«Էդ մնացած երկուսն էլ աշխատողներ են»

675

Նամակ երկրէն

Հայաստանի Անձնագրային եւ վիզաներու վարչութեան (ՕՎԻՐ) հետ շատ շփուած եմ, թէ՛ իմ ընտանիքի, թէ ընկերներուս եւ հարազատներուս անձնագրերու եւ կեցութեան գործերով: Ըսեմ, որ տարուէ տարի բարելաւուած է քաղաքացիներուն տրուող ծառայութիւններուն որակը, պակսած է թղթաբանական քաշքշուքը, թէեւ դեռ չենք հասած այսպէս ըսուած քաղաքակիրթ երկիրներու մակարդակին, ուր շատ խնդիրներ առցանց կամ հեռախօսով կը լուծուին:

Թէեւ բաւարարուած եմ ՕՎԻՐԻ ամէն տարի բարելաւուող ծառայութիւններով, սակայն չեմ կրցած հասկնալ, թէ ի՞նչ գործ ունին այնտեղ մեծ թիւով պաշտօնեաներ, որոնք սիրուն շորեր հագած՝ տեղաւորուած են լաւ կահաւորուած մեծ աշխատասենեակի մը նոր գրասեղաններու ետին:

Քանի մը տարի առաջ էր, երբ դարձեալ ՕՎԻՐ գացեր էի անձնագրային խնդիրներով: Նոյն պատկերն էր, բան չէր փոխուած: Երկու հոգի կը սպասարկէին քաղաքացիներուն, իսկ անդին, 8-9 հոգի զբաղած էին այլ, պէտք է ըսել, հաճելի «գործերով», մէկ հոգի՝ խնձոր կեղուելով, երկու հոգի՝ սուրճ խմելով եւ զրուցելով, մէկ հոգի՝ եղունգները ներկելով, միւսներն ալ՝ հեռախօսներու եւ համակարգիչներու վրայ ինչ որ բաներ ընելով: Մինչ ես լուռ կը սպասէի թղթաբանութեան աւարտին, ներս մտաւ հարեւանս (որուն Աշոտ պիտի կոչեմ), որ ՕՎԻՐի բարձրաստիճան պաշտօնեաներէն մէկն էր: Բարեւեցինք ու մտերմիկ զրուցեցինք աջէն ու ձախէն: «Գործդ որ պրծնի, արի մի բաժակ կոֆէ խմենք» ըսաւ, եւ թուղթերովս զբաղող պաշտօնեային հրահանգեց արագացնել գործերս:

Սուրճի հրաւէրին «ոչ» չէի կրնար ըսել, մանաւանդ՝ «գործերս արագացնելու» հրահանգը այնպէս մը փոխանցած էր պաշտօնեային, որ պահ մը մտածեցի, թէ կեանքիս մինչեւ վերջ երախտապարտ պէտք է մնամ Աշոտին: Սուրճի ժամանակ հարցուցի, թէ ինչու՞ մեծ թիւով պաշտօնեաներ անգործ նստած են իրենց գրասեղաններուն ետին:

– Այ ախպեր, էն խնձոր ուտողը տեսնու՞մ ես, փոխանարարի խնամու աղջկայ փեսու քոյրն ա, էն միւսն էլ փոխոստիկանապետի հարազատն ա, էն եղունգ ներկողը չգիտեմ ով ա, բայց վերեւից ասել են պէտք է մնայ: Էն հեռախոսով խաղացողն էլ նախարարի անվտանգութեան պետի քրոջ չգիտեմ ինչն ա, միւսներն էլ՝ էլի՛ սրա նրա հարազատներ ու բարեկամներ: Իսկ էդ երկուսն էլ՝ աշխատողներ են, պատասխանեց Աշոտ:

– Հասկցայ, ուրեմն «հարազատների նախարարութիւն» կոչէիք, պրծնէինք, ըսի կատակով:

– Ինչ անենք, ըտենցա… ըսաւ Աշոտ, իսկ ես շնորհակալութիւն յայտնելով սուրճի հիւրասիրութեան համար, մնաք բարով ըսի եւ վերադարձայ տուն:

Յիշեցի, որ նմանօրինակ երեւոյթի հանդիպեր էի նաեւ կառավարական այլ գրասենեակներու մէջ, ուր պաշտօնեաներուն թիւը աւելի շատ է, քան սպասարկութեան եկած քաղաքացիներուն: Յիշեցի նաեւ հայրենադարձ ընկերոջս՝ Շահէնի պատմութիւնը: Մօտ երկու տարի առաջ, Շահէնը պետական կարեւոր պաշտօն մը ստանձնած էր, այն նախապայմանով, որ պիտի կարենայ ուժեղ աշխատակազմ ունենալ, ի պահանջեալ հարկին հեռացնելով անպէտքները եւ բերելով նորերը: Վերջաւորութեան, ինքն էր որ հեռացաւ պաշտօնէն եւ իր տեղը բերին նոր մը, որ ընդհանրապէս չէր հետաքրքրուած աշխատակազմի թարմացումով…

