Երկի՛ր Նաիրի` ո՞ւր ես

1643

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ՀԱՅԵԱՑՔ ԱՐԱՐԱՏԷՆ. ՀԱՅԵՐԸ ԵՒ ԹՈՒՐՔԵՐԸ գիրքէն

Վերջաբան

Սեպտեմբերեան զով իրիկուն մը նստած եմ Մուշ քաղաքի կեդրոնական զբօսայգիին մէջ` կանաչ ծառերու տակ: Մշոյ դաշտերէն փչող զեփիւռը օրօր կ’ըսէ ու կանաչ տերեւները մեղմիկ սվվոցով այս ու այն կողմ կը տանի: Պառկած եմ` գլխուս տակ թրքերէն-հայերէն զրուցարանը ու ձեռքի բառարան մը, եւ դողացող տերեւներուն մէջէն կը նայիմ երկինք` կապո՜յտ-կապո՜յտ, ինչպէս Վանայ Ծովու հայելին էր:

Ընդամէնը հարիւր տարի առաջ եւ հազարամեակներ շարունակ այս քաղաքը, այս դաշտերն ու հովիտները, այս լեռներն ու ձորերը, այս հողը, այս կանաչ մարգագետինը, որուն վրայ պառկած եմ հորիզոնական դիրքով, եղած են հայկակա՛ն, Հայաստա՛ն, Մեծ Հա՛յք:

Մուշ քաղաքն ու Մշոյ դաշտավայրը հայ քաղաքական եւ մշակութային կեանքի կարեւոր կեդրոններէն էին մինչեւ 1915-ը, երբ տեղի բնիկ ժողովուրդը` հայութիւնը, քանի մը օրերու ընթացքին ուղղակիօրէն բնաջնջուեցաւ: Օսմանեան վերջին խորհրդարանին մէջ Մուշէն երեսփոխան Գեղամ Տէր Կարապետեանը քաղաքի եւ դաշտավայրի ՙշուրջ հարիւր գիւղերու 80-90 հազար հայոց կոտորածը՚ պիտի կոչէր Հայոց Ցեղասպանութեան ՙամէնէն սահմռկեցուցիչ եւ քստմնելի դրուագներէն՚ մէկը:

Հայկական Լեռնաշխարհի գեղեցկագոյն տեսարաններէն մէկը Մշոյ դաշտին մէջ բացուող սեպտեմբերեան առաւօտն է: Քաղաքը շրջապատող լեռներու բարձունքէն կը թուի, թէ դաշտավայրին վրայ ո՛չ թէ մշուշ իջած է, այլ` դիմացդ` Արածանիի բարեբեր հովիտը, բաց կապոյտ լիճ մըն է: Բառերով աննկարագրելի այս գեղեցկութիւնը մտած է հայկական աւանդազրոյցներուն մէջ, եւ ժողովուրդը Մուշ անուան ծագումը կապած է մշուշի հետ. այդ մշուշն իբր թէ կը բերէ սիրոյ աստուածուհի Աստղիկը, որպէսզի Արածանի գետին մէջ լողալու ատեն շղարշապատէ իր մերկութիւնը:

Երեսնիվար կը շրջուիմ եւ Մուշ քաղաքի կեդրոնական զբօսայգիի կանաչ խոտերուն վրայ կը բանամ քարտէսն ու կը փնտռեմ Առաք անունով գիւղը` Հայկական Տաւրոսի ստորոտին: Վաղը առտուն Մշոյ Առաքելոց պիտի երթամ: Այս անունը շատ կը հանդիպի պատմութեան գիրքերուն մէջ: Զիս Մուշէն Առաք հասցուցած օթոպիւսին վարորդը օգնեց գտնելու Այտըն Սումեր անունով գիւղացի մը, որ հետաքրքրուողները կ’առաջնորդէ դէպի Տաւրոսի լեռնաշղթայի Ծիրինկատար լերան լանջի գոգաւորութեան վրայ միայնակ մնացած Մշոյ Առաքելոց վանքը:

Դէպի Առաքելոց տանող ճամբան դժուար էր. քանի մը քիլոմեթր պէտք է բարձրանաս լեռն ի վեր` սեպտեմբերեան արեւուն տակ: Ճամբուն վրայ քանի մը աղբիւրներ կան. կը նստէինք, կը լուացուէինք, ջուր կը խմէինք, կը զրուցէինք, ապա կրկին կը շարունակէինք: Չորս երախաներու հայր Այտընն իր գիւղին պատմութիւնը կը բաժնէր երկու մասի` այժմ (şimdi) եւ հայոց ատեն (Ermeniler zamani): Ան իր մեծ հօրմէ լսած էր, որ Առաքի հայերը սարէն հոսող գետակին վրայ եօթը ջրաղաց ունեցեր են:

Ան թրքերէնը կը խօսէր շատ դանդաղօրէն, որպէսզի իր խօսածէն բան մը հասկնամ: Երբեմն երկու անգամ կ’ըսէր, ձեռքի շարժումով կը հասկցնէր, կը նայէր ինծի ու կը հարցնէր.

– Anladın?, այսինքն` հասկցա՞ր:

ՙՀայրենագիտական Էթիւտներ՚ գիրքին մէջ կարդացած էի, որ Մշոյ Առաքելոցը 312 թուականին հիմնած է Գրիգոր Լուսաւորիչը եւ վանքին մէջ տեղաւորած տասներկու առաքեալներէն քանի մը հոգիին մասունքները: Ըստ աւանդութեան, վանական համալիրի բակին մէջ է թաղուած պատմահայր Մովսէս Խորենացին:

Թուրքիոյ տարածքին մէջ մնացած եւ Առաքելոց անունը կրող հայկական երկու եկեղեցական կառոյց կայ: Մէկը Առաքելոց վանական համալիրն է Մուշի մօտ, միւսը` 10-րդ դարուն` Աբաս Բագրատունի թագաւորի օրօք կառուցուած Սրբոց Առաքելոց եկեղեցին է Կարսի մէջ, երբ վերջինս Բագրատունեաց Հայաստանի մայրաքաղաքն էր (928-961) մինչեւ Անի տեղափոխելը, երբ թրքալեզու ցեղերը Հայկական Լեռնաշխարհ դեռ չէին հասած:

ՙԿարսը ժամանակին կենդանի քաղաք մըն էր, ուր կ’ապրէին բարեկեցիկ հայեր իրենց հազար տարի առաջ կառուցած եկեղեցիներով, որոնք տակաւին կանգուն են ամբողջական հմայքով՚,- Կարսի հայկական պայծառ օրերուն եւ ներկայ տխուր վիճակին մասին կը գրէ թուրք գրող Օրհան Փամուքը ՙՁիւն՚ հատորին մէջ, որու առաջին կողքին ձիւնի շերտով ծածկուած Սրբոց Առաքելոց գողտրիկ եկեղեցւոյ լուսանկարն է:

ՙՔարէ այդ եկեղեցւոյ քարաշէն գմբէթի պատերուն վրայ նայիրիցի վարպետը դուրսէն քանդակած է տասներկու առաքեալներուն դէմքերը՝ մէկ առ մէկ, կողք-կողքի – տասներկու առաքեալ,- հարազատ քաղաքի եկեղեցւոյ մասին գրած է Եղիշէ Չարենցը: Կը հասկնա՞ք՝ քարի մէջ փորած է հրաշալի դէմքեր: Անոնք հիմա ալ պարզ կը նային դիտողին` գմբէթի հնաբոյր, մամռապատ պատերէն կարծր, չոր, նայիրեան լեռնաքարի մէջ փորած հրաշալի դէմքեր: Առաքեալներէն մէկուն բոլոր դիմագիծերը փորփրած են անխնամ. քիթը չկայ, իսկ աչքերուն փոխարէն վերէն կը նային երկու սեւ ու այլանդակ խոռոչներ: – Յուդայի դէմքն է այդ,- կ’ըսէ ձեզի իմացողը,- որուն նայիրիցի քրիստոնեայ վարպետը հրէշի կերպարանք տուած է՚:

Մշոյ Առաքելոցի ճամբուն վրայ Այտընն առաջարկեց անգամ մըն ալ նստիլ: Ճամբու կէսը յաղթահարեր էինք արդէն: Մշոյ դաշտն իր ամբողջ հմայքով ու պարզութեամբ կրկին բացուած է առջեւս: Այտընը ձեռքով ցոյց տուաւ շրջակայքի նախկին հայկական գիւղերը` Բերդակ, Առաք, Տիգրեվանք:

Շունչ առինք եւ շարունակեցինք ճամբան` սարն ի վեր: Այսպիսի պարագաներու, գուցէ դժուարութիւնն ու յոգնութիւնը մոռնալու յոյսով, մարդս միտքով կը տեղափոխուի անցեալ, բան մը կը յիշէ կամ ալ կը մտածէ, թէ վաղը ո՞ւր պիտի երթայ: Օրինակ, անգամ մը Պիթլիս էի, երբ գործընկերներէս մէկը հեռաձայնեց Երեւանէն:

– Ես հիմա Պիթլիսի մէջ եմ, յետո՛յ հեռաձայնէ:

– Պիթլիսի մէ՞ջ: Երանի՜ քեզի: Մերիններն այդ կողմերէն են: Կրնա՞ս բուռ մը քար ու հող բերել,- կը լսեմ Արաքսի այն ափէն:

Պիթլիսի մէջ կը յիշեմ Ուիլեըմ Սարոյեանը: Ան իր պատմուածքներէն մէկուն մէջ առանձնակի պայծառութեամբ կը յիշէ Լուսնթագ Ղարաօղլանեան անունով մեծ մայրը. ՙԻմ մեծ մայր Ամերիկայի մէջ ալ Պիթլիս կ’ապրէր՚:

Գրողը Պիթլիս այցելելէ ու Ֆրեզնօ վերադառնալէ յետոյ գերդաստանին պատմեց, թէ Պիթլիսն ինչպէս գտած է. ՙՔաղաք աւերակ էր, միայն բերդ կանգուն էր: Քուրտ մը կար, ութսունն անց, հօրս յիշեց, ճանչցաւ: Ան էր, որ ինծի մեր տան տեղ ցուցուց: Տուն աւերակ էր, բայց օճախ կար… Հետս մարդիկ կային, քուրտեր, թուրքեր, ըսի՝ դուք գացէ՛ք, կ’ուզեմ մինակ մնալ՚:

Յետոյ Սարոյեանը պիտի գրէր իր բանաստեղծ հօր` կեանքէն շուտ հեռացած Արմենակ Սարոյեանի ծննդավայրի մասին ՙՊիթլիսը՚ պատմուածքը:

ՙԻրիկուն մը հօրս կրտսեր եղբայր Սեդրակը հեծանիւը նստած փողոցով ցած իջաւ: Ան հեծանիւի ոտնակը դէմ տուաւ փայտէ մայթեզրին ու մօտեցաւ.

– Ինչո՞ւ ես այդպէս մտահոգ,- ըսաւ ան:

– Առաջ մենք ո՞ւր ապրած ենք,- հարցուցի:

– Դուն հոս ծնած ես,- պատասխանեց ան: Ամբողջ կեանքդ այս հովիտին մէջ ապրած ես:

– Իսկ ո՞ւր ապրած է հայրս,- հարցուցի:

– Հին երկրին մէջ,- ըսաւ ան:

– Քաղաքին անունը ի՞նչ էր:

– Պիթլիս:

– Քաղաքը ո՞ւր էր:

– Լեռներուն մէջ: Լեռներուն մէջ կառուցուած էր:

– Իսկ փողոցնե՞րը:

– Փողոցները քարերով էին սալարկուած, ծուռումուռ էին ու նեղ:

– Հայրս Պիթլիսի փողոցներուն մէջ կը յիշե՞ս:

– Ի հարկէ, ան եղբայրս էր:

– Դուն զայն տեսա՞ծ ես,- հարցուցի: Դուն հայրս տեսա՞ծ ես լեռներուն մէջ կառուցուած քաղաքին փողոցներով քալելու ատեն՚:

Վերջին ճիգ մըն ալ, եւ լերան գագաթի ստորոտին Այտընին ու իմ առջեւ կը բացուի կիսաւեր Մշոյ Առաքելոցը: Կառուցումէն ետք եկեղեցին վերանորոգուած է միջնադարուն` հաւանաբար 10-13-րդ դարերուն: Այսօր Մշոյ Առաքելոցէն դեռ կիսականգուն է Սուրբ Թադէի զանգակատունը, իսկ պարսպապատ վանական համալիրէն աւերակներ մնացեր են միայն: Մէկ մասն ալ քիւրտերն աւերած են` ոսկի գտնելու յոյսով:

Մշոյ Առաքելոցը հարիւրամեակներ եղած է հայկական Տարօնի կարեւորագոյն կրօնական կեդրոններէն: Ան երկրաշարժերու, տարբեր նուաճողներու յարձակումներու դիմացած է, սակայն երիտթրքական սպանդին չդիմացաւ: 1915 թուականին վանքը յարձակման ու կողոպուտի ենթարկուեցաւ, իսկ վերջին վանահայրը` Յովհաննէս Վարդապետը, սպաննուեցաւ:

Եղեռնէն ետք` Մշոյ Առաքելոցը լքուած է:

Լուսանկարելէ, մասամբ կանգուն պատերուն վրայ արձանագրութիւններ փնտռելէ եւ հանգստանալէ յետոյ սարէն կ’իջնենք Այտընի հետ:

Բազմաթիւ անգամ եղած եմ Արտահանի, Կարսի, Անիի, Կարինի, Խարբերդի, Դատվանի, Վանի մէջ, եւ տուն վերադառնալով` ամէն անգամ ընկերներուս համար քար ու հող պարպած եմ կանաչ գոյնի ուսապարկէս:

Այտընի բարեկամներէն մէկուն ինքնաշարժով վերադարձանք Մուշ, ուր ան առաջարկեց երթալ իր ընկերներէն մէկուն` Ճան Եըլմազի խանութը: Հոն կտոր շաքարով քանի մը գաւաթ թէյ խմեցինք: Ճանն ըսաւ, որ Մուշի մէջ կան հայեր, աւելի ճիշդ` մեծ հայրը կամ մեծ մայրը հայ քիւրտեր: Ան ըսաւ, թէ կը ծանօթացնէ անոնցմէ քանի մը հոգիին հետ:

Նոյն օրը երեկոյեան Մուշի ՙՓարք Լոքանթասը՚ ճաշարանին մէջ ծանոթացայ անոնցմէ քանի մը հոգիին հետ, որոնց մէջ էր նաեւ ճաշարանատէրը` Ապտուլ Ռահմանը կամ Ապօն, որ երեկոյեան նամազի ատեն ծնկաչոք իջաւ ու աղօթեց: Նամազէն ետք Ապօն միացաւ մեզի. Մուշի իրիկունը հաճելի է նաեւ ծառերու տակ նստած թէյելու համար:

Նեճմէթթին Աքտաշը Արեւմտեան Հայաստանի մէջ ինծի հանդիպած ՙթաքուն հայ՚երուն մէջ ամենալաւ հայերէնը կը խօսէր: Ան ներկայացաւ երկրորդ անունով ալ` Արմէն Գալուստեան եւ իր գերդաստանին պատմութիւնը պատմեց: Մինչ թէյի սեղանին շուրջ կը զրուցէինք, մօտեցան քանի մը ուրիշ ՙթաքուն հայեր՚, որոնց մեծ մասը հայերէն չէր գիտեր կամ ընդամէնը քանի մը բառ գիտէր:

ՙԵս եօթը տարեկանին գիտցայ, որ հայ եմ: Պատահաբար գիտցայ: Օր մը, դպրոցի ճամբուն վրայ քիւրտ հովիւ մը զիս ծեծեց երախաներու ներկայութեան եւ ըսաւ, որ ես հայ եմ: Ես ա՛յդ օրը լսեցի ՙէրմենի՚ բառը: Տուն վերադառնալով, մեծ հօրս հարցուցի. ՙՊապի՛կ, ես քի՞ւրտ եմ, թէ՞ հայ՚: Մեծ հայրս առաջին անգամ ըսաւ, որ մենք հայ ենք: Յետոյ ամէն ինչ պատմեց: Ան ջարդի ժամանակ տասնեօթը տարեկան եղած է, ամէն բան շատ լաւ կը յիշէր: Մեծ հօրս օգնութեամբ, եօթը տարեկանին սկսայ հայերէն սորվիլ: Մեծ հայրս կ’ըսէր` ՙԵրբ մեծնաս, Խորհրդային Հայաստան կ’երթաս, Խոր Վիրապ, Էջմիածին, Գառնի կ’երթաս… Հայաստանի անկախութենէն ետք եկայ Հայաստան, Խոր Վիրապ, Էջմիածին, Գառնի գացի՚,- պատմեց Նեճմէթթինը:

Թէյի սեղանին շուրջ հաւաքուած միւս մշեցիները, բացառութեամբ Նեճմէթթինի 18-ամեայ որդիին` Այքանի, հայերէն գրեթէ չէին հասկնար ու լեզուներու վրան հալեցնելով շաքարի հերթական կտորը` կում-կում թէյ կը խմէին մեզի նայելով: Նեճմէթթինն ըսաւ, որ տան մէջ հիմնականին մէջ քրտերէն կը խօսին: Անոր որդիներէն Այքանը կամ Հայկը հայերէն կը խօսէր: Ան Երեւանի մէջ եղած էր: Ան հայերէն սկսած է սորվիլ հօրմէ` բառարանի օգնութեամբ:

Մուշի շրջանին մէջ մօտ 150 տուն կ’ընդունին, որ հայ են, թէեւ անոնց մեծ մասը հայերէն չի գիտեր: ՙՀաց թխելու ժամանակ խմորին վրայ մատով խաչ կ’ընենք: Մենք իրարու հետ լաւ կապեր ունինք: Տխրութիւն կամ ուրախութիւն ըլլայ` իրարու հետ ենք՚,- շարունակեց Նեճմէթթինը:

Հայերն իսլամացուած են Հայկական Լեռնաշխարհ թրքալեզու ժողովուրդներու ներխուժման ժամանակներէն: Թէ որքա՞ն հայեր են իսլամութիւնն ընդունած 19-րդ դարու վերջին եւ 20-րդ դարու առաջին երկու տասնամեակներուն` այդ միջոցով փորձելով փրկել կեանքը, դժուար է ճշգրիտ թիւեր նշել: Անոնց թիւը հաւանաբար մեծ չէ եղած, քանի որ դժուար է հաւատալ, թէ իսլամութիւն ընդունելով հնարաւոր ըլլար խուսափիլ պետականօրէն ծրագրուած եւ իրականացուած ցեղասպանութենէն:

ՙՍկիզբը օսմանեան իշխանութիւններն աքսորէն կ’ազատէին այն հայերը, որոնք իսլամութիւն կ’ընդունէին,- ըսած է թուրք պատմաբան Սելիմ Տէրինկիլը,- սակայն յետոյ իսլամութեան ընդունումն այլեւս չէր փրկեր հայերը, քանի որ անոնց կրօնափոխութիւնը ոչ-անկեղծ կը նկատուէր՚: Փրկուելու համար կրօնափոխ եղածներու թիւին վերաբերող հարցումին Տէրինկիլը պատասխանած է. ՙ19-րդ դարուն` 20 հազարէ մինչեւ 150 հազար հոգի, իսկ 1915-ին` թիւն անյայտ է՚: Այդ երեւոյթը պահպանուած է նոյնիսկ Ցեղասպանութենէն ետք, եւ ատոր արդիւնքն այն է, որ Թուրքիոյ երակներով հայկական արիւն կը հոսի ներկայիս՚:

Այսօր ՙթաքուն հայոց՚ մէկ մասն իր անցեալը այլեւս չի թաքցներ, թէեւ անոնք կը շարունակեն իսլամական ինքնութիւն կրել, քրտերէն խօսիլ եւ մզկիթ յաճախել: Հայկական գիւղերուն անունները տասնամեակներ առաջ փոխած են, բայց այսօր ալ քիւրտերը կ’օգտագործեն հին հայկական անունները` Ղարսիկ, Նորշէն, Կոմար, Կարմիրխաչ, Խորոնք: ՙՀրանդ Տինքի սպանութենէն ետք այստեղի հայերն աւելի շատ սկսան բացայայտօրէն խօսիլ իրենց հայկական արմատներուն մասին: Ան [Տինքը] էր, որ թերթին մէջ յայտարարութիւն տուաւ, թէ ով որ հայ է, կրնայ այդ մասին տեղեակ պահել ՙԱկօս՚-ի խմբագրութիւնը՚,- ըսաւ Նեճմէթթինը:

Թուրք պատմաբան Սելիմ Ճէօհչէնը Տինքի յուղարկաւորութեան ատեն տասնեակ հազարաւոր հոգիներու ներկայութիւնը կապած է ՙթաքուն հայոց՚ հետ` ատիկա զարթօնքի նշան համարելով. ՙԻրենց ինքնութիւնը մինչեւ այս պահը գաղտնի պահած եւ Ահմէթ, Մեհմէթ անուններով հայերը յուղարկաւորութեան ատեն գիտակցաբար բացայայտուեցան: ՙԲոլորս հայ ենք, բոլորս Հրանդ ենք՚ արտայայտութիւնն ատոր վկայութիւնն է՚:

Տինքի համաքաղաքացի, Մալաթիայէն յայտնի երաժիշտ Քեազիմ Աքընճըն 2008-ի Մայիսին յայտարարեց, որ արմատներով հայ է եւ անունն ու կրօնը փոխելու համար հայցադիմում ներկայացուցած է առաջին ատեանի դատարան: Աքընճըն ընդգծած է, որ իր հայկական ինքնութիւնը տարիներ շարունակ թաքցուցած է անվտանգութեան նկատառումներով, սակայն Տինքի սպանութենէն ետք որոշած է վերադառնալ հայկական ինքնութեան եւ կոչուիլ Սարգիս Ներսէսեան: Մօր հետ ապրող երաժիշտն ըսած է, որ երկար տարիներ ծնողներն իրենց հայ ըլլալը նաեւ իրմէ պահած են վախէն: ՙԿը ցաւիմ, որ երկար տարիներ ընտանիքս այդ փաստը աւելորդ վախով պահած է նաեւ ինձմէ: Ես կ’ուզեմ արմատներուս վերադառնալ՚:

Սպանութենէն քանի մը շաբաթ առաջ տուած հարցազրոյցի մը մէջ Հրանդ Տինքն ըսած է. ՙԹուրքիոյ մէջ այսօր հազարաւորներ կան, որոնք քաջութիւն ունին հրապարակաւ արտայայտուելու, գիրքեր ու յօդուածներ գրելու, որ իրենց մեծ հայրերը հայ էին: Ինծի համար շատ կարեւոր է այս հարցով աշխատիլ եւ գտնել այդ կորսուածները, ողջացնել այդ մեռածները՚:

ՙԹաքուն, իսլամացուած հայոց՚ եւ առհասարակ Արեւմտեան Հայաստանի ու Թուրքիոյ գաւառներուն մէջ մնացած հայոց խնդիրներուն տասնամեակներ առաջ` իր պատրիարքութեան տարիներուն, անդրադարձած է Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Շնորհք Արք. Գալուստեանը: Պատրիարք ընտրութենէն եւ գահակալութենէն ընդամէնը եօթը ամիս ետք այցելելով Սթամպուլի մէջ Խ. Ս. Հ. Մ.ի գլխաւոր հիւպատոսութիւն, Շնորհք Սրբազանը կը նշէ ՙԹուրքիոյ մէջ գոյութիւն ունեցող քաղաքական ծանր պայմանները եւ այդ առնչութեամբ հայ բնակչութեան համար ծագած դժուարութիւնները՚: Պատրիարքը կը շեշտէ, թէ ՙյատկապէս դժուար է Անատոլուի շրջաններուն մէջ ապրող հայոց վիճակը: Բնակչութեան այդ հատուածը կ’ենթարկուի իշխանութեանց հնարաւոր բոլոր հալածանքներուն եւ ներկայիս լուրջ զրկանքներ կը դիմագրաւէ՚: Պատրիարքը կը խնդրէ ՙնուազագոյն հնարաւորութեան պարագային՚ կազմակերպել անոնց Խորհրդային Հայաստան հայրենադարձութիւնը: Մէկ տասնամեակ ետք, Շնորհք Պատրիարքը կ’ընդգծէր, որ ՙԱնատոլուի հայերը հանքի նման են. որքան փորենք` այնքան կը գտնենք՚:

1988-ին թրքական ՙԹերճիւման՚ թերթը յիշեցուց, որ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքը 1980-ին Երուսաղէմի մէջ ունեցած ճառի մը մէջ ըսած է, որ Թուրքիոյ մէջ 1 միլիոն հայեր բռնի իսլամացուած են եւ պէտք է զանոնք փրկել: Շնորհք Պատրիարքը Թուրքիոյ իսլամացած հայերը բաժնած է երեք դասի: Առաջին` իրենց յօժար կամքով իսլամացած հայեր, որոնք թրքացած են, երկրորդ` քրտաբնակ շրջաններուն մէջ իրենց ազգային ու կրօնական ինքնութիւնը պահող հայեր: Օրինակ, Խնուսին մէջ հայերն իրենք իրենց մէջ կ’ամուսնանան եւ ազգութիւնը կը պահեն: Երրորդ`բռնի կերպով իսլամացածներ, որոնք իրենց անցեալը չեն մոռցած եւ Սթամպուլ գաղթելով` իրենց անձնագիրներուն մէջ ՙիսլամ՚ բառին փոխարէն ՙհայ՚ գրել կու տան: Պատրիարքն ըսած է, որ եթէ Ցեղասպանութիւնը չ’ըլլար, հայ բնակչութեան թիւը 10 միլիոնէն աւելի կ’ըլլար:

2006-ին, Ազիզ Տաղճըն եւ քանի մը սասունցիներ Սթամպուլի մէջ ստեղծեցին ՙՊիթլիսի, Պաթմանի, Մուշի եւ Վանի վիլայէթներու, գիւղերու եւ գաւառներու հայ սասունցիներու ընկերային փոխօգնութեան, մշակոյթի եւ համերաշխութեան՚ միութիւնը: Միութիւնը 2008-ի գարնան դիմումներ ներկայացուց Պաթմանի (Սասունն այժմ այս նահանգի գաւառներէն է) նահանգապետարան, անշարժ գոյքի եւ քատասթրի վարչութիւն` պահանջելով Մարութայ սարի Գոմք եւ Արծուիկ գիւղերու կողոպտուած եւ ախոռի վերածուած եկեղեցիներն ու գերեզմանները արձանագրել գոյքագրման մատեաններուն մէջ` ապահովելու համար պետութեան կողմէ անոնց պահպանութիւնը: Սուրբ Պետրոս Առաքեալի վանքը Մարութայ սարի ստորոտին է, իսկ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին` գագաթին: Պաթմանի նահանգապետարանը պատասխանեց. ՙՍասունի գաւառին եւ գիւղերուն պատմա-մշակութային յուշարձանները դեռ հնարաւոր չէ եղած գոյքագրել: Նահանգապետարանը մարդոց միջամտութեան պատճառով եկեղեցիներու եւ գերեզմաններու աւերման կամ որպէս ախոռ գործածութեան փաստերու մասին որեւէ դիմում-բողոք չէ ստացած: Խնդրոյ առարկայ յուշարձանները շուրջ 100 տարի առաջ շրջանէն հայոց հեռացման պատճառով լքուած են, ատոր համար ալ, եկեղեցիներու եւ գերեզմաններու` բնա-կլիմայական գործօնին ազդեցութեամբ աւերումը միանգամայն բնական պէտք է նկատուի՚:

Իր հայկական ինքնութիւնը տասնամեակներ թաքցուցած Սալահէթթին Կիւլթեքինը 2010-ի Յունիսին  դատարան դիմեց եւ իր անունը Միրան Փրկիչի փոխել տուաւ: Ան փոխեց նաեւ կրօնը` ընդունելով քրիստոնէութիւնը: Տերսիմի (այժմ` Թունճելի) մէջ ծնած եւ մեծցած Միրանը 7 ընկերներու հետ Նոյեմբերին հիմնեց ՙՏերսիմի Հայոց Դաւանանքի Եւ Փոխօգնութեան Միութիւն՚ը:

ՙՄենք 1915-էն առաջ աշխարհ եկած Սարգիս, Յարութ եւ Պօղոս անուններով երեք եղբայրներու թոռներն ենք՚,- ըսաւ ան Երեւանի մէջ, ուր ան եկած էր առաջին անգամ: ՙՄեր` հայ ընտանիք ըլլալը շրջապատին մէջ բոլորն ի սկզբանէ գիտէին: Ես եօթը տարեկանին գիտցած եմ, որ հայ եմ: Դպրոցական տարիներուն, երբ երախաներու հետ ընդհարում կ’ըլլար, մեզի ՙհայի երախաներ՚ կ’ըսէին, եւ ատիկա հայհոյանքի պէս բան մըն էր: Կը յիշեմ, որ ընտանիքին մեծերը իրարու հետ հայերէն կը խօսէին, եւ երբ կը խօսէին հայերէն, մեզմէ հնարաւորին չափ հեռու կը մնային, որպէսզի մենք չլսենք, չգիտնանք, որ հայ ենք: Սակայն շրջապատը մեր հայկական ինքնութիւնը մոռնալ թոյլ չէր տար՚,- կ’ըսէ ան:

Իրենց հայկական արմատներուն մասին եթէ նոյնիսկ մարդիկ մոռնան, անոնց ժամանակ առ ժամանակ կը յիշեցնեն դրացիները: Քիւրտերն ու թուրքերը սերունդէ սերունդ փոխանցած են հայոց հետ տեղի ունեցածը: Թուրք պատմաբան Հալիլ Պերքթայը գրած է, որ 1915 թուականը պահպանուած է հասարակ ժողովուրդի յիշողութեան մէջ, ընդ որուն, շատ թուրքերու եւ քիւրտերու քով այդ յիշողութիւնները ոչ միշտ են բացասական, երբեմն ՙհերոսական՚ են ու ոգեւորիչ: Այսօր ալ Թուրքիոյ տարբեր վայրերուն մէջ կարելի է հանդիպիլ տուներու, ուր կան պատերէն կախուած թուրեր, որոնց մասին կ’ըսեն, թէ վրայի արիւնը հայկական արիւն է: Ոմանք ատոնցմով կը հպարտանան, ուրիշներ` կ’ամչնան:

ՙՈւիքիլիքս՚ի փաստաթուղթերէն մէկուն մէջ կ’ըսուի, որ նոյնիսկ մէկ դար ետք թուրքերը կը վախնան սեփական պատմութենէն եւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ հայոց թաքուն ներկայութենէն: Երբ Թուրքիոյ մէջ Ա. Մ. Ն.ի դեսպանատան աշխատակիցները մինչեւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը հայաշատ եղած շրջաններ այցելած են 2004 թուականին, անոնց զարմացուցած է այն փաստը, որ բնակչութիւնը կը շարունակէ լաւատեղեակ մնալ հայոց հետ տեղի ունեցածին: Դեսպանատան աշխատակիցները զարմացուցած է նաեւ արտաքին յատկանիշներով հայոց նմանող մարդոց թիւն ու այն իրողութիւնը, որ ժողովուրդը պատրաստակամ եղած է պատմելու 1915-ի մասին:

Վերջին տարիներուն բազմատասնեակ հոգիներ քրիստոնէութիւն ընդունած են եւ հայկական արմատներուն վերադարձած: Այդպիսիներու մասին քանի մը գիրքեր գրուած են, ‎ֆիլմեր նկարահանուած, յօդուածներ հրապարակուած:

Թուրքիոյ մէջ հայկական թապուն քանդելու գործին մէջ յատկանշական էր փաստաբան Ֆեթհիյէ Չեթինի ՙՄեծ Մայրս՚ (Anneanam) գիրքը: Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն առեւանգուած եւ իսլամացուած հազարաւոր հայուհիներէն մէկն էր Չեթինի` մօրական մեծ մայրը` Հրանոյշը, որուն տուած էին Սեհէր անունը: Անդիի աշխարհն երթալէն առաջ, Հրանոյշ-Սեհէրը թոռնուհիին կը պատմէ իր անցեալը, զոր տարիներ ետք Ֆեթհիյէն կը շարադրէ` փաստօրէն ճամբայ բանալով կրօնափոխ ՙթաքուն հայոց՚ նմանօրինակ հարիւրաւոր ուրիշ պատմութեանց համար: Չեթինն ու ընկերաբան Այշէ Կիւլ Ալթընայը յետագային հրատարակեցին ՙԹոռներ՚ գրքոյկը, որու մէջ հայկական ինքնութիւնը կորսնցուցած կամ զայն թաքցնող` Թուրքիոյ 25 քաղաքացիներ իրենց ընտանիքներուն պատմութիւնը կը պատմեն:

Գերմանիոյ մէջ բնակող թուրք գրող Քեմալ Եալչընը իր ՙՆորահարս՚ հատորին մէջ պատմեց հայ գեղեցկուհի Սիրանոյշի մասին, զոր Ցեղասպանութեան տարիներուն փրկած, այնուհետեւ հետն ամուսնացած է Ատըեամանի շրջանի յայտնի քիւրտ աղաներէն Նուրին: Անոնց կրտսեր որդին` Մեհմէթը դրուագներ կը պատմէ մօր կեանքէն. ՙՄօրս իսկական անունը Սիրանոյշ էր, հօրս հետ ամուսնանալէն ետք անոր Հանըմ կ’ըսէին: Մայրս երիտասարդ տարիքին յաճախ ինծի ու երէց եղբայրներուս կ’ըսէր. ՙՀապա ինծի անգամ մը Սիրանոյշ ըսէք, լսեմ՚: Երբ անոր Սիրանոյշ կ’ըսէի, կը փաթթուէր ինծի, շարունակ կը համբուրէր ու կ’արտասուէր: Երախայ ատեն մօրս արտասուելուն նայելով` ես ալ կ’արտասուէի, սակայն չէի գիտեր, թէ մայրս ինչո՞ւ կու լայ: Մայրս երբեմն լեռներու, թռչուններու, քարերու, հողի, ծաղիկներու հետ կը խօսէր, կը զրուցէր: Անոնց հետ մօրս խօսած լեզուն չէի հասկնար: Երբ կը հարցնէի` գլուխս կը շոյէր ու կ’ըսէր. ՙՍա մօրս, հօրս լեզուն է, քեռիներուդ լեզուն է, հայոց լեզուն է՚: Հայոց լեզուն մօրս արցունքներուն լեզուն էր՚:

… Ձմեռային իրիկուն մը կը քալեմ Կարսի փողոցներով, կ’անցնիմ Չարենցի նկարագրած վայրերով: Կանգ կ’առնեմ սեւ քարերով շարուած երկյարկանի շէնքի մը առջեւ: Գուցէ սա է՞ Պոչքա Նիքոլային պանդոկը: Երկաթուղային կայարան տանող նախկին Լոռիս-Մելիքեան փողոցին վրայ ճաշարան մը կը մտնեմ: Գուցէ սա՞ է Թելեֆոն Սեդոյին սրճարանը: Գուցէ այս երկյարկանի քարէ շէնքն ալ քաղաքի ամենայարգելի հարուստ Կեներալ Ալոշի ատեա՞նն է Ալեքսանդրեան փողոցին վրայ, գուցէ սա՞ է Եկոր Արզումանովի գինետունը:

Ձիւնն ամբողջովին ծածկած է Կարսը` տերեւաթափ ծառերը, տանիքները, Սրբոց Առաքելոց եկեղեցւոյ գմբէթը, Վարդանի կամուրջը, քաղաքին վրայ իշխող բերդը, թանգարանի բակին մէջ թափուած գերեզմանաքարերը, որոնց վրայ գրուած հայերէն գիրերը կը սկսին միեւնոյն տողով`

ՙԱստ հանգչի…՚,

ՙԱստ հանգչի…՚,

ՙԱստ հանգչի…՚:

Գաղթի ճամբուն մնացած փոքրիկ աղջկան լացը, Կարսի սարահարթէն փչող դեկտեմբերեան քամին, Աղթամարի Սուրբ Խաչին մէջ հայ հոգեւրականին երգը, Մշոյ դաշտավայրէն եկող երեկոյեան զեփիւռը այս պահուն կը ծակեն ոսկորներս, կը խլացնեն ականջներս, կը պտըտցնեն գլուխս:

Երկի՛ր Նաիրի, ո՞ւր ես:

ՎԵՐՋ

Հայացք Արարատէն. Հայերը եւ Թուրքերը, արևմտահայերենՀայեացք Արարատէն. հայերը եւ թուրքերը` պատերազմ, պաղ պատերազմ, դիւանագիտութիւն գիրքը բաղկացած է երեք մասերէ` հայ-թրքական յարաբերութիւնները 1918-1921, Խորհրդային Միութեան տարիներուն կայացած յարաբերութիւնները եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները 1988-էն այսօր: Գիրքի պատրաստութեան համար Թաթուլ Յակոբեան բազմաթիւ զրոյցներ ունեցած է պետական պաշտօնեաներու հետ, օգտագործած է բազմատեսակ աղբիւրներ, կատարած է այցելութիւններ եւ ուսումնասիրած է բազմաթիւ հրատարակութիւններ: Հեղինակը հայ-թրքական յարաբերութիւններու հարիւրամեայ պատմութիւնը ներկայացնելով պատմաբանասիրականը կը միացնէ լրագրականին եւ առարկայականը` վերլուծականին:

Փափուկ կազմ, 515 էջ,
լեզուն՝ արեւմտահայերէն,
2012, Անթիլիաս,
ISBN 978-995302343-4