Ովքե՞ր կազմակերպեցին յեղափոխութիւնը

2659

Նամակ երկրէն

ՈՎՔԵ՞Ր ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԵՑԻՆ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ

Այս վերջին օրերուն, մանաւանդ Ռոպերթ Քոչարյանի ձերբակալութենէն ետք, հայաստանեան որոշ խմբաւորումներ, հին ու նոր քաղաքական ուժեր, մեկնաբաններ ու վերլուծաբաններ, Ռուսաստանի կամ Ամերիկայի մէջ նստած հայեր, սկսան խորունկ ու լուրջ վերլուծումներով հանրութեան բացատրել, թէ ովքե՞ր կանգնած էին Նիկոլի ղեկավարած յեղափոխութեան ետին։ Եւ այսպէս, մամուլի և սոցիալական ցանցերու մէջ լոյս տեսած գրութիւններու, ինչպէս նաև անհատական խօսակցութիւններու ամփոփումը կատարելով, տեղեկացայ, որ հայկական նորօրեայ յեղափոխութեան ետին կանգնած են հետեւեալ ուժերը՝
– 86 տարիքը բոլորած Սորոսը,
– Եւրոպական միութեան մութ ուժերը՝ գէյերու առաջնորդութեամբ,
– Ամերիկացիները և իրենցմէ գրանտ ստացող կազմակերպութիւնները (բայց ոչ բոլոր կազմակերպութիւնները, միայն անոնք, որոնք կը համարուին գրանտակեր)
– Սերժ Սարգսեանը, որ հմուտ ձեւով կազմակերպեց իշխանութեան փոխանցումը իր հետ գաղտնօրէն դաշնակցած Նիկոլին
– Ջհուտաթրքական մութ ուժերը, որոնք տարիներէ ի վեր ընդհատակեայ գործունէութիւն կը տարածէին Հայաստանի մէջ
– Աղանդաւորները, որոնք երկա՜ր տարիներէ ի վեր հարիւր հազարաւորներու գլուխը կը լուային,
– Ռուսերը, որոնք Արցախը խոստացած են վերադարձնել Ադրբեջանին,
– Ռուսադրբեջանաթրքական գաղտնի ուժեր, որոնք Մոսկուայի, Անգարայի և Բաքուի մէջ տարիներ շարունակ դաւադրութիւններ կը սարքէին
– Ամերիկեան գաղտնի սպասարկութիւնները, որոնք թափանցած են հայկական կեանքի բոլոր ոլորտներուն և հայ հասարակութեան բոլոր շերտերուն մէջ,
– Վերոնշեալները՝ բոլորը միասին։ Այսինքն all of the above։

Ես ընտանիքիս մեծ ու փոքր անդամներուն հետ մասնակցեցայ այս յեղափոխութեան։ Հարիւր հազարաւոր հայեր, Հայաստանի ամենահեռաւոր գիւղերէն ու քաղաքներէն մինչև Երևան՝ մասնակից եղան ժողովրդային այս մեծ շարժումին, որուն առաջնորդութիւնը ստանձնեց Նիկոլ Փաշինեանը։ Երևի ես ալ, ընտանիքս ալ, ընկերներս ու բարեկամներս, Հայաստանի հարիւր հազարաւոր հայորդիները չէինք գիտեր, որ մեր յեղափոխութեան տէրը մենք չենք, այլ՝ Սորոսը, գէյերը, աղանդաւորները, Սի. Այ.Էյ.ը Եւրոմիութիւնը, հրեաները, թուրքերը ու Ռուսաստանի գաղտնի սպասարկութիւնները։ Հա, կը ներեք, Սերժ Սարգսեանը մոռցայ…
Վերջին օրերուն, յեղափոխութեան միացան նաև հին ու նոր, աւանդական և արդի քաղաքական կուսակցութիւնները, Սփիւռքի համայնքներուն մեծ մասը, հայկական տարբեր կազմակերպութիւններ ու միութիւններ։ Երևի ասոնք ալ չհասկցան, որ Սորոսն ու ռուսերը, ջհուդն ու թուրքը, ամերիկացին ու եւրոպացին, գէյն ու աղանդաւորն են են մեր ժողովուրդին, մեր երիտասարդ ու տարեց կուսակցութիւններուն, մեր համայն ժողովուրդին ոտքի հանողը։
Այս մասին երբ կը մտածեմ, միտքս կու գա հետևեալ անեկդոտը։
Օր մը, Վարդանիկը մօրը հետ կ’ունենայ հետևեալ խօսակցութիւնը.
– Մամա, քոյրիկս ուրկէ՞ եկաւ
– Արջուկը նուէր բերաւ, տղաս
– Մամա, եղբայրս ուրկէ՞ եկաւ
– Ոսկէ ձկնիկը բերաւ, տղաս
– Մամա, հօրեղբօրս աղջիկը ուրկէ ՞ եկաւ
– Թռչունը նուէր բերաւ, տղաս
– Հապա քեռիիս տղան ուրկէ՞ եկաւ
– Նապաստակը նուէր բերաւ, տղաս
Վարդանիկը արդէն չի դիմանար ու կ’ըսէ՝
– Լաւ էլի, մամա, մեր ընտանիքին մէջ ոչ մէկը sex ընել չի՞ գիտեր…