Այս օրերուն շատ կը խօսուի optimization-ի մասին: Այս բառին հայերէնը բառարաններուն մէջ չեմ գտած: Նոյնիսկ ամենազօր դիմատետրին դիմեցի եւ ընկերներուս հարցուցի օպտիմալացման հայերէնը, բայց դարձեալ խելքը գլուխը պատասխան մը չստացայ: Եթէ փորձենք բացատրել՝ օպտիմալացումը կառոյցի մը, հիմնարկի մը, կամ հաստատութեան մը աշխատանքներու արդիւնաւէտութեան բարձրացումն է՝ կառուցային փոփոխութիւններով եւ ծախսատար, աւելորդ մարդուժի կրճատումներով:

Ըստ երեւոյթին մեր՝ հայերուս կենցաղին եւ ընդհանրապէս մշակոյթին մէջ օպտիմալացում ըսուած բանը չկայ, այդ պատճառով մեր լեզուամտածողութեան ու բնականաբար՝ բառարարաններուն մէջ չկայ այս բառը, այս հասկացութիւնը: Երեկոյ մը, հերթական սուրճի հանդիպումներէն մէկուն ընթացքին, երբ այս մտածումներս յայտնեցի ընկերներուս, տարիներէ ի վեր գլխաւոր հաշուապահի պաշտօն ունեցող Արմէնը խնդալով ըսաւ.

– Բա տեսնու՞մ ես… հիմի ո՞նց կարելի ա օպտիմալացում անել, երբ էդ գաղափարը նոյնիսկ մեր լեզուամտածողութիւնում տեղ չի գտել: Մեր մօտ սաղ քաւոր-սանիկ-ախպեր-խնամի-բարեկամով ա աշխատում ամէն ինչ: Հիմա սրանց ո՞նց հասկացնենք, որ ա՜յ ախպեր, սա կառավարութիւն ա, սա նախարարութիւն ա, էստեղ ձեր սեփական այգին չի, գնացէ՛ք այլ գործ ման եկէք ձեր համար…

– Հիմա այսքան մարդ որ գործէն հանեն, ի՞նչ պիտի ըլլայ իրենց վիճակը, ու՞ր պիտի երթան, Ի՞նչ պիտի աշխատին: Կարելի չէ, ճիշդ չէ մէկ անգամէն հազարաւոր մարդոց անգործ դարձնել, ըսաւ Նոր Տարուան առիթով Դուպայէն Երեւան եկած մեր ընկերներէն՝ Վազգէնը:

– Այ մարդ, հիմի ի՞նչ անենք… մարդիկ որ ոչ մի լուրջ բան չեն անում՝ պահե՞նք պետպիւտճէի վրայ: Հարց տուե՞լ եք, ինչի՞ են բերել դենց ուռճացրել պետական գրասենեակները, էդ ու՞մ անգործութեան խնդիրներն են լուծել, ժողովրդի՞ թէ իրենց հարազատների… Ես չեմ խօսում նրանց մասին, ովքեր լուրջ պետպաշտօնեայ են: Նրանք հաստատ պէտք է տեղաւորուեն պետական այլ աշխատանքի: Խօսքս էն քո ասած խնձոր ուտողների եւ եղունգ ներկողների մասին ա, բարկացած պատասխանեց հաշուապահ Արմէնը, որուն համար գումարներու ճիշդ տնօրինումը, բնականաբար, առաջնահերթութիւն էր:

Յառաջիկայ ամիսներուն շատ պիտի լսենք օպտիմալացում, գործազրկութիւն, անպէտք ու պիտանի աշխատողներու մասին: Բնականաբար, նորօրեայ ընդդիմադիրները վլվլուք պիտի փրցնեն, որ իշխանութիւնները անգործ կը դարձնեն հազարաւոր քաղաքացիներու, իսկ իշխանութիւններն ալ պիտի պատասխանեն Սերժ Սարգսեանի յայտնի խօսքերով՝ այսքան մարդ բերած նախարարութիւնները լեցուցած եք, «որ ի՞նչ անեք»:

Ամէն պարագայի, օպտիմալացումը, բոլորն ալ կը գիտակցին արդէն, լուրջ պահանջ է այս օրերուն: Իսկ թէ ի՞նչ եւ ինչպէ՞ս պէտք է ընել, որ բարեփոխումները ըլլան նուազագոյն ցնցումներով՝ բոլոր նախարարութիւններու եւ պետհաստատութիւններու աշխատանքներուն առաւելագոյն արդիւնաւէտութեան համար, արդէն սա քննարկման առանձին նիւթ է: Այս մասին դեռ առիթ կ’ունենանք անդրադառնալու:

Րաֆֆի Տուտագլեան

Գրեցէ՛ք ինծի:
rafdoud@aol.com