Մէկ օր Միջնաւանի այգիներուն մէջ` Վիկտորին ու Ճուտիին, Էտկարին հետ

923

Նամակ Երկրէն. ՊԻՏԻ ԳԱՆՔ ՍԱԼՈՐ ՈՒՏԵԼՈՒ

Էտկարը 20 տարի առաջ, երբ դեռ 4-րդ դասարանի աշակերտ էր, իր ծնողքին եւ եղբօր հետ տեղափոխուեցաւ ազատագուած Քաշաթաղի Միջնաւան գիւղը, որ կը գտնուի Արաքսի ափին: Հիմա Էտկարը արդէն ամուսնացած է եւ ունի երկու երեխայ: Իր ընտանիքի միւս անդամներուն պէս, հողագործ է եւ ապրուստի իր աղբիւրը հողն է, ազատագրուած այս շրջանի բերրի հողը, որուն վրայ բոյն կը փորձեն հաստատել Հայաստանի եւ Արցախի, ինչպէս նաեւ Սփիւռքէն եկած հայեր: Անոնց քրտինքով է, որ այս հողը կեանք կ’առնէ, կը ծաղկի ու ամէն օր քիչ մը աւելի կը հայկականանայ…

Էտկարը այսօր մեր՝ Թուֆէնքեան հիմնադրամի գործընկերն է: Էտկարին վստահուած է Միջնաւանի մէջ 5 հեկտարի վրայ նոր տնկուած արքայանարինջի (կարալյոկ) ծառերու խնամքը, հողի մշակումը: Էտկարին գործընկերները Թուֆէնքեան հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ՝ պոսթոնաբնակ տէր եւ տիկին Վիկտոր Ծառուկեանն ու Ճուտի Սարեանն են:

Անոնց օգնութեամբ Մարտի սկիզբը մոլախոտերու եւ տարատեսակ անպէտք թուբերու մէջ կորած այս հողակտորը մաքրուեցաւ աւելորդ բոյսերէն ու քարերէն եւ անոր վրայ մօտ 2800 ծառ տնկուեցաւ, մեծաւ մասամբ արքայանարինջ ու քիչ մըն ալ նուռ եւ սալոր: Էտկարը այդ օրէն ի վեր դարձաւ մեր գործընկերը՝ հողի գլխաւոր մշակը: Ան իր օրը կ’անցընէ ծառերուն ու հողին հետ՝ հերկելով, ծառերուն տակը մաքրելով, փորելով ու ջրելով:

Վիկտորին ու Ճուտիին հետ մէկ օր անցուցինք իրենց այգիին մէջ, ուր մանրամասն բացատրութիւններ ստացանք մեր գրասենեակի պատասխանատուներուն եւ Էտկարին կողմէ: Ծառերը արդէն իսկ տերեւ տուած են, ջուրի մատակարարման խնդիրը վաղուց լուծուած է, ծառերը 99 տոկոսվ «կպած» են եւ առողջ են: Այգիին մէջ քիչ մը պտտելէ ետք, տեղաւորուեցանք յատուկ կառուցուած շուք տեղ մը եւ Էտկարին եւ իր օգնականներուն հետ կերանք տնական պանիր ու լաւաշ, վարունգ ու լոլիկ, կանաչիներ եւ Ողջի գետէն նոր բռնուած համով ձուկ:

«Սա աշխարհի ամէնէն համով ճաշն է, որ կերած եմ», ըսաւ Վիկտոր եւ Արցախեան համեղ գինիի բաժակը բարձրացնելով խմեց ազատագրուած հողերը ծաղկեցնողներու կենացը: Յետոյ յուզուած հարց տուաւ սալորի նորատունկ ծառերուն մասին: Էտկար բացատրեց, որ 100-է աւելի սալորի ծառ տնկած է, որոնք շատ լաւ բերք կու տան այս տարածքին մէջ: Վիկտոր պահ մը լուռ մնաց ու պատմեց, որ իր հայրը 4 եղբայրներու մէջ միակը եղած է, որ փրկուած է ցեղասպանութենէն:

«Հօրս եղբայրները բոլորը մահացան արաբական անապատներուն մէջ: Հայրս միակ փրկուողն էր: Կը պատմէր, որ ջարդի օրերուն, իր եղբայրներէն մէկը անապատին մէջ, անօթի ու ծառաւ, մահանալէն րոպէներ առաջ սալոր ուզած է ուտել: Երանի սալոր ըլլար… Այս երեք բառերը եղած են անոր վերջին խօսքը», պատմեց Վիկտոր:

Բոլորիս համար ալ յուզիչ էր պատմութիւնը, բայց Վիկտոր հպարտ էր, որ իր հօրեղբոր երազած սալորները այսօր արդէն ազատագրուած հողերուն վրայ պիտի աճին:
Գինիով լեցուող բաժակներուն հետ բարձրացաւ նաեւ մեր տրամադրութիւնը: Հաճելի էր մանաւանդ զրոյցը այս հողերուն վրայ նոր կեանք սկսող գիւղացիներուն հետ: Անոնք բոլորն ալ հողին հետ նոյնացած, հողը ծաղկեցնող ու հողով ապրող մարդիկ են: Չունին գերարդիական սարքեր եւ հողամշակման գործիքներ, չունին նիւթական մեծ հնարաւորութիւններ, ու հողամշակի քրտնաջան ախատանքով կ’ապահովեն իրենց ապրուստը: Բայց բոլորն ալ յոյս ունին, որ ազատագրուած տարածքներուն վրայ ներդրումները պիտի բազմանան եւ նոր հնարաւորութիւններ պիտի ստեղծուի իրենց համար:

Մտերմիկ, պարզ ու անպաճոյճ, բայց անկեղծ ու հաղորդական զրոյցէ ետք նկարուեցանք այգիին մէջ, իսկ Վիկտորն ու Ճուտին խոստացան իրենց կարելիութեան սահմաններուն մէջ շարունակել իրենց աջակցութիւնը:

Մնաս բառով ըսինք գիւղացիներուն, իսկ Վիկտոր բարի ժպիտ մը դէմքին, ըսաւ. «Շուտով նորէն պիտի գանք, պիտի գանք սալոր ուտելու…»

Րաֆֆի Տուտագլեան

Գրեցէ՛ք ինծի:

rafdoud@aol.com