Նոր բան կա՞յ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն ու «Հայաստան» հիմնադրամի գործունէութեան մէջ

816

Միչիգան համալսարանի Հայագիտության կենտրոնի ղեկավար, պատմաբան Արա Սանճեանը Ֆեյսպուքի իր էջին վրայ գրած է

«Հայաստան» հիմնադրամի հեռուստամարաթոնները միշտ զիս հետաքրքրած են նաեւ հոգեբանական, ընկերաբանական ու մշակութաբանական տեսանկիւնէ՝ քանի որ այդ օր՝ տարին մէկ անգամ, պատկերասփիւռէն կարելի կ’ըլլայ զննել Հայաստանի ու Արցախի իշխանաւորներուն կամ անոնց ներկայացուցիչներուն դէմ առ դէմ հրապարակային հանդիպումը սփիւռքի եւ առաջին հերթին՝ Լոս Անճելեսի հայկական կազմակերպութիւններուն վերնախաւին հետ։ Արդէն 21 տարի է, ու բեմագիրը (scenario) կը մնայ համարեա անփոփոխ։ Երեւի ամէն տարի արմատական նորութիւն ակնկալելն ալ շռայլութիւն է, բայց այս տարի սովորականէն քիչ մը աւելի հետաքրքրական կը թուէր՝ Հայաստանի մէջ մի քանի ամիս առաջ տեղի ունեցած արմատական քաղաքական փոփոխութեան պատճառով։

Առաջին նորութիւնն այն էր, որ հեռուստամարաթոնի այս տարուան կարգախօսը «Նոր Հայաստան» էր եւ մի քանի շաբաթ առաջ նախկին նուիրատուներուն ուղարկուած յիշեցման բացիկներուն վրայ տպուած էին վարչապետ Փաշինեանի դիմանկարն ու հեռուստամարաթոնին մասնակցելու իր յորդորը։ Դժբախտաբար, այս տողերը կը գրեմ երբ Ամերիկայի մէջ չորսօրեայ արձակուրդ է եւ անմիջապէս հնարաւորութիւն չունիմ Տիրպոռնի հայագիտական կեդրոնի հաւաքածոյին մէջ ստուգելու եթէ նախորդ տարիներուն նոյնանման բացիկներու վրայ երբեւիցէ տպուած էր Ռոպերթ Քոչարեանի կամ Սերժ Սարգսեանի դիմանկարը։ Եթէ յիշողութիւնս չի դաւաճաներ, ո՛չ։

Երկրորդ նորութիւնը Երեւանէն Լոս Անճելես ժամանած կազմի (երեւանցիներուն յաճախ օգտագործած ռուսերէն բառով՝ սոստավի) համարեա ամբողջական փոփոխութիւնն էր։ Հեռուստամարաթոնը Ամերիկայի մէջ տեղի կ’ունենայ տօնական օր մը երբ մարդիկ ընտանեկան եւ այլ ընկերական պարտաւորութիւններ ունին ու գրեթէ անհնար է ամբողջ հեռուստամարաթոնին րոպէ առ րոպէ հետեւիլ։ Այս տարի, 12 ժամ տեւած հեռարձակումէն շուրջ 5-6 ժամին կրցայ հետեւիլ միայն եւ այն տպաւորութիւնն ստացայ որ երեւանեան նախկին «սոստավէն» գոյատեւած էր միայն Արտակ Հերիքեանը…

Բայց, նաեւ ստացայ այն տպաւորութիւնը որ այս նոր կազմը նոր ըսելիք չունէր՝ հակառակ այս տարուան կարգախօսին։ Ամենամեայ փաստարկներն էին թէ հիմնադրամի հանգանակած գումարներէն որեւէ մսխում չ’ըլլար, թէ անոր հաշիւները խստիւ կը վերահսկուին, թէ այդ գումարներով նկատառելի սոցիալ-տնտեսական ու մշակութային յառաջընթաց կ’արձանագրուի Հայաստանի ու Արցախի հանրապետութիւններուն մէջ եւ թէ բոլորը գոհ են ու երախտապարտ։ Կը կարծեմ թէ բնական էր նոյն շեշտադրումները ակնկալելը երբ նպատակը նոյնն է՝ հնարաւորին չափ շատ գումար հանգանակել … միայն եթէ «նոր Հայաստանի» կարգախօսը չըլլար։

Կարգախօսէն ու երեւանեան փոխուած կազմէն զատ, «հին» մնացած էին ո՛չ միայն երեւանեան կազմի բերած պատգամը, այլեւ Ղարաբաղի կազմն ու այս ամենամեայ հաւաքի ամերիկահայ եւ այլ սփիւռքահայ փորձուած մասնակիցները, ներառեալ՝ դժուարութեամբ մի քանի հայերէն նախադասութիւն թոթովող Լոս Անճելեսի դպրոցական հայ մանուկները։ Սա ալ ակնկալելի էր, քանի որ Ղարաբաղն ու սփիւռքահայ համայնքները իշխանափոխութիւն չապրեցան անցած տարուան ընթացքին, իսկ սփիւռքի պարագային կտրուկ փոփոխութիւններ սպասելը համազօր է ցնորքի։

Սփիւռքահայութեան փորձուած առաջնորդներն ալ քանիցս շեշտեցին թէ Հայաստանին օգնելու իրենց պատրաստակամութիւնը անկախ է Հայաստանի նախագահի կամ վարչապետի ազգանունէն։ Անոնց ելոյթներուն մէջ եւս չհանդիպեցայ անցեալի գործելակերպէն որեւէ բան փոխելու մասին ակնարկներու։ Ինծի համար յատկապէս յիշատակներ արթնցուց մէկ սփիւռքահայ գործիչ որ երկար գովուեցաւ հեռուստամարաթոնի ժամանակ եւ որ Նիկոլ Փաշինեանի արտասանած բանաստեղծութենէն ներշնչուած իր ելոյթին ժամանակ ինքն ալ այլ բանաստեղծութիւն մը արտասանեց։ Մի քանի տարի առաջ մեր քաղաքը այցելած էր եւ երբ ներկաներէն մէկը հարց բարձրացուց թէ Ղարաբաղեան Պատերազմի հերոսներէն ոմանք այսօր Հայաստանի ժողովուրդին համար փտածութեան (կոռուպցիա) ու կաշառակերութեան խորհրդանիշեր դարձած են, հակադարձեց՝ ըսելով որ Հայաստանի օլիգարխներուն կապերը ռուս օլիգարխներուն հետ անփոխարինելի են՝ իրենց միջեւ եղած կապերուն շնորհիւ Հայաստանի ժողովուրդը տարրական սննդամթերքով ապահովելու համար։

Հայաստանի մէջ կրնան նոր իշխանութիւններ ըլլալ, բայց որեւէ նոր բան կա՞յ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն ու «Հայաստան» հիմնադրամի գործունէութեան մէջ։ Երկրորդ հարցում՝ եթէ Հայաստանի մէջ կայ իշխող նոր կուսակցութիւն, պէ՞տք է ամէն բնագաւառի մէջ «նոր» ածականը խցկել…

Չաժանցնենք «նոր» ածականը…

Արա Սանճեան