Մտորումներ ընտրարշաւի, կուսակցութիւններու եւ այլ բաներու մասին. Րաֆֆի Տուտագլեան

619

Նամակ երկրէն

Ես կուսակցական չեմ։ Այս տարիքէն յետոյ, չեմ ալ փափաքիր մաս կազմել որեւէ կուսակցութեան։ Դաշնակցականի երդում տուած եմ 35 տարի առաջ եւ կը հաւատամ, որ մարդ պէտք չէ քանի մը տարին մէկ գաղափարական ճամբար փոխէ եւ նոր հաւատարմութիւններ յայտնէ։ Երդումը՝ մէ՛կ անգամուայ համար է։ Կը նախընտրեմ անկուսակցական մնալ ու միաժամանակ հաւատարիմ՝ գաղափարաբանութեան, որուն հաւատացած եմ ու կը շարունակեմ հաւատալ։

Ի դէպ եւ ցաւօք սրտի, Հայաստանի մէջ գիտակից ու խելացի շատ երիտասարդներ կը նախընտրեն անկուսակցական ըլլալ, որովհետեւ համոզուած են, որ Հայաստանի մէջ գործող կուսակցութիւնները գաղափարական չեն, իրենց քաղաքական ուղղութիւնը գաղափարական ակունքներէ չի՛ բխիր։ Ուրիշներու համար՝ քաղաքական դաշտը միայն ծայրայեղ աջակողմեան, աջակողմեան եւ լիբերալ-ազատական հոսանքներով ողողուած է, կեդրոն եւ ձախակողմեան հոսանքներ չկան, գոնէ գործնական առումով։ Դժբախտաբար, իրականութենէ այդքան ալ հեռու չէ այս հաստատումը։

Օրինակ, Հայաստանի մէջ անցնող տարիներու կառավարութիւններու որոշումներուն մեծ մասը՝ ծառայած է աջակողմեան եւ լիբերալ ընկերատնտեսական քաղաքականութիւններու ամրագրման։ Կեդրոն-ձախ ուժերը միայն անունով կեդրոն ձախ են, ընդհանրապէս դաշնակցած ու ծառայած են աջակողմեան կամ լիբերալ ուժերուն, իսկ վերջին տարիներուն՝ ՀՀԿ-ով ներկայացող օլիգարխիկ համակարգին։
Այս ընտրարշաւը եւս առիթ չհանդիսացաւ, որ անհատական եւ մակերեսայինի փոխարէն, գաղափարական պայքար տեղի ունենայ կուսակցութիւններուն միջեւ։

Մեծաւ մասամբ՝ փոխադարձ արժան ցեխարձակումներ եւ գօտիէն վար փոխադարձ հարուածներ տեղի կ՚ունենան, իսկ աւելի վտանգաւորը՝ Արցախեան խնդրի եւ բանակի ներքաշումն է ընտրարշաւի մէջ։ Չկան ծրագրային-գաղափարական պայքարներ, լուրջ վէճեր, միտքերու բախում, թէեւ բոլորն ալ մեծ գումարներ ծախսած ու գրքոյկներ հրատարակած ու կայքեր պատրաստած են։ Բոլորն ալ զիրար դաւաճանութեամբ կ՚ամբաստանեն եւ մեղաւորը կը փնտռեն դիմացինին մէջ։

Ափսոս, որ ընտրական օրէնքի փոփոխութեան մերժումն ալ չօգնեց կուսակցական-գաղափարական պայքարի խթանման։ Հայաստանեան կուսակցութիւնները դեռ չեն կրցած լուծել կայացման եւ արմատաւորման իրենց խնդիրը, իսկ համահայկական աւանդական կուսակցութիւններու անկումը կը շարունակուի հայրենիքին մէջ։ Այդպէս ալ չկրցան դառնալ հայաստանեան ժողովրդական կուսակցութիւն, ինչ որ ցաւալի է։

Բոլորն ալ գիտեն, որ եթէ չըլլան Սփիւռքեան իրենց կազմակերպութիւնները, այդ կուսակցութիւններուն վիճակը ոչ մէկ բանով պիտի տարբերի հայաստանեան միւս կուսակցութիւններէն։ Փաստը կը մնայ փաստ՝ Հայաստանեան կուսակցութիւններու կայացման խնդիրը դժբախտաբար խրախուսական չէ դեռ եւս, ու ո՛չ անցեալի իշխանութիւնները նպաստած են կուսակցութիւններու կայացման եւ ոչ ալ այսօրուան իրադարձութիւնները յուսատու կը թուին ըլլալ։

Տարիներ առաջ, անզուգական Վահէ Օշականը, իր յօդուածներէն մէկուն մէջ կ՚արտայայտէր մօտաւորապէս հետեւեալ գաղափարը. եթէ մէկը մինչեւ 20 տարեկան կուսակցական չեղաւ, ուրեմն սիրտ չունի։ Իսկ եթէ մէկը 40 տարեկանէն ետք դեռ կուսակցական մնաց՝ ուրեմն խելք չունի։ Ի դէպ, Վահէ Օշական մինչեւ իր մահկանացուն կնքելը, 40-էն շատ տարիներ անց, մնաց ՀՅԴ-ի հաւատաւոր անդամ, ու նաեւ՝ իր կուսակցութեան քաղաքական դիրքորոշումներուն անխնայ քննադատ, նոյնիսկ հրապարակային յօդուածներով։

Չեմ գիտեր ինչու այս բոլորը կը յիշեմ հիմա։ Հաւանաբար անոր համար, որ Վահէ Օշականի նման մեծութիւնները հազուագիւտ են այս օրերուն՝ հայմահայկական մեր իրականութեան մէջ։ Հաւանաբար անոր համար, որ թէեւ քաղաքական դաշտը լեցուած է հազարումէկ ուժերով, բայց մտքի եւ գաղափարի անապատը օրէ օր կ՚ընդարձակուի ամենուրէք։

Հաւանաբար նաեւ յիշողութիւնը ինքնին զգաստացման կսմիթ է, մանաւանդ երբ ընտրապայքարի այս օրերուն բորբոքած կիրքեր գրեթէ ամբողջութեամբ մթագնած են բանականութեան ամէն նշոյլ։

Ահաւոր բան է, երբ քաղաքական դաշտը գաղափարաբանութենէ դատարկ է, անապատացման ընթացքի մէջ է։ Այս ատեն է, որ մէջտեղ կու գայ սուտ ազգայնականութիւնը։ Իսկ սուտ ազգայնականութիւնը ոչ գաղափարաբանութիւն, ոչ ալ դաւանանք է։ Քաղաքական opportunism-ի դրսեւորում է պարզապէս։ Համաշխարհային երկրորդ պատերազմին, նոյնիսկ համայնավարութիւն «կառուցող» Ստալինը գիտակցեցաւ ազգայնական հռետորութիւնը օգտագործելու պատեհութեան կարեւորութեանը՝ Սովետը փրկելու իր ճիգին մէջ։

Ես չեմ հաւատար սուտ ազգայնականութեան։ Ես ընկերվար-ժողովրդավար՝ ձախ-կեդրոն գաղափարախօսութեան համակիր եմ։ Այս գաղափարախօսութեամբ յստակօրէն բանաձեւուած է թէ՛ ազգերու, եւ թէ՛ անհատ մարդոց իրաւունքները։

Հաւանաբար այսօրուան տգեղ ընտրապայքարէն ետք, երբ կիրքերը խաղաղին եւ սթափ միտքը դառնայ տիրականը, պահը պիտի գայ անդրադառնալու, որ առանց գաղափարախօսութեան՝ չկայ քաղաքական պայքար, այլ կայ փողոցային լեզուակռիւ։ Առանց գաղափարաբանութիւններու՝ չկան կուսակցութիւններ, այլ կան պատեհապաշտ խմբաւորումներ։ Գաղափարաբանութիւնները հասարակութեան զարգացման խթանիչ ուժն են, որքան ալ անոնք չարաշահուին տարբեր մարդոց եւ ուժերու կողմէ։

Րաֆֆի Տուտագլեան

Գրեցէ՛ք ինծի։
rafdoud@aol.com