Նոր Սերունդի Կազմակերպութեամբ Թաթուլ Յակոբեան Ելոյթ Ունեցաւ Կլէնտէլի մէջ

856

Ուրբաթ, Օգոստոսի 24-ի երեկոյեան, Կազմակերպութեամբ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան, Կլէնտէլի Կեդրոնական Գրադարանէն ներս տեղի ունեցաւ հրապարակային հանդիպում` ՍԻՎԻԼՆԵԹ-ի լրագրող եւ Հայկական ուսումնասիրութիւններու ԱՆԻ կեդրոնի համակարգող Թաթուլ Յակոբեանի հետ, «Հայաստան թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք» նիւթին շուրջ

Երեկոյի բացումը կատարեց ու Թաթուլ Յակոբեանի կենսագրական գիծերը ներկայացուց ՆՍՄՄ ատենապետ Յարութ Տէր. Դաւիթեան:

Ելոյթի ընթացքին Յակոբեանը թաւշեայ յեղափոխութեան մասին պատմեց, որպէս լրագրող, որ գետնի վրայ հետեւած էր ծաւալուող եւ ապա մեծ թափ ստացող շարժումին: Ան հետաքրքիր բացատրութիւններ տուաւ, թէ ինչպէս հնարաւոր եղաւ իշխանութենէն անարիւն հեռացնել Սերժ Սարգսեանին, որոնք էին յեղափոխութեան հիմնական դերակատարներն ու խումբերը եւ ինչ մարտահրաւէրներու առաջ կանգնած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան` ներքին եւ արտաքին ճակատներու վրայ:

Յակոբեանը պատասխանեց շուրջ 150 ներկաներու բազմապիսի հարցերու եւ ապա ներկայացուց իր եւ ԱՆԻ կեդրոնի վերջին հրատարակութիւնները, մասնաւորապէս Հնչակեան նշանաւոր գործիչ Ստեփան Սապահ-Գիւլեանի «Պատասխանատուները» գիրքը, Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին վարչապետ Յովհաննէս Քաջազնունիի երեք աշխատութիւնները, Հայաստանի երկրորդ վարչապետ Ալեքսանդր Խատիսեանի «Հայաստանի Հանրապետութեան Ծագումն Ու Զարգացումը» եւ այլ հատորներ:

https://massispost.com