Հայկական Apocalypse-ի Մարգարեները

588

Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը խօսեցաւ կործանումի ենթակայ Հայաստանի մը մասին: Վարչապետի ընտրութեան համար Ազգային Ժողով ժամանած հանրապետական պատգամաւորները, ազգի ընտրեալները, աւելի քան 8 ժամ Հայաստանաբնակ ու Սփիւռքացած հայ ժողովուրդին բազմիցս զգուշացուցին գալիք աղէտին մասին: Յանկարծ հասկցանք, որ իրենցմէ զատ ոչ ոք կրնայ ապահովել սահմաններու անվտանգութիւնը: Իմացանք, որ Ռուսաստանը քար ու քանդ պիտի ընէ Հայաստանը, եթէ յանկարծ Նիկոլ Փաշինեանը վարչապետ ընտրուի: Տեղեկացանք, որ մութ եւ օտար ուժեր են կանգնած Նիկոլի ետին եւ անոնք է որ կը հրահրեն այս համաժողովրդային շարժումը: Ու դեռ՝ Ադրբեջանը զօրքը բերած լեցուցած է սահմաններուն վրայ եւ ամէն ռոպէ ահազանգ կը ստանան, որ մե՛ծ, շատ մեծ տեղաշարժեր տեղի կ’ունենան առաջնագիծի ամբողջ երկայնքին, եւ ոչ միայն Արցախի, այլեւ՝ Հայաստանի շփման գիծի ուղղութեամբ: Եւ չուշացաւ եզրակացութիւնը: Յունական ողբերգութիւն յիշեցնող այս ներկայացումէն ետք պարոն Աշոտեանը բացայայտօրէն յայտարարեց, որ Նիկոլի ընտրութիւնը Հայաստանի կործանման սկիզբը պիտի դնէ: Բառերը, լաւ ուշադի՛ր եղէք, իրն են:

Նիկոլին հաւաստիացումները, բացատրութիւնները, արդարացումները, յորդրոներն ու խրատները ոչ մէկ ձեւով կրցան փոխել հայկական apocalypse ազդարարող հանրապետական մարգարէներուն կարծիքները: Համայն հայութեան ու նաեւ՝ իրենց իսկ խոստովանութեամբ՝ ուշի ուշով Հայաստանի ներքին իրադարձութիւններուն հետեւող ադրբեջանցի ռազմաքաղաքական վերնախաւին առջեւ ետեւ ետեւի ելոյթ ունենալով, Հայաստանի վերջը գուշակող հանրապետական մարգարէները համայն աշխարհին յայտարարարեցին, որ տեսէ՛ք, Հայաստանի ամէնէն ժողովրդական քաղաքական գործիչը, վարչապետի ՄԻԱԿ թեկնածուն, որ հարիւր հազարաւոր քաղաքացիներ փողոց հանած է, որ յաջողցուցած է պատմութեան ամէնէն խաղաղ, ոչ բռնի, համաժողովրդական յեղափոխութիւններէն մէկը, ո՛չ միայն ատակ չէ վարչապետ ըլլալու, այլ իբրեւ գերագոյն հրամանատար ռազմական աղէտ պիտի բերէ մեր գլխուն, պիտի չկարենայ դիմակայել թշնամին ու դեռ՝ չի՛ վայելեր Հայաստանի ռազմավարական դաշնակիցին աջակցութիւնը: Տեսա՞ք հիմա ինչ կը նշանակէ կործանում:

Չհասկցանք, որեւէ քաղաքական ուժ, ու մանաւանդ Հանրապետականի պէս փորձառու՜ ուժ մը, որ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի օրերէն իշխանութեան մէջ գործած կուսակցութիւն է, եթէ գիտէ ու կը կանխատեսէ Հայաստանի գլխուն պայթելիք աղէտը, ինչպէ՞ս իրաւունք կու տայ ինքնիրեն՝ առանց վարչապետի թեկնածուի ներկայանալու Ազգային Ժողով, եւ ընդամէնը բաւարարուիլ հայութեան եւ Ադրբեջանին տեղեկացնելով, որ Հայաստանի ամէնէն ժողովրդական քաղաքական գործիչը օտարի գործակալ է եւ անկարող ու անփորձ ղեկավար մըն է պարզապէս: Եթէ այդքան աղէտալի է կացութիւնը, տրամաբանական չէ՞ր, որ ի գին ամէն ինչի՝ խորհրդարանական մեծամասնութիւն ունեցող կուսակցութիւնը հանդէս գար սեփական թեկնածուով, ընտրէր վարչապետ ու կանխէր վաղուայ աղէտը, թէկուզ եւ չափազանց դժգոհ մնային հարիւր հազարաւոր քաղաքացիները: Չէ՞ որ ընտրութիւնը վատին ու կործանարարին միջեւ է, ինչպէս որ ըսաւ հանրապետական ղեկավարներէն պարոն Արմէն Աշոտեանը:

Լաւ էլի, Ազգային Ժողովը յունական ողբերգութեան թատերասրահ չէ, այն ալ՝ շատ վատ բեմադրութեամբ: Հայկական apocalypse մարգարէացող հանրապետականը թերեւս դեռ չի հասկնար, որ հանրութեան համար արդէն պարզ է, թէ ահ ու սարսափի մթնոլորտ ստեղծելով՝ պարզապէս ժամանակ կը շահի, նոր խարդաւանանքներով ու վարագոյրի ետին պատրաստուող ծուղակներով իշխանութեան լծակները յեղափոխութեան առաջնորդին չյանձնելու բացայայտ մարտավարութեամբ: Հանրապետականին համար ամէնէն մեծ apocalypse-ը իշխանութեան կորուստն է, որովհետեւ առանց իշխանական լծակներու, Հանրապետականը պիտի կորսնցնէ շատ բան, սկսելով տնտեսական մենաշնորհներէն մինչեւ՝ Ազգային Ժողովի մէջ տարիներ շարունակ սուտ բեմադրութիւններու յայտնի դերակատարները:Բայց հայութեան իսկական apocalypse-ը այն է, որ Հանրապետականը դեռ եւս չի հասկնար նոր իրականութիւնը, կամ denial-ի մէջ է, իրականութիւններու մերժման խաբկանքը կապրի եւ այդ իսկ պատճառով օրէ օր աւելի կ’ապակայունացնէ Հայաստանի ներքին կեանքը եւ բարձրացնէ արտաքին սպառնալիքներու վտանգը: Հանրապետականը չէ հասկցած, որ Հայաստանը նոյնը չէր Ապրիլ 23-էն առաջ եւ Հայաստանը նոյնը չէ Ապրիլ 23-էն յետոյ:

Նոր վարչապետի ընտրութիւնը ձախողեցնելով եւ իշխանական դիրքերը պահելու իր փորձերով, Հանրապետականը պարզապէս կը ծառայէ քաղաքական ճգնաժամը երկարացնելուն եւ վտանգաւոր ապակայունացումի խորացման: Ըստ երեւոյթին, Հանրապետականը չի՛ գիտակցիր, թէ երկրի ներքին կեանքի յաւելեալ ապակայնուցման եւ անոր հետեւանքներուն ամբողջական պատասխանատուութիւնը կ’իյնայ միայն ու միայն իր վրայ:  Հանրապետականը Նիկոլին վարչապետութեան թեր քուէարկելէ ու յետոյ անոր հետ համախոհութեան հասնելէ զատ այլընտրանք պարզապէս չունի: Այլընտրանքը ազգին ու պետութեան սպառնացող չափազանց մեծ վտանգն է, որուն համար պատասխանատուութեան պիտի կանչուին առաջին հերթին իրենք՝ հայկական apocalypse-ի մարգարէները:

Գրեցէ՛ք ինծի:

rafdoud@aol.com

Րաֆֆի Տուտագլեան