Ըստ երևոյթին, մեր ազգին մէջ ալ նոյնն է, ոչ միայն վարդանիկի ընտանիքին մէջ։ Հայերուն մէջ չունի՞նք մարդիկ, որ ազգ ղեկավարեն, շարժում սկսին, յեղափոխութիւն կազմակերպեն, կառավարութիւն կազմեն, պետութիւն սարքեն…
Այս ի՜նչ խեղճ ու կրակ, անտէր անտիրական ժողովուրդ ենք, այս ի՜նչ կուսակցութիւններ ենք, ղեկավարներ ենք, կազմակերպութիւններ ենք և առաջնորդներ ենք, որ մէկ հատ յեղափոխութիւն, մէկ հատ կառավարութիւն, մէկ հատ ընտրութիւն չենք կրնար կազմակերպել…
Հիմա արժէ՞ Հայաստան ու հայրենիք ունենալ, եթէ տաս միլիոն հայերով, հարիւրաւոր կուսակցութիւններով ու կազմակերպութիւններով այդքան միամիտ, այդքան արագ ջհուդաթրքառուսամերիկեան և գէյասորոսաղանդաւորականներու ծուղակը կ’իյնանք…
Լաւ էլի, լրջանանք քիչ մը, մեր ժողովուրդին միամիտի տեղ չդնենք։ Սա, նախ և առաջ, մեր ժողովուրդին յեղափոխութիւնն է, Նիկոլն ալ առաջնորդն էր, իր լաւ ու վատ կողմերով։
Իսկ օտարնե՞րը։ Օտարները միշտ ալ պիտի փորձեն խառնուիլ մեր ներքին խնդիրներուն, օգտուիլ առիթէն, խառնել ու իրար դէմ լարել մեզի՝ յանուն իրենց շահերուն։ Այդպէս էր հեռաւոր ու մօտիկ անցեալին, այդպէս է այսօր, այդպէս պիտի ըլլայ վաղը։ Կարևորը մենք, հայերս, մեր հին ու նոր կուսակցութիւններով, դիմադիրներով և ընդդիմադիրներով, մենք մեր հարցերը, մեր ընտանիքի խնդիրները ինչպէ՞ս պիտի լուծենք։ Եթէ հիմա սկսած ենք մէկս միւսին օտարի լրտես կամ գործակալ համարել, մեր բանը բուրդ է, հիւանդագին վիճակի մէջ ենք… Եւ այս պարագային, ոչ ռուսական արջուկին, ոչ ալ ամերիկեան արծիւին բերած նուէրները օգուտ չեն տար մեզի։

Րաֆֆի Տուտագլեան

գրեցէ՛ք ինծի։
rafdoud@aol.com