Սփիւռքի նախարարութեան եւ այլ բաներու մասին. Րաֆֆի Տուտագլեան

875

Նամակ երկրէն

Սփիւռքի նախարարութիւնը փակելու որոշումը չի նշանակեր Սփիւռքի հանդէպ Հայաստանի իշխանութիւններու անտարբերութիւն կամ սփիւռքի մերժում։ Իրականութեան մէջ՝ անցնող 10 տարիներու ընթացքին նախարարութեան ոչ այդքան յաջող գործունէութիւնն է, նախ եւ առաջ, նախարարութիւնը լուծարելու որոշումին դրդապատճառը։

Ո’չ 1000 տոլարներով հայկական բանկերը ողողելու անհեթեթ կոչը, ո’չ «ինչ ըրած ես Արցախի համար» տգեղ պաստառներով Երեւանի փողոցները զարդարելը, ո’չ «Արի տուն»ը, ո’չ ալ արժող-չարժողի կուրծքերուն տեղադրուած գնահատանքի մետալները յաջողութեան ցուցանիշ են, կամ՝ որեւէ յատկանշական, խորքային բան աւելցուցած են Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն վրայ։

Իսկ Սուրիոյ տագնապի օրերուն հազարաւոր սուրիահայերու Հայաստան ժամանելէն ետք՝ անոնց մեծ մասին հայրենիքէն հեռանալը ցոյց կու տայ նաեւ նախարարութեան անյաջող գործունէութեան մէկ այլ երեսը։ Դեռ չենք խօսիր մեծ show-երու վերածուած համահայկական խորհրդաժողովներուն, նախարարական եւ այլ մակարդակի շրջապտոյտներուն ու իշխող վերնախաւի քարոզչական իւղոտած մեքենայ դառնալուն մասին։

«Մէկ ազգ-մէկ հայրենիք»ի գաղափարին ծառայա՞ծ են այս նախաձեռնութիւնները՝ կը կասկածիմ։ Ընդամէնը ստեղծած են, երբեմն ոգեւորիչ մթնոլորտ, երբեմն յուսատու միջոցառումներ, իսկ շատ պարագաներու ալ՝ կասկածներ, ու մտահոգութիւն առաջացուցած են աւելի քննական միտք ունեցող սփիւռքահայերու մօտ։ Իսկ մետալ տալու, «արի տուն» կազմակերպելու եւ հազար տոլար մուրալու համար նախարարութիւ՞ն էր պէտք։ Դարձեալ կը կասկածիմ։ Այս բոլորը կարելի էր ընել նոյնիսկ հասարակական կազմակերպութեան մը ուժերու օգտագործումով։

Հետաքրքրական է, սակայն, որ նախարարութիւնը փակելու լուրը հրապարակելէն ետք, նախարարութեան աշխատակիցներէն զատ, շատ արագ արձագանգ լսեցինք կացութիւնը չարաշահել ուզող խմբաւորումներէ եւ մարդոցմէ։ Հարցը այնպէ՜ս ներկայացուցին, որ կարծէք Հայաստանի իշխանութիւնները դաւաճանած են Սփիւռքին, սփիւռքահայութեամբ այլեւս մտահոգ չեն նոր իշխանաւորները, կռնակէն հարուած կը հասցնեն եւ ուր որ է՝ պիտի այրեն կամուրջները Հայաստանի եւ Սփիւռքահայութեան միջեւ։

Հաւար փրցնողները, բնականաբար, անոնք են, որ Հայաստանի մէջ քաղաքական ոչ մէկ դրամագլուխ ունին այլեւս եւ Սփիւռքի իրենց հետեւորդներուն մէջ ահ ու սարսափ տարածելով՝ յաչս համակիրներուն կ՚ուզեն վերականգնել գետնին հաւասարած իրենց վարկանիշը եւ միաժամանակ, հայրենի իշխանութիւններուն կ՚ուզեն ցոյց տալ, որ դեռ ըսելիք եւ ընելիք ունին հայկական իրականութեան մէջ, դեռ կրնան կացութիւն ստեղծել…

