Սեւ Յունուար՝ ջարդեր Պաքուի մէջ. 1990 թուական

1276

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ԿԱՆԱՉ ու ՍԵՒ. ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՕՐԱԳԻՐ գիրքէն

Տասնմէկերորդ գլուխ

Ռուսաց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցչուհի Նելլի Ղուկասեանը Պաքուէն Հայաստան տեղափոխուած էր 1988ի Նոյեմբերին, երբ ընթացքի մէջ էին հայկական ջարդերն ու էթնիկ զտումները Կեանճայի ու Ատրպէյճանի այլ վայրերուն մէջ: Ան ընտանեօք կը հաստատուի Էջմիածնի պանդոկին մէջ եւ որոշ ժամանակ յետոյ Վեզիրովի ՙմեծ խնդրանքով՚, տասնեակ մը հայ ընտանիքներու հետ Ատրպէյճան կը վերադառնայ:

Կարճ ժամանակ ետք, սակայն, Ղուկասեանը հարազատ քաղաքը նորէն լքելու ստիպուած էր: 1990ի Յունուարին հայկական ջարդերու նոր թատերաբեմ կը դառնան Պաքուի հայկական թաղամասերը: Ի տարբերութիւն Ատրպէյճանի հայաշատ միւս բնակավայրերուն, հազարաւոր հայեր դեռ մնացած էին Պաքուի մէջ: Անոնք կրնային նախորդ երկու տարիներուն ընթացքին փոխանակել բնակարանները կամ պարզապէս փրկել իրենց կեանքը, սակայն մինչեւ վերջ հաւատացին Պաքուի միջազգայնականութեան:

ՙԵս տունիս պատուհանէն թաքուն կերպով կը նայէի եւ կը տեսնէի, թէ ի’նչ կը կատարուի փողոցին մէջ. խարոյկներ կը վառէին, հայոց ունեցուածքով բեռնուած ինքնաշարժները կը կողոպտէին: Մեր շէնքին երկրորդ յարկը կը բնակէր Ալլա Խաչանեանը: Երբ անոր տան դուռն սկսան կացինով ջարդել, աղջիկն ինքզինք փողոց նետեց պատուհանէն: Մարդիկն ու կահ-կարասին կը նետէին բարձրայարկ շէնքերէն: Սարսափելի տեսարան էր: Երբ զինուորներուն օգնութիւնը կը խնդրէինք` անոնք կ’ըսէին, թէ հրաման չունին: Երբ Ժողճակատի գրոհայինները կը ջարդէին հայոց բնակարաններուն դուռերը` մեզ իրենց տան մէջ պահեցին Երեւանէն ատրպէյճանցի փախստականները: Ես եւ ամուսինս մեր ռուս հարսին օգնութեամբ հասանք Պաքուի նաւահանգիստ, հոնկէ` Քրասնովոտսք (այժմ` Թիւրքմէնպաշի)՚,- սարսափով կը յիշէ Ղուկասեանը:

Ժամանակի մամուլը արձանագրած է. ՙԽորհրդային Վրաստան՚ լաստանաւը կը մօտենայ Քրասնովոտսքի նաւահանգիստին: Յոգնած, տանջուած մարդիկ կ’իջնեն նաւասանդուղքէն: ՙԱռաջին օրերուն սարսափելի էր նայիլ բոկոտն, ծեծուած, խոշտանգուած մարդոց: Երկու հոգի` 85 տարեկան տղամարդ մը եւ 90 տարեկան կին մը վէրքերէն ու ծեծէն մահացան նաւին մէջ: Քանի մը հոգի տեղաւորած ենք քաղաքային հիւանդանոցին մէջ՚,- ըսած է Քրասնովոտսքի ոստիկանութեան ղեկավարներէն Եուրի Քարամզինը: Քաղաքի Քաղկոմի քարտուղար Ն. Մուրավեովան կը վկայէ. ՙՏասը հազարէն աւելի փախստական ընդունած ենք: Գրեթէ բոլորը օդանաւերով Երեւան ղրկած ենք: Սարսափելի տեսարան էր՚:

