Հայաստանէն զատ ո՞ր երկիրը 20 տարուայ մէջ երեք անգամ սահմանադրութիւն փոխած է

1015

ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ ԶԱՏ Ո՞Ր ԵՐԿԻՐԸ 20 ՏԱՐՈՒԱՅ ՄԷՋ ԵՐԵՔ ԱՆԳԱՄ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ՓՈԽԱԾ Է

Դեկտեմբերին խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւնները, շատ հաւանաբար, տեղի ունենան: Հիմա շատեր պիտի ըսեն (եւ կ’ըսեն արդէն) ինչու՞ այս շտապողականութիւնը, կարելի էր մի քանի ամիս եւս սպասել, կարելի էր ընտրական օրէնսգրքի աւելի լաւ եւ կատարեալ բարեփոխումներ իրագործել, լարուած մթնոլորտը քիչ մը մեղմացնել, կուսակցութիւններու կայացման առիթ տալ, եւրոպացի մասնագէտներուն կարծիքը լսել, եւայլն եւայլն:

Առաջին հայացքով, շատ տրամաբանական պիտի թուի այս բոլորը, քանի որ առաջարկը ոչ թէ խորհրդարանական ընտրութիւններէն հրաժարիլ է, այլ ընտրութիւնները կատարել աւելի բարենպաստ իրավիճակ ստեղծելէ ետք միայն:

Սա ի հարկէ, նոր մօտեցում չէ: էվոլուցիայով, կառավարութեան մէջէն աշխատելով, դանդաղ բայց իմաստուն քայլերով ժողովրդավար, ազատ եւ զարգացած երկիր ստեղծելու խրատներն ու գործնական քայլերը 27 տարի շարունակ փորձուած են այս ժողովուրդին գլխուն: Այս մօտեցումին ռահվիրան, ի մէջ այլոց, Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանն է, որ տարիներ շարունակ բարեփոխումներ կը խոստանար եւ ժողովուրդին կ’առաջարկէր «ըմբռնումով» մօտենալու ներկայ դժուարութիւններուն…

Լեւոն Տէր Պետրոսեանը բազմաթիւ նոր օրէնքներ մշակեց եւ անցուց խորհրդարանին մէջ, նոր սահմանադրութիւն մշակեց եւ հանրաքուէով «անցկացնել» տուաւ երկրին մէջ:

Լեւոնը գնաց եկաւ Ռոբերտ Քոչարեանը: Ան ալ իր կարգին օրէնք օրէնքի ետեւէ անցուց, բարեփոխումներ ըրաւ ընտրական օրէնսգրքին մէջ, յետոյ յանուն միապետական իշանութեան բացառման, դարձեալ նոր սահմանադրութիւն մշակեց ու հանրաքուէով կլլեցուց ժողովուրդին:

Քոչարեանը գնաց, եկաւ Սերժ Սարգսեանը: Օրէնք օրէնքի ետեւէ մշակուեցաւ ու Սարգսեանն ալ, իր համախոհ կուսակցութիւններուն հետ, նախկիններուն նման, բոլոր խնդիրներուն լուծման համար իր ճաշակով նոր սահմանադրութիւն մշակեց ու պարտադրեց արդէն իսկ սուտ ընտրութիւններէ եւ հանրաքուէներէ յոգնած ժողովուրդին:

Էվոլուցիայով, քայլ առ քայլ փոփոխութիւններով, բարեփոխումներու իրականացումը իշխանութեան մէջէն իրականացնելու քարոզներով ի՞նչ ստացանք: Պատասխանը պարզ չէ՞. տնտեսական մոնոբոլիաներ, աղքատութիւն, անարդարութիւններ, սակաւաթիւ միլիառատէրերու իշխանութիւն ու յետոյ՝ սուտ ընտրութիւններ, սուտ հանրաքուէներ, պալատական համաձայնութիւններով խորհրդարանական եւ կառավարական աթոռներու բաշխում, համատարած կոռուպցիա, երկրի հարստութեան եւ պետ-պիւտճէի անխնայ թալան ու ապա՝ յուսալքութիւն, հիասթափութիւն, արտագաղթ, արտագաղթ, արտագաղթ…

Եւ որքան որ ահագնացան երկրի խնդիրները, այդքան աւելի շատցան էվոլուցիայով եւ իշխանական բուրգի մէջէն աշխատելով՝ քայլ առ քայլ դրական փոփոխութիւններ կատարելու խրատները: Հայաստանէն զատ աշխարհի վրայ կա՞յ երկիր մը, որ 20 տարուան մէջ երեք անգամ Սահմանադրութիւն փոխած ըլլայ՝ յանուն անտեսանելի դրական փոփոխութիւններու: Եթէ եղած են դրական փոփոխութիւններ, այն ալ հաւանաբար իշխանութիւններու եւ անոնց ծառայող ուժերու դրամատան հաշիւներուն մէջ միայն…

Նոյն մարդիկը փոխած են իրենց կուսակցութիւններն ու հաւատարմութիւնները՝ օր մը ՀՀՇական, ատկէ առաջ կոմունիստ, յետոյ Հանրապետական, աւանդական կամ յառաջդիմական… Փոխած են գոյն եւ անուն, բայց էութեամբ մնացած են նոյնը:

Իսկ այսօր, համբերելու եւ փոփոխութիւններ ընելէ ետք ընտրութիւններու երթալու քարոզ տուողները նոյն այն մարդիկն են, որ անցեալին տասնեակ այլ օրէնսդրական բարեփոխումներով եւ սահմանդրութիւններու հանրաքուէներ կեղծելով ոչ մէկ արդիւնքի հասած են ու յաճախ դաշնակցած են վերի պատեհապաշտ ու խաչագող «քաղաքական գործիչներու» հետ: Եթէ պիտի հասնէիք արդիւնքի, մինչեւ հիմա ու՞ր էիք, ինչու՞ տեղ չհասաք ու արժանացաք ժողովուրդի քամահրանքին եւ ատելութեան:
Ու դեռ աւելի՛ն, ընտրութիւնները յետաձգելու առաջարկները թաքուն, ոչ ազնիւ այլ նպատակներ կը հետապնդեն, որոնց մասին կ’անդրադառնամ իմ յառաջիկայ գրառումներով: Բացառութիւններու մասին չմոռնամ յիշելու: Բացառութիւններ կան, ի հարկէ: Բայց անոնք ընդամէնը բացառութիւններ են, եւ ոչ՝ օրէնք:

Րաֆֆի Տուտագլեան
Գրեցէ՛ք ինծի
Rafdoud@aol.com