Սփիւռքի հետ կապերը փոխվարչապետի գրասենեակէն համակարգուելու տարբերակը շատ մշուշոտ է այս հանգրուանին

939

Միչիգանի համալսարանի Հայագիտության կենտրոնի ղեկավար, պատմաբան Արա Սանճեանն արձագանքել է Հայաստանի կառավարության կառուցվածքի նախատեսվող փոփոխություններին, ըստ որոնց՝ վերացվելու է Սփյուռքի նախարարությունը։

Դեկտեմբեր 19-ին՝ «Սիվիլնեթէն» քաղելով, գոհունակութիւն յայտնած էի թէ սփիւռքի արդէն իսկ լուծարուած նախարարութիւնը հետագային արտաքին գործերու նախարարութեան (ԱԳՆ) ձեւական ու անարդիւնաւէտ «պոչիկի» մը վերածելու տարբերակը քննարկումէ դուրս է արդէն։

Բայց անկէ ետք դարձեալ լրատուամիջոցի մը մէջ կարդացի թէ այս տարբերակը տակաւին հնարաւոր է։ Ուրեմն, հակառակ որ քաջ գիտեմ թէ գրելիքս ոչ մէկ ազդեցութիւն պիտի ունենայ որոշումն առնող նեղ շրջանակին վրայ, գրեմ առ ի պարզաբանում անոնց, որոնք ինծի պէս կը հաւատան թէ Հայաստանին համար կարեւոր են փոխադարձաբար գոհացուցիչ յարաբերութիւններ ունենալ Հայաստանէն դուրս գտնուող հայ համայնքներուն հետ։

Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի նախագահութեան տարիներուն ԱԳՆ-ի բաժիններէն մէկը կը վերաբերէր սփիւռքին։ Չեմ գիտեր թէ ե՛րբ փակուեցաւ։ Բայց նաեւ ակնյայտ է, որ Հայաստանը (իր լաւով ու վատով) աւելի զգալի ներկայութիւն դարձաւ սփիւռքի առօրեային մէջ 2008 թուականին առանձին նախարարութեան ստեղծումէն ետք։ Եթէ կը հաւատանք թէ պէտք է բարելաւել իրավիճակը, ապա պէտք չէ անցած տասը տարիներուն՝ նախարարներ Յակոբեանի ու Հայրապետեանի պաշտօնավարութեան ժամանակաշրջաններուն վերաբերինք ամբարտաւան ոչնչապաշտութեամբ (նիհիլիզմ)՝ ամէն ինչ ժխտելը իմաստնութեան հետ շփոթելով։ Թող ամէն մէկ նախանձախնդիր անձ անկեղծօրէն թուարկէ թէ ո՛րն էր լաւը, վատը, պակասաւորը կամ աւելորդը նախորդ տասնամեակին ու ըստ այնմ տեղի կ’ունենայ քննարկում՝ ներկայ կառոյցը բարելաւելու կամ զանիկա աւելի արդիւնաւէտ ըլլալ խոստացող նոր կառոյցով փոխարինելու համար։ Բայց նախքան գալիքը յստակացնելը հրաժարեցանք ունեցածէն։ Անոնք որ կ’ըսեն թէ Հայաստանը պէտք չունի սփիւռքին կամ թէ Հայաստանը որեւէ պարտաւորութիւն չունի սփիւռքի հանդէպ ու կ’ողջունեն ու կը պաշտպանեն նախարարութեան լուծարումը, կը հասկնամ զիրենք։ Տեսականօրէն հնարաւոր է, որ Հայաստանի պետութիւնն ու Հայաստանէն դուրս ապրող հայերը ապահարզան տան, թէեւ քիչերն այսօր հոգեպէս պատրաստ են այս բաժանումը իր տրամաբանական աւարտին հասցնելու՝ առանց իրենց էութենէն բան մը զիջելու։ Բայց ինծի համար անհասկնալի են Հայաստանի այն իշխանաւորները, որոնք կը խոստանան աւելի կատարելագործել եղած յարաբերութիւնները, բայց՝ խոստմնալից նոր կառոյց մը կամ համակարգ մը ներկայացնելէ առաջ, գէշ-աղէկ եղածը կը լուծարեն, կը փնովեն ու կ’անիծեն։ Եթէ սփիւռքի հետ կապերը դարձեալ պիտի համակարգուին ԱԳՆ-ի մէկ բաժնին կողմէ, ի՞նչն էր այն լաւը, որ ունէինք 1990-ական թուականներուն, բայց որ կորսնցուցինք 2008-էն ետք։ Այս հարցումին պատասխանը բացառապէս պէտք է տան տեղի ունեցած լուծարման ջատագովները։