Լաւ էլի, լու՞րջ եք։ Հայաստանի մէջ կրնա՞յ գալ իշխանութիւն մը, որ հաշուի չնստի հին ու նոր Սփիւռքին հետ։

Կրնա՞յ դիմանալ իշխանութիւն մը, եթէ Սփիւռքին հակադրուիլը կամ Սփիւռքի հետ ապահարզանը քաղաքական ուղեգիծի վերածէ։ Դուք երեւի նոյնիսկ տեղեակ չէք, վիճակագրութիւն չունիք եւ չէք գիտեր, որ այսօր Ռուսաստանի եւ նախկին սովետի երկիրներուն մէջ գոյառած նոր Սփիւռքը ի՜նչ դերակատարութիւն ունի Հայաստանի տնտեսութեան մէջ։

Դուք լու՞րջ եք, դուք իրապէ՞ս կը հաւատաք ու կ՚ուզէք հաւատացնել, որ նոր իշխանութիւններուն համար Սփիւռքը երկրորդակա՞ն տեղ կը գրաւէ։ Թէ՞ կ՚ուզէք պարզապէս առիթը օգտագործել, ձեր անցեալի ձախող ղեկավարման բոլոր մեղքերը ծածկելու եւ «փաստելու», որ նորերը վտանգաւոր են, Լեւոնին մարդիկն են, Սորոսի դրածոներն են, Եւրոպայի բիճերն են։

Դուք լու՞րջ եք…

Սփիւռքի նախարարութեան խնդիրը այն էր, որ կար նախարարութիւն, բայց չկար Սփիւռքի հանդէպ ձեւաւորուած «մէկ ազգ-մէկ հայրենիք»ի քաղաքականութիւն եւ համապատասխան ռազմավարութիւն, ու գործողութիւններու յստակ, նպատակասլաց ծրագիր եւ յաջողութիւնները չափող ցուցիչներ։

Չկայ նոյնիսկ Սփիւռքի նախարարութեան մասին օրէնք։ Սա արդէն պարզ ու յստակ կ՚ապացուցէ, որ բացի քարոզչական ու արարողական, խանդավառող նպատակներ հետապնդելէ, նախարարութիւնը չէ ունեցած որեւէ այլ ռազմավարական առաջնահերթութիւն։

Ես անձամբ, նախարարութեան եւ այլոց հետ իմ շփումներուս ընթացքին յաճախ անդրադարձած եմ վերոնշեալ առաջնահերթութիւններուն։ Նախ եւ առաջ, պէտք է մշակել Հայաստան- Սփիւռք յարաբերութիւններու նպատակ՝ համապատասխան ռազմավարութեամբ, հիմք ունենալով Հայաստանի հզօրացումը եւ հայ ժողովուրդի համախմբումը հայրենիքի մէջ՝ իբրեւ վախճանական նպատակ։

Ատկէ ետք միայն պէտք է ճշդել, թէ ի՞նչ օրէնքներ պէտք է մշակել, ի՞նչ ձեւաչափով պէտք է առաջնորդուիլ, վերականգնե՞լ նախարարութիւնը, թէ ունենալ յատուկ վարչութիւն՝ արտաքին գործերու նախարարութեան, փոխ վարչապետի կամ վարչապետի հովանիին տակ։

Հիմա խնդիրը այս պարունակին մէջ քննարկենք եւ չփորձենք առիթը օգտագործել եւ Սփիւռքի որոշ շրջանակներու մէջ հակա-Հայաստան ու հակա-իշխանութիւն տրամադրութիւններ ստեղծել։ Եթէ, ի հարկէ, իսկապէս կը հաւատանք «մէկ ազգ-մէկ հայրենիք» գաղափարին…

Րաֆֆի Տուտագլեան

Գրեցէ’ք ինծի։
rafdoud@aol.com