«Մենք ենք սարերը մեր»․ Թորոնթոյէն մինչեւ Արցախի ազատագրուած տարածքներ

723

ԹՈՐՈՆԹՈՅԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ԱՐՑԱԽԻ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԱԾ ՏԱՐԱԾՔՆԵՐ

Քանի մը ամիս առաջ, Թորոնթոյէն խումբ մը հայ երիտասարդներ, Հայաստան այցելութեան ընթացքին որոշեցին նաեւ մեկնիլ Արցախ եւ ծանօթանալ ազատագրուած Քաշաթաղի գիւղերուն եւ բնակիչներուն, որպէսզի լաւ պատկերացում ունենան այնտեղ տիրող իրավիճակին, ազատագրուած հողերու բնակիչներու առօրեային եւ ընդհանրապէս արցախցիներու կեանքին եւ մեր զինուորներուն մասին:

«Թուֆէնքեան» հիմնարդամի աշխատակիցներուն ընկերակցութեամբ էր, որ թորոնթոհայ Մինէ Ծատուրեանը, այլ երիտասարդներու ընկերակցութեամբ, Սեպտեմբերին մեկնեցաւ Արցախի տարբեր շրջաններ:

Արցախի տարբեր գիւղերն ու աւանները այցելելով, Մինէն եւ իր ընկերները ծանօթացան սահմանները պաշտպանող զինուորներու, ազատագրուած հողերու վրայ վարք ու ցանք ընող գիւղացիներու, Սուրիաէն փախած եւ Քաշաթաղի Իշխանաձոր գիւղը հաստատուած Սուրիահայերու: Երկօրեայ այցելութիւնը աւելի քան բաւարար էր, որ անոնք ներշնչուէին Արցախի ժողովուրդով, մեր զինուորներու քաջութեամբ, գիւղացիներու պարզ կեանքով եւ ազատագրուած տարածքները ծաղկեցնելու բազամազան աշխատանքներով:

Թորոնթօ վերադառնալով, Մինէն եւ իր ընկերները մտածեցին մշակութային ձեռնարկ մը կազմակերպել եւ «Թուֆէնքեան» հիմանդրամի միջոցով հասոյթը նուիրել Արցախի եւ Հայաստանի մէջ իրագործուող ծրագիրներու: Այսպէս է, որ ծագեցաւ եւ անմիջապէս գործի դրուեցաւ բարեգործական համերգ մը կազմակերպելու գաղափարը:

Երիտասարդները որոշեցին համերգը կոչել «Մենք ենք սարերը մեր» եւ կոչ ըրին միասին սատարելու Հայրենիքին՝ Արցախին եւ Հայաստանին:

Բարեգործական համերգի օրն ու վայրե ճշդելէ ետք, Մինէ Ծատուրեանին հետ այլ երիտասարդ տաղանդներ՝ Լեւոն Քարակիւլեան, Նուէր Ղազարեան, Սեւակ Յարութիւնեան, Սէյրան Ղազարյան, Թորոս Մայտոսեան ու Դուին Գաթրճեան եւ պարուհի Անի Գրիգորեան, սկսան ամէնօրեայ փորձերու՝ Հրիփսիմէ Թովմասեանի ղեկավարութեամբ: Համերգի կամակերպման աշխատանքներուն մասնակից եղաւ նաեւ Անապէլ Շարույանը, որ նախապատրաստական աշխատանքներու բեռը վերցուց իր ուսերուն:

Շաբաթներ տեւած փորձերէ ետք, որոնք տեղի ունեցան պահանջկոտ եւ բծախնդիր Հրիփսիմէ Թովմասեանի ղեկավարութեամբ, Դետկեմբեր 8-ին, Երիտասարդական կեդրոնի հանդիսասրահին մէջ հարիւրաւոր թորոնթոհայերու ներկայացուեցաւ հայկական ազգային, հայրենասիրական եւ ժողովրդական երգերու գեղեցիկ փունջ մը, կատարողութեամբ խումբ մը երիտասարդներու, որոնք կարծէք տարիներ շարունակ բեմերու վրայ եղած էին եւ հմայած հադիսատեսները:

Հայ երգի կատարումը՝ երիտասարդներու կողմէ, ու մանաւանդ՝ այս ձեռնարկի հասոյթին փոխանցումը Թուֆէնքեան հիմնադրամին՝ Արցախի մէջ զինուորներու բնակարանային կարիքներ հոգալու եւ Հայաստանի անապահով երեխաներուն օգնելու համար,իրապէս հաճելի ու գնահատելի նախաձեռնութիւն մըն էր:

Այսօր, բազմաթիւ հայ երիտասարդներու համար Հայաստանն ու Արցախը հեռու են իրենգ բնակավայրերէն եւ այդ պատճառով՝ շատ յաճախ դժուար հասանելի: Այս ձեռնարկով, խումբ մը երիտասարդներ հայ երգով ու երաժշտութեամբ կամուրջ ստեղծեցին թորոնոհայութեան եւ Արցախի միջեւ, սփիւռքահայ երիտասարդներու եւ հայրենիքին միջեւ եւ օգտակար հանդիսացան հայ զինուորին եւ կարիքաւոր երեխային:

Միայն կարելի է քաջալերել ու բարձր գնահատել այսպիսի նախաձեռնութիւնները, որոնք հայ երգի ու երաժշտութեան բարձրորակ ներկայացումին կողքին, կը դառնան օգտակար միջոցառում՝ սահման պահող հայ զինուորին աջակցելու եւ կեանքի դժուարին պայմաններուն մէջ ապրող երեխաներուն օգնելու յստակ նպատակով:

Ըսեմ, որ ինծի համար մեծ ուրախութիւն եւ հպարտութիւն էր ներկայ ըլլալ այս համերգին: Բեմին վրայ հայերէն երգ հնչեցնող երիտասարդներուն մէկ մասը, գրեթէ կէսը, իմ նախկին (ու ներկայ) աշակերներն էին՝ ՀՕՄԻ երկրորդական վարժարանէն, որուն տնօրէնը ըլլալու պատուին արժանացած եմ եւ համեստ մասնակցութիւն բերած դպրոցը երկրորդական վարժարան դարձնելու եւ նոր շէնքով օժտելու համայնքային ազգանուէր աշխատանքներուն: Հպա՛րտ եմ մեր աշակերտներով եւ դպրոցով:

Րաֆֆի Տուտագլեան