Կը լսեմ առարկութիւն մը թէ քանի որ սփիւռքը անշօշափելի (վիրտուալ) «տարածք» է, ապա անոր կատարած մասնագիտական աշխատանքը կարելի է բաժնել առկայ մասնագիտական նախարարութիւններուն մէջ՝ կրթութիւն, մշակոյթ, տնտեսութիւն, եւ այլն եւ … (թերեւս ամենակարեւորը) «փող խնայել»։ Այս տրամաբանութիւնը կը կաղայ որովհետեւ միջազգային կազմակերպութիւնները, համալսարանները, գիտական հաստատութիւնները՝ տասնամեակներու ընթացքին մասնագիտական ուղղութիւններու բաժանման զուգահեռ, կարիքն զգացած են ստեղծելու ու պահելու տարբեր տարածքաշրջաններու վերաբերող բաժիններ, որովհետեւ տեսական համընդհանուրը երբեք չի կրնար համահարթեցնել շրջանային տարբերութիւնները, իսկ շրջանային մասնագէտները չեն կրնար մնալ իրենց բարձրութեան վրայ եթէ անտես ընեն իրենց առնչուող մասնագիտական, տեսական ու մեթոտաբանական նորութիւնները այլ տարածքաշրջաններէ ներս։ Կրթութեան նախարարութեան մէջ կրնան ըլլալ կրթութեան տեսութեան (սովորաբար՝ արեւմտաեւրոպական) հոյակապ մասնագէտներ, բայց նոյն անձը ինչպէ՞ս պիտի կրնայ տարբերել Լատինական Ամերիկայի ու Հնդկաստանի հայ գաղութները հիւրընըալող միջավայրերուն առանձնյատկութիւնները, որոնք բնականաբար կ’ազդեն այդ երկիրներուն մէջ գործող կրթական ծրագիրներուն ու դասագիրքերուն վրայ։ Ո՞վ պիտի ըլլայ իր խորհրդատուն։

Ի վերջոյ, եթէ սփիւռքը բացառապէս պիտի ղեկավարուի ԱԳ Նախարարութեան աշխատակազմով, առանց ունենալու մասնագիտական-սփիւռքագիտական յստակ ուղղուածութիւն, ապա այդ բաժնին աշխատակիցները միայն ժամանակաւոր հետաքրքրութիւն պիտի ունենան սփիւռքի հանդէպ։ Սովորաբար, ԱԳ Նախարարութեան պաշտօնեան իր աշխատանքին կէսը կ’անցընէ Երեւան՝ նախարարութեան շէնքին մէջ, իսկ միւս մասը գործուղումներու մէջ՝ սկսելով տարբեր դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն մէջ ստորին աստիճաններէն կամաց-կամաց մինչեւ հիւպատոս ու դեսպան։ Սովորաբար, այդ բուրգին մէջ բաժնի վարիչի պաշտօնը աւելի ցած կը համարուի քան դեսպանինը, ու բաժնի վարիչները ընդհանրապէս լաւ կ’աշխատին որպէսզի ի վերջոյ տեղ մը դեսպան ուղարկուին։ Այդ մտասեւեռումով պիտի աշխատի՞ նաեւ ԱԳ Նախարարութեան սփիւռքի բաժնի վարիչը. մի քանի տարի հարկադիր աշխատանք սփիւռքի բաժնին մէջ՝ մինչեւ վաղուց սպասուած, յաջորդ դիւանագիտական նշանակումը ըսենք Պանքոքի կամ Քոփենհակընի մէջ։

Նոյն՝ Դեկտեմբեր 19-ի ստատուսին մէջ գրած էի նաեւ թէ սփիւռքի հետ կապերը փոխվարչապետի գրասենեակէն համակարգուելու տարբերակը շատ մշուշոտ է այս հանգրուանին։ Ան կրնայ շատ աւելի գործնական, բայց հնարաւոր է որ նաեւ դառնայ շատ ձեւական։ Այս մասին՝ յուսամ առիթ կ’ունենամ գրելու յաջորդիւ։