Ինչպէս Սումկայիթի մէջ` յարձակողներուն գործողութիւնները առանձնայատուկ դաժանութեամբ աչքի կ’իյնային: Մարդիկը կը նետէին վերին յարկերու իրենց բնակարաններու պատշգամբներէն, ամբոխը կը յարձակէր եւ երկաթեայ ձողերով, դանակներով կը սպաննէր հայերը, ուղղակի կը բռնագրաւէր անոնց բնակարանները, ունեցուածքը: Թէ որքա՞ն հայ սպաննուած է Պաքուի ջարդերու օրերուն` յստակօրէն անհնար է ըսել. հայերը 150 հոգի կը նշեն, ներառեալ անոնք, որոնք ստացած վէրքերէն քանի մը օր յետոյ մահացան Թիւրքմէնիստանի մէջ եւ այլուր: Արիֆ Եունուսովը 86 թիւը կը նշէ:

1989ի Դեկտեմբերէն` Պաքուի մէջ մնացած հայերը աշխատանքէն կ’ազատէին: Այդ պահանջը մտածուած կերպով կամ առանց մտածելու չկատարող անհնազանդ կամ դանդաղաշարժ ղեկավարներուն մականունները Ժողճակատի` Լեյթենանթ Շմիտդի փողոցին մէջ գտնուող նստավայրի առջեւի յատուկ ցուցատախտակներուն կը փակցնէին: Նոյն վայրին մէջ, ցուցատախտակներու վրայ կը փակցնէին նաեւ այն հարիւրաւոր հայոց մականունները, որոնք դեռ կը շարունակէին Ատրպէյճանի Կոմկուսի Կենտկոմին եւ Պ. Ա. Կ.ի համակարգին մէջ աշխատիլ: Նման յայտարարութեանց համար կ’օգտագործէին նաեւ հին սիւները ժամանակին սինակոկ եղած շէնքին, զոր քանի մը տարի առաջ Ռաշիտ Պէյպութովի երգի թատրոն յայտարարուած էր:

Մոսկուայի ՙՔոմսոմոլսքաեայ Փրաւտա՚ թերթը գրած է. ՙ13 Յունուարին, ժամը 17էն յետոյ Լենինի հրապարակի հանրահաւաքէն դուրս եկած մօտ 50 հազար հոգի, խումբերու բաժնուելով, ջարդեր, աւերածութիւններ, հրկիզումներ, բռնութիւններ եւ սպանութիւններ կատարեց: Ձերբակալուածներուն մէջ պաքուցի մը չկայ, անոնք բոլորն ալ Հայաստանէն, Ղարաբաղէն եւ Նախիջեւանէն են` ՙերեւանեան ազերիներ՚:

Ժողճակատի առաջնորդներէն Էթիպար Մամէտովը 1990ի Յունուարին ըսած է. ՙԵս անձամբ վկայ էի, երբ երկաթուղային կայարանէն ոչ հեռու երկու հայ սպաննեցին: Ամբոխը հաւաքուած էր: Անոնց վրայ պէնզին լեցուցին եւ այրեցին, իսկ երկու հարիւր մեթր հեռուն Նասիմիի շրջանի ոստիկանութեան բաժանմունքն էր, հոն ներքին զօրքերու 400-500 զինուոր կար, որոնք ինքնաշարժով` 20 մեթր մօտէն անցան այդ ածխացած դիակներուն քովէն եւ որեւէ մէկը ամբոխը ցրելու փորձ չըրաւ՚: Այս սահմռկեցուցիչ պատկերը նկարագրելէն ետք Մամէտովը արդարացուցած է Ժողճակատը. ՙՄեր եռանդուն անդամները շրջափակեցին այդ շրջանը եւ ոստիկանութեան բաժանմունքէն պահանջեցին ցրել ամբոխը՚:

Պաքուի հայկական ջարդերը տեղի կ’ունենային այն օրերուն, երբ Ժողճակատը իշխանութեան կը ձգտէր Ատրպէյճանի մէջ: Մէկ կողմէ` Ատրպէյճանի համայնավար ղեկավարութիւնը իշխանութիւնը պահելու համար Մոսկուայէն օգնութիւն կ’ակնկալէր ճակատայիններուն դէմ պայքարին մէջ, միւս կողմէ` կը համագործակցէր անոնց հետ:

ՙ11 Դեկտեմբեր 1989ին հեռատեսիլը ռեփորթաժ մը ցուցադրեց գործարանի մը մէջ բանուորներու հետ առաջին քարտուղարի հանդիպումին մասին: Բանուորներէն մէկը Վեզիրովին հարցուց, թէ Ղարաբաղի հետ ի՞նչ պիտի ըլլայ: Վեզիրովը խանդավառուած պատասխանեց. ՙԱմէն ինչ լաւ պիտի ըլլայ: Շուտով կը տեսնէք: Յանուն Ղարաբաղի` Կոմկուսն ու Ժողճակատը պիտի միաւորուին՚: Վեզիրովն ի՞նչ նկատի ունէր ՙջանքերը համատեղել՚ ըսելով: Ժամանակ մը` Վերակառուցմանը աջակցող Ժողճակատին հետ ջանքերը համատեղելու մեր առաջարկէն ան կը հրաժարէր, իսկ ահա’ այժմեան ջարդարար-խռովարար Ժողճակատին հետ արդէն պատրաստ է միաւորուելու: Ան տեղեակ է՞ր, որ ջարդ կը նախապատրաստուի, որ զինք պիտի հեռացնեն եւ իշխանութիւնը զաւթելու փորձ պիտի ըլլայ: Թէ՞ ան այնքան էր կտրուած իրականութենէն, որ ակնյայտը չէր տեսներ: Թէ՞ ան տեղեակ էր այդ ամէնուն եւ Ժողճակատը ջախջախելու Մոսկուայի խաղը առջեւ կը տանէր՚,- կը հարցնէ Զարտուշդ Ալիզատէն:

Պաքուի հայկական ջարդերէն առաջ բանակցութիւններ կը տարուէին մէկ կողմէ Վեզիրովի ու անոր փաստացի տեղակալ, Ղարաբաղի մէջ Կազմկոմիտէի ղեկավար նշանակուած Փոլեանիչքոյի, միւս կողմէ` Ժողճակատի եռեակի` Էթիպար Մամէտովի, Նեյմէթ Փանահովի եւ Ռահիմ Ղազիեւի միջեւ: Պայմանաւորուածութիւն ձեռք կը բերուի ձեւաւորելու ՙԱզգային Պաշտպանութեան Խորհուրդ՚, որուն նպատակը Ղարաբաղէն հայոց զանգուածային արտաքսումը կազմակերպելն էր: 13 Յունուարին, ՙԱզատլըք՚ (նախկին Լենինի) հրապարակին մէջ յայտարարուեցաւ ՙԱզգային Պաշտպանութեան Խորհուրդ՚ին ստեղծումը` Ապուլֆազ Ալիեւի (Էլչիպէյ) նախագահութեամբ: Խորհուրդին միւս անդամներն էին Մամէտովը, Փանահովը, Ղազիեւը եւ Խալիք Պահատըրը (արմատական ազգայնական անյայտ լրագրող մը): Հանրահաւաքն անցաւ հայրենասիրական ոգիով` հակահայկական նշանաբաններու տակ: Հանրահաւաքի ընթացքին ելոյթ ունեցողները յայտնեցին, որ Պաիլիի շրջանին մէջ հայ մը ատրպէյճանցի մը սպաննած է կացնի հարուածով: Հանրահաւաքը վերջացաւ ՙՄա’հ հայոց՚ կոչով, եւ ամբոխը ցրուեցաւ: Խելամիտ մարդիկ իրենց տուներն աճապարեցին, իսկ ջարդարարները քաղաքով մէկ ցրուեցան, քանի որ հասցէներն ու մականունները արդէն յայտնի էին:

ՙԳիշերը` ջարդերուն նախօրեակին, հեռատեսիլի պաստառին իր շքախումբով յայտնուեցաւ ազգին միւս հերոսը` վեց թէ ութամեայ կրթութեամբ Փանահովը: Ատելութիւն, չարութիւն` այդ ամէնը ծանօթ էր եւ սովորական: Նորը` անակնկալը, լոկ դատողութիւններն էին Վեզիրովի մասին, որ զայն որպէս ղեկավար պէտք է յարգել, որ զայն ՙՎեզիրեան՚ կոչողները ազգի թշնամիներ են: Վեզիրովին չօգնեց նաեւ այդ ուշացած դաշինքը անոնց հետ, զորս ան իշխանութեան ձգտող լակոտներ կը սեպէր: Ան (Վեզիրովը) քանի մը օր յետոյ փախստական դարձաւ, ինչպիսին Պաքուի ատելի հայերն էին անոր համար՚,- ականատեսի իր յուշերը շարադրած է Իրինա Մոսեսովան:

Պաքուի ջարդերու օրերուն Փոլեանիչքոյի դերակատարութիւնը Ատրպէյճանի մէջ` հակասական է: Տրամաբանութիւնն ու անոր զբաղցուցած պաշտօնը ենթադրել կու տային, որ Փոլեանիչքօն պէտք չէ համագործակցեր հակառուսական Ժողճակատի, աւելին` ազգայնական այս կուսակցութեան ծայրայեղական թեւին հետ, ինչ որ կ’ընէր: Աւելին, Փոլեանիչքօն Ժողճակատի ղեկավարներուն հետ ո’չ միայն սերտ կապեր կը պահպանէր, այլեւ` կարեւոր խորհուրդներ կու տար: Ան անհրաժեշտ կը գտնէր ժողճակատը զարգացնել իբրեւ ազգային եւ իսլամական շարժում, այլապէս` ժողովուրդը շարժման չի հաւատար: Անոր խորհուրդով` կանաչն ու երկնագոյնը աւելցուեցան Ժողճակատի դրօշին վրայ:

ՙՂուրանը Փոլեանիչքոյի սիրելի գիրքն էր: Երբ ան որեւէ մէկը կ’ընդունէր` Ղուրանը, ամբողջովին էջանիշներով, միշտ սեղանին վրան էր՚,- ըսած է Ժողճակատի նախկին առաջնորդներէն Լէյլա Եունուսովան: Ղուրանը իր մօտ պահելու Փոլեանիչքոյի սովորութեան մասին նշած է նաեւ Աֆղանիստանի մէջ Խ. Ս. Հ. Մ.ի դեսպան Նիքոլայ Եկորիչեւը: Ատիկա կը կոչուէր ՙընկերվարութիւն կառուցել մէկ ձեռքին` Լենին, միւսին` Ղուրան՚:

Կորպաչովը հեռատեսիլէն կը յայտարարէ, որ Պաքուի մէջ իրադարձութիւնները ողբերգական բնոյթ ստացած են` ՙջարդեր, սպանութիւններ, անմեղ մարդիկն իրենց բնակարաններէն կը հանէին եւ կ’արտաքսէին՚: Խորհրդային պետութեան առաջին եւ վերջին նախագահը, ինչպէս Սումկայիթի պարագային, իրերն իրենց անուններով կոչելէ կը խուսափի: Ինչպէս Սումկայիթի, այնպէս ալ` Պաքուի մէջ, զօրքերը կը մտցուին միայն այն ժամանակ, երբ արդէն հայկական ջարդերը վերջացած էին: Կը թուի, թէ զօրքեր կրնային նաեւ չմտցուիլ, եթէ Ատրպէյճանի մէջ խորհրդային իշխանութիւնը վտանգի տակ չ’ըլլար:

ՙԱտրպէյճանի մէջ ծայրայեղական ոյժերուն գործողութիւնները աւելի ու աւելի բացայայտ հակապետական, հակասահմանադրական եւ հակաժողովրդային բնոյթ կը ստանային: Շարք մը շրջաններու մէջ բռնի ոյժով հեռացուեցան իշխանութեան օրինական մարմինները, քայքայուեցան կառավարական կառոյցները: Հարիւրաւոր քիլոմեթրերու վրայ ոչնչացուեցան պետական սահմանի երկրաչափական-թէքնիքական կառուցուածքները: Գործնականին մէջ` չէր պահուեր հանրապետութեան իշխանութիւնը բռնի զաւթելու խնդիրը: Այդպէս չէր կրնար շարունակուիլ՚,- ըսած է Կորպաչովը:

Ալիաքրամ Կումմաթովը Լենքորան քաղաքէն (կը գտնուի Ատրպէյճանի հարաւ-արեւելքը, գերազանցապէս բնակեցուած է իրանալեզու թալիշներով) 10 Յունուարին կը կապուի Էթիպար Մամէտովի հետ` տեղեկացնելու, որ Ժողճակատը շրջանին իշխանութիւնը բռնագրաւելու կը պատրաստուի: 1989ի վերջերը Ժողճակատը գրոհով իշխանութիւնը բռնագրաւած էր Ճալիլապատի մէջ (նոյնպէս կը գտնուի հարաւ-արեւելքը` Իրանի սահմանին մօտ): Ատիկա կարելի է նկատել Խ. Ս. Հ. Մ.ի 70ամեայ պատմութեան մէջ առաջին դէպքը, երբ խորհրդային իշխանութիւնը կը տապալէր: Ճալիլապատի մէջ իշխանութիւնը բռնագրաւողներու առաջին շարքերուն մէջ գտնուած Փանահովը Նախիջեւան կ’աճապարէ` 31 Դեկտեմբերին խորհրդա-իրանական սահմանի նախիջեւանեան հատուածի փշալարերուն եւ դիտաշտարակներուն ջախջախման մասնակցելու համար:

Ժողճակատի Նախիջեւանի բաժանմունքի առաջնորդներէն Արիֆ Ռահիմօղլուն յետագային պատմած է, թէ մարդիկ զայրոյթի եւ ուրախութեան զգացումով ինչպէս կ’աւերէին փշալարը: Նախապէս Ժողճակատը որոշած էր սահմանը փշալարէն ազատելու գործողութիւնն սկսիլ Դեկտեմբերի առաջին տասնօրեակին, սակայն Էլչիպէյը կը հրահանգէ սահմաններն աւերել 31 Դեկտեմբերին: Խ. Ս. Հ. Մ.ի Պ. Ա. Կ.ի զօրքերը դիմադրութիւն ցոյց տալէ կը խուսափին: Մօտ մէկ տարի իշխանութեան գալով` Ժողճակատը 31 Դեկտեմբերը Աշխարհի Ատրպէյճանցիներու Համերաշխութեան Օր կը հռչակէ:

15 Յունուարին, երբ Պաքուի մէջ հայկական ջարդերը դեռ կը շարունակուէին, Խ. Ս. Հ. Մ.ի Գերագոյն Խորհուրդը ՙԼ. Ղ. Ի. Մ.ի եւ քանի մը ուրիշ շրջաններու մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարելու որոշում՚ կը կայացնէ: Արտակարգ դրութիւն կը մտցուի Լեռնային Ղարաբաղի, անոր սահմանակից Աղտամի, Լաչինի, Միր Պաշիրի, Քելպաճարի, Ճեպրայիլի, Ֆիզուլիի եւ Ղուպաթլուի, յետագային` Շահումեանի շրջաններուն մէջ, մինչդեռ Պաքուի մէջ արտակարգ դրութիւն կը յայտարարուի միայն 19 Յունուարին, երբ հայկական ջարդերը, ըստ էութեան, վերջացած էին, եւ մայրաքաղաքին մէջ հայեր չէին մնացած:

Մոսկուան հայկական ջարդերն իբրեւ պատրուակ օգտագործելով, Պաքու զօրքեր մտցուց` իշխանութեան ձգտող Ժողճակատը ջախջախելու համար: Խորհրդային զօրքերն Ատրպէյճանի մայրաքաղաք հասան19 Յունուարին` Խ. Ս. Հ. Մ.ի զինուած ոյժերու օդային անկարգելաւոր զօրաբաժինի (տիւիզիա) հրամանատար Ալեքսանտր Լեպետի գլխաւորութեամբ: Գործողութիւնը կը համակարգէր պաշտպանութեան նախարար Տմիթրի Եազովը: Քանի մը օր յետոյ ան խոստովանած է, թէ զօրքերը Պաքու մտցուած են ՙԺողճակատի կողմէն իշխանութիւնը համայնավարներէն զաւթելու փորձը կանխելու նպատակով՚:

Կը սպաննուին հարիւրէ աւելի ցուցարարներ եւ գրոհայիններ, որոնց մէկ մասը Պաքուի հայկական ջարդերուն մասնակցած էր: Խորհրդային հրասայլերու թրթուռներուն տակ կը ճզմուին նաեւ տասնեակներով խաղաղ քաղաքացիներ, հարիւրաւորներ կը վիրաւորուին: Բախումներուն ընթացքին խորհրդային բանակի աւելի քան երկու տասնեակ զինուորներ կը սպաննուին, ինչը կը նշանակէ, որ քաղաքին մէջ մարտեր ընթացած են:

ՙԵթէ ճշմարտութեամբ խօսինք` ծայրայեղականներուն գործողութիւնները համատարած բռնութիւններ էին: Բռնութիւնը կ’արտայայտուէր անով, որ թէ’ հայերը եւ թէ’ ատրպէյճանցիները երկար ժամանակի ընթացքին կը զինուէին: Կը կողոպտուէին ո’չ թէ պարզապէս առանձին փոքր ստորաբաժանումներ, այլ` ռազմականացուած պահպանութիւնը, մարզային զինուորական կոմիսարիատները, Ն. Գ. Ն.ի մարմինները: Բռնութեան հետեւանքով աւերուած է պետական սահմանը՚,- ըսած է Եազովը:

Երկարատեւ լռութենէ յետոյ կրկին ասպարէզ կը մտնէ Հէյտար Ալիեւը, որ 1987ին Քաղբիւրոյէն հեռացուելէն ետք կը շարունակէր Մոսկուա բնակիլ: Պաքու զօրքեր մտցուելէն ետք Ալիեւը Մոսկուայի մէջ Ատրպէյճանի ներկայացուցչութեան մէջ կը դատապարտէ այդ քայլը, իսկ որոշ ժամանակ յետոյ ծննդավայր` Նախիջեւան կը վերադառնայ:

1990ի Սեպտեմբերին Նախիջեւանի մէջ Անտրէյ Քարաուլովի հետ զրոյցի ատեն Ալիեւը յունուարեան դէպքերուն անդրադառնալով ըսած է, որ Պաքուի մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարելու եւ զօրքեր մտցնելու որեւէ կարիք չկար: ՙՊաքուի մէջ հայոց եւ ատրպէյճանցիներուն միջեւ բոլոր հակամարտութիւնները վերջացած էին այդ ողբերգական գիշերէն քանի մը օր առաջ, եւ քաղաքին մէջ որեւէ հայ չէր մնացած: Հարց կը ծագի` զօրքերը զո՞վ եւ ի՞նչ բան կը պաշտպանէին՚:

Նոյնիսկ ամբողջատիրական Խորհրդային Միութեան համար իրենց ծաւալներով, ժամանակային առումով, դաժանութեամբ ու սպանեալներուն թիւով աննախադէպ Պաքուի հայկական ջարդերը Ալիեւը կ’անուանէ ընդամէնը ՙհակամարտութիւն հայոց եւ ատրպէյճանցիներու միջեւ՚: Փոխարէնը` ան կը կեդրոնանայ միայն 20 Յունուարի վրայ, ատիկա ՙատրպէյճանցի ժողովուրդին դէմ բռնութեան գործողութիւն՚ որակելով:

Նախիջեւանի առաջնորդ Ալիեւն ամերիկացի լրագրող Թոմաս Կոլցին պատմած է, թէ ՙսեւ Յունուար՚ին մեղաւորները որոնք էին: ՙԱնոնք էին Մոսկուայի Պ. Ա. Կ.ը, Ատրպէյճանի Պ. Ա. Կ.ը, նաեւ` Ատրպէյճանի ողջ ղեկավարութիւնը: Անոնք բոլորը ներգրաւուած էին 12, 13 եւ 14 Յունուարին Պաքուի հայոց վրայ յարձակումներուն, ապա նորէն` 20 Յունուարին, երբ խորհրդային զօրքերը գրոհեցին Ատրպէյճանը: Այդ ամէնը Մոսկուայի ծրագիրն էր, որուն մասնակից էր ատրպէյճանական ղեկավարութիւնը` Վեզիրովն ու Մութալիպովը՚:

Հայաստանի համայնավար ղեկավարութիւնը Պաքուի հայկական ջարդերուն կ’անդրադառնայ դէպքերէն միայն մէկ ամիս յետոյ. 13 Փետրուարին Գերագոյն Խորհուրդը կը դատապարտէր ՙՊաքուի եւ Ատր. Խ. Ս. Հ.ի միւս շրջաններուն մէջ բ հայոց ջարդերը՚, որոնք ՙհայ ժողովուրդի նկատմամբ ցեղասպանութեան շարունակութիւն՚ կ’որակուէին:

Պաքուի ողբերգական իրադարձութիւններէն 16 տարի յետոյ Կորպաչովը խոստովանած է, որ զօրքերը Ատրպէյճանի մայրաքաղաք մտցուած են ի’ր հրամանով. ՙԻրադարձութիւնները Պաքուի մէջ անկառավարելի դարձած էին, Գերագոյն Խորհուրդը եւ Կոմկուսը կաթուածահար էին, երկու հարիւր քիլոմեթրնոց պետական սահմանը քանդուած էր, տեղական մարմիններուն վրայ յարձակումներ կը կատարուէին: Ես արագ կերպով Պաքու գործուղեցի Եւկէնի Փրիմաքովն ու Անտրէյ Կիրենքօն, որոնք առաջարկեցին արտակարգ իրավիճակ յայտարարել ու զօրքեր մտցնել: Հիմա ալ կը գտնեմ, որ ատորմով կանխուեցաւ աւելի մեծ արիւնահեղութիւնը՚:

Երբ Էլչիպէյն ու Ժողճակատը մեծ արեան գնով յաջողեցան տապալել Վեզիրովը, յառաջ եկաւ պատասխանատուութենէն խուսափելու հարցը: Մամէտովը արագօրէն գնաց Վրաստան, ապա` Մոսկուա եւ այնտեղ` Ատրպէյճանի մշտական ներկայացուցչութեան մէջ առաջին անգամ հանդիպեցաւ Հէյտար Ալիեւին հետ: Մամուլի ասուլիս գումարելու փորձը ձախողցուց մոսկովեան ՙՈստիկանութեան Յատուկ Նշանակութեան Ջոկատներ՚ը (ՕՄՕՆ)` ձերբակալելով Մամէտովը: Փոխարէնը, մամուլի ասուլիս գումարեց Պ. Ա. Կ.ի զօրավար Հէյտար Ալիեւը եւ դատապարտեց խորհրդային ղեկավարութեան գործողութիւնները` Պաքուի մէջ անմեղ մարդոց սպանութիւնները:

Արիւնալի սադրանքին միւս հերոսը` Փանահովը, քանի մը օր Պաքուի մէջ պարապ-սարապ պտըտելէ ետք ուղեւորուեցաւ Իրան, հոն քանի մը ամիս անցուց եւ, եթէ հաւատանք անոր խօսքերուն, իրանական հակահետախուզութիւնը ձերբակալած է զինք` փորձելով հակել համագործակցութեան, սակայն ինք իբր թէ կրցած է իրանական բանտէն ազատիլ եւ Թուրքիա անցնիլ: Յետագային վերադառնալով Պաքու` Փանահովն այլեւս իրադարձութեանց առաջին շարքին չէր եւ Հէյտար Ալիեւի մանր յանձնարարականները կը կատարէր:

Ղազիեւը կը ձերբակալուի ու կը պահուի Լեֆորթովոյի մէջ` Մամէտովի դրացնութեամբ: Դեռ դատավարութեան ընթացքին զանոնք Ատրպէյճանի Գերագոյն Խորհուրդի պատգամաւոր կ’ընտրեն: Խորհրդային իշխանութիւնը ՙտապալած՚ Կումմաթովը սկիզբը թալիշական լեռները կը թաքնուի, ապա Վրաստան կ’երթայ, Ատրպէյճան կը վերադառնայ եւ Ժողճակատի գրասենեակին մէջ կը ձերբակալուի: Զայն կը դատեն` պայմանական ժամկէտ տալով, եւ Կումմաթովը Լենքորան կը վերադառնայ:

20-22 Յունուարի դէպքերուն հետեւանքով Պաքուի մէջ սպաննուածները թաղուեցան նահատակներու` ՙՇեհիտներու ծառուղի՚ին մէջ: Յետագային այստեղ թաղուեցան նաեւ ղարաբաղեան պատերազմին զոհերը: 20 Յունուարը դարձաւ արդէն անկախ Ատրպէյճանի սգոյ օր. ամէն տարի այդ առիթով տարբեր միջոցառումներ կ’իրականացուին, իսկ ՙՇեհիտներու ծառուղի՚ն մտցուեցաւ երկրի արարողակարգին մէջ. Ատրպէյճան պաշտօնական այց կատարող պետութեանց նախագահները հոն կ’այցելեն եւ ծաղիկներ կը դնեն:

Յ. Գ.

Այս գիրքը կը վաճառուի Երեւանի (Նոյյան Տապան, Բիւրոկրատ, Հայ գիրք, Մայր Աթոռի գրատուն, Արթբրիջ), Կիւմրիի, Ստեփանակերտի, Պէյրութի (Անթիլիաս, Համազգային, Շիրակ) գրախանութներին մէջ

Արևմտահայերեն-Արցախեան-օրագիր

Փափուկ կազմ, 555 էջ,
լեզուն՝ արեւմտահայերէն,
2010, Անթիլիաս,
ISBN 978-995301815-7:
Գինը՝ 7.000 դրամ ($14.00):

ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ, Պատմաբան

“Փայլուն եւ գերազանց աշխատանք է` հարուստ իր բազմապիսի ու բազմալեզու աղբիւրներով: Աչքի կը զարնէ անաչառութիւնը: Հիանալի եւ մնայուն մենագրութիւն է, անհրաժեշտ ՙդասագիրք՚` հայկական դիւանագիտութեան համար”: