Մահամերձին յոյսը՝ երկարող ժամանակը

684

Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան ՀՀԿ-ի վերջին «ճարպիկութիւնը» կարելի է վերլուծել տարբեր դիտանկիւններէ եւ տարբեր մակարդակներով։ Կասկած չկայ, որ ՀՀԿ-ի ըմբռնումին մէջ իր հիմնական եւ միակ թիրախն է Հայաստանի վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանը։ Բայց եթէ պահ մը հաշտուինք երկրէն ներս տիրող իրականութեան հետ, կրնանք յստակ տեսնել, որ ՀՀԿ-ի հակառակ կողմը ոչ թէ վարչապետն է, այլ՝ ժողովուրդը եւ Հայաստանի շահերը։ Տրուած ըլլալով, որ երէկ ՀՀԿ-ն յստակ նամակներ ուղղեց իր հակառակ կողմին, այնտեղ կանգնած ժողովուրդն է, որ ստացաւ ուղղուած նամակը։ Հայաստանի իւրաքանչիւր քաղաքացի նամակը ընկալեց համապատասխան իր դիտանկիւնին, որը ոչ նուազ կարեւոր է քան այլոց դիտանկիւնները, որովհետեւ ժողովուրդի կամքն է, որ կ՚որոշէ երկրի ճակատագիրն ու ապագան։

Առաջին հերթին յստակացաւ, որ ՀՀԿ-ն կը շարունակէ մնալ անկանխատեսելի։ Անշուշտ, անկանխատեսելիութիւնը վատ բան չէ, բայց վատ կը դառնայ երբ համատեղուի անբարոյ աշխատելաոճի հետ։ Ներկայիս Ազգային Ժողովի մեծամասնութիւնը վայելելով, ՀՀԿ-ի միակ ուժն է անկանխատեսելի քաղաքականութիւն խաղալը։ Անկանխատեսելիութիւնը մաքնիսային ուժի նման իր շուրջ կը քաշէ իր արբանեակները, որոնք բնաւ անկախ չեն կրնար ըլլալ։ Կախեալները չեն կրնար անորոշութիւն հանդուրժել եւ հետեւաբար անորոշ կացութիւններու մէջ կը կառչին ամէնէն «ապահով» ուժին։ Անորոշութիւն չհանդուժողներու շարքին մաս կը կազմեն նաեւ ժողովուրդի որոշ հատուած մը, ոչ մեծամասնութիւնը ամէն պարագայի, որոնք անորոշութեան մէջ կրնան դիւրութեամբ կորսնցնել իրենց բանականութիւնը եւ հետեւաբար անոնց մօտ բարձր կ՚ըլլայ հաւանականութիւնը ներգրաւուելու քաշողական հոսանքին մէջ։ Արդէն իսկ երկար ժամանակ քնաբեր սպասողական վիճակի մէջ գտնուող ժողովուրդի մէկ հատուածը բնականաբար կրնայ չհանդուրժել նոր անորոշութիւն։ Անոնք ՀՀԿ-ի յոյսի վերջին կայծերն են։

Երկրորդ ոչ նուազ կարեւոր նամակը, որ փոխանցուեցաւ հակառակ կողմին այն էր, որ մահամերձ ՀՀԿ-ն ամէն պարագայի կը շարունակէ իր բախտախաղը, ոչ թէ քազինոյի, այլ՝ քաղաքական դաշտի մէջ։ ՀՀԿ-ն կորսնցնելու բան չունի սկսած ժողովուրդի վստահութենէն մինչեւ պատմութեան մէջ լաւ յիշուելու պատիւը։ Ուրեմն, երբ ան հասած է իր ամէնէն ստորին մակարդակին՝ վարկաբերկուած, «սեւցած», եւ գրեթէ անօգնական ՀՀԿ-ն իր վերջին շունչն իսկ պիտի օգտագործէ բախտախաղի համար, որովհետեւ իսկապէս միայն բախտը կրնայ փրկել իրեն, թէեւ բախտն ու ճակատագիրը աւելի շատ հաւանական են հեքիաթներու քան իսկական կեանքի մէջ։

Երրորդ՝ ՀՀԿ-ն կը շարունակէ դիմել ամէնէն դիւրին միջոցին ապահովելու համար իր սեփական շահերը։ Աւելի դժուար ձեւը ինքնամաքրումն էր, բայց տարիներ շարունակ իր բոլոր իղձերն ու ցանկութիւնները ամէնէն դիւրին ճամբով ստացած կուսակցութիւնը դժուար, որ կամքն ու իմաստութիւնը ունենար փոխելու իր գործելաոճը։ Աւելի դիւրին է բռնել խաբեբայութեան ճամբան քան թէկուզ մէկ անգամ անցնիլ լուրջ աշխատանքի։

Այս բոլորը կրնային ինչ, որ յաջողութեան հասցնել ՀՀԿ-ն եթէ Հայաստանի մէջ փոխուած ըլլար իրավիճակ, բայց ոչ՝ արժեհամակարգ։ Նոր արժեհամակարգի պայմաններուն մէջ ՀՀԿ-ի հին ռազմավարութիւնները չեն կրնար արդիւնաբեր ըլլալ։ ՀՀԿ-ն կրնար հասնիլ յաջողութեան միայն եթէ իր ռազմավարութիւնը պատշաճեցնէր Հայաստանի մէջ տիրող նոր արժեհամակարգին։

Նայիրի Շորճեան Սիսեռեան