Գէորգ Եազըճեան կը շարունակէ հայ մամուլին սիրայօժար կերպով ու պարբերաբար ղրկել մատենագիտական տուեալները Հայրենիքին թէ սփիւռքի գաղութներուն մէջ լոյս տեսած` հայագիտական բնոյթի նոր հրատարակութիւններուն` ի գիտութիւն ընթերցող լայն հանրութեան, մասնաւորաբար` գրադարաններուն եւ հայագիտական շրջանակներուն: Տուեալներուն կցուած են հրատարակութեան բովանդակութեան առնչուած անհրաժեշտ եւ հակիրճ բացատրութիւններ: Տուեալները երբեմն քաղուած են պարբերական մամուլէն եւ կրնան պակասաւոր ըլլալ:
– Ալպօյաճեան Արշակ Ա., «Անհետացող դէմքեր – Գրիգոր Զօհրապ (Իր կեանքը եւ իր գործը)», խմբագիր` Ժիրայր Դանիէլեան, հրատարակութիւն «Գէորգ Մելիտինեցի գրական մրցանակ»ի թիւ 97, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարան, Անթիլիաս – Լիբանան, 2018, 312 էջ (1919-ին Կոստանդնուպոլսոյ մէջ լոյս տեսած գիրքին վերահրատարակութիւնը):
– Առաքելեան Սերկէյ, «Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէթի ազգային ակադեմիական թատրոն», «Լուսակն» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2017, 656 էջ (21 x 29,7 սմ.) (արուեստի այս օճախի մասին հանրագիտարանային բնոյթի հրատարակութիւն, տարեգրութիւն, կենսագրականներ, գունաւոր եւ սեւ-ճերմակ բազմաթիւ լուսանկարներ):
– Արզումանեան Զաւէն աւագ քահանայ, «Յիշարժան անդրադարձ – Հովիւի վեց տասնամեակներու ծառայութեան յուշերը», հրատարակութիւն Ա. Մ. Ն.ի արեւմտեան էջմիածնական թեմի, Պըրպենք – Ա. Մ. Ն., 2017, 266 էջ (134 էջը` անգլերէն, մնացեալը` հայերէն` ոչ նոյնական բովանդակութեամբ) (յուշեր էվերեկցի հօր տարագրութենէն մինչեւ ուսումնառութիւնը Անթիլիասի դպրեվանքին մէջ, հրաժարումը Կիլիկիոյ Աթոռէն եւ կուսակրօնութենէն ու յիսնամեակէ աւելի քահանայական ծառայութիւնը Ա. Մ. Ն.ի մէջ):
– Գրիգորեան Ստեփան, «Հայկական Թաւշեայ յեղափոխութիւն», «Էտիթ փրինթ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2018, 184 էջ (15 x 20 սմ.) (բազմաթիւ գունաւոր լուսանկարներ) (բնագրային հայերէն, թարգմանաբար` ռուսերէն եւ անգլերէն առանձին տարբերակներով հրատարակութիւն):
– Թամոյեան Ազիզ, Թամոյեան Հասան, «Եզտիների զօրավար Ազիզ Թամոյեանի հրամանատարութեամբ Ճանկիր աղայի անուան եզտիական ռազմական ջոկատը արցախեան պատերազմում (1991-2016 թթ.)», «Սպիկա» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2018, 200 էջ (14,5 x 20,2 սմ.) (զանազան նիւթեր, կենսագրութիւններ, փաստաթուղթերու պատճեններ, գունաւոր եւ սեւ-ճերմակ բազմաթիւ լուսանկարներ) (հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն, եզտիերէն եւ արաբերէն տարբեր նիւթեր): «Գիրքը հրատարակուել է Հ. Հ. պաշտպանութեան նախարար [2018-ի մայիսէն` նախկին – Գ. Ե.] Վիգէն Սարգսեանի հովանաւորութեամբ»:
– Ծովիկեան Կրեկորիօ, «Ղարաբաղի պատմութիւնը հնագոյն շրջանէն մինչեւ անկախութիւն», «Nuova Prhomos» հրատարակչութիւն, Սիթա տի Քասթելլօ – Իտալիա, 2017, 584 էջ (21 x 29,7 սմ.) (Արցախի պատմութեան հանրագիտարանային բնոյթի աշխատութիւն` կատարուած ատամնաբոյժ հեղինակի կողմէ) (իտալերէն):
– Մարանճի Քրիսթինա, «Հայաստանի արուեստը. Ներածութիւն», Օքսֆորտի համալսարանի հրատարակչութիւն, Օքսֆորտ – Անգլիա, 2018, 272 էջ (15,6 x 23,5 սմ.) (հայկական ճարտարապետութիւնը, քանդակագործութիւնը, մետաղամշակման ու փայտամշակման արուեստները, տարազը, մանրանկարչութիւնն ու խեցեգործութիւնը հնագոյն ժամանակներէն մինչեւ 20-րդ դարի սկիզբը, 114 սեւ-ճերմակ եւ գունաւոր լուսանկար, 4 քարտէս, յատուկ անուններու եւ եզրերու ցանկ) (անգլերէն):
– Պապեան Կորիւն, «Հոգեմատեան – Բանաստեղծութիւններ, հոգեւոր խորհրդածութիւններ, Հայ Եկեղեցւոյ լուսապսակ սուրբեր», խմբագիր` Վաղինակ ծայրագոյն վարդապետ Մելոյեան, հրատարակութիւն «Ռիչըրտ եւ Թինա Գարօլան» հիմնադրամի թիւ 23, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարան, Անթիլիաս, 2018, 592 էջ (16,1 x 23 սմ.) (հոգեւոր բովանդակութեամբ բանաստեղծութիւններ, քարոզներ ու այլ գրութիւններ, Նոր Ջուղայի պատմութեան առնչուած հայագիտական երեք արժէքաւոր ուսումնասիրութիւններ):
– Սարգսեան Սուրէն Թ., «Մկրտիչ Փորթուգալեանի հասարակական-քաղաքական կեանքը եւ «Արմէնիա» պարբերականը», Հ. Հ. Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի հրատարակութիւն, Երեւան, 2018, 494 էջ: Տպագրութիւնը իրականացած է Ռամկավար ազատական կուսակցութեան աջակցութեամբ:
– Ստեփան Կերտող (Ստեփան Ստեփանեան), «Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցու գործունէութիւնը առաջին հանրապետութեան տարիներին», Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի տպարան, Վաղարշապատ, 2018: Հատորը նուիրուած է «1918-ի մայիսեան հերոսամարտերի եւ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան 100-ամեակին»: Լոյս տեսած է «Սարգիս Գաբրիէլեան» հիմնադրամի մեկենասութեամբ:
– Տէր Կարապետեան Յակոբ, «Հայկական էթնիկ ինքնութիւնը համաշարադրանքի մէջ. Փորձառական եւ հոգեկան-ընկերային հեռանկարը», Հայկազեան համալսարանի հրատարակչութիւն, Պէյրութ, 2018 (հայոց ազգային ինքնութեան հարցերը հոգեկան եւ հասարակական յարաբերութիւններու տեսանկիւններէ դիտարկող ու վերլուծող նիւթերու ժողովածու) (անգլերէն):
– Տէր Մինասեան Վահէ, «Հայաստան – Երրորդ հանրապետութեան ժամանակագրութիւնը», «լ’Հարմաթան» հրատարակչութիւն, Փարիզ, 2018, 452 էջ (15,5 x 24 սմ.) (ֆրանսերէն):
– Քիթապճեան Գրիգոր, «Վերադարձ դէպի Կեսարիա – Հարիւր տարուայ ճամբորդութիւն», անգլերէնէ թարգմանեց Անի Վարդանեան, «Գասփրինթ» տպարան, Երեւան, 2018, 259 էջ (Մեծ Եղեռնէն վերապրող ականատեսի յուշեր, լուսանկարներ):
Պատրաստեց Գէորգ Եազըճեան