնդեր եմ, թէ թուրքերուն արիւնը աղտոտ է, ինչն, անշուշտ, լիակատար զառանցանք է:

Հարց – Դուք ՙԱկօս՚ թերթը կը հրատարակէք: Անոր տպաքանակը մեծ չէ: Ինչո՞ւ Թուրքիոյ մէջ որոշ մարդոց անիկա այդչափ վտանգաւոր կը թուի:

Տինք – Ճիշդ է: Թերթին տպաքանակը շուրջ 6 հազար է: Որոշակի ոյժերու կ’անհանգստացնէ, որ զայն կը կարդան շատ աւելի մեծ թիւով մարդիկ, եւ ոչ միայն Թուրքիոյ մէջ:

Հարց – ՙԱկօս՚ը հայկական փոքրամասնութեան թերթը կը սեպուի: Ինչո՞ւ լոյս կը տեսնէ թէ՛ հայերէնով եւ թէ՛ թրքերէնով:

Տինք – Նոյն այդ պատճառով ալ անիկա այդչափ վտանգաւոր է մեր հասարակութեան որոշակի ազգայնական շրջանակներու համար: Մեր թերթը ճշմարտութիւնը կը պատմէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Բայց, միաժամանակ, այդ իրադարձութիւնը կը վերաբերի պատմութեան, որմէ մենք պէտք է դասեր քաղենք:

Հարց – Հայ ըլլալը Թուրքիոյ մէջ իրօ՞ք այդքան գէշ բան է:

Տինք – Եթէ մէկնումէկը բերանը գոց պահէ` դժուար թէ խնդիրներ ունենայ: Բայց նոյնիսկ պատանեկութեանս շրջանին ինծի համար դժուար էր դպրոցի երգչախումբին հետ երգել, թէ թուրք ըլլալուս համար որքան հպարտ եմ: Մեր երկրին մէջ հպարտանալու բաներ ի հարկէ կան, բայց ես թուրք չեմ:

Հարց – Ե՞րբ դուք ձեզի հանդէպ իսկական խտրականութիւն զգացիք:

Տինք – Բանակին մէջ ծառայութիւնս աւարտելով՝ կրնայի զինուորական յառաջխաղացումս շարունակել եւ սպայ դառնալ: Այդ ժամանակ ես արդէն ամուսնացած էի, երկու երախայ ունէի եւ երրորդը կը սպասէինք: Կոչում ստանալու համար, բանակի թուրք շատ ծառայակիցներուս նման, քննութիւններ տուի: Անկէ ետք, սպայի կոչման բոլոր յաւակնորդները պէտք է կարգով կանչէին եւ յատուկ մետալներ շնորհէին: Միայն ի՛մ անունս չկարդացին: Այդժամ ես հասկցայ, որ աշխարհիկ պետութիւն դարձած Թուրքիոյ մէջ անհնար է սպայ դառնալ, եթէ իսլամ չես: Այդժամ ես իրականին մէջ առաջին անգամ ըլլալով հասկցայ, թէ Թուրքիոյ մէջ հայ ըլլալն ինչ կը նշանակէ:

Հարց – Ձեր թերթի վերջին թիւի նիւթերէն մէկուն մէջ դուք հարց տուած էք. ՙԻ՞նչը զիս թիրախ կը դարձնէ՚:

Տինք – Այդ հարցին պատասխանը աւելի շատ հայոց կը վերաբերէր, քան թուրքերուն: Ես կը կարծեմ, թէ նման չեմ շատ հայերու, որոնք վտանգի պարագային գլուխները պահել կը նախընտրեն: Բայց ամբողջ ժամանակ պահուըտիլն ո՞ւր կրնայ հասցնել: Ճիշդ ա՛յդ է, որ զիս թիրախ կը դարձնէ, եւ, ցաւօք, ո՛չ միայն զիս: Այդ ամէնը ընտանիքիս ալ կ’առնչուի: Կնոջ եւ երախաներու համար դիւրին չէ իմանալ, որ իրենց հայրն անընդհատ հաշուեյարդարի սպառնալիքներ կը ստանայ՝ թէ՛ հեռաձայնով եւ թէ՛ էլեկտրոնային նամակով: Կը տեսնէ՞ք, երբ ես սկիզբը զիս կը համեմատէի աղաւնիի հետ, ապա՝ որովհետեւ աղաւնին, որքան ալ վախնայ, այնուհանդերձ, կ’ուզէ ազատութեան մէջ ըլլալ: Եւ սա ճիշդ այն է, ինչի համար ես կը պայքարիմ՝ որպէսզի բոլորս ազատութեան մէջ ըլլանք:

Հարց – Բայց դուք այս երկրէն կրնայիք հեռանալ:

Տինք – Ես կ’ուզեմ պայքարս հո՛ս շարունակել: Չէ՞ որ անիկա միայն ի՛մ պայքարս չէ: Անիկա պայքարն է բոլոր անոնց, որոնք Թուրքիոյ ժողովրդավարացման կը ձգտին: Եթէ ես յանձնուիմ եւ երկիրէն հեռանամ` խայտառակութիւն կ’ըլլայ բոլորին համար: Նախնիներս ապրած են ա՛յս երկրին մէջ, հո՛ս են արմատներս, եւ ես իրաւունք ունիմ մեռնելու այն երկրին մէջ, ուր ծնած եմ:

Հրանդ Տինքի վերջին յօդուածը` ՙՀոգեվիճակս Վախցած Աղաւնիի Նման Է՚, տպագրուեցաւ անոր սպանութենէն ետք: Այդ յօդուածը լիովին կը պատկերէ Թուրքիոյ քաղաքացի հայ մարդու հոգեվիճակը մօտալուտ սպանութեան նախօրեակին:

ՙՑաւալի էր, որ նպատակին հասած էին անոնք, որոնք զիս մեկուսացնելու, տկար եւ անպաշտպան դարձնելու համար ջանք չէին խնայեր: Աւելին, հասարակութիւնը կեղծիքներով ապակողմնորոշելու եւ սխալ տեղեկութիւններ հաղորդելու միջոցով անոնք յաջողած էին ձեւաւորել մարդոց զգալի շրջանակ մը, զոր Հրանդ Տինքը իբրեւ ՙթուրքերը նսեմացնող՚ անձ կը դիտէր: Համակարգիչիս յիշողութիւնը լի է այս շրջանակէն տարբեր քաղաքացիներու ղրկած հարիւրաւոր նամակներով, որոնք զայրոյթ եւ սպառնալիք կը պարունակեն: Համացանցային այդ նամակներէն մէկը ղրկուած է Պուրսայէն, որու բովանդակութեան վտանգաւորութեան մտահոգութեամբ զայն յանձնած եմ Շիշլիի դատախազութեան, սակայն առ այսօր որեւէ պատասխան չեմ ստացած:

Ինչ խօսք, չէք կրնար ըսել, թէ այս սպառնալիքները որքանով են իրատեսական, որքանով` ոչ: Իսկ ինծի համար սպառնալիքի բուն աղբիւրը հոգեբանական այն տանջանքն է, զոր ինքս կ’ապրիմ: Ուղեղս տագնապած էր ՙՀիմա մարդիկ ի՞նչ կը մտածեն իմ մասիս՚ հարցով: Ցաւօք, ներկայիս զիս աւելի շատերը կը ճանչնան, քան առաջ, եւ կը զգամ, որ մարդիկ շշուկով իրարու կ’ըսեն. ՙՆայէ՛, ասիկա այն հայը չէ՞՚:

Զիս պատող տանջանքին մէկ կողմը հետաքրքրութիւնն է, միւսին` մտահոգութիւնը: Մէկ կողմը` զգօնութիւնը, իսկ միւսին` երկչոտութիւնը: Աղաւնիին նման: Անոր պէս հայեացքս աջ, ձախ, ետեւ ու առջեւ կ’ուղղեմ: Գլուխս անոր գլուխին նման անընդհատ շարժման մէջ է, իսկ շարժումներս` նոյնքան արագ:

Ահա՛ սա է այդ ամէնուն գինը: Արտաքին գործոց նախարար Ապտուլլահ Կիւլն ի՞նչ կ’ըսէր: Արդարադատութեան նախարար Ճեմիլ Չիչէքն ի՞նչ կ’ըսէր: Կ’ըսեն. ՙ301-րդ յօդուածն այսքան չափազանցնելու կարիք չկայ: Մի՞թէ այս յօդուածով ոեւէ մէկը դատապարտուած կամ բանտարկուած է՚: Կարծես գին վճարելը միմիայն բանտարկութիւն կ’ենթադրէ: Ահա՛ ձեզի այդ ամէնուն գինը… Ահա՛ գին վճարելը… Ով նախարարնե՛ր, դուք գիտէ՞ք, թէ մարդը աղաւնիի երկչոտութեան դատապարտելն ինչպիսի¯ ծանր գին է: Գիտէ՞ք: Մի՞թէ աղաւնի երբեւէ չէք տեսած:

Ամենեւին դիւրին չեն ապրումներս, ընտանիքիս ապրումները: Եղած են պահեր, որ լրջօրէն մտածեմ երկրէն հեռանալու մասին: Յատկապէս այն ժամանակ, երբ սպառնալիքները մերձաւորներուս ուղղուած են: Այդ պահերուն ես զիս միշտ ճարահատեալ զգացած եմ: Ահա՛ այսպիսի անելանելի պահերուն ապաստանեցայ ընտանիքիս, երախաներուս եւ ամենամեծ աջակցութիւնն ալ անոնցմէ ստացայ: Ես ուր ըլլայի, անոնք ալ հոն ըլլալու էին: Եթէ ըսէի` ՙԵրթա՛նք՚` գալու էին, ՙՄնա՛նք՚` կը մնային: Շա՛տ բարի: Բայց ո՞ւր երթալ: Հայաստա՞ն: Ինչպէ՞ս կրնար ինծի նման մէկը, որ կ’ընդվզի անօրինականութեանց դէմ, հանդուրժել հոն կատարուող անօրինականութիւնները: Հոն զիս գուցէ աւելի մեծ փորձութիւննե՞ր կը սպասէին: Իսկ եւրոպական երկիրներ երթալն ինծի համար չէր… Եթէ մենք ստիպուած ճամբայ ելլէինք… Ճամբայ պիտի իյնայինք այնպէս, ինչպէս 1915-ին… Մեր պապերը… Առանց իմանալու դէպի ուր… Քալելով այն ճամբաներով, զորս անոնք բոպիկ անցեր են… Տանջուելով եւ անոնց վիշտն ապրելով… Ահա՛ այսպիսի կանխազգացողութեամբ լքելու էինք հայրենիքը: Երթալու էինք հոն, ուր կը տանէին մեր ոտքերը, այլ ոչ թէ կ’ուզէր սիրտը…

Հաւանական է, որ 2007-ն ինծի համար աւելի ծանր տարի ըլլայ: Դատավարութիւնները կը շարունակուին, դէմս դատական նոր գործեր կը յարուցուին: Ո՞վ գիտէ, թէ ես դեռ ինչպիսի՜ անարդարութեանց պիտի բախիմ:

Բայց եւ այնպէս, միակ երաշխիքս պիտի նկատեմ հետեւեալ ճշմարտութիւնը. ՙԱյո՛, ես վախուորած աղաւնիի հոգեվիճակին մէջ եմ, սակայն գիտեմ, որ այս երկրին մէջ մարդիկ աղաւնիներուն ձեռք չեն տար՚: Աղաւնիները կը շարունակեն իրենց գոյութիւնը քաղաքի խորքերուն, նոյնիսկ մարդոց խիտ բազմութեան մէջ:

Գուցէ քիչ մը երկչոտ, բայց եւ` անկախ՚:

Տինքի յուղարկաւորութեան ընթացքին մարդիկ ճերմակ աղաւնիներ բաց ձգեր էին: ՙԱկօս՚ի խմբագրատան առջեւ – ուր սպանուած էր Տինքը – տասնեակ հազարաւոր մարդիկ պարզած էին ՙՄենք բոլորս Հրանդ Տինք ենք՚, ՙՄենք բոլորս հայ ենք՚ գրութիւններով պաստառներ: Հայազգի խմբագրապետին սպանութիւնը դատապարտեցին աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու նախագահներ, բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, միջազգային կազմակերպութեանց ղեկավարներ:

Թրքական հասարակութեան մէկ ուրիշ հատուածն անընդունելի սեպեց ՙՄենք բոլորս Հրանդ Տինք ենք՚, ՙՄենք բոլորս հայ ենք՚ մօտեցումը: Սպանութենէն ընդամէնը տասն օր ետք Տրապիզոնի մարզադաշտին մէջ հաւաքուած հազարաւոր ‎ֆ‎ութպոլասէրներ պարզած էին ՙՄենք Տրապիզոնէն ենք, մենք բոլորս Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքն ենք՚ արտայայտութիւնները կրող պաստառներ` այդպիսով իրենց համերաշխութիւնը յայտնելով տրապիզոնցի 17-ամեայ մարդասպան Օկիւն Սամասթին եւ հերոսացնելով զայն: Նոյն օրերուն, թրքական մամուլը տպագրեց լուսանկարներ, որոնց մէջ Սամասթը ոստիկաններու հետ կ’երեւէր: Մարդասպանը պարզեր էր Թուրքիոյ դրօշը, իսկ ետնաբեմին նոյնպէս Թուրքիոյ դրօշով մեծադիր պաստառ մըն էր, որու վրայ Աթաթուրքի խօսքերն էին. ՙՊետութեան հողը սուրբ է, զայն կարելի չէ բախտի քմահաճոյքին ձգել՚:

Ներողութիւն կը խնդրեն

2008-ի Դեկտեմբերի կէսերուն շուրջ 200 թուրք մտաւորականներ համացանցին մէջ տեղադրեցին յայտարարութիւն մը, որով անոնք հայերէն ներողութիւն կը խնդրէին Առաջին Աշխարհամարտի տարիներուն Օսմանեան Կայսրութեան մէջ հայոց հետ տեղի ունեցածին համար, զայն անուանելով ՙՄեծ աղէտ՚ թրքերէնով, իսկ հայերէն տարբերակին մէջ` ՙՄեծ Եղեռն՚: Կարճ ժամանակի մէջ, աւելի քան երեսուն հազար թուրքեր ներողութեան այս արշաւին միացան:

ՙԵս ներողութիւն կը խնդրեմ՚ խորագիրով յայտարարութեան մէջ կ’ըսուէր. ՙԽիղճս չ’ընդունիր, որ մենք անհաղորդ մնանք եւ ուրանանք այն Մեծ Աղէտը, որուն Օսմանեան Թուրքիոյ հայերը ենթարկուած են 1915 թուականին: Ես կը մերժեմ այդ անարդարութիւնը, կը կիսեմ հայ եղբայրներուս զգացմունքներն ու ցաւը եւ անոնցմէ ներողութիւն կը խնդրեմ՚:

Նախաձեռնութեան հեղինակներէն Ճենկիզ Աքթարն ըսած է, որ ներողութեան արշաւը ոեւէ մէկուն դէմ ուղղուած քայլ չէ. ՙՄենք մեր անձնական ներողութիւնը կը խնդրենք մեր հայ եղբայրներէն ու քոյրերէն` այդ հարցը գրեթէ հարիւր տարի քննարկած չըլլալուն համար: Բոլոր թուրքերու պարտականութիւնն է մտածել եւ բարձրաձայն արտայայտուիլ, թէ ինչո՞ւ հայերն այլեւս չեն ապրիր այն տարածքներուն մէջ, ուր չորս հազար տարի ապրած են՚:

Թրքական քաղաքական եւ հասարակական շրջանակներուն մէջ այս նախաձեռնութեան արձագանգը հակասական էր: Եթէ նախագահ Կիւլը յայտարարեց, որ ՙիւրաքանչիւրն ազատ է արտայայտելու իր տեսակէտը՚, ապա վարչապետ Էրտողանը քննադատեց նախաձեռնութիւնը. ՙՍկսուած արշաւը չեմ ընդունիր եւ անոր չեմ սատարեր: Բացի տագնապներ յարուցելէ եւ մեր անդորրը խախտելէ` ան որեւէ օգուտ չի տար՚: Ա. Շ. Կ.ի առաջնորդ Պահչելին դատապարտեց. ՙԿ’ամչնամ այս արշաւը նախաձեռնած մարդոց համար՚: Թրքական զինուած ոյժերու խօսնակը յայտարարեց, որ ՙայս ներողութիւնը սխալ է եւ անիկա կրնայ վտանգաւոր հետեւանքներ ունենալ՚:

Մտաւորականներու արշաւէն կարճ ժամանակ ետք 146 թուրք նախկին դեսպաններ հակառակ յայտարարութիւնն ըրին. ՙԱյսօր հայկական ահաբեկչութիւնն իր առաքելութիւնն ի կատար ածած է: Մենք տեղեակ ենք, որ նախագիծին երկրորդ փուլը կը նախատեսէ ներողութեան հայցում, իսկ յաջորդ քայլը կ’ըլլայ տարածքներու եւ փոխհատուցման պահանջը՚:

Հրանդ Տինքը կ’ըսէր. ՙՓափաքս է Թուրքիան տեսնել Ե. Մ.ի մէջ: Համոզուած եմ, որ Թուրքիան ժողովրդավարական ըլլալով` պէտք է ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Չեմ կարծեր, որ Թուրքիան, Հայոց Ցեղասպանութիւնն ընդունելով ժողովրդավար կը դառնայ: Հակառակ պարագային, ոչ-ժողովրդավար Թուրքիոյ կողմէ 1915 թուականի ճանաչումը հայերուս քիչ բան կու տայ: Մեծ տէրութեանց ճնշումով Թուրքիան օր մը կը ճանչնայ, բայց ատիկա թուրքերու մտածողութեան մէջ շատ բան չի փոխեր. եթէ պատմութեան մէջ նորէն բան մը տեղի ունենայ, ապա թուրքերը հայոց գէշութիւն ընելու նորէն առիթ կը գտնեն՚:

Շարունակելի

Հայացք Արարատէն. Հայերը եւ Թուրքերը, արևմտահայերենՀայեացք Արարատէն. հայերը եւ թուրքերը` պատերազմ, պաղ պատերազմ, դիւանագիտութիւն գիրքը բաղկացած է երեք մասերէ` հայ-թրքական յարաբերութիւնները 1918-1921, Խորհրդային Միութեան տարիներուն կայացած յարաբերութիւնները եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները 1988-էն այսօր: Գիրքի պատրաստութեան համար Թաթուլ Յակոբեան բազմաթիւ զրոյցներ ունեցած է պետական պաշտօնեաներու հետ, օգտագործած է բազմատեսակ աղբիւրներ, կատարած է այցելութիւններ եւ ուսումնասիրած է բազմաթիւ հրատարակութիւններ: Հեղինակը հայ-թրքական յարաբերութիւններու հարիւրամեայ պատմութիւնը ներկայացնելով պատմաբանասիրականը կը միացնէ լրագրականին եւ առարկայականը` վերլուծականին:

Փափուկ կազմ, 515 էջ,
լեզուն՝ արեւմտահայերէն,
2012, Անթիլիաս,
ISBN 978-995302